Հայկական լրատուամիջոցներ կը խօսին եւ կը գրեն այս կամ այն երկրի քաղաքական յայտնի եւ նուազ յայտնի դէմքի եւ ժողովի` հայերու, Հայ դատի, Արցախի տեղահանուածներու եւ հայ բանտարկեալներու վերաբերող սիրտ հովացնող արտայայտութիւններու մասին` այդ խօսքերը յաղթանակ համարելով:
Վարժ ենք լսելու ծիսական արտայայտութիւններ եւ աւանդական գոհունակութիւն ունենալ:
Հարցում. խօսքերուն նախորդող եւ անոնց յաջորդող օրերուն միջեւ հայկական կացութեան վերաբերող տարբերութիւն եղա՞ծ է, կա՞յ: Նորութիւն եղաւ Վատիկանը, ուր եկեղեցիները քանդող եւ անոնց հիմերուն վրայ մզկիթ կառուցող եկուորներու Ազրպէյճանը հանդէս եկաւ որպէս քրիստոնէական տարածք: Նաւթի ուժով եւ ձկնկիթի համով կը գրուին իրաւունք եւ պատմութիւն:
Իրատեսը կ՛ըսէ. «Աստուած թող զիս պաշտպանէ բարեկամներէս, ես կը ճանչնամ թշնամիներս»:
Տրտունջէ եւ քաղաքական թափահարումներէ առաջ, գիտե՞նք, հասկցա՞ծ ենք, թէ ի՛նչ է հայութեան կացութիւնը, հանրապետութիւն եւ բազմանուն գերաճող սփիւռք: Ի՞նչ ենք մենք, ի՞նչ կ՛ակնկալենք, ի՞նչ կ՛արժեն մեզի հաճոյք պատճառող խօսքերը, որոնք «շրթներու ծառայութիւն են, «lip service»-ի շաբաթավերջի խաղ: Երախտագիտութեան «քոչարի» կը պարենք, երբ բաժակաճառ լսենք: Ապա ըսող ու լսող կը վերադառնան հոն, ուր որ էին` սպասելով ծափի նոր բեմադրութիւնը. հանդէս եւ հեղինակաւորներու ճաշկերոյթ:
Միամտացած հայը, մեծ ու պզտիկ, սեղանի առջեւ կամ բեմերէ շռայլուած «հայասիրական» հերթական գլգլացող բառերը քաղաքական մեծ նուաճում կը համարէ, մանաւանդ երբ խօսափողի առջեւ կանգնողը «հանգամանք» ունի իշխանութեան այս կամ այն մակարդակին: «Եւ համաշխարհային ազգ»-ը կը կարծէ միջազգային հարթակներու վրայ քաղաքականութիւն խաղալ:
Կը դժգոհինք, երբ աւուր պատշաճի խօսքերէն կը զրկուինք:
Lip service… շրթներու ծառայութեամբ մեզ յուզող եւ երախտապարտ դարձնողներուն կը հարցնե՞նք, թէ ի՞նչ ըրին, որպէսզի հայկական գերեզմանները չպղծուին, եկեղեցիները մզկիթի չվերածուին, չնուիրուին նոր տէրերու, հարիւր հազարաւորներ հայրենահան չըլլան` կրկնելով դար մը առաջ տեղի ունեցած հայրենահանումը: Ազրպէյճանի բանտէն հայ քաղաքական բանտարկեալներէն մէկ հոգի յաջողեցա՞ն ազատել:
Փառասիրութիւն կը բաւարարենք` ձեռք թօթուելով, նկարուելով, եւ չենք տեսներ, որ ըսուած այրած սրտի բալասան փուճ խօսքը կը ծառայէ ըսողի տեղական-տեղայնական շահերուն, յաճախ` ընտրական: Այս ժողովրդավարական կէսէն մէկ աւելիի խաղ է: Այս չգիտցող հայ կա՞յ: Ինչո՞ւ կը շարունակենք խաղալ: Կը խաղա՞նք, թէ՞ մեզ կը խաղցնեն: Մեծ կամ պզտիկ օտար անուանիներ եւ աթոռ զբաղեցնող հայեր չե՞ն գիտեր խաղին մեկնումի եւ հասնումի սահմանները: Աւելի վատ, եթէ չեն գիտեր: Ինչո՞ւ կը շարունակեն խաղալ: Մեր ակնկալութիւնները եւ անոնց պատասխանները ինչո՞ւ իրապաշտութեամբ չենք գնահատեր, որպէսզի յուսախաբութիւններու դիմաց չկանգնինք եւ չաւաղենք, ինչպէս ըրած ենք եւ կ՛ընենք: Անբովանդակ եւ օդին մէջ կախուած անհետեւանք խօսքերը մեր «փոքրիկ ածու»-ին մէջ աթոռակալական յարաճուն ցանկութիւններ կը բաւարարեն եւ կը կրկնուին հոն, ուր «նոր հայրենիք» ստեղծած եւ ստեղծող հայեր կան` ծնունդ տալով ինքնագոհ երեւելիութիւններու: Կը մնանք սպասման սենեակի մէջ, քանի որ համայնքային-տեղականը փոխարինած է ազգային-հիմնականը: Ոչինչի խօսքը հիւանդը խաբող placebo դեղահատ է: Առանց յանձնառութեան` խոստում եւ զօրակցութիւն: Այդպէս էր երէկ, այդպէս է այսօր: Կ՛երջանկանանք, երբ այս կամ այն երկրի մէջ նորանուն համայնքներ կեդրոն կը ստեղծեն, կը մշակեն «համաշխարհային ազգ» ըլլալու հեքիաթը: Պիտի չզարմանամ, եթէ օր մը բառերով գինովցնող մը յայտարարէ, որ ո՛չ թէ «համաշխարհային ազգ ենք, այլ` նոր ժամանակներու ինքնատիպ «կայսրութիւն», քանի որ «ամէն տեղ հայ կայ», եւ ժամանակավրէպ է «դասական» կամ «պատմական» հայրենիքը: Օդանաւ բարձրացող եւ օդանաւէ իջնող բազմագոյն «հանգամաւոր»-ները պիտի ըսե՞ն, թէ ի՛նչ է որպէս հայութիւն ճանչցուող բիւր-բիւրաւոր համայնքներու թիւը, ի՞նչ են անոնք պատմութեան մէջ յայտնուած որպէս «ՀԱՅ ԱԶԳ» բնութագրուած մարդատեսակին յարաբերաբար:
Փոխանակ հրճուելու յանկերգ-հաճոյախօսութիւններով, որոնք կը շռայլուին այս եւ միւս հաւաքին, նախ մենք ըսենք, թէ ի՞նչ ենք մենք, ի՞նչ է մեր կացութիւնը, ի՞նչ կը բանինք, ի՞նչ կ՛ուզենք եւ կը հետապնդենք, ինչպէ՞ս եւ ո՞ւր հասնելու համար: Իրապէս կա՞յ, ունի՞նք հասարակաց տեսիլք եւ նպատակ, թէ՞ ըստ վայրի, ուր կը զարնենք գնչուի մեր վրանը, կ՛աճեցնենք ազգային համարուող զբաղում եւ զայն կը կոչենք նպատակ, ընտանեկան ալպոմին մէջ, թերթի էջին կամ համացանցի վրայ փառքի պատկերներով կը կարծենք ունենալ եւ պահել չեղած յաջողութեան անմահութիւն:
Կրկին ապրիլ 24 էր: Կը մտածեմ ամպագոռգոռ «ճանաչում»-ներու եւ «զօրակցութիւն»-ներու մասին: Բոլոր մակարդակներու հանգամանաւոր մարդոց հին ու նոր խօսքերէն ետք, ցարդ ի՞նչ փոխուած է, որպէսզի հայուն իրաւունքը վերականգնի: Երբ դաշնագիր ստորագրուած է, եթէ զայն չեն պատռած անգամ, նպարավաճառի ստացականի պէս, զայն մոռցած են անլոյս պահարաններու մէջ, խոստումները ցնդած են: Չենք ըսեր, թէ մեզ խաբած են: Խուփ բերանը դիւանագիտութիւն կը համարենք: Խաղը կը շարունակուի` Սեւրի դաշնագիր, Ուիլսընեան սահմաններ, ճանաչումներ, հին եւ նոր խոստումներ, մոռացումներ:
Եթէ գիտնանք, թէ ի՛նչ ենք, ի՛նչ կը ներկայացնենք, աւուր պատշաճի խօսափողային ճանաչում եւ տպաւորիչ խօսք կեանքի իմաստով կը գնահատենք: Եթէ միացած ուժ ըլլայինք, հարստութիւն ունենայինք, քաղաքական գործընկերներ յայտնուած կ՛ըլլային, չէինք երազեր, որ սկզբունքներ յարգուին, եւ հարցեր լուծուին:
Ինչպէ՞ս ուժ ըլլալ եւ լսուիլ, երբ բազմագլխանի աղմուկ ենք, ճիշդ տեսնող-մտածող աղմկարարներու բանակ ենք: Ըսուեցաւ, որ «համաշխարհային ազգ» ենք: Բայց այդ ազգը հասցէ չունեցաւ:
Մեր խօսակիցները, եթէ կան, գիտեն, որ հայկական հաւաքական կամք չկայ, եթէ մենք չենք գիտեր, որ միացած չենք, կը կարծե՞նք, թէ մեր ենթադրեալ խօսակիցները այդ չեն գիտեր: Անոնք չե՞ն տեսներ, որ Հարաւային Ամերիկայի երկիրներէն մէկուն փոքրիկ հայ համայնքը նոյն եկեղեցիի շրջափակին մէջ ունի երկու դպրոց, կղզի պետութեան մը համայնքը, նոյն փոքրիկ քաղաքի մը, նոյն շէնքի նոյն յարկին վրայ ունի երկու պատկից ակումբ: Ի՞նչ կը մտածեն` քաղաքապետ, երեսփոխան, իշխանութիւններ, երբ մէկը կամ միւսը իրենց դիմէ: Պիտի հասկնա՞նք, որ թաղային եւ մասնակի փառասիրական ճապկումները ԱԶԳԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՒԹԻՒՆ չեն:
Կրկին կը մտածեմ` «ճանաչումներ»: Բացի հաճոյախօսութենէ եւ երեւելիական բաւարարութենէ` անոնք քաղաքական ի՞նչ նպաստ բերին Հայկական հարցին. Ցեղասպանութիւն, Արցախ, այլեւս չխօսուող հայկական հողերու վերադարձ: Ինչո՞ւ յուզուիլ եւ ընդվզիլ, երբ այս կամ այն յարգելին ճանաչումներու կողքով կ՛անցնի: Եթէ նկատառելի ազդակ ըլլայինք, (չ)բանիմացներու բազմաձայն անլսելի աղմուկ չըլլայինք, չէինք օրօրուեր փուճ խօսքերով: Ինչո՞ւ չենք մերժեր փուճ խօսքերը:
Ինչո՞ւ կը կարծենք, թէ մեծ ու պզտիկ երկիրներ եւ պետութիւններ պիտի խօսին եւ զբաղին Ցեղասպանութեան, հայրենահանման եւ Արցախի հարցերով, երբ միջազգային ճանաչում ունեցող հայկական պետութեան համար անոնք օրակարգ չեն:
Այսօր ո՞վ, ո՞ւր, ինչպէ՞ս եւ ներկայացուցչական ո՞ր իրաւասու կամքով կը խօսի ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑի եւ ԻՐԱՒՈՒՆՔի մասին: Երբ խօսողները բազմաթիւ են, այդ կ՛ըլլայ աղմուկ, լսող ալ ըլլայ , ան որո՞ւ հետ պիտի խօսի:
Կայ հայկական պետութիւն: Անշրջանցելի իրաւատէր է նաեւ ազգի այն տարտղնուած, տարտղնուող եւ յոգնակիացող անորոշ զանգուածը, որ կը կոչուի ՍՓԻՒՌՔ: Ազգի լինելիութեան տեսանկիւնէ հայ ազգային ՀԱՐՑի հետապնդում եւ յաջողութիւն անկարելի են առանց ԻՐԱՒ ՄԻԱՑՄԱՆ, նաեւ` իւրաքանչիւրի ինքնիր մէջ միացման: Երբ բազմաձայնութիւնը աղմուկ է եւ «բարեմիտ եղող-չեղող բարեկամներ», «փլասեպօ» պիտի տան, որ կլլենք եւ հանգստանանք, մինչեւ` օրացուցային յաջորդ հանդիպում:
Ինչ որ կը կոչուի հայկական քաղաքականութիւն կամ իրաւունք, գլխուն վրայ կը քալէ: Ի՞նչ ընել, որ ան կանգնի իր ոտքերուն վրայ:
Նախակրթարանի Հայոց պատմութեան դասագիրքէս կը յիշեմ հետեւեալը: Հռոմէացի Պոմպէոս իր բանակով կը հասնի Հայաստան: Հայերը բանակցելու կը ղրկեն բազմանդամ պատուիրակութիւն մը: Այդ տեսնելով` հռոմէացի զօրավարը ըսած է. «Եթէ կռուելու եկած էք, քիչ էք, եթէ բանակցելու եկած էք, շատ էք»… Եւ աւանդութիւնը կը շարունակուի:
Ինչպէ՞ս միացում. առանց մեծ բառերով առաջնորդուելու, ո՛չ ալ անհատական յաւելեալ իրաւունք հետապնդելու, առանց հրէի եւ հեթանոսի տարբերութիւններու կառչելու: Մասնակին գերանցող յաւելեալ պարտքի յանձնառութեամբ չենք գործած եւ չենք գործեր: Անոնք, որոնք իրենց ծիծաղելի անփոխարինելիութեան կառչելով` ամլացած են, կ՛ամլացնեն ազգի ներկան եւ գալիքը: Ա՛յս գիտնալ եւ ըստ այնմ գործել` իրա՛ւ հայրենասէրի անշպար քաղաքականութիւն է: Յիշե՛լ, որ վաղը միշտ ուշ է: Եթէ այսօր արդէն ուշ չէ:
1918-ին թրքական բանակները կանգած էին Երեւանի դարպասներւն առջեւ, եւ վերջնական փլուզումը անխուսափելի կը թուէր, Աւետիս Ահարոնեան, բանաստեղծի միամտութեամբ ըսած է, թէ` «Դեռ կայ յոյսը»:
Կը յայտնուի՞ն այդ յոյսը կրողներ, որոնք ընեն այնպէս, որ չըլլանք«համաշխարհային ազգ»-ի անդիմագծած համայնքներու փուչիկ «կայսրութիւն» եւ վերջ տանք «տիկնիկային» ստուերներու խաղին:
Պղատոնական իմաստասիրութեան մէջ կը խօսուի տիեզերքը ստեղծած աստուածութեան մը մասին, ըսուած է` «տեմիուրժ» dռmiurge… Հայուն տեմիուրժը դուրսէն պիտի չգայ: Ան բազմագլխանի հրէշ չէ: Ան պիտի ընէ այնպէս, որ չըլլանք բազմագլուխ Ես-երու բզէզային աղմուկ:
ՄԱՅԻՍ 28 էր:
Յիշեցինք, որ ծնած էր ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ: Հրաշք մը պահու մը, ՏԵՄԻՈՒՐԺի կամքով, այդ պետութիւնը ինքզինք յայտարարարած էր ՄԻԱՑԵԱԼ` ընդդէմ կոտորակներու: Յիշել նաեւ` Պոմպէոսը:
29 մայիս 2025, Փարիզ