Յօդուածներ

Սրբազան Հայրը Ընդունեց Քաղաքավարական Այցելութիւնը Լեւոն Զաքի Ետալեանի

Սրբազան Հայրը Ընդունեց Քաղաքավարական Այցելութիւնը Լեւոն Զաքի Ետալեանի

Երեքշաբթի, 17 Յունիս 2025-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս ընդունեց քաղաքավարական այցելութիւնը Ազգ. Վարչութեան նախկին անդամ, սուրիական-հայաստանեան գործարար խորհուրդի նախագահ տիար Լեւոն Զաքի Ետալեանի։ Ջերմ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին անդրադարձ կատարուեցաւ ներկայ իրավիճակին եւ մարտահրաւէրներուն մասին։ Մակար Սրբազան իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով՝ ուժ, կորով եւ կատարեալ յաջողութիւն մաղթեց...

Սարգիս Ազնաւորեանի Նահատակութեան 40-Ամեակի Նշում

Տիպար Դաշնակցական Սարգիս Ազնաւորեանի Ուղիով

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, ամբողջ կեանք մը միութենական եւ կուսակցական յայտնի եւ անյայտ գործերու նուիրեալ, ամբողջ կեանք մը իր ժողովուրդի առաքելութեան եւ անձեռնմխելիութեան օրակարգը առաջնակարգ նկատած մեզի համար Սարգիս Ազնաւորեանի տիպարը, անձը, ընկերը եւ օրինակը դաստիարակչական բնոյթ ունի: Մեզի համար ոգեկոչման ձեռնարկները յիշատակումի սահմանէն անդին ամրապնդման եւ վերանորոգման առիթներ են: Դաստիարակչական ու վերանորոգման ոգեկոչում է...

Ընտրական Հետազօտութիւնները Գիտական Հիմքով Որոնումնե՞ր Են, Թէ՞ Բախտագուշակութիւն

Մտորումներուս Դեգերումներով. Ընկեր Սարգիս Զէյթլեանի Յիշատակին

ԺԱՆ ՀԱԼԼԱՃԵԱՆ Պատկեր առաջին. «Վարչաձեւերը ժամանակաւոր երեւոյթ են: Ժամանակաւոր են վարիչները: Յաւերժական են ազգերն ու հայրենիքները` հայրենի հողի վրայ նստած ժողովուրդները: Յաւերժական է ազատատենչ հայ ժողովուրդը, որ մահուամբ մահը կոխկռտելով` կերտեց հայրենիքի անկախութիւնը: Հայաստանի Հանրապետութիւնը շարունակում է ապրել հայ ժողովրդի սրտում, որպէս մշտավառ յուշ անցեալի եւ իբրեւ կենդանի յոյս ապագայի»: ՍԻՄՈՆ ՎՐԱՑԵԱՆ Վերջապէս հասաւ տուեալ ժամկէտը: Շատ կարճ ծանօթացման հանդիպումով,...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Խաղաղութեան Անել Խաչմերուկ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Խաղաղութեան Անել Խաչմերուկ

«Ես պարզապէս մարդ էակ մըն եմ, որ կը փորձէ գոյատեւել աշխարհի մը մէջ, որ շատ արագ կը կորսնցնէ մարդ ըլլալու հասկացողութիւնը» Ճոն Թրուտել (1946 - 2015, ամերիկացի բնիկ հնդիկ, գրող, բանաստեղծ, դերասան, երաժիշտ եւ քաղաքական գործիչ) Գ. աշխարհամարտը վայրագօրէն կը շարունակուի ապակեդրոն ձեւով եւ տարբեր արտայայտութիւններով, բայց մի՛շտ նոյն հետեւանքներով` ջարդ, աւեր ու բազմապիսի կորուստներ: Իսկ հայրենի վարիչները մանկամտօրէն կ՛երազեն...

Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին

Եկեղեցւոյ Վրայ Փաշինեանի Յարձակումները Կրնան Քաղաքացիական Պատերազմ Հրահրել Հայաստանի Մէջ

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Յունիս 2026-ին նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւններու նախօրեակին, մինչ իր վարկանիշը մեծապէս անկում կը կրէ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը թիրախաւորէ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը: Ան սխալելով կ՛ենթադրէ, որ կրնայ ստանալ հանրութեան աջակցութիւնը` անտեսելով այն փաստը, որ հայերուն մեծ մասը` թէ՛ հայրենիքի մէջ, եւ թէ սփիւռքի, հաւատարիմ կը մնան Հայ առաքելական եկեղեցւոյ: Նախորդ շաբաթ Փաշինեան յայտարարեց, որ մտադիր է Գարեգին Բ. կաթողիկոսը...

Նշմար.  «Որպէսզի Բարեսիրութիւնը Չվերանայ…»

Նշմար. «Որպէսզի Բարեսիրութիւնը Չվերանայ…»

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Իբրեւ բարերար ճանչցուած եւ հռչակուած Սամուէլ Կարապետեանի ձերբակալումը, քննադատութիւններու կողքին, մեկնաբանութիւններու եւ նախատեսութիւններու մեծ տոպրակ մը բացաւ: Եւ քանի որ այս քայլը զուգադիպեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի Թուրքիա այցելութեան  նախօրեակին  (իսկ շատեր զուգորդում մը տեսան այլ բարեգործի մը` Ռուբէն Վարդանեանի` Ազրպէյճանի կողմէ կալանաւորման հետ) նախատեսութիւններուն շարքին կար ուշագրաւ կէտ մը. Փաշինեան կը պատրաստուի, պետականացման անուան տակ, թրքական դրամագլուխի եւ շահագործման...

24 Ապրիլ 2023 = 108 Տարի

Լեփանթոյի Եւ Անտոն Սուրեանի Պատերազմը

ՓԱՈՒԼՕ ԳԱԶԱԶԵԱՆ Պատմութիւնը կը փաստէ, որ 1571 թուականին քրիստոնեայ երկիրներ, Հռոմի քահանայապետին` Պիոս Ե. պապին  օրհնութեամբ, միացան Օսմանեան կայսրութեան դէմ եւ պատերազմի ելան նաւատորմերով, որպէսզի կասեցնեն իսլամական եւ վայրի գրաւումներն ու յարձակումները օսմանեան նաւատորմին կողմէն: Պիոս Ե. պապին հրամանով եւ օրհնութեամբ, Վենետիկի, Ճենովայի, Թոսքանիի, Մալթայի, Սպանիոյ ու Հռոմի  իշխանութիւնները միացան եւ իրենց նաւերով ուղղուեցան դէպի յունական ծովերը, ուր Փաթրաս ծոցի ...

Հրանդ Մարգարեանի` Յակոբ Օշականի Թատերգութիւններին Նուիրուած Արժէքաւոր Աշխատութիւնը

Հրանդ Մարգարեանի` Յակոբ Օշականի Թատերգութիւններին Նուիրուած Արժէքաւոր Աշխատութիւնը

ԱՐՄԷՆ ԱՒԱՆԷՍԵԱՆ Վերջերս լոյս տեսաւ գրող, բանաստեղծ, թարգմանիչ, թատերագիր, բեմադրիչ եւ ասմունքող տոքթ. Հրանդ Մարգարեանի «Յակոբ Օշական` թատերագիրը» գործը Libra-6 Production-ի կողմէ: Գրականագէտ, ՀՀ ԳԱԱ Մանուկ Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկի աւագ գիտաշխատող Արմէն Աւանէսեան գրած է վերլուծական նախաբան մը, որ կ՛անդրադառնայ գիրքին բովանդակութեան: Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ Արմէն Աւանէսեան հեղինակ է երեք տասնեակէ աւելի գրականութեան եւ թատրոնի մասին յօդուածներու, որոնք...

Յուշերու Պատումով.  Մտաւորական, Մանկագիր, Լրագրող Ու Հրատարակիչ` Ալիծ Ճեպեճեան-Աղպապեանի Ցաւալի Շիջումը

Յուշերու Պատումով. Մտաւորական, Մանկագիր, Լրագրող Ու Հրատարակիչ` Ալիծ Ճեպեճեան-Աղպապեանի Ցաւալի Շիջումը

ՊԱՐՈՅՐ Յ. ԱՂՊԱՇԵԱՆ 24 օգոստոս 1964: Պէյրութի նաւահանգիստ, ուր խռնուած էր լիբանանահայ բազմութիւն մը, որ եկած էր ճամբու դնելու ու հրաժեշտ տալու իր զաւակներուն ու հարազատներուն, որոնք հայրենիք պիտի մեկնէին` իրենց համալսարանական բարձրագոյն կրթութիւնը ստանալու: Համապատկերը թէ՛ յուզիչ էր, թէ՛ ոգեւորիչ, ուր կը տիրէր հայրենասիրական ու հայաստանապաշտական իւրայատուկ մթնոլորտ, մանաւանդ որ մեկնող թեկնածուները հայրենիքի մէջ պիտի շարունակէին իրենց ուսումը ու...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Անկիւններ

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ Ժամանակաշրջանը, միջավայրը եւ համաշխարհայնացումը միշտ ձեւած են շրջանակի մը, կամ ընկերութեան մը մտածելակերպը, որովհետեւ բանականութիւնը պտուղն է վերոյիշեալ տուեալներուն: Այս պատճառով է, որ այսօր պէտք է առաջին հերթին քաջութիւնը ունենանք ընդունելու, եւ ապա` փորձելու պատասխան կամ լուծում մը գտնել շատ մը այժմէական մտահոգիչ հարցերու, որոնք թերեւս մեր ազգային դասական մտածելակերպին կամ տրամաբանութեան ծիրէն դուրս կը գտնուին: Առաջին...

«Յովհաննէս Քաջազնունին` Ճարտարապետ». Գրքի Շնորհահանդէս Երեւանում

«Յովհաննէս Քաջազնունին` Ճարտարապետ». Գրքի Շնորհահանդէս Երեւանում

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ, Հայաստանի ճարտարապետների պալատի եւ ճարտարապետութեան ու շինարարութեան Հայաստանի ազգային համալսարանի համագործակցութեամբ, մայիսի 16-ին Երեւանում տեղի ունեցաւ «Յովհաննէս Քաջազնունին` ճարտարապետ» խորագրով համահայկական գիտաժողովի յօդուածների ժողովածուի շնորհահանդէսը: Ներկայ էին` Հայաստանի ճարտարապետութեան, մշակոյթի եւ պատմութեան ոլորտի մասնագէտներ, դասախօսներ, արուեստագէտներ եւ ուսանողներ: Համազգայինի Կենտրոնական վարչութեան կողմից ներկայ էին` Արտաշէս Շահբազեանը (Հայաստան), Արա Գէորգեանը (Լիբանան) եւ...

«Այս Աշխատանքը Միայն Համերգ Մը Չէ, Այլ` Ապացոյց Մը, Որ Մեր Մշակոյթը Կրնայ Նոր Ձեւերով Շարունակել Ապրիլ` Առանց Իր Հոգին Կորսնցնելու», «Ազդակ»-Ին Կ՛ըսէ Սէրուժ Պաղտասարեան

«Այս Աշխատանքը Միայն Համերգ Մը Չէ, Այլ` Ապացոյց Մը, Որ Մեր Մշակոյթը Կրնայ Նոր Ձեւերով Շարունակել Ապրիլ` Առանց Իր Հոգին Կորսնցնելու», «Ազդակ»-Ին Կ՛ըսէ Սէրուժ Պաղտասարեան

Հարցազրոյցը վարեց` ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ 22 յուլիս 2025-ը Սէրուժ Պաղտասարեանի կեանքին կարեւորագոյն օրը պիտի հանդիսանայ, ինչպէս ան կը գրէ Դիմատետրի իր էջին վրայ, որովհետեւ առաջին անգամն ըլլալով ան բեմ պիտի բարձրանայ երաժշտական իւրայատուկ եւ մեծ տարողութիւն ունեցող համերգով մը` Հայաստանի սիմֆոնիք նուագախումբին հետ, Հայաստանի Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային հսկայ համալիրին մէջ: Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան ուսանողական հաւաքի (ֆորում) 30-ամեակին...

Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ

Երբ Ժողովուրդը Պատռում Է Իր Լռութիւնը …

ԴՈԿՏ. ՄԱՐԻ ՌՈԶ ԱԲՈՒՍԷՖԵԱՆ Բոլորս ականատես ենք, թէ ինչպէ՛ս երկար տարիներ Արեւմուտքը եւ Եւրոպան, միասնացած` Իսրայէլի ամէնօրեայ ստայօդ քարոզչութեանը, աշխարհի աչքին շարունակաբար վարկաբեկեցին Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը, օգտագործեցին ամէն տեսակի արգելք ու պատժամիջոցներ` առեւտրի, նաւթի արդիւնաբերման եւ վաճառման սահմանափակումներից մինչեւ ռազմականը, նոյնիսկ` դեղորայքի եւ նորագոյն արհեստագիտութեան սահմանափակումները: Երկար տարիներ` առանց դադարի, տարբեր միջոցների անյաջող օգտագործումից յետոյ, վերջապէս իրենք իրենց դիմակազրկելով` բացայայտօրէն...

Սլաք.  Ո՞վ Պիտի Մարմնաւորէ Վահագնը…

Սլաք. Ո՞վ Պիտի Մարմնաւորէ Վահագնը…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Պաշտօնական Երեւանը ի վերջոյ պաշտօնապէս հաստատեց, որ վարչապետ Փաշինեան 20 յունիսին պաշտօնական այցելութեամբ Թուրքիա պիտի երթայ եւ պաշտօնապէս պիտի տեսակցի նախագահ Էրտողանի հետ, որ իրեն պաշտօնական հրաւէր մը ուղղած է (սիրելի ընթերցողներէս ներողութիւն կը խնդրեմ «պաշտօնական»-ի այս ապուրին համար): Քանի մը օր չեմ-չումէ եւ «եթէ պէտք ըլլայ, ատենին կը հաղորդենք»-ներէ ետք, հաստատուեցան մամուլին կողմէ օրեր առաջ հրապարակուած նախատեսութիւնները...

Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը

Իսրայէլեան Յարձակողականը Աշխարհակարգի Խորապատկերին Մէջ

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ Պարզ է, որ Իրանի իսրայէլեան օդուժի ներկայ յարձակողականը միջուկային կարողականութեան դիրքերուն վրայ կը բացայայտէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Թրամփի դիրքերու զգալի տկարացումը Թրամփ-Նեթանիահու առճակատման ընդհանուր պատկերին մէջ: Թրամփ ցարդ կրցաւ Իսրայէլը հեռու պահել Իրանէն` պնդելով, որ ինք կարողականութիւնը ունի (որպէս ղեկավար ուժ) Իրանը բերելու արեւմտեան դաշտէն ներս` շնորհիւ իր ուժային դիւանագիտութեան խաղաքարտերուն: Եւ Իրան արդարացուց Թրամփի յոյսերը այս մարզին...

Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին

Փաշինեանի Իսկական Նպատակը Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին Փոխարինումն Է, Եւ Ոչ Թէ` Հոգեւորականներու Կուսակրօնութիւնը

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Մինչ Հայաստան կանգնած է գոյաբանական սպառնալիքի դէմ յանդիման, ակնկալելի էր, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւոր առաջնահերթութիւնը ըլլար երկրի շահերուն պաշտպանութիւնը: Սակայն, ցաւօք, ան զբաղած է հոգեւորականներու կուսակրօնութեամբ, հարց մը, որ չի ներառուիր կառավարութեան իրաւասութեան մէջ եւ կը խախտէ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութիւնը, ուր ամրագրուած է եկեղեցւոյ եւ պետութեան տարանջատումը: Ես կը կարծեմ, թէ Փաշինեան հոգեւորականներու կուսակրօնութեան հարցը կը բարձրացնէ...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Գամիշլիի Մէջ Մեծաշուք Հանդիսութեամբ Նշուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Կերտման 107-Ամեակը Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի, նախագահութեամբ Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ  Լեւոն վրդ. Եղիայեանի, 1 յունիսին «Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 107-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն: Օրուան բանախօս, յարաբերական մարմինի անդամ Յակոբ Պարսումեան արժեւորումը կատարեց մայիս 28-ին` ընդգծելով անոր դերը հայ ժողովուրդի նորօրեայ պատմութեան մէջ եւ...

Ակնարկ.  Իրանի Վրայ Յարձակումին Յայտարարուած Եւ Քողարկեալ Պատճառները

Ակնարկ. Իրանի Վրայ Յարձակումին Յայտարարուած Եւ Քողարկեալ Պատճառները

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Աշխարհը արդէն սկսած է հաշուել` Իրանի վրայ Իսրայէլի յարձակման եւ Իրանի ինքնապաշտպանական` հակառմբակոծման օրերը, օրէ օր աճող զոհերուն եւ վիրաւորներուն թիւը, աւերածութիւններուն եւ նիւթական վնասներուն տարողութիւնը: Այս բոլորը տեղի կ՛ունենան մէկ կողմէ փայփայելով յոյսեր, որ հակամարտութիւնը շուտով զսպուի (իբրեւ օրինակ կը յիշուին`  Հնդկաստան-Փաքիստան ճակատումը, Ղազախստանի 2023-ի յեղաշրջական փորձը եւ այլ կարճատեւ պատերազմներ, «տեղական» ճակատումներ), իսկ անդին, ալիք-ալիք կը...

Սթափելու Ժամանակը

Մէկ Ազգ, Մէկ Եկեղեցի

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Հայաստանի մէջ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին ու բարձրաստիճան եկեղեցականներուն շուրջ հրահրուած վիճարկումները չեն դադրիր: Վիճարկումը հրահրուած էր վարչապետին կողմէ. հակառակ բազմաթիւ կողմերէ ու շրջանակներէ հնչող դատապարտումին, Նիկոլ Փաշինեան կրկնուող գրառումներով արծարծ պահեց, երկրի վարչապետին կողմէ անվայել բառապաշար մը օգտագործելով, եկեղեցւոյ ներքին գործերուն միջամտութեան ապօրինի ընթացքը: Վերջինը Ազգային ժողովին մէջ իսկ կատարած գրառումն է. «Պոռնկաբարոյ հոգեւորականներն ու անոնց պոռնկաբարոյ «բարեգործներն»...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ  ՀՕՄ-ը Եւ Քանատայի Հայ Համայնքը Կրթաթոշակ Տրամադրեցին Արցախցի 310 Ուսանողներու ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ ՀՅ Դաշնակցութեան Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի կողմէ արցախցի 300 ուսանող միանուագ կրթաթոշակ ստացած է: Աջակցութիւնը ՀՕՄ Արցախի վարչութեան միջոցով տրամադրուած է` նկատի առնելով ուսանողներու յառաջդիմութիւնն ու կարգավիճակը: ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Զոյա Քոչարեան ուսանողներուն ուղղուած իր խօսքին մէջ շեշտած է ՀՕՄ-ի աշխարհասփիւռ կառոյցի գործունէութիւնը, ներկայացուցած...

Page 100 of 1110 1 … 99 100 101 … 1,110

Արխիւներ