Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազնիւ Եւ Նուիրեալ ՀՄԸՄ-ականը

June 14, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՄԸՄ-Ի ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

Այսօր կանգնած ենք լռութեան մէջ` այնպիսի եղբօր մը յիշատակին առջեւ, որ իր ողջ կեանքը ապրեցաւ ոչ միայն իր ընտանիքին, այլ նաեւ իր ժողովուրդին, հայրենիքին եւ ՀՄԸՄ-ին ծառայելու բարձր գիտակցութեամբ:

Խոր տխրութեամբ եւ խոնարհ սրտով հաւաքուած ենք հրաժեշտ տալու մեր ՀՄԸՄ-ական սիրելի եւ երէց եղբօր` Նազարէթ Սապունճեանին, որ եղաւ ՀՄԸՄ-ի ա՛յն նուիրեալ անդամներէն մէկը, որուն կեանքը կենդանի վկայութիւնն է մեր երդման, մեր նպատակին եւ մեր հաւատքին:

ՀՄԸՄ-ի շարքերուն միացած է երիտասարդ հասակին` մղուած այն ազնուաշունչ գաղափարներով, որոնք մեզ միացնող հիմքն են` անվերապահ նուիրում հաւաքական գործին: Շուտով, իբրեւ նուիրեալ ու գործուն անդամ, ստանձնեց ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդի ատենապետութեան պատասխանատու պաշտօնը: Իր ղեկավարման տարիներուն ոչ միայն նպաստեց շարժման կազմակերպչական կայացման, այլ նաեւ իր բարոյական հովանաւորութեամբ եւ նիւթական օժանդակութեամբ մեծապէս նպաստեց մասնաճիւղի շեփորախումբի հիմնադրման: Այս շեփորախումբը, որ այսօր կը վայելէ աշխուժ ու տեսանելի ներկայութիւն եւ վերածուած է սկաուտական գործունէութեան կարեւոր բաղադրիչներէն մէկուն, իր նուագով կը խանդավառէ մասնաճիւղի սկաուտական եւ մարզական բոլոր ձեռնարկները: Կը խոստանանք, եղբա՛յր, որ մասնաճիւղի շեփորախումբին ձայնը միշտ լսելի պիտի մնայ, անոր հնչիւնները պիտի շարունակեն արձագանգել:

Նազարէթ Սապունճեան կը հաւատար, որ նոյնիսկ ամէնէն փոքր քայլերը կրնան հիմք դառնալ մեծ գործերու: Տարիներ շարունակ ան խնայեց ո՛չ ժամանակ, ո՛չ ուժ, ո՛չ ալ անձնական հանգիստ: Եղաւ ոչ միայն անդամ մը, այլ նաեւ հիմնասիւն մը` սրտով ծառայող, հոգիով առաջնորդող:

Ան եղաւ բազում սերունդներու խրատիչը` իր խաղաղ, բայց հաստատակամ բնաւորութեամբ, իր ժպիտով ու սրտաբաց զրոյցներով, միշտ պատրաստ` լսելու եւ օգնելու:

Այո՛, եղբա՛յր, դուն առյաւէտ բաժնուեցար մեզմէ: Քու բացակայութիւնդ ծանր է, սակայն ներկայութիւնդ անմահ է մեր յիշողութեան մէջ: Քու ձգած ժառանգութիւնդ կը մնայ իբրեւ ջահ` մեզ առաջնորդող:

Դուն եղար այն երէց եղբայրը, որուն աչքերուն մէջ տեսանք փորձառութիւն, բայց նաեւ հաւատք, քաջութիւն եւ անսահման սէր` հայ մարդու, հայ ընտանիքի եւ ա՛նշուշտ, մեր սիրելի ՀՄԸՄ-ին:

Դուն ապրեցար ՀՄԸՄ-ական հարուստ կեանք մը` հաւատարիմ մնալով միութեան նշանաբանին` «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր»-ին: Քու ազնիւ եւ ՀՄԸՄ-ական տիպարով եղար օրինակ բոլոր անոնց համար, որոնք ճանչցան քեզ:

ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղը իր 55-ամեայ պատմութեան ընթացքին ունեցած է պատկառելի ղեկավարներու փաղանգ մը, սակայն հազուագիւտ եղած են Նազարէթ Սապունճեանի նման ազնիւ եւ նուիրեալ դէմքեր:

Վստա՛հ եղիր, սիրելի՛ եղբայր, որ ՀՄԸՄ-ի ընտանիքը ընդհանրապէս եւ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի ընտանիքը մասնաւորապէս, միշտ պիտի յիշեն քեզ: Թող ՀՄԸՄ-ի դրօշը միշտ ծածանի քու հոգեւոր ժպիտիդ ներքեւ:

Վա՛րձքդ կատար, սիրելի՛ եղբայր:
Յարգա՛նք` վաստակիդ ու երթդ` բարին:
Թող հողը թեթեւ գայ վրադ:

 

 

 

 

Նախորդը

Նազարէթ Սապունճեանի Յիշատակին

Յաջորդը

Խստապահանջ ու Պարտաճանաչ Դաշնակցականը` Նազարէթ Սապունճեան

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.