1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութենէն ի վեր հայերը անդադար պայքարած են աշխարհին տեղեկացնելու Օսմանեան կայսրութեան կողմէ գործուած 1,5 միլիոն հայերու համակարգուած ոչնչացման մասին:
Իբրեւ արդիւնք` աւելի քան 30 երկիրներ, շարք մը միջազգային կազմակերպութիւններ եւ առաջատար ցեղասպանագէտներ ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութեան ճշմարտացիութիւնը: Այս բոլոր ճանաչումներէն ետք Հայոց ցեղասպանութիւնը դարձած է ընդունուած իրողութիւն` ուղղակի կշտամբանք Թուրքիոյ ժխտողական քարոզչութեան: Ցաւօք քանի մը կարեւոր երկիրներ, ինչպէս` Միացեալ Թագաւորութիւնը եւ Իսրայէլը, տակաւին չեն ճանչցած զայն` ոչ թէ անտեղեակութեան, այլ քաղաքական նպատակայարմարութեան եւ Թուրքիան հանդարտեցնելու իրենց փափաքին պատճառով: Այսպիսով ճանաչման հետապնդման դարաշրջանը պէտք է աւարտած նկատել:
Հարցը այն է, որ տասնամեակներ շարունակ Ցեղասպանութեան ճանաչման արշաւներէն ետք հայերն ու օտարները, որոնց կարգին` թուրք պաշտօնեաները, սխալ եզրակացութեան հասած են, որ` ճանաչումը վերջնական նպատակ է: Ասիկա հիմնական թիւրիմացութիւն է: Մեր իսկական պահանջները փոխհատուցումն ու Արեւմտեան Հայաստանի վերադարձն են: Երբ Թուրքիան անդրադառնայ, որ Ցեղասպանութեան ժխտումը պիտի չարգիլէ հայ ժողովուրդը` հետապնդելու այս միւս երկու նպատակները, Անգարան կրնայ վերջապէս տեսնել իր ժխտողական արշաւին ունայնութիւնը:
Այնուամենայնիւ, Ցեղասպանութեան ճանաչման համաշխարհային արշաւը ապարդիւն չէր: Աշխարհը այժմ գիտէ Հայոց ցեղասպանութեան ճշմարտութիւնը: 110 տարի ետք թրքական կառավարութիւնը տակաւին կը բախի իր նախորդ վարչակարգին կողմէ գործադրուած նողկալի յանցագործութիւններու ամօթալի յիշեցումներուն:
Բայց եւ այնպէս, պարզապէս Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալն ու ներում հայցելը պիտի չբուժեն վէրքերը, ոչ ալ պիտի վերացնեն գործուածին հետեւանքները: Հայերը տակաւին կը սպասեն` արդարութեան, իրենց պատմական իրաւունքներու վերականգնման եւ բռնագրաւուած հողերու ու ունեցուածքի վերադարձին:
1915 թուականին Օսմանեան կայսրութիւնը համակարգուած արշաւ կատարեց` արմատախիլ ընելու ամբողջ ազգ մը իր նախնիներուն հայրենիքէն` զրկելով վերապրածները իրենց տուներէն, հայրենի հողերէն, մշակութային ժառանգութենէն, եկեղեցիներէն եւ անձնական ունեցուածքէն: Հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուեցաւ մեծ անարդարութիւն, որ անոր, ինչպէս` հրէական Ողջակիզումի պարագային, իրաւունք կու տայ օրինական փոխհատուցում ստանալ իր հսկայական կորուստներուն համար:
Հատուցումը կրնայ ըլլալ բազմաթիւ ձեւերով: Իբրեւ առաջին կարեւորագոյն քայլ` Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը պէտք է բոլոր 2500 հայկական եկեղեցիները վերադարձնէ հայկական վերահսկողութեան` զանոնք դնելով Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի իրաւասութեան ներքոյ: Այս բռնագրաւուած եկեղեցիները, որոնք վերածուած են մզկիթներու, ախոռներու, պահեստանոցներու կամ քանդուած են, պէտք է վերադարձուին իրենց օրինական տիրոջ:
Այսօրուան Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը` իբրեւ Օսմանեան կայսրութեան իրաւայաջորդ պետութիւն, պէտք է իրաւական պատասխանատուութիւն կրէ Ցեղասպանութեան եւ անոր շարունակական հետեւանքներուն համար: Թուրքիան ժառանգած է Օսմանեան կայսրութեան ունեցուածքները, հետեւաբար ժառանգած է նաեւ անոր պարտաւորութիւնները:
Ցաւօք, Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող նախագահական հռչակագիրները եւ Քոնկրեսին կողմէ որդեգրուած յիշատակման բանաձեւերը օրէնքի ուժ չունին, հետեւաբար իրաւական արժէք չեն կրնար ունենալ:
Առանց երկար սպասելու, նկատի ունենալով, որ հայերը արդէն սպասած են աւելի քան մէկ դար, անոնք պէտք է իրաւական քայլերու ձեռնարկեն միջազգային եւ ազգային դատարաններու միջոցով, ներառեալ`
– Արդարադատութեան միջազգային դատարանին (Համաշխարհային դատարան), ուր միայն պետութիւնները ունին նման իրաւասութիւն,
– Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին,
– Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային դատարաններուն, ինչպէս նաեւ` այլ երկիրներու դատարաններուն:
Հայաստանի ներկայի կառավարութիւնը ոչ մէկ շահագրգռուածութիւն ունի Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ դատական հայցեր ներկայացնելու Միջազգային դատարանին մէջ` ընդդէմ Թուրքիոյ, ուստի ամերիկահայերը պէտք է ձեռնարկեն իրաւական գործողութիւններու: Այլ խորհրդանշական բանաձեւի մը համար պայքարելու փոխարէն` անոնք պէտք է լոպիինկ կատարեն Ներկայացուցիչներու տան եւ ծերակոյտին մէջ` երկարաձգելու վաղեմութեան ժամկէտը, ինչ որ կարելիութիւն պիտի տայ հայերուն դատական հայցեր ներկայացնել` Ցեղասպանութեան պատճառով իրենց կրած նիւթական կորուստներու հիման վրայ:
Երբ Ներկայացուցիչներու տունն ու ծերակոյտը որդեգրեն նման օրինագիծ, անիկա պիտի ուղարկուի նախագահին` ստորագրութեան համար: Այս օրէնսդրութիւնը պիտի համապատասխանէ Ողջակիզումի փոխհատուցման վերաբերեալ գործող օրէնքներու իրաւական շրջանակին, ինչպիսիք են`
– «Ողջակիզումի զոհերու փոխհատուցման մասին» օրէնքը, որ որդեգրուած է Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին կողմէ, 1998 թուականին,
– «Ողջակիզումի ժամանակ բռնագրաւուած արուեստի գործերու վերականգնման մասին 2016 թուականի օրէնքը»,
– Քալիֆորնիոյ ժողովի 2867-րդ օրինագիծը` «Հալածանքներու պատճառով կորսուած արուեստի գործերու եւ անձնական ունեցուածքի վերականգնում», որ ստորագրուած է նահանգապետ Կեւին Նիւսըմի կողմէ 2024 թուականին:
Երբ դատեր բացուին Միացեալ Նահանգներու դատարաններուն մէջ, անոնք պիտի գրաւեն ամբողջ աշխարհին ուշադրութիւնը` ստիպելով Թուրքիան իրաւական մակարդակի վրայ առերեսուելու իր յանցաւոր անցեալի հետ: Այդ պարագային թրքական կառավարութեան կողմէ Ցեղասպանութեան շարունակական ժխտումները պիտի դառնան անիմաստ:
Միացեալ Նահանգներու դատարանները կրնան օրինական կերպով պարտադիր վճիռներ կայացնել` պահանջելով Թուրքիայէն փոխհատուցում վճարել հայերուն անոնց կորուստներուն համար: Եթէ Թուրքիան մերժէ կատարել այդ պահանջը, դատարանները կրնան որոշում տալ Միացեալ Նահանգներու մէջ գտնուող եւ թրքական կառավարութեան պատկանող բոլոր սեփականութիւններու, օրինակ` շէնքերու, դրամատնային հաշիւներու եւ «Թրքական օդանաւային ընկերութեան» պատկանող օդանաւերու բռնագրաւման վերաբերեալ:
Այս պատմական իրաւական պայքարին սկսելու համար հայերը պէտք է անյապաղ ձեռնարկեն երկու գործողութիւններու.
1) Լոպիինկ կատարել Քոնկրեսին մէջ` այս պահանջները արտօնող օրէնք ընդունելու համար,
2) Վարձել միջազգային իրաւունքի ոլորտին մէջ մասնագիտացած լաւագոյն իրաւաբաններ:
Եթէ հայերը յաղթեն դատարանին մէջ, Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ բանավէճը անտեղի պիտի դառնայ: Միացեալ Նահանգներու դատարանի նման որոշում մը գործադրելու որեւէ դիմադրութիւն կամ մերժում` թրքական կառավարութեան կողմէ, դիւանագիտական եւ իրաւական լուրջ ճգնաժամ պիտի յառաջացնէ Անգարայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ:
Ահա թէ ինչպէ՛ս հայ ժողովուրդը կրնայ վերջապէս հասնիլ արդարութեան, ոչ թէ յաւելեալ ճանաչման, այլ` դատական յաղթանակներու միջոցով: