Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկական Գաղութները Միջին Արեւելքի Մէջ. Մարտահրաւէրներ, Հնարաւորութիւններ Եւ Գոյատեւման Ուղիներ

Յունիս 16, 2025
| Անդրադարձ
1
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԵՐԱ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ

1- Հայկական գաղութները Միջին Արեւելքի մէջ` պատմական շարունակականութիւն եւ ներկայի անորոշութիւն

Հայկական գաղութները Միջին Արեւելքի մէջ կը ներկայացնեն սփիւռքի գոյատեւման եւ փոխակերպման եզակի օրինակ մը` իբրեւ հին, բազմաշերտ եւ միջինարեւելեան հասարակութիւններու յատուկ դիմագիծով սերտօրէն ձեւաւորուած փոքրամասնութիւններ: Այս գաղութները, որոնց ներկայութիւնը ունի դարերու խորք, վերածուած են ոչ միայն մշակութային ինքնութիւն պահողներու, այլեւ` տնտեսական, կրթական եւ երբեմն նաեւ քաղաքական հաւասարակշռութեան բաղադրիչներու: Սուրիոյ, Լիբանանի, Իրաքի, Իրանի, Եգիպտոսի եւ այլ երկիրներու մէջ անոնք ձեւաւորած են ամուր համայնքային ցանցեր, հաստատած` եկեղեցիներ, դպրոցներ եւ մշակութային կեդրոններ, որոնք երկար ժամանակ ծառայած են որպէս ինքնութեան վերարտադրութեան եւ համայնքային վերակազմաւորման հիմնական կռուաններ:

Սակայն այս շարունակականութեան հիմքերը վերջին տասնամեակներուն խիստ խախտուած են: Տարածաշրջանային լայնածաւալ տատանումները, ինչպէս` Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմը, Լիբանանի տնտեսական եւ պետական փլուզումը, Իրաքի ներքին անկայունութիւնը եւ իրանեան համակարգի փակ միջավայրը, նպաստած են թէ՛ գաղութներու հիւծումին եւ թէ՛ զանգուածային արտագաղթի ալիքներու: Այս երեւոյթը չի սահմանափակուիր ֆիզիքական տեղաշարժով, այլ կը յանգի նաեւ քաղաքական ազդեցութեան նուազման, կրթական եւ մշակութային ենթակառուցուածքներու թուլացումին եւ հասարակական մասնակցութեան զգալի նահանջին:

Տեսականօրէն սփիւռքի ուսումնասիրութիւնները կը փաստեն, որ նմանօրինակ համայնքները պէտք է դիտուին որպէս շարժական, ցանցային եւ բազմակողմանի պատկանելիութեամբ վարուող քաղաքական առարկաներ: Սակայն Միջին Արեւելքի հայկական գաղութները, հակառակ իրենց պատմական վերապրումի կարողութեան, ներկայիս կը գործեն յատուկ մարտահրաւէրներու պայմաններու մէջ, ուր միաժամանակ գոյութիւն ունին ներքին կազմակերպական տկարացում եւ արտաքին ճնշման աւելացում: Միեւնոյն ժամանակ համայնքներու ներգրաւուածութիւնը տեղական քաղաքական համակարգերու մէջ (օրինակ` լիբանանեան համայնքային համակարգին մէջ գործող հայկական կուսակցութիւններու դերը) ենթադրած է այնպիսի ներգրաւում մը, որ պատմական շարունակականութիւն ապահովելու փոխարէն` երբեմն բերած է ինքնաթելադրման եւ նոր սերունդի հետ կապի խզման:

Հայ համայնքները Միջին Արեւելքի մէջ կը գտնուին փուլի մը մէջ, ուր տեղի կ՛ունենայ միաժամանակ երկու գործընթաց. մէկ կողմէ` բազմասերունդ կայուն ներկայութեան ժառանգութեան պահպանման փորձ, միւս կողմէ` անոր արագ կորուստ: Այս ճնշումը կը ստեղծէ նոր հարցադրում. ինչպէ՞ս կարելի է վերարժեւորել հայկական ներկայութիւնը` իբրեւ ռազմավարական արժէք ոչ միայն ազգային ինքնութեան պահպանման համար, այլեւ` իբրեւ տարածաշրջանային քաղաքացիական արժէքի դրսեւորում:

Միջին Արեւելքը, որուն մէջ տեղի կ՛ունենայ փոքրամասնութիւններու լայնածաւալ վերադասաւորում, այլեւս չի բաւարարուիր պատմական յուշերով: Ան պահանջ կը դնէ արդիական քաղաքական եւ մշակութային ռազմավարութիւններու, որոնք կրնան հայկական ներկայութիւնը վերածել ապագայաբանուած քաղաքականութեան մասի:

2. Հայկական գաղութներու իրավիճակը` վերլուծական մօտեցում

Միջին Արեւելքի հայկական գաղութներու ներկայի իրավիճակը անհրաժեշտ է դիտարկել զանոնք բաղդատելով տարբեր երկիրներու այլ գաղութներու հետ: Տարբեր երկիրներու համայնքներու առկայութիւնը պայմանաւորուած է` յատկապէս տեղական պետական համակարգերու կառուցուածքով, ներքին հակամարտութիւններու բնոյթով եւ համայնքային ինքնակազմակերպման մակարդակով: Այս վերլուծական մօտեցումը կը բացայայտէ, թէ ինչպէ՛ս նոյն պատմական ու մշակութային ժառանգութիւնը կրող խմբակներ կրնան զարգանալ տարբեր ուղղութիւններով` կախուած հիւրընկալ պետութեան քաղաքական, տնտեսական եւ անվտանգային մթնոլորտէն:

Լիբանանի պարագային, հայկական համայնքը կը ներկայացնէ ոչ միայն տարածաշրջանի, այլեւ համաշխարհային սփիւռքի ամենակազմակերպուած համայնքներէն մէկը: Երեք մեծ քաղաքական կուսակցութիւններու` Դաշնակցութիւն, Հնչակեան եւ Ռամկավար կուսակցութիւններու գործունէութիւնը զուգակցուած է լայն կրթական ցանցով եւ եկեղեցական հաստատութիւններով, որոնք դարերէ ի վեր ապահոված են ինքնութեան փոխանցում եւ հասարակական ներգրաւուածութիւն: Այս համայնքը ձեւաւորած է նաեւ համասփիւռքեան քաղաքական օրակարգերու, ներառեալ Հայ դատի համակարգման եւ պետական յարաբերութիւններու միջնորդութեան գործօն ծիր մը: Սակայն վերջին տասնամեակի ընթացքին եւ յատկապէս 2019-էն ետք բռնկած տնտեսական ճգնաժամին, դրամավարկային փլուզման, պետական կառոյցներու կաթուածահարութեան եւ համատարած արտագաղթի պատճառով լիբանանահայ համայնքը կը գտնուի վերարտադրողական ճգնաժամի մէջ: Երիտասարդ սերունդի զանգուածային արտագաղթը, դպրոցներու ֆինանսաւորումի դժուարութիւնները եւ կրթական ու մշակութային նախաձեռնութիւններու շարունակականութեան նկատմամբ աճող անորոշութիւնը խորացուցած են համայնքի ապագայի վերաբերեալ մտահոգութիւնները:

Սուրիոյ մէջ, ուր հալէպահայ գաղութը երկար ժամանակ եղած է տարածաշրջանի կարեւորագոյն հայկական կենսամշակութային գօտիներէն, 2011-ին սկսած քաղաքացիական պատերազմը կործանարար ազդեցութիւն ունեցած է: Համայնքի զգալի մասը բռնի տեղահանուած է, կամ` արտագաղթած, մեծ թիւով շէնքեր, դպրոցներ եւ եկեղեցիներ քանդուած են, կամ` անգործածելի դարձած: Հակառակ անոր որ որոշ հատուածներ վերադարձած են պատերազմէ ետք եւ` համայնքային վերակառուցման փորձեր ըրած, ընդհանուր վստահութիւնը ապագայի նկատմամբ կը մնայ տկար: Համայնքին ներգրաւուածութիւնը վերածուած է գոյատեւման ռազմավարութեան, ուր գերակայ դեր կը խաղան` միջազգային օժանդակութիւնը, մարդասիրական ցանցերը եւ սահմանափակ ներուժով կրթական վերածրագրաւորումը: Այս համայնքը կը պայքարի ոչ միայն ֆիզիքական վերակառուցման, այլեւ` պատկանելիութեան վերաիմաստաւորման հարցին հետ:

Իրանի պարագային, հայկական համայնքը կը գործէ բոլորովին տարբեր կառուցուածքի մէջ: Այստեղ հայերը ճանչցուած են իբրեւ օրինական կրօնական փոքրամասնութիւն` խորհրդարանական ներկայացուածութեամբ եւ մշակութային-դպրոցական ազատութիւններու սահմանափակ գօտիով: Համայնքը ընդհանուր առմամբ պահպանած է իր դպրոցները, եկեղեցիները եւ բարեսիրական ցանցերը` առանց բացայայտ հետապնդումներու: Սակայն համակարգային հսկողութիւնը, քաղաքացիական ազատութիւններու սահմանափակումը եւ արտաքին աշխարհի հետ կապերու խիստ վերահսկումը սահմանափակած են քաղաքական ու մշակութային  զարգացման հնարաւորութիւնները: Այս «կայունութեան սահմանափակուածութիւնը» ստեղծած է փակ մթնոլորտ, ուր համայնքը կը պահպանէ իր ներկան, բայց դժուարութեամբ կը սերմանէ ապագայի զարգացման ծրագիրներ:

Ի վերջոյ, Իրաքի մէջ հայկական գաղութը վերածուած է ցրուած, մասնատուած եւ գործնականօրէն գոյատեւման մակարդակի իջած խմբաւորումի: 2003-ի պատերազմը, հետագայ տարիներուն բռնութիւնները, համայնքային թիրախաւորումները եւ ահաբեկչական յարձակումները հիմնովին կազմալուծած են համայնքային ենթակառուցուածքները: Թէեւ որոշ հայկական հաստատութիւններ կը շարունակեն իրենց գործունէութիւնը,  յատկապէս` Պաղտատի եւ Պասրայի մէջ, սակայն անոնք ունին զուտ պահպանողական առաքելութիւն եւ կրթական կամ մշակութային զարգացում իրականացնելու կարելիութիւն չունին: Համայնքի անդամներուն մեծ մասը կա՛մ արդէն արտագաղթած է, կա՛մ կը ծրագրէ հեռանալ, որուն պատճառով նոր սերունդին կապը հայկական ինքնութեան հետ զգալիօրէն թուլցած է:

Վերլուծական մօտեցումով կարելի է եզրակացնել, որ Միջին Արեւելքի հայկական գաղութները կը գոյատեւեն չափազանց տարբեր պայմաններու մէջ` անկայունութենէ մինչեւ սահմանափակ կայունութիւն: Սակայն բոլոր պարագաներուն ալ գերակշռող միտումը համայնքային նօսրացումն է, քաղաքական ու կազմակերպական ճկունութեան անկումը եւ ապագայի շուրջ աճող անորոշութիւնը: Այս իրողութիւնը կը պահանջէ վերանայուած ռազմավարութիւն` ներառելով տեղային ինքնակազմակերպման նոր ձեւեր, փոխճնշումներու դիւանագիտութիւն եւ Հայ դատի ռազմավարական հարթութեան վերանորոգուած ըմբռնում` համապատասխան նոր տարածաշրջանային վերաձեւումներուն, ինչ որ մինչեւ օրս հորիզոնի վրայ չենք տեսներ:

3. Գոյատեւման ուղիներ եւ ռազմավարութիւններ

Հայկական համայնքներու կենսունակութեան պահպանումը` քաղաքական անկայունութեան եւ անվտանգութեան սպառնալիքներու առկայութեան պայմաններուն տակ, կ՛ենթադրէ բազմաշերտ, առաւելապէս ինքնակառավարուող եւ տարածաշրջանային վիճակներուն համապատասխանեցուած ռազմավարութիւններու կիրարկում: Այս բաժինը կը ճշդէ չորս հիմնական ուղղութիւններ, որոնք կրնան նպաստել համայնքներու վերակազմաւորման եւ շարունակական զարգացման:

ա) Կրթական ենթակառոյցներու պահպանման եւ արդիականացման անհրաժեշտութիւն

Կրթութիւնը կը հանդիսանայ ոչ միայն լեզուական ու մշակութային ինքնութեան փոխանցման միջոց, այլեւ` համայնքային վերարտադրութեան հիմք: Միջին Արեւելքի հայ համայնքներու վարժարանային համակարգը, մասնաւորաբար` Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ, երկար տարիներու ընթացքին ձեւաւորած է լուրջ դեր` համայնքի կաղապարող բնոյթի, հասարակական վերելքի եւ հայեցի դաստիարակութեան համակարգին մէջ:

Սակայն վերջին տարիներուն տնտեսական ճգնաժամերու եւ ներգաղթի պատճառով այդ դպրոցները կանգնած են ֆինանսական եւ մարդուժի սպառման վտանգին առաջ: Այս պարագային առաջնահերթ է`

– Ճկուն դպրոցական ծրագրերու կիրարկում,

– Մասնագիտացած պատասխանատուներ,

– Ուսուցչակազմի վերապատրաստում` արդի մանկավարժական մօտեցումներով,

– Համայնքային եւ սփիւռքեան վաստակաշատ դերակատարներու մասնակցութիւնը (օրինակ` Հայկազեան համալսարանի, կամ սփիւռքի կրթական հիմնարկներու միջեւ փոխգործակցութիւն),

– Տեղական եւ միջազգային դրամաշնորհներու համադրուած օգտագործում:

բ) Հայ դատի տեղայնացում եւ քաղաքական ռազմավարականացում

Հայ դատը Միջին Արեւելքի մէջ պէտք է անցնի բացառապէս Ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջէն դէպի ընդհանրապէս փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութեան հարթակ: Այլ խօսքով, Հայ դատը պէտք է սերտօրէն կապուի տեղական քաղաքական հոլովոյթներուն հետ եւ ձեւաւորուի որպէս համայնքային իրաւունքի եւ ներկայութեան պահանջի մեքանիզմ:

Օրինակ`

– Սուրիոյ մէջ Հայ դատը կրնայ ընդգծել փոքրամասնութիւններու ինքնավարութեան եւ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան հարցը:

– Իրանի մէջ կրնայ յղուիլ կրօնական փոքրամասնութիւններու կրթական եւ լեզուական իրաւունքներու խթանման:

– Լիբանանի մէջ նոյն ձեւերու մասին ցարդ կարելի չէ խօսիլ` նկատի առած Լիբանանի համայնքային դրութիւնը եւ լիբանանահայութեան վայելած քաղաքական ներկայացուցչութիւնը:

Այս տրամաբանութեամբ, Հայ դատը կը վերածուի քաղաքական միջամտութեան մեքանիզմի` հիմնուած մարդկային իրաւունքներու, բազմազանութեան արժէքներու եւ քաղաքացիական ներկայացուածութեան վրայ:

գ) Մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւն եւ կիրառական հաւաքականութիւն

Հայկական մշակութային գոյքերը` եկեղեցիներ, վարժարաններ, գերեզմանատուներ եւ թանգարաններ, ոչ միայն համայնքային ինքնութեան վկայութիւն են, այլեւ ապացոյցներ` համայնքի հարազատութեան եւ պատմական շարունակականութեան:

Այս ժառանգութիւնը վտանգուած է`

– Քաղաքացիական պատերազմի պատճառով (Հալէպ, Գամիշլի, Տէր Զօր եւ այլն),

– Քաղաքաշինական ճնշումներու պատճառով (Պէյրութի մէջ թաղամասերու շինարարական ճնշումներ),

– Ներհամայնքային անտարբերութեան եւ հոգածութեան բացակայութեան պատճառով:

Այս պարագային, անհրաժեշտ է ստեղծել մասնագիտացած կառոյցներ` հայկական մշակութային ժառանգութեան վաւերագրման, վերանորոգման եւ հանրայնացման նպատակով: Այդ աշխատանքը կրնայ կատարուիլ համագործակցաբար միջազգային կառոյցներու, օրինակ` UNESCO, ICCROM (International Centre for the Study of the Preservation and Restoration of Cultural Property) եւ այլ նմանօրինակ կառոյցներ:

դ) Երիտասարդ սերունդի ներգրաւում եւ հայրենակցական կապերու վերաշինում

Տարածաշրջանի հայ երիտասարդութեան մեծ մասը կը դիմէ արտագաղթի: Սակայն շատերու համար կապը համայնքի, հայ մշակոյթի կամ ազգային ինքնութեան հետ կը մարի, որովհետեւ բացակայ է սփիւռք-համայնք-Հայաստան կապը:

Այս պարագային անհրաժեշտ են`

– Երիտասարդական ներգրաւման ծրագրեր, ինչպէս` AGBU-ի «Աբողջական քաղաքացի» կամ Birthright Armenia-ի մասնաճիւղեր Միջին Արեւելքի հայերու համար,

– Բազմապատկել մշակութային ճամբարներ եւ ամառնային դասընթացքներ (որոնք տեղի կրնան ունենալ թէ՛ սփիւռքի եւ թէ՛ Հայաստանի մէջ),

– Տեղական երիտասարդական ակումբներու քաղաքական եւ մշակութային հարթակներու ընդլայնում,

– Ենթակառուցուածքային աջակցութիւն` IT, արդիական կրթութեան ձեւեր:

4. Հայ դատի մարտահրաւէրներն ու հնարաւորութիւնները տարածաշրջանային մակարդակով

Հայ դատը` իբրեւ հայութեան քաղաքական պահանջատիրութեան առանցք, Միջին Արեւելքի մէջ կը դիմագրաւէ հետեւեալ մարտահրաւէրները, սակայն միաժամանակ կը ներկայանայ որպէս ռազմավարական հնարաւորութիւն:

Մարտահրաւէրներ

1. Տարածաշրջանային պետութիւններու շահերի առաջնահերթութիւնը արդարութեան նկատմամբ:

Օրինակ` Թուրքիոյ հետ տնտեսական ու անվտանգութեան յարաբերութիւնները յաճախ կը վերածուին հայութեան պատմական պահանջներու անտեսման կամ չէզոքացման քաղաքականութեան: Այս կը նկատուի յատկապէս Քաթարի, Սէուտական Արաբիոյ եւ նոյնիսկ Լիբանանի պարագային:

2. Հայկական համայնքներու թոյլ կազմակերպուածութիւնը եւ գաղթը:

Անգործութեան պատճառով բացակայ է համահունչ եւ բանիմաց քաղաքացիական հզօրութիւն մը, որ կրնայ շարունակել Հայ դատի քաղաքական ճնշումի արշաւը:

3. Ճշդուած եւ համադրուած ռազմավարութեան բացակայութիւն:

Շրջանի համայնքներու միջեւ քիչ կան համադրող մեքանիզմներ` տեղեկատուական, դիւանագիտական եւ լրատուամիջոցային մակարդակներով:

Հնարաւորութիւններ

1. Հայ դատի ընդլայնումը մարդու իրաւունքներու եւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու օրակարգին մէջ:

Այս մօտեցումը կրնայ ապահովել, որ Հայ դատը միայն Ցեղասպանութեան ճանաչման շուրջ չկեդրոնանայ, այլ դառնայ արդի օրակարգի մաս` համահունչ միջազգային իրաւունքի եւ սահմանադրական բազմազանութեան արժէքներուն:

2. Տեղական եւ տարածաշրջանային համագործակցութիւն` այլ փոքրամասնութիւններու հետ (ասորիներ, յոյներ, քիւրտեր):

Հայ դատը կրնայ վերածուիլ համախոհական ցանցի` իբրեւ փոքրամասնութիւններու համերաշխութեան օրակարգ, զուգահեռ` միջազգային լսարանի կողմէ աջակցութեան ձգձգում:

3. Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան նոր ձեւերու հիմնում:

Հայաստան կրնայ դեր ստանձնել` իբրեւ դիւանագիտական եւ մշակութային օրէնսդիր ուժ, որ կը վերագնահատէ համայնքներու կարիքները եւ կապը պետութեան հետ` փորձելով համադրուած Հայ դատ մոտել մը ներկայացնել:

Եզրակացութիւն

Հայկական գաղութները Միջին Արեւելքի մէջ կը գտնուին պատմական իրադարձութիւններով ճնշուած եւ ժամանակակից մարտահրաւէրներով սահմանափակուած գոյաբանական շրջագիծի մէջ: Ներկայ պայմաններուն մէջ անոնց գոյատեւման միակ ուղին կը թուի ըլլալ աշխուժ, ինքնակազմակերպուած, բազմամակարդակ եւ արտաքին քաղաքական ու դիւանագիտական զօրակցութեամբ համադրուած ռազմավարութիւններու որդեգրումը:

Հայ դատը եւ համայնքային գործունէութիւնը պէտք է դուրս բերուին խորհրդանշական շրջապատէ եւ տեղայնացուին` դառնալով կենսական հարց` թէ՛ ինքնութեան պահպանման, թէ՛ արդարութեան վերականգնումի եւ թէ՛ շրջանային կայունութեան նպաստելու իմաստով:

 

 

 

 

Նախորդը

Ժամանակն Է Դատ Բանալու Թուրքիոյ Դէմ. Ցեղասպանութեան Յաւելեալ Ճանաչման Կարիք Չկայ

Յաջորդը

«Դարձ Դէպի Թուրքիա. Ինչո՞ւ ՕԹԱՆ-ը Պէտք Է Թեքի Իր Յարաբերութեան Մէջ»

RelatedPosts

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Ապրեցա՛նք, Յաղթանակի Մեծութիւնը («Քնար» Պարախումբի Ելոյթին Առիթով)

Յունիս 16, 2025
Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը
Անդրադարձ

«Դարձ Դէպի Թուրքիա. Ինչո՞ւ ՕԹԱՆ-ը Պէտք Է Թեքի Իր Յարաբերութեան Մէջ»

Յունիս 16, 2025
Ազրպէյճան Մտադիր Է Գրաւել Հայաստանը Եւ Ստեղծել «Արեւմտեան Ազրպէյճան»
Անդրադարձ

Ժամանակն Է Դատ Բանալու Թուրքիոյ Դէմ. Ցեղասպանութեան Յաւելեալ Ճանաչման Կարիք Չկայ

Յունիս 16, 2025

Comments 1

  1. միհրան Քիւրտօղլեան says:
    1 hour ago

    Վերա Եագուպեանի վերի գրութիւնը յօդուածի մը բովանդակութենէն շատ աւելին է՝ խորաթափանց ճանաչողութեան մը արգասիքը, մտածում խթանող մտածումներու սքանչելի կառուցուածքով եւ դասաւորումնով պատկերացում մը՝ Միջինարեւելեան հայկական համայնքներու մասին եւ անոնց դիմագրաւած գոյութենական խնդիրներու դիմագրաւման համար միջոցներու շահեկան առաջարկներով…:
    Սպասելի է, որ յայտնուած մտածումները սպառած չնկատուին օրաթերթային յօդուածի մը տեսքով հրապարակուած ըլլալնուն, այլ լրջագոյն քննարկումի նիւթ դառնան անոնք խորհրդաժողով (ներ)ի մէջ եւ ըստ հնարաւորի իրագործելիները որդեգրուին: Աւելցնեմ, թէ իմ կարծիքով, նախաձեռնուելիք որեւէ նորարարական քայլի յաջողութիւնը կրնայ ապահովուիլ այն պարագային, որ կը կեդրոնացուի ցանկը համայնքային մարդուժի եւ մանաւանդ այդ ուժը գործի լծուելու կը կոչուի: Այլապէսս, ներկայ ուժերով կ’ունենանք այն, ինչ ունինք:

    Reply

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?