Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քրիստոսաբոյր Արգասաբեր Կեանք Մը (Յարութ Եղբ. Գարատաղլեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Յունիս 14, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ՍՐԿ. ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ

«Որովհետեւ ինծի համար կեանքը Քրիստոս է,
եւ ուստի մեռնիլ` այդ կեանքը շահիլ կը նշանակէ»
(Փիլիպպեցիս 1.21)

Քրիստոնէական կեանքը ճշգրիտ ապրիլը մարտահրաւէր է բոլորիս համար: Եթէ պահ մը բաղդատենք անցեալի եւ ներկայի հաւատացեալները, ապա մեծ տարբերութիւն պիտի տեսնենք այս երկուքին միջեւ: Անշուշտ այս իրողութեան պատճառներն ալ կեանքի սրընթաց զարգացող արհեստագիտութիւնն ու մարդը Աստուծմէ հեռացնելու քայլերն են: Որքան հնչեղ է եւ զարթուցիչ Պօղոս առաքեալի նամակը, ուր ան կը յայտնէ, որ քրիստոնեաներուն համար մեռնիլ` կը նշանակէր Քրիստոսի կեանքը շահիլ, իսկ այսօրուան քրիստոնեաներուն համար ապրիլ` կը նշանակէ Քրիստոսի երբեմն հաւատալ, նեղութեան ատեն յիշել, կեանքի դժուարութիւններուն դիմաց երբեմն զԱստուած այպանել եւ ձեւով մը մարդոց գովասանքը շահիլ: Իսկ առաքեալները բազմիցս յիշեցուցած են բոլորին, որ պէտք է աշխատինք աշխարհին համար մեռնիլ` շահելու համար Քրիստոսի կեանքը: Այսուհանդերձ, մեր կեանքը այնքան ալ անջրդի չէ, կան տիպար քրիստոնեաներ, որոնց կեանքը արեւի նման արտացոլուած են Քրիստոսի ճշմարիտ լոյսով, խօսքով եւ հաւատքով:

Արդ, Քրիստոսի կեանքը շահած ընտրեալներուն խումբին մաս կը կազմէր նաեւ քառասուն օրեր առաջ անդենական մեկնած լուսաւոր անձ մը` կիրակնօրեայ դպրոցներու ուսուցիչ, տեսուչ եւ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցասիրաց եղբայրակցութեան մէջ իր անմնացորդ լուման ներդրած եղբ. Յարութ Գարատաղլեանը, որուն սիրով լեցուն կեանքը զարդարուած էր Աստուածաշունչի ճշմարտութիւններով եւ ծառայութեամբ:

Յարութ Գարատաղլեան ծնած է 1937-ին, ատանացի Արամ եւ Ազատուհի Գարատաղլեան հայկական վեցանդամ ընտանիքի մէջ: Նախակրթութիւնը ստանալէ ետք մտած է կեանքի ասպարէզ ու հմտացած` կօշկակարութեան մէջ:

1964-ին ամուսնացած է Հալա Խազումի հետ եւ բախտաւորուած` հինգ զաւակներով` երկու մանչ եւ երեք աղջիկ:

1983-էն մինչեւ 2001 պաշտօնավարած է «Սարօ» հաստատութեան մէջ` տիպար պաշտօնեայի մը անունը ձգելով իր ետին:

1970-ին իր կեանքը կը նուիրէ Քրիստոսին (կ՛ապաշխարէ) եւ կը դառնայ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցասիրաց եղբայրակցութեան անդամ, վարչական, քարոզիչ եւ աւելի ուշ` միութեան ատենապետը (2014-էն մինչեւ իր մահը): Իր ծառայութիւնը մատուցած է նաեւ այս յարկին տակ գործող կիրակնօրեայ դպրոցին մէջ` իբրեւ ուսուցիչ եւ տեսուչ: Ան Քրիստոսի Աւետարանին լոյսը տարածած է, բացի Լիբանանէն, նաեւ Սուրիա, Քանատա, Հայաստան, Ֆրանսա, Միացեալ Նահանգներ:

2013-ին կաթուածահար կ՛ըլլայ եւ մէկուկէս տարի ապաքինման շրջան բոլորելէ ետք կ՛ունենայ առողջական վերիվայրումներ, սակայն միշտ գոհունակ էր իր վիճակէն,  անտրտունջ եւ ուրախ էր, որ օր մը պիտի միանար իր Փրկիչին: Իր շրթներէն անպակաս էին Աստուածաշունչի համարներն ու աղօթքները: Ահա հոս կը կայանայ իսկական քրիստոնեայ հաւատացեալի իր տիպարը:

Իր կեանքի բնորոշ յատկանիշն էր հաւատարմութիւնը իր յարանուանական պատկանելիութեան` հայ կաթողիկէ համայնքին հանդէպ, եւ Ս. Փրկիչ եկեղեցին իր  եւ Աստուծոյ մնայուն հանդիպման վայրը հանդիսացած է: Քրիստոսի կեանքին տիպարը իր ուղեգիծը դարձած է, եւ ան եղած է որբին հայր, որբեւայրիին եղբայր, հիւանդներուն այցելած, կարեկցանքի պէտք եղողներուն կարեկցած է: Յարութիւն եղբայր հաւատարիմ էր Եղբայրակցութեան եւ իր քարոզներուն ճամբով եւ իր կենդանի օրինակով` կեանքով գօտեպնդած է աղօթքի պապակ եւ խաղաղութեան կարիք ունեցող հոգիները: Իր ներկայութիւնը ամէնուրեք օրհնութիւն էր` իբրեւ Աստուծոյ դաշտին մէջ ծառայող անձ, հայր, եղբայր: Բազմիցս լսած ենք իր բերնէն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան սրբակենցաղ հոգեւորական լուսահոգի Զարեհ արք. Ազնաւորեանի սուրբգրային սերտողութեան մէջբերումները, որուն հաւատարիմ յաճախողներէն ու սորվողներէն մէկը եղած էր ան:

Իր կեանքի կարեւոր յատկանիշն էր նաեւ լաւատեսութիւնն ու հարցերը դրական ակնոցով դիտելը, որուն ջատագովը մնաց եւ միշտ կ՛արտայայտուէր Լիբանան հայրենիքի բարօր օրեր հասնելու մասին:

Աղօթքը իր կեանքի առանցքը կազմած է, եւ ան չէ դադրած աղօթելէ, նոյնիսկ անպատասխան մնացած աղօթքներուն համար անդադրում աղօթած է` ապահով ըլլալով, որ Աստուած անպայման պիտի պատասխանէ:

Օրինակելի քրիստոնեայ եւ նահապետական ընտանիքի մը հայր ըլլալով` սէր, աղօթք, գորով, զոհողութիւն, խոնարհութիւն ցուցաբերեց իր կեանքի առաքինի կնոջ` Հալային, իր սիրասուն հինգ զաւակներուն` Ազատին, Սեդային, Արային, Ժանին եւ Սիլվային, ինը հոգեհատոր թոռներուն եւ մէկ ծոռան, ինչպէս նաեւ` հարազատներուն եւ շրջապատին:

Իր կեանքի նշանաբանն էր` «Ես սորվեցայ գոհ ըլլալ իմ գտնուած վիճակիս մէջ» (Փիլիպպեցիս 4:11):

Յարութ եղբ. Գարատաղլեանի շիջումով իր քրիստոսաբոյր ընտանիքը կորսնցուց տիպար ամուսին, հոգատար հայր ու մեծ հայրը, իսկ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցասիրաց եղբայրակցութիւնը (կեդրոն) կորսնցուց իր սիւներէն մէկը, տիպար ատենապետն ու աղօթող հայրը:

Յարութիւն Գարատաղլեանի կեանքն ու գործերը մեզի` քրիստոնեաներուս մեծ աւանդ են` շարունակելու մեր կեանքի բարի պատերազմը եւ հասնելու կենաց պսակին:

 

 

Նախորդը

«Հովանոց Ծառեր» Սոքոթրա Կղզիին Վրայ

Յաջորդը

Նազարէթ Սապունճեանի Յիշատակին

RelatedPosts

Յարգանք` Հայրենիքի Ազատութեան Համար Նահատակուած  Քսան  Կախաղաններուն
Անդրադարձ

Յարգանք` Հայրենիքի Ազատութեան Համար Նահատակուած Քսան Կախաղաններուն

Յունիս 14, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. Տրամաբանութիւն Մի՛ Փնտռէք

Յունիս 14, 2025
«Մշակուած Են Ճարտարարուեստի Մարզի Սեփականատէրերուն Նպաստաւոր Պայմաններ Եւ Անոնց Աշխատանքը Դիւրացնող Ու Յաւելեալ Շահեր Ապահովող Նոր Դրութիւններ»   Շեշտեց Նազարէթ Սապունճեան
Անդրադարձ

Նազարէթ Սապունճեանի Դամբանական

Յունիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?