ՀՅԴ «ՀՐԱՅՐ ՄԱՐՈՒԽԵԱՆ» ԿՈՄԻՏԷ
Սրտի խոր կսկիծով վերջին հրաժեշտը տուինք երկար տարիներու վաստակաշատ, պարտաճանաչ եւ բծախնդիր երէց ընկերոջ` Նազարէթ Սապունճեանին:
Ան` իբրեւ տիրական դէմք, մեծ ներդրում ունեցած է բոլոր այն կազմերուն, կոմիտէներուն, ժողովներուն եւ կուսակցական թէ այլ յանձնախումբերուն մէջ, զորս ընդհանրապէս նախագահած է, կամ որոնց անդամակցած է:
Ն. Սապունճեան միշտ եղած է խստապահանջ, կարգ ու կանոն, փրոթոգոլ պարտադրող, գրաւոր թէ անգիր օրէնքները կիրարկող եւ կիրարկել տուող: Ան իր կեցուածքներով եւ գործելաոճով միշտ ալ յարգանք պարտադրած է բոլոր կազմերուն` ի շահ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան:
Անոր աշխատունակ եւ կազմակերպ բնաւորութիւնը ի յայտ եկած է կանուխ տարիքէն: Միութենական եւ կուսակցական կեանքի առաջին օրերէն ան յաջողած է ծրագրել, գլխաւորել եւ իրականացնել շատ մը գործունէութիւններ:
Նազարէթ Սապունճեան, իր կողակիցին հետ միասին, ընտանեկան յարկին տակ ազգային շունչ սփռած է, իսկ ասոր ապացոյցը իրենց որդիներուն գործօն եւ արդիւնաւէտ մասնակցութիւնն է կուսակցական եւ միութենական զանազան աշխատանքներու, պատասխանատուութեան ստանձնումը` տարբեր կազմերու մէջ:
Ն. Սապունճեանի ներդրումը մեծ եղած է Դաշնակցութեան շարքերուն մէջ: Ան եղած է ՀՅԴ «Աղբալեան» կոմիտէութեան հիմնադիր սերունդէն, ապա` կոմիտէի անդամ:
Նախագահած է «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» համալիրի շինարարական յանձնախումբին եւ առանցքական դերակատարութիւն խաղացած է աշխատանքները իրենց բարւոք աւարտին հասցնելու մէջ: Ան նաեւ օգտաշատ դերակատարութիւն ունեցած է ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէութեան մէջ: Եղած է նաեւ կոմիտէի զանազան յանձնախումբերու անդամ, յաճախ` ատենապետի հանգամանքով:
Նազարէթ Սապունճեան եղած է նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի տնտեսական յանձնախումբի անդամ, ինչպէս նաեւ հիմնադրած է Հայաստանի եւ Լիբանանի գործարարներու համախմբումը, եղած է «Հայաստան համահայկական հիմնադրամ»-ի Հոգաբարձութեան խորհուրդին մէջ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչ: Նաեւ եղած է զանազան սենտիքաներու անդամ ու ատենապետ:
Սիրելի՛ ընկեր Նազարէթ,
Քու շատ սիրած ու պաշտած ՀՅԴ-ի եւ ՀՄԸՄ-ի զոյգ դրօշակներով ծածկուած` ֆիզիքապէս բաժնուեցար մեզմէ, սակայն քու գծած խստապահանջ ու պարտաճանաչ ուղիդ մեզի համար մնայուն կերպով կողմնացոյց պիտի ըլլայ:
Դուն ամբողջ կեանք մը ապրեցար դաշնակցական բեղուն գործունէութեամբ, իւրացուցիր անոր կազմակերպական կարգն ու աւանդութիւնները, սակայն լաւ գիտես, որ Դաշնակցութեան մէջ չկան անհատական վարկ ու շքանշաններ, կայ միայն յետմահու` վարձքդ կատար:
Յանուն Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան մեծ ընտանիքին` վարձքդ կատա՛ր, անմոռաց ընկեր:
Հողը թեթեւ գայ վրադ: