ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
Յանձնառու պիտի դառնա՞նք վաղուան ամբողջական եւ անկախ Հայաստանին…
Ժողովուրդներու հիմնական մտահոգութիւնը իրենց գոյութեան պահպանումն է: Քաղաքակիրթ եւ կազմակերպուած ժողովուրդներ իրենց գոյութիւնը եւ բարգաւաճումը կը կազմակերպեն համապատասխան ռազմավարութեամբ եւ ղեկավարութեամբ: Ժողովուրդի մը գոյապահպանումը կախեալ է տուեալ պետականութեան կենսունակութեան մակարդակէն:
Նախ` ի՞նչ կը հասկնանք «ժողովուրդի մը գոյութիւն» հասկացողութեամբ. անոր ֆիզիքական անվտանգութիւնը, ազգային, կենսական շահերու պաշտպանութիւնը, երկրին տարածքային ամբողջականութիւնը, գերիշխանութիւնը, անկախութիւնը, իրաւական եւ ընկերային արդարութեան վրայ յենած համակարգի ամրապնդումը, կենսունակ տնտեսութեան բարգաւաճումը, մարդկային ազատութիւններու պահպանումը, ժողովուրդի համար գոհացուցիչ կենսամակարդակի ստեղծումը:
Վերոյիշեալ նախապայմանները կախեալ են տուեալ ժողովուրդին հոգեբարոյական, կրթական եւ մշակութային մակարդակէն: Ազգային քաղաքական առումով` տուեալ ժողովուրդին քաղաքական հմտութենէն: Անոնք կը դրսեւորուին` տուեալ ժողովուրդին աշխարհաքաղաքական դիրքէն, անոր ներքին պայմաններէն, կարողականութենէն եւ կարելիութիւններէն, բոլոր բնագաւառները ընդգրկող պետական համապատասխան քաղաքականութեան եւ ծրագրերու առկայութեամբ, զայն առաւելագոյնս կիրարկելու ընդունակ ղեկավարութեամբ:
Մեր ժողովուրդը հազարամեակէ ի վեր չէ ունեցած ազգային պետութիւն եւ պետական քաղաքականութիւն: Այս պատճառով անոր մէջ քաղաքականութիւն հասկացողութիւնը եղած է հատուածական, խաւային, կուսակցական: Հայ ժողովուրդը տարբեր պատճառներով, նոյնիսկ մինչեւ այսօր զուրկ եղած է ազգային, պետական քաղաքականութիւն մշակելու եւ կիրարկելու գոհացուցիչ ընդունակութենէ: Տասնամեակներ շարունակ սերունդներ զրկուած են միջազգային քաղաքականութեան ուսուցումէն եւ փորձառութենէն:
Այս իրողութիւնը դարձաւ գլխաւոր պատճառներէն մէկը, որ վերջին երեսուն եւ երեք տարիներուն ընթացքին ան չկրցաւ մշակել եւ գործադրել հիմնաւորուած քաղաքական ուղեգիծ: Կատարուեցան փնտռտուքներ. օրինակ մը տալու համար` տակաւին առ այսօր անորոշ կը մնան Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան դրոյթները… Մինչդեռ համապատասխան հայեցակարգի մը մշակումը եւ իրագործումը մեզ կրնային փրկել անվերականգնելի թուացող կորուստներէ:
Դժբախտաբար Հայաստանը այսօր եւս չունի պետական չափանիշով եւ գիտական հիմունքներով մշակուած ազգային քաղաքական հայեցակարգ: Հայեցակարգ, որ պիտի դառնար ներքին եւ արտաքին տարբեր բնագաւառներու քաղաքականութեան յենարանը:
Հայաստանը այսօր ինկած է ներկայի եւ ապագայի ազգային, պետական գործուն քաղաքականութեան փնտռտուքին մէջ: Չենք կրնար անտեսել իրականութիւնը` մեր միամտութեա՞ն, տգիտութեա՞ն, թէ՞ այլ պատճառով էր, կամ` ա՞յլ պետութիւններու խարդախութեան:
Այս պատմականօրէն պատասխանատու եւ մանաւանդ ճգնաժամային պայմաններուն մէջ մեր ժողովուրդէն կ՛ակնկալուի ըլլալ շրջահայեաց եւ զգուշ: Ամբոխային զգացումները, անհատական նախասիրութիւնները, հատուածական շահերը եւ մանաւանդ կուսակցական նեղ հաշիւները պէտք չէ ազդեն եւ մա՛նաւանդ չթելադրեն քաղաքական ուղղութիւններ: Մեր կեցուածքները կամ գործունէութիւնը պէտք է բխին զուտ ազգային գերագոյն շահերէն, որպէսզի մեր այսօրն ու վաղը աւելի յուսալի ըլլան մեր երէկէն:
Համոզուած եմ, որ այսօրուան եւ վաղուան համար եւս հայ ժողովուրդին գերագոյն շահը կ՛ենթադրէ` անոր բոլոր հատուածներուն ֆիզիքական անվտանգութիւնը, Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան, գերիշխանութեան եւ տնտեսութեան կենսունակութեան ապահովումը, կենսամակարդակի բարձրացումը, հոգեւոր կեանքի, կրթութեան, գիտութեան ու մշակոյթի ծաղկումը եւ անոնց հիման վրայ ազգային իրաւականօրէն անկախ պետականութեան ամրապնդումը, սփիւռք-հայրենիք փոխյարաբերութիւններու յստակացումը, դերերու բաշխում մը եւ համադրումը:
Ու մանաւանդ` հայրենադարձութեան անյետաձգելի կազմակերպումը:
Ա՛յս ըմբռնումով հայ ժողովուրդի ազգային գերագոյն շահերուն պաշտպանութիւնը պէտք է դառնայ ելակէտը ազգային պետական քաղաքական վարդապետութեան: Հայաստանի ազգային պետական արտաքին քաղաքական վարդապետութեան կիրարկումը պէտք է ամրագրէ` Հայաստանի Հանրապետութեան եւ անոր բոլոր դրացիներուն միջեւ երաշխաւորուած կայուն խաղաղութիւնը, Հայաստանի Հանրապետութեան բազմակողմանի գործուն, փոխադարձ շահաւէտութեամբ յարաբերութիւններու եւ գործակցութեան ստեղծումը եւ զարգացումը` առաւելագոյն թիւով պետութիւններու ու դաշնակիցներու հետ:
Սակայն ինչպէ՞ս յարաբերիլ մեր դրացի պետութիւններուն հետ, երբ դարաւոր հարցեր գոյութիւն ունին անոնց եւ մեր միջեւ: Ինչպէ՞ս կարելի է իրագործել ազգային պետական վարդապետութեան արտաքին քաղաքական վերոյիշեալ նպատակը, երբ դրացի պետութիւններ պայմաններ կը դնեն մեր պետութեան առջեւ: Հայ ժողովուրդը ի վիճակի՞ է, կամ պիտի ուզէ՞ բաւարարել անոնց պայմանները: Չբաւարարելու պարագային, ի՞նչ դրութիւն կրնայ ստեղծուիլ Հայաստանի համար: Եթէ Հայաստանի դրացի պետութիւնները ռազմական քայլերու դիմեն Հայաստանի դէմ, որոշ քաղաքական եւ տարածքային զիջումներ պահանջեն, ցամաքային, օդային շրջափակում հաստատեն Հայաստանի դէմ, կամ պատերազմական վիճակ ստեղծեն (ինչպէս այսօր), Հայաստան ունի՞ կարողութիւն կամ հակազդելու միջոցներ, որպէսզի համոզէ ճնշող պետութիւնները` հրաժարելու իրենց նպատակէն, այլապէս իրենց քայլերէն տուժելու ի գին…
Բացայայտ ճշմարտութիւն է, որ արդի Հայաստանը, հակառակ իր աննախընթաց ճիգերուն եւ ներդրումներուն, բոլորովին պատրաստ չէ ակնկալուած պատասխանը տալու այս հարցերուն: Ցաւալի իրողութիւն, իբրեւ նորանկախ պետութիւն` արտաքին յարաբերութիւններու մէջ Հայաստանի թուլութիւնը, ազգային գերագոյն շահերու պաշտպանութեան խոցելիութիւնը:
Կիկոսի մահը չեմ երգեր, յարգելի՛ ընթերցող:
Իշխանութիւնները յարափոփոխ են:
Անոնք կու գան ու կ՛երթան: Պետական մտածողութիւնը մեզի կը հրամայէ ուժ դառնալ, զարգացնել մեր կարողականութիւնները: Ան ներկայիս զուրկ է այս յենարաններէն: Ուժը եւ հզօրութիւնը ծրագրաւորուած օգտագործելով` կրնանք «նոր» խաղաղութիւն ակնկալել մեր դրացիներէն, մասնաւորաբար` Ազրպէյճանէն: Բա՛ւ է փնտռէք արդարութիւն… Կարեւոր չէ խաղաղութեան ձգտիլը, նոյնիսկ` արդար իրաւունքներու գնով: Դիւանագիտութեան սեղանին վրայ ոչ մէկ արժէք կը ներկայացնէ արդարութիւնը: Պետութիւններու յարաբերութիւններուն մէջ ուժի քաղաքականութիւնն է խաղաղութիւն պարտադրողն ու խաղաղութեան երաշխաւորը: Հետեւաբար մենք պիտի ունենանք մարզուած, կազմակերպուած եւ ժամանակակից ամենաբարձր արհեստագիտութեամբ օժտուած, սպառազինուած բանակ, անոր կողքին եւ զուգահեռ` քաղաքացիական բարձրագոյն յատկանիշերով օժտուած պարտաճանաչ, կազմակերպուած ղեկավարութիւն, եւ մանաւանդ` իր պետականութեան հաւատարիմ ու նուիրուած ժողովուրդ:
Հզօր բանակի եւ պետականութեան զուգահեռ` իշխանութիւնը պարտի հզօրացնել, աւելցնել երկրին կարողականութիւնները, հմտանալով պետութիւն վարելու ասպարէզին մէջ: Ընդունինք, որ ուշացանք: Գինովցանք… Ոգեւորութիւնը հիասթափութեան վերածուեցաւ…
Աւանդութիւն դարձած է օտարներուն վերագրել մեր ձախողութիւնները:
Աւելի ճիշդ կ՛ընենք, եթէ անդրադառնանք մեր անթոյլատրելի սխալներուն եւ սրբագրենք զանոնք: Պիտի հաւատանք կամքի եւ յաղթանակի բարերար տարբերակին: Թերահաւատներ պիտի ըլլա՞ն, անշո՛ւշտ: Վհատելու փոխարէն` աւելի զգօն եւ պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ մօտենանք:
Յանձնառու պիտի դառնա՞նք վաղուան ամբողջական եւ անկախ Հայաստանին… Եթէ` այո՛, ապա հաւաքական անկեղծ, անմնացորդ ու պարկեշտ աշխատանքը կը սպասէ մեզ: