ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց
«Եկէ՛ք, Հօրս կողմէ օրհնեալներ, եւ ժառանգեցէ՛ք այն արքայութիւնը, որ ձեզի համար աշխարհի սկիզբէն պատրաստուած է»:
Մտթ. 25:34
Եւ երբ Մարդու Որդին իր փառքով գայ` բոլոր հրեշտակներուն հետ, պիտի նստի իր թագաւորական գահին վրայ: Բոլոր ազգերը պիտի հաւաքուին իր դիմաց, եւ ինչպէս որ հովիւը ոչխարները այծերէն կը զատէ, մարդիկը իրարմէ պիտի զատէ: Ոչխարները պիտի կանգնեցնէ իր աջ կողմը, իսկ այծերը` ձախ կողմը: Յետոյ իր աջ կողմը կեցողներուն պիտի ըսէ. «Եկէ՛ք, Հօրս կողմէ օրհնեալներ, եւ ժառանգեցէ՛ք այն արքայութիւնը, որ ձեզի համար աշխարհի սկիզբէն պատրաստուած է: Որովհետեւ անօթի էի, եւ զիս կերակրեցիք, ծարաւ էի, եւ ջուր տուիք, օտարական էի, եւ ընդունեցիք զիս, մերկ էի, եւ հագցուցիք, հիւանդ էի, եւ հոգ տարիք ինծի, բանտի մէջ էի, եւ այցելեցիք ինծի»:
Այն ատեն արդարները պիտի հարցնեն. «Տէ՛ր, Քեզ ե՞րբ անօթի տեսանք եւ կերակրեցինք, կամ ծարաւ տեսանք եւ ջուր տուինք: Քեզ ե՞րբ օտարական տեսանք եւ ընդունեցինք կամ` մերկ, եւ հագցուցինք: Քեզ ե՞րբ հիւանդ կամ` բանտի մէջ տեսանք եւ այցի եկանք քեզի»: Թագաւորը պիտի պատասխանէ անոնց. «Կ՛ըսեմ ձեզի, որովհետեւ այն, ինչ որ իմ այս փոքր եղբայրներէս մէկուն ըրիք, ինծի ըրած եղաք»:
Այս առակը կը փառաբանէ պատկերը այն կերպարներուն, որոնք կեանքի ասպարէզին մէջ Աստուծոյ կողմէ իրենց տրուած կարելիութիւններով, հաւատարմութեամբ կը տանին այն բոլոր պարտականութիւնները, զորս ընկերութիւնն ու կեանքը կը դնեն իրենց ուսերուն: Արդարեւ, այս առակով մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս մեզի կը յիշեցնէ, որ մարդ իր ունեցածով միայն ինքզինք պիտի չբաւարարէ, այլ մասնակից դառնայ կեանքը պահպանող ու անոր վերելքին ու յառաջդիմութեան նպաստող աշխատանքներուն:
Անկասկած, թաղմանական այս պահը մեզի կը յիշեցնէ, որ եթէ մէկը կեանքէն ներս արժէքներ պահպանելու նպատակով իր նմանին համար զոհելու կամեցողութիւն չունի, ապա կը մեռնի ու կ՛ոչնչանայ: Արդարեւ, մարդկային մեր կեանքին ողբերգութիւնը կը սկսի այն ատեն, երբ մենք, մեր շրջապատը մոռնալով, այնտեղ կը նշմարենք միայն ինքզինքնիս: Այդպիսիները չեն կրնար Աստուծոյ ողորմածութեան արժանանալ, կ՛ըսէ առակը, որովհետեւ Աստուած մեզ ստեղծած է թէ՛ իրարու հետ ապրելու նպատակով եւ թէ՛ Աստուծոյ համար գործելու սրբազան ծրագիրով:
Սիրելիներ,
Այսօր հաւաքուած ենք, որպէսզի այս եկեղեցւոյ կամարներուն տակ այդ ճշմարտութիւնը ողջունենք մեր հանգուցեալ հարազատի կերպարին մէջ, որ իր անձին ճամբով այդ ճշմարտութիւնը ցոլացուց ամէն տեղ:
Ողբացեալ Նազարէթ Սապունճեանը ծնած էր Հալէպ, 1943 թուականին: Նախնական ուսումը ստացած էր Հալէպի Հայկազեան վարժարանէն ներս ու ապա միջնակարգ ուսման ընթացքը անցուցած` Քարէն Եփփէ Ճեմարանին մէջ եւ Հալէպի Ամերիկեան քոլեճին մէջ` ամբողջացնելով երկրորդականի ուսումը, համալսարանական կրթութիւնը շարունակած` Հալէպի իրաւաբանական կաճառէն ներս: Պայմաններու բերումով ան ընդհատած էր իր ուսումը եւ 1964-1969 թուականներուն, նշանակուած էր Հալէպի Սահակեան վարժարանի տնօրէն:
Փոքր տարիքէն անդամակցած էր ՀՄԸՄ-ին եւ սկաուտական բոլոր աստիճաններէն անցնելով` հասած էր խմբապետի կարգին:
Ողբացեալը ունէր նաեւ կազմակերպչական զօրեղ նկարագիր: Արդարեւ, 1960-62 թուականներուն, երբ քաղաքական խառնակ պայմաններու պատճառով միութենական գործունէութիւնը կասեցուած էր Սուրիոյ մէջ, ան խումբ մը համախոհ ընկերներու հետ միասին կը կազմակերպէ ՀՄԸՄ-ի «Վիշապ» սկաուտական խումբը` այդպիսով սուրիահայութեան մօտ կրկին թափ տալու համար ՀՄԸՄ-ի աշխատանքներուն:
Տակաւին ուսանողական տարիներուն, հասակակից կարգ մը ծանօթ մտաւորական հետաքրքրութիւն ունեցող ընկերներով, Հալէպէն ներս ան կը կազմակերպէ գրական խմբակ: Սահակեան վարժարանէն ներս իր պաշտօնավարութեան շրջանին ՀՅԴ-ի կողմէ կը լիազօրուի կապ հանդիսանալու Սուրիոյ Պաաս կուսակցութեան հետ, որպէսզի չէզոքացուին հայութեան դէմ նիւթուած դաւերը:
1969-ին ողբացեալը կը տեղափոխուի Լիբանան եւ իր հօր ու եղբօր հետ միասին կը հիմնէ գոհարեղէնի տուփերու արտադրութեան գործատեղի եւ տքնաջան աշխատանքով զայն կը դարձնէ միջազգային համբաւ վայելող կառոյցի:
Լիբանանի մէջ ողբացեալը կ՛անդամակցի ՀՅ Դաշնակցութեան եւ շրջան մը մաս կը կազմէ «Աղբալեան» կոմիտէին, նուիրումով կը գործէ կոմիտէին եւ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին յառաջացուցած զանազան յանձնախումբերէն ներս:
Լիբանանի մէջ կը շարունակէ լայնօրէն մասնակցիլ ՀՄԸՄ-ի աշխատանքներուն: Արդարեւ, ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի հիմնադրութեան տարիներուն, կը ստանձնէ Սկաուտական խորհուրդի ատենապետութիւնը եւ կարճ ժամանակի մէջ սկաուտներուն թիւը կը հասցնէ 300-ի:
Իր կարեւոր ներդրումը կ՛ունենայ Անթիլիասի ՀՄԸՄ-ի մարզամշակութային համալիրի շինութեան գործին` վարելով շինարարական յանձնախումբի ատենապետութիւնը եւ տասնեակ տարիներ կը գործէ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի շրջանին ու Շրջանային վարչութեան յանձնախումբերուն մէջ:
Տարիներով իր մասնակցութիւնը կը բերէ ՀՅԴ Բիւրոյի տնտեսական յանձնախումբին ու Բիւրոյի կողմէ նաեւ կը նշանակուի «Հայաստան համահայկական հիմնադրամ»-ի հոգաբարձութեան անդամ:
Ազատ ասպարէզի մէջ հիմնադիր անդամը կը հանդիսանայ Armenian Jewelry Association-ին ու Լիբանանի Ճարտարարուեստի միութեան հիմնադիրներէն մին: Կ՛անդամակցի Լիբանանի Գործարարներու միութեան եւ 30 տարի կը վարէ գանձապահութեան պաշտօնը: Կը հիմնէ Լիբանան-Հայաստան գործարարներու համախմբումը ու կը դառնայ Lebanese German Business Council-ի անդամ եւ զանազան առիթներով Լիբանանի գործարարներու միութիւնը կը ներկայացնէ համաշխարհային տարբեր հարթակներու վրայ:
Իր կենսագրական մանրամասնութիւններէն աւելի` ողբացեալին ամէնէն ցայտուն արժանիքը իր նահապետական տան ու ընտանիքին նուիրականութիւնն էր, զոր ան փորձեց վեր պահել ժամանակի ու միջավայրի ազդեցութիւններէն:
Ան կը հաւատար, որ իբրեւ նուիրական ժառանգութիւն` անցեալի աւանդն ու հոգեկան արժէքները պէտք է սերունդէ սերունդ պահուին ու փոխանցուին, որպէսզի անոնցմով մեր կեանքը պաշտպանուի ու բարգաւաճի: Հետեւաբար եկեղեցի, միութենական-կուսակցական ու հանրային կեանքի մասնակցութիւնը իր հաւատքին ու սկզբունքներուն համապատասխանող բնական վիճակ էր:
Անհատական թէ հաւաքական կեանքի պայմաններուն մէջ ողբացեալը պարզ էր, ընկերային ու հիւրասէր` տոգորուած նուիրումի ու ծառայութեան խորունկ գիտակցութեամբ:
Մասնաւորապէս մեր եկեղեցւոյ հանդէպ պարտք մը կատարած ըլլալու օրինակելի գիտակցութեամբ, ան սատար հանդիսացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան եւ առ ի գնահատութիւն իր օրինակելի ընթացքին` 17 դեկտեմբեր 2017-ին, իր եղբօր` Պետիկին հետ միասին, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսի ձեռամբ արժանացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ասպետի կարգ»-ի շքանշանին:
Իր թաղմանական առիթով, Ս. Աթոռոյս գահակալ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետ` իբրեւ անձնական վկայութիւն, կ՛ըսէ.
– Նազարէթը ճանչցած ենք երկար տարիներէ ի վեր եւ մօտէն գործակցած` իրեն հետ: Յաճախակի առիթներով ան այցելած է մեզի, մասնակից դարձած` կաթողիկոսարանի ձեռնարկներուն, ինչպէս նաեւ ծրագիրներու իրագործման: Հետեւաբար այս տխուր առիթով կ՛ուզենք հետեւեալ հաստատումները կատարել հանգուցեալին մասին.
Ա.- Ազգային ու կրօնական ապրումներով, աւանդութիւններով ու արժէքներով լեցուն գերդաստանի զաւակ եղած է ան եւ ապա հանդիսացած` Սապունճեան գերդաստանի օրինակելի առաջնորդը: Հաւատացած է հայութեան ու անոր արժէքներուն եւ ձգտումներուն ու մեր եկեղեցւոյ հաւատքին ամուր կապուածութեան օրինակը փոխանցած` նաեւ իր ընտանիքի բոլոր անդամներուն:
Բ.- Նազարէթը, իր եղբօր` Պետիկին հետ միասին ու շրջապատուած` իր զաւակներով ու անոնց ընտանիքներով, մեծապէս օգտակար հանդիսացած է կաթողիկոսարանի նախաձեռնութիւններուն ու Լիբանանի հայութեան ծրագիրներուն եւ միշտ արժանացած է մեր բարձր գնահատանքին:
Գ.- Նազարէթը եւ իր տիկինը, եղբայրն ու նաեւ իր զաւակներէն ոմանք ծառայած են յատկապէս Լիբանանի հայութեան զանազան կառոյցներէն ներս` պատասխանատու դեր ստանձնելով:
Դ.- Նազարէթը մօտէն հետեւած է թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի ու մանաւանդ Լիբանանի հայութեան կեանքին եւ այդ ուղղութեամբ իր ուրախութիւնն ու մտահոգութիւնը` յաճախ յստակօրէն արտայայտած:
Արդարեւ, Նազարէթ Սապունճեանի մահով մեր ժողովուրդը, յատկապէս` Լիբանանի հայութիւնը, կը կորսնցնէ հայկական արժէքներով, աւանդութիւններով ու իտէալներով ապրող եւ մեր հաւաքական կեանքին իր ծառայական մասնակցութիւնը բերող նուիրեալ, համեստ, եկեղեցասէր ու ազգասէր հայորդի մը:
Տխուր այս առիթով բոլորիդ կը փոխանցենք Ս. Աթոռոյս գահակալ` ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, մեր միաբանութեան, կաթողիկոսարանիս Ազգ. կեդրոնական վարչութեան, այլեւ Լիբանանի հայոց թեմի հոգեւորականաց դասուն, Ազգային իշխանութիւններուն ու հաւատացեալ ժողովուրդի խորազգած վշտակցութիւնները` մաղթելով, որ մեր սուգին մէջ Աւետարանի ճշմարտութիւններով մխիթարուինք, օրհնենք մեր հանգուցեալ հարազատին յիշատակը եւ անոր մահուան պատճառած կսկիծը վերածենք մխիթարութեան` հաւատալով, որ երախտաշատ կեանքի մը աւարտին մեր հանգուցեալ հարազատը Աստուծոյ կողմէ կանչուեցաւ ժառանգելու այն արքայութիւնը, որ աշխարհի սկիզբէն պատրաստուած էր իրեն համար:
Շնորհք, սէր եւ խաղաղութիւն ի Տեառնէ եղիցին ընդ ձեզ, ընդ ամենեսեանսդ, Ամէն: