Յօդուածներ

Արդեօք Երբեւէ Պէ՞տք Է Խզել Կապերը Ծնողներու Հետ

Արդեօք Երբեւէ Պէ՞տք Է Խզել Կապերը Ծնողներու Հետ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Մանաւանդ արեւմտեան աշխարհին մէջ շատ տարածուած երեւոյթ դարձած է ծնողք-զաւակ յարաբերութիւններու խզումը, որ անշուշտ ի վերջոյ կը տանջէ երկու կողմերն ալ: «Պի.Պի.Սի.» հրապարակած է այս բնաբանով Միրիամ Ֆրանքելի յօդուածը: Ն. Ծնողներու եւ անոնց երեխաներու միջեւ օտարացումը զարմանալիօրէն տարածուած է: Այս կ՛ըսէ հետազօտութիւնը` նման դժուար որոշում կայացնելու վերաբերեալ: Սառան առաջին անգամ կապը խզեց մօր հետ իր 21-ամեակէն միայն քանի...

«Պուրճ Համուտի Մէջ Սորվեցայ Մարդասիրութիւնն Ու Ազգասիրութիւնը, Իսկ Մեր Առաքելութեան Նպատակը Բոլորին Ծառայելն Է»  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Տոքթոր Վաչէ Վասիլեան

«Պուրճ Համուտի Մէջ Սորվեցայ Մարդասիրութիւնն Ու Ազգասիրութիւնը, Իսկ Մեր Առաքելութեան Նպատակը Բոլորին Ծառայելն Է» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Տոքթոր Վաչէ Վասիլեան

Հարցազրոյցը վարեց` ՍԷՐԼԻ ՆԵՄՇԷՀԻՐԼԵԱՆ Այս տարի եւս Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութիւնը` նախագահութեամբ Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս  Պերճ Աբգարեանին, մայիսին իր ծառայութիւնները մատուցեց Լիբանանի մէջ: 4-րդ անգամ ըլլալով Լիբանանի մէջ տարուած աշխատանքներուն, ընդհանրապէս առաքելութեան կատարած օժանդակութիւններուն, Հայաստանի ու Արցախի մէջ անոր նախաձեռնութիւններուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ունենալու նպատակով «Ազդակ» հետեւեալ հարցազրոյցը կատարեց առաքելութեան մաս կազմող բժիշկ Վաչէ Վասիլեանին հետ: «Ա.».-  Ձեր...

Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ

Մեր Արժանաւոր Արուեստագէտներէն. Ազգագրական-Աշուղական-Հայրենական-Ժողովրդական Երգերու Փայլուն Մեկնաբան՝ Ճոնի Կէօքճեան

ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆ Լիբանանահայ արուեստագէտներն ու արուեստասէրները, միշտ ալ հարստութիւն ու հպարտութիւն առթող իրականութիւններ եղած են, որոնք պատիւ բերած են թէ՛ անհատական-հաւաքական կատարողներու վաստակին, թէ՛ ալ գաղութի արուեստի մակարդակներու բարձրացման ու վարկանշային պահպանման: Նոյնիսկ երկարամեայ աղիտաբեր ժամանակներուն (քաղաքացիական կռիւներ, անապահովութիւններ, խլրտումներ, եւայլն), նաեւ արտաքին ճնշումներու, բռնութիւններու թէ սպառնալիքներու օրերուն, լիբանանահայ արուեստագէտն ու արուեստասէրը, արուեստի կեդրոններն ու շարժումները, արուեստի հեղինակներն ու պատասխանատուները,...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Հալէպահայութիւնը Տօնախմբեց Հայաստանի Հանրապետութեան Կերտման 107-Ամեակը Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ Սուրիոյ Երիտասարդական միութեան, 1 յունիսին Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման 107-ամեակի տօնախմբութիւնը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Լիլիթ Ժամկոչեան, որ յայտնեց, թէ 107 տարի առաջ հայ ժողովուրդը համախմբուեցաւ Արամ Մանուկեանի շուրջ, հայ ժողովուրդի պայքարը պսակուեցաւ Հայոց ազգային...

Ժամանակակից Հեքիաթ` Մեծերու Համար

Ի՛մս Է Ճեմարանը

ԱՆԻ ԱՍՏՈՒՐԵԱՆ Չորս կիներ էինք՝ նստած երեւանեան բնակարանի մը մէջ: Դուրսը՝ պայծառ երկինքը կատուի մը պէս թաթերը լա՜յն երկարած, կը տաքնար արեւուն տակ: Ներսը՝ մենք կը տաքնայինք հին յուշերու ջերմութեամբ: -- Այն ատեն դրամատուն կ՛աշխատէի,-- սկսաւ պատմել տիկին Շահինեանը: «Շաբաթ օրերը պզտիկներ կ՛այցելէին իրենց ծնողներուն հետ, իսկ մենք շաքար-շոքոլա կը հրամցնէինք իրենց. իւրաքանչիւր պզտիկ իր խօսելու ձեւը ունէր ու ես...

Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Նուիրուած «Ռազմիկ» Բացառիկի Հրատարակութիւն

Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Նուիրուած «Ռազմիկ» Բացառիկի Հրատարակութիւն

Ահաւասիկ քանի մը տարիներու տպագիր ձեւաչափով բացակայութենէն ետք, այս տարի տպագիր «Ռազմիկ» պարբերաթերթը լոյս տեսաւ նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին: Բոլորս ալ գիտենք Հայոց ցեղասպանութիւնը յիշելու եւ մեր արդար իրաւունքները պահանջելու կարեւորութիւնը: Այսպիսի աշխատանքներ կը հանդիսանան լաւագոյն միջոցներէն մէկը` Հայ դատը ողջ պահելու, առիթ տալով հայ երիտասարդին` քննական միտքով եւ օրինաւոր կերպով մտածելու եւ շարադրելու իր գաղափարները թուղթի վրայ: Մեզի համար...

Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Նուիրուած «Ռազմիկ» Բացառիկի Շնորհահանդէս

«Ռազմիկ» Կը Շարունակէ Մնալ Երիտասարդութեան Համար Գաղափարական Ու Քաղաքական Մտածողութեան Լիցքաւորման Հնոց

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Այսօր մեզի համախմբողը «Ռազմիկ» պաշտօնաթերթն է: Հաւաքուած ենք այսօր հաղորդակից դառնալու մեր աշակերտութեան եւ երիտասարդութեան մտածումներուն եւ պատգամին: Այո՛, այսօրուան պատգամախօսը իրենք են, եւ այս պահուն վստահաբար իրենց հոգիները լեցուած են գոհունակութեամբ եւ ներքին հպարտութեամբ, որովհետեւ իրենց աշխատանքին արգասիքն է, որ կը ճառագայթէ այսօր մեր բոլորին մօտ: Հետեւաբար ես պատգամ տալու յաւակնութիւնը չունիմ այսօր, որովհետեւ, ինչպէս ըսի, իրենց...

Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Նուիրուած «Ռազմիկ» Բացառիկի Շնորհահանդէս

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Այս Հրատարակութեան Նպատակն Է Առիթ Տալ Լիբանանահայ Երիտասարդութեան Ու Աշակերտութեան` Ցեղասպանութեան Եւ Հայ Դատի Մասին Իրենց Մտքերը Արտայայտելու*

ՍԷՐՈՒԺ ԽԱՆՃԻՀԱՆԵԱՆ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութիւնը իր հիմնադրութենէն մինչեւ օրս իր իրագործած տարբեր տեսակի գործունէութիւններով իր դրոշմը դրած է լիբանանահայ գաղութին մէջ, մասնաւորաբար` լիբանանահայ երիտասարդութեան ու աշակերտութեան վրայ: 1973-ին ՀՅԴ ԼԵՄ-ը հիմնուած է ու կը գործէ Լիբանանի ամբողջ տարածքին, սակայն անհրաժեշտ էր անոր խօսքը տարածել հանրութեան մէջ` բացատրելու համար անոր նպատակը, կատարելու համար անոր գործունէութեան քարոզչութիւնը եւ պարզաբանելու համար միութեան...

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը

Ինչպէ՞ս Կը Տնտեսենք Մեր Ժամանակը

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ Հովուական պաշտօնավարութեանս շրջանին ունեցած եմ ծխականներ, որոնք ենթակայ եղած են բժշկական սխալ ախտաճանաչումներու: Մասնագէտ բժիշկներ առաւելագոյնը վեց ամսուան կեանք տուած են անոնց: Այդ մարդոցմէ ոմանք ապրեցան երկար տարիներ եւ իրենց աչքերը փակեցին խոր ծերութեան մէջ: Բժշկական սխալ ախտաճանաչումներ իրենց թէ՛ վնասակար եւ թէ՛ օգտակար ազդեցութիւնները ունեցած են, այսպէս կարծուած, մահամերձ հիւանդներու կեանքին վրայ: Վնասակար ազդեցութիւնը...

Մայիսեան Յաղթանակի Հպարտութեամբ, ՀՄԸՄ-ականի Խրոխտ Կեցուածքով ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ընտանիքը Նշեց Հայաստանի Անկախութիւնը

ՀՄԸՄ-ը` Վստահելի, Հարազատ Ու Ապահով Բոյն, Հայեցի Դաստիարակութեան Դարբնոց Եւ Հայապահպանման Ամրոց*

 ԹԱԼԻՆ ՕՐՏՈՂԼԵԱՆ Մայիսեան յաղթանակներու ամիսն է դարձեալ: Մայիսը, որ կերտեց Հայաստանի առաջին անկախութիւնը, մայիսը, որ ականատեսը եղաւ հերոսական Շուշիի ազատագրման: Դարձեալ` այն մայիսը, որ լիբանանահայութեան եւ ՀՄԸՄ-ականներուն տարեկան ժամադրավայրը կը դարձնէ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի այս դաշտը, ուր քիչ ետք մեր բոլորին սրտերը պիտի խայտան տեսնելով` ՀՄԸՄ Լիբանանի սկաուտական կարգապահ շարքերուն եւ մարզիկներուն տողանցքը` նուիրուած 1918-ի փառահեղ յաղթանակին: Այս առիթով, ՀՄԸՄ-ի...

Մայիսեան Յաղթանակի Հպարտութեամբ, ՀՄԸՄ-ականի Խրոխտ Կեցուածքով ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ընտանիքը Նշեց Հայաստանի Անկախութիւնը

Կ՛երդնունք Շարունակել Ծառայել Ազգին Ու Հայրենիքին, Շարունակել Մեր Սրբազան Պայքարը*

ՎԱՀԱՆ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ 1918 թուականին հայրենիքէն հեռու, Պոլսոյ մէջ ծնունդ առած ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին մէկ անդամը` ՀՄԸՄ Լիբանանը, նախորդ տարի նշեց իր հիմնադրութեան 100-ամեակը միեւնոյն նշանաբանով, սկզբունքներով ու առաքելութեամբ, սակայն` վերանորոգ յանձնառութեամբ, վճռակամութեամբ եւ հաստատ քայլերով թեւակոխելով նոր դարաշրջան մը: Նորանկախ Հայաստանի հետ ծնունդ առած Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւնը` ՀՄԸՄ-ը, իր ստեղծման առաջին օրէն իսկ ինքզինք գտաւ բազում մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման,...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  Հայաստանի Անկախութեան 107-Ամեակի Ոգեկոչում  Հայաստանի Ա. Անկախութեան 100-Ամեակին  Նուիրուած Յուշակոթողին Առջեւ

Հետեւողական Եւ Կազմակերպուած Պայքարի Դաշտ*

ՀՐԱՅՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆ Ազգը այն հաւաքականութիւնն է, որ կը բնորոշուի` իր պատմական միասնական զարգացումով, հաւաքական պատկանելիութեան զգացումով, մշակոյթով, լեզուով եւ կենցաղով` նպատակ ունենալով յառաջդիմել այդ բնական ինքնութեան ներկայացուցած ժառանգութեան հովանիին տակ: Իսկ ազգային պետականութիւնը ա՛յն հողատարածքն է, ուր ազգային հաւաքականութիւնը կերտած է վերոյիշեալ իր պատմական ժառանգային ինքնութիւնը, ուր հիմնած է աշխարհաքաղաքական եւ տնտեսական միաւորում` յառաջ մղելու համար այդ հաւաքական զարգացումը եւ...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Նշմար. Երկու Խեղկատակ Պատկեր Աշխարհէն

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Միջազգային լրատու աղբիւրները ամէն օր եւ օրը քանի մը անգամ հանրութիւնը կը զբաղեցնեն խեղկատակ դրուագներով, որոնք խորքին մէջ ցուցանիշ են երկիրներու եւ ժողովուրդներու ապրած ահաւոր ողբերգութիւններուն: Նախընթաց օրերուն Թրամփի Ծոցի երկիրներ այցելութիւնները եւ պայթած գայթակղութիւնները առատ նիւթ կուտակեցին «ներքին» խեղկատակութիւններով ծանրաբեռնուած մթերանոցին մէջ: Միակը չէին: Չորեքշաբթի, 21 մայիսի դրուագներէն ընտրեցինք հետեւեալ երկուքը. Դիւանագէտները կը սպասեն... կրակոցին Ա.- Շուրջ...

Հայկազեան Համալսարանի 70-Ամեակ.  Հայկազեան Համալսարան, Ուր Հոգիները Կը Ձեւաւորուին, Եւ Երազները Թռիչք Կ՛առնեն

Հայկազեան Համալսարանի 70-Ամեակ. Հայկազեան Համալսարան, Ուր Հոգիները Կը Ձեւաւորուին, Եւ Երազները Թռիչք Կ՛առնեն

ՎԱՀԱՆ ՍԱՂՏՃԵԱՆ Այս աշխարհին մէջ կան վայրեր, որոնք պարզապէս կ՛ուսուցանեն, ու կան նաեւ սրբավայրեր, որոնք կը փոխակերպեն մեր էութեան հիմքը: Հայկազեան համալսարանը պարզապէս բարձրագոյն ուսման հաստատութիւն մը չէ, այլ նաեւ` մարդակերտման հնոց մը, ուր երիտասարդ միտքեր կը մտնեն` իբրեւ ուսման ծարաւ ունեցողներ եւ դուրս կու գան` իբրեւ վաղուան ճարտարապետներ: Այս փոխակերպիչ տարիներու ընթացքին ես քալեցի այս միջանցքներով եւ ամէն անցնող...

Հանդիպում Գրագէտ Գրիգոր Պըլըտեանին Հետ` Ժընեւի Համալսարանէն Ներս

Հանդիպում Գրագէտ Գրիգոր Պըլըտեանին Հետ` Ժընեւի Համալսարանէն Ներս

ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ Զուիցերիոյ Ժընեւ քաղաքի համալսարանի հայագիտական ամպիոնը հիմնուած  է 2007 թուականին, ան առաջինն է երկրին մէջ, ուր 1974-ին սկսած է գործել Հայագիտական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնը, որուն նիւթական մատակարարութիւնը կ՛ապահովուի Ղուկասեան եղբայրներու հաստատած «Ղուկասեան» հիմնադրամին կողմէ: Ամպիոնի վարիչն է փրոֆ. Վալենթինա Քալզոլարի Պուվիէ: Համալսարանական ուսանողներուն կողքին, ազատ ունկնդիրներու ներկայութիւնը հաճելի առիթ մըն է գրասէր հասարակութեան համար: Այս տարուան 28 փետրուարէն սկսեալ,...

Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը

Մենք Հող Չունինք Տալու, Մենք Հող Ունինք Առնելու

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ «Հայկական գաւառների քաղաքական և վարչական ղեկը վարելու համար»... Հայաստանի անկախութեան յայտարարութեան այս վերջին տողին էութիւնը ճիշդ հասկնալու համար պէտք է մօտէն ուսումնասիրել այդ օրերու տագնապալի եղելութիւններու պատմութիւնը: 1918-ին Անդրկովկասեան Հանրապետութեան մաս կազմող երեք ազգութիւնները` հայերը, վրացիները եւ թաթարները (այսօրուան ազերիները), դեռ շատ հեռու էին իրաւականօրէն սահմանագծուած ազգային հողատարածութիւններ ունենալէ: Անդրկովկասեան Սէյմը ստեղծած էր յանձնախումբ մը` այդ բարդ քարտէսը...

Ազրպէյճան Մտադիր Է Գրաւել Հայաստանը Եւ Ստեղծել «Արեւմտեան Ազրպէյճան»

Փաշինեանն Ու Կենակիցը Գռեհիկ Զրպարտութիւններ Կը Կատարեն Հայոց Եկեղեցին Վարկաբեկելու Համար

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Վերջին ամիսներուն վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը յաճախակիօրէն կ՛ունենայ անկայուն վարքագիծի դրսեւորումներ, որոնք լրջօրէն հարցականի տակ կը դնեն անոր մտային իրավիճակը: Խորհրդարանական ելոյթներուն ընթացքին ան կը ճչայ հարցում ուղղողներուն վրայ, կատաղի կերպով կը թափահարէ ձեռքերը եւ նոյնիսկ կը սպառնայ բանտարկել իր քաղաքական հակառակորդները: Նման կեցուածք թէ՛ արտառոց է եւ թէ՛ ամբողջովին անպատշաճ` Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարի մը համար: Անկախ անկէ, թէ...

Հայաստան Աբրահամեան Համաձայնագիրներուն Մէջ Տեղ Ունի՞

Հայաստան Աբրահամեան Համաձայնագիրներուն Մէջ Տեղ Ունի՞

ՀՐԱՅՐ ՊԱԼԵԱՆ ԵՒ ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ Աբրահամեան համաձայնագիրները, որոնք ձեռնարկուեցան 2020-ին, Թրամփի վարչակազմին օրով (առաջին պաշտօնավարութեան ընթացքին), յատկանշեցին Միջին Արեւելքի դիւանագիտութեան մէջ մեծ փոփոխութիւն մը: Կոչուած հրէութեան, քրիստոնէութեան եւ իսլամութեան հասարակաց նահապետին անունով` համաձայնագիրներու նպատակը Իսրայէլի եւ արաբական պետութիւններու միջեւ, ներառեալ` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Պահրէյն, Մարոք եւ Սուտան, յարաբերութիւններու բնականոնացումը կարելի դարձնելն էր` առանց պաղեստինեան հակամարտութիւնը էականօրէն լուծելու, իրականութեան մէջ` պաղեստինցիներու...

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը

Հոգեգալուստ` Եկեղեցւոյ Տարեդարձ

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ Հոգեգալուստը,  որ նաեւ կը կոչուի Պենտեկոստէ, քրիստոնէական կրօնի գլխաւոր տօներէն մին է: Այս տօնը եկեղեցւոյ տարեդարձն է: Ըստ Աստուածաշունչ մատեանի Գործ Առաքելոց գիրքին, Քրիստոսի եկեղեցին ծնունդ առաւ Երուսաղէմի մէջ յամի Տեառն 30-ական թուականներուն սկիզբը` եբրայական Պենտէկոստէի տօնին: Յիսուսի աշակերտները եւ հետեւորդներէն ոմանք, թիւով 120 հոգի, երբ միասին կ՛աղօթէին Սուրբ Հոգին անոնց վրայ իջաւ, եւ անոնք...

Հաղորդակցութեան Նոր Արհեստագիտութիւնները Մինչեւ Ո՞ւր

Հաղորդակցութեան Նոր Արհեստագիտութիւնները Մինչեւ Ո՞ւր

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Բնականաբար այլեւս ընդմիջում, դադար չկայ, բոլոր ոլորտներուն մէջ արհեստագիտութիւնները ամէն ժամ նորութիւններ պիտի բերեն: Գլխապտոյտ պատճառող այս հոլովոյթին մէջ մարդկային անմիջական, ջերմ յարաբերութիւնները ո՞ւր պիտի հասնին: Ն. Բանաւորը` Ընդդէմ Գրաւոր Հաղորդակցութեան Ի՞նչ է տարբերութիւնը Թէեւ բանաւոր եւ գրաւոր հաղորդակցութիւնները իմաստ փոխանցող խորհրդանիշներու համաձայնեցուած կանոններով կարգաւորուող համակարգեր են,  սակայն անոնց միջեւ կան տարբերութիւններ: Պահ մը պատկերացուցէք, որ դուք համալսարանի...

Page 102 of 1110 1 … 101 102 103 … 1,110

Արխիւներ