Պարզ է, որ Իրանի իսրայէլեան օդուժի ներկայ յարձակողականը միջուկային կարողականութեան դիրքերուն վրայ կը բացայայտէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Թրամփի դիրքերու զգալի տկարացումը Թրամփ-Նեթանիահու առճակատման ընդհանուր պատկերին մէջ: Թրամփ ցարդ կրցաւ Իսրայէլը հեռու պահել Իրանէն` պնդելով, որ ինք կարողականութիւնը ունի (որպէս ղեկավար ուժ) Իրանը բերելու արեւմտեան դաշտէն ներս` շնորհիւ իր ուժային դիւանագիտութեան խաղաքարտերուն: Եւ Իրան արդարացուց Թրամփի յոյսերը այս մարզին մէջ` վարելով շատ նուրբ եւ դրական դիւանագիտութեամբ բանակցութիւններ, բայց եւ այնպէս, բանակցային գործընթացը, այնուամենայնիւ, մտաւ փակուղի… Ինչո՞ւ:
Պատճառը պէտք է փնտռել Նեթանիահուի քաղաքականութեան էական առաջադրութիւններուն մէջ: Գրած եմ բազմիցս, որ Թրամփ եւ Նեթանիահու կը գործեն հակադիր մեկնակէտերէ: Անոնք համախոհներ չեն: Անոնք տրամագծօրէն կը տարբերին իրարմէ իրենց անցեալի, ներկայի եւ ապագայի մտատեսիլներով:
Իրերու ներկայ դրութեան մէջ կարեւոր է, որ հարցերը դրուին մերկապարանոց: Յստակ է, որ Նեթանիահուի քաղաքականութիւնը զսպանակուած է մէկ գերակշիռ թշնամիի ներկայացուցած մարտահրաւէրներէն: Այդ թշնամին Իրանն է, եւ անով պայմանաւորուած է (ըստ Նեթանիահուի) Իսրայէլի լինելութեան ողջ վարդապետութիւնը: Այս գաղափարին ուժականութիւններով է նաեւ, որ Նեթանիահուի առաջնորդութեամբ գործող Իսրայէլի ծայրայեղականները կրցած են յաջողապէս «հարազատագրել» (legitimize) իրենց ցեղասպանական քաղաքականութիւնը Արեւմուտքի ուժային ոլորտին մէջ: Վերջին տարիներուն այս համակարգը կը գործէր բացառիկ արդիւնաւորութեամբ (Իսրայէլի համար), այնքան ատեն որ Ուաշինկթընի մէջ տիրապետող էր նախագահ Պայտընի անջիղ իշխանութիւնը: Նեթանիահուի ամերիկացի համախոհներն էին, որոնք էապէս կը ճշդէին Միացեալ Նահանգներու իրանեան, պաղեստինեան եւ առհասարակ միջինարեւելեան քաղաքականութիւնը եւ առատաձեռնօրէն կը ֆինանսաւորէին Նեթանիահուի արկածախնդրութիւնները:
Թրամփի իշխանութեան գալը շատ բան փոխեց իրերու յիշեալ ընթացքին մէջ: Նեթանիահու յանկարծ կորսնցուց իր տիրական դիրքերը Ուաշինկթընի մէջ: Ան դադրեցաւ «տնեցի»-ի իրաւունքներ վայելելէ: Ան Թրամփին մէջ յանկարծ տեսաւ քաղաքական ախոյեան մը, որ ունէր իր ինքնուրոյն տեսլականը տարածաշրջանին համար: ԻՐ ԻՆՔՆՈՒՐՈՅՆ ԿԱՅՍԵՐԱԿԱՆ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱ՛ՆԸ (imperial imperative), ՈՐ ՀԱԿԱՍՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԷՐ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԿԱՅՍԵՐԱԿԱՆ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԻՆ ՀԵՏ…
Այսպէս է, որ Իրանի հարցը, անխուսափելիօրէ՛ն, պիտի դառնար Թրամփ-Նեթանիահու առճակատման թէժ հնոցը:
Իմ նախորդող յօդուածներովս լայնօրէն անդրադարձած եմ, թէ ինչպիսի՛ փուլերէ անցաւ յիշեալ առճակատման քուլիսային հոլովոյթը Թրամփի եւ Նեթանիահուի միջեւ: Թրամփ եւ Թեհրան ամէն ինչ ըրին Միացեալ Նահանգներ-Իրան բանակցային գործընթացը պահելու դրական ընթացքի մէջ…ամէն քայլափոխին խոր մտահոգութիւն պատճառելով establishment-ին Նեթանիահուի, որ ամէն ինչ ըրաւ իր սարդոստայնը հիւսելու բանակցային գործընթացին շուրջ` Թրամփին դիրքերը հետեւողականօրէն կարծրացման տանելով եւ գործընթացը հրելով փակուղի: Նեթանիահուի մարտավարութիւնն էր իրանեան կողմը մղել ծայրայեղ դիրքերու եւ ի վերջոյ զայն վարկաբեկել` նոյն ատեն տապալելով Թրամփի ռազմավարութիւնը ողջ տարածաշրջանին մէջ: Պահ մը թուեցաւ, որ Նեթանիահուի լարած որոգայթները յաջող էին, եւ բանակցային գործընթացը արդէն սպառած էր ինքզինք: Բայց ան ի վերջոյ տեղի չունեցաւ: Միացեալ Նահանգներ-Իրան երկխօսութիւնը կրկին վերականգնեցաւ եւ կը պատրաստուէր յուսադրիչ նոր փուլեր ձեւաւորելու:
Պարզ է, որ յունիս 12-13-ի իսրայէլեան հուժկու նախայարձակումը իր շեղբային ճշգրտութեամբ կենսական արժէք կը ներկայացնէր Նեթանիահուի համար: Ան ուղղուած էր, առաջին հերթին, բանակցային գործընթացին դէմ: Պէտք էր ականահարել գործընթացը ամէն գնով եւ զայն միանգամընդմիշտ շնչահեղձ ընել: Ան մանաւանդ ուղղուած էր Թրամփի քաղաքականութեան դէմ եւ, անպայմա՛ն, Թրամփին դէմ անձնապէս: Ան թիրախաւորեց շարք մը ղեկավար դէմքեր իրանեան կողմի պետական ընտրանիէն, որոնք բանալի դերակատարներ էին Միացեալ Նահանգներ-Իրան բանակցութիւններու բեմին վրայ: Ան զրկեց Թրամփը իր բանալի խօսակիցներէն: Ան մանաւանդ վարկաբեկեց Թրամփը, եւ անշուշտ` Միացեալ Նահանգները, տարածաշրջանի ուժերու աչքին: Այսօր նախագահ Թրամփ եւ Միացեալ Նահանգներ հարցականի տակ են Արաբական թերակղզիի, Սուրիոյ, Իրաքի, Յորդանանի, Լիբանանի քաղաքական ուժերու աչքին: Չեմ զարմանար, եթէ արաբ ղեկավարութիւնը այսօր ինքզինք գտնէ մեծ յուսախաբութեան մը մէջ: Խաղը նոյն խաղն է, կ՛ըսեն անոնք: Թրամփ մանաւանդ հարցականի տակ է Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ աչքին: Ան հարցականի տակ է Ուքրանիոյ աչքին: Չինաստանի եւ Հնդկաստանի աչքին: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռուպիոյի յայտարարութիւնը, ըստ էութեան, ողբերգութիւն մըն է: Պարտուած ուժի խօսոյթ է ան: Նախաձեռնութեան պատեհութիւնը կորսնցուցած, զայն Իսրայէլին զիջած գերտէրութեան մը կաղ չքմեղանքն է, որ անշուշտ պատիւ չի բերեր Միացեալ Նահանգներու պետութեան եւ ժողովուրդին: Բա՛ն մը, որ ամբողջութեամբ կը հակասէ Թրամփի քաղաքական առաջադրութիւններուն:
Իսրայէլեան նախայարձակումը նաեւ մեծ հարցեր կը ստեղծէ Թրամփի համար Միացեալ Նահանգներու ներքին քաղաքականութեան ոլորտին մէջ, ուր Թրամփ արդէն իսկ նստած է քաղաքական աննախընթաց հրաբուխի մը վրայ: Այս առումով, Նեթանիահուի նախաձեռնութիւնը ռազմավարական «հանճար»-ի փայլուն օրինակ մը կարելի է համարել, որ նաեւ յղի է դաժան հետեւանքներով` աշխարհակարգի ապագային համար:
Գրած եմ բազմիցս, որ Միացեալ Նահանգներ-Իրան բանակցութիւնները միաժամանակ (եւ անմիջականօրէ՛ն) կը պայմանաւորեն իրերու ընթացքը Կովկասի, Հայաստանի եւ յատկապէս Սիւնիքի ռազմաբեմերուն վրայ: Անուրանալի է, որ այսօր թուրքեւազրպէյճանական սպառնալիքին առջեւ լայնօրէն բացուած են Սիւնիքի դռները: Նեթանիահուի քաղաքականութեան առաջին զոհը Կովկասի մէջ կրնայ դիւրաւ Սիւնիքը ըլլալ, եթէ անշուշտ հայկական կողմը յամառի անտեսել ճգնաժամը եւ շարունակէ ապրիլ իր անղեկ կեանքը:
Այսօրուան հիմնական հարցը Թրամփն է: Խաղաքարտերը լայնօրէն բացուած են Թրամփին (եւ աշխարհակարգին) առջեւ` պարտաւորիչ դարձնելով, որ Թրամփ ընէ վճռորոշ ընտրութիւններ: Արդեօք Թրամփ պիտի վերցնէ՞ ձեռնոցը եւ պատերազմ յայտարարէ բոլոր նեթանիահուներուն դէմ: Եւ ո՞ւր պիտի հաստատուին նորմերը Թրամփի քաղաքականութեան: Եւ ուրկէ՞ պիտի սկսի Թրամփի յաջորդ մեկնարկը…Ի՞նչ կարմիր գիծերով պիտի վերսկսի գործել ան: Պիտի ունենա՞յ իսկական կարմիր գիծեր, թէ՞ թոյլ պիտի տայ, որ Նեթանիահուն ճշդէ կարմիր գիծերը, ինչպէս եղած է տասնամեակներ շարունակ Միացեալ Նահանգներու համար:
Հարցո՛ւմ: Արդեօք եկա՞ծ է ժամը ինքզինքին եւ ամբողջ աշխարհին հպարտօրէն ցոյց տալու, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը գիտէ իր մատը դնել իսկական թշնամիին վրայ եւ կրնայ վճռականօրէն կտրել գորդեան հանգոյցը:
13 յունիս, 2025
Ուաշինկթըն