Ժամանակաշրջանը, միջավայրը եւ համաշխարհայնացումը միշտ ձեւած են շրջանակի մը, կամ ընկերութեան մը մտածելակերպը, որովհետեւ բանականութիւնը պտուղն է վերոյիշեալ տուեալներուն: Այս պատճառով է, որ այսօր պէտք է առաջին հերթին քաջութիւնը ունենանք ընդունելու, եւ ապա` փորձելու պատասխան կամ լուծում մը գտնել շատ մը այժմէական մտահոգիչ հարցերու, որոնք թերեւս մեր ազգային դասական մտածելակերպին կամ տրամաբանութեան ծիրէն դուրս կը գտնուին:
Առաջին իրականութիւնը այն է, որ պէտք է կամայ թէ ակամայ ընդունինք, թէ այսօր հայկական ամէնօրեայ վարժարան յաճախող աշակերտներուն թիւը երկար ատենէ ի վեր սկսած է խիստ մտահոգիչ կերպով նուազիլ: Իրականութիւն է նաեւ, որ այսօր հայ լեզուն իր խօսակցական կամ գրական երեւոյթներով նահանջի մէջ է` երբեմն դառնալով լուսանցքային շատ մը հայահոծ շրջանակներու մէջ: Իրականութիւն է նաեւ, որ այսօր խառն կամ օտարի հետ ամուսնութիւններուն թիւը շատ բարձրացած է: Այս իրականութիւնները տեսնելն ու ընդունիլը իրապաշտութիւն է, բայց քաջութիւն եւ իմաստութիւն է այս հրատապ հարցերուն լուծում հայթայթելը կամ առնուազն միջին եզր մը գտնելը:
Կարեւոր է այստեղ երկու մեծ խումբեր ստեղծել, անշուշտ` առանց ժխտական պիտակաւորման: Առաջին` անոնք, որոնք հետաքրքրուած են ինքնութիւնը, ազգային մշակոյթն ու դիմագիծը պահելով եւ զայն իրենց զաւակներուն փոխանցելով` ներկայի դժուար պայմաններուն եւ մշակութային հոսանքներու մէջէն: Երկրորդ խումբը` անոնք, որոնք հետաքրքրուած չեն, կամ, ըսենք, նուազ մտահոգ են իրենց հայկական ինքնութիւնը պահելով:
Այս վերոյիշեալ մասնատուածութիւնը հայկական իրականութեան մաս կը կազմէ եւ միշտ ալ մաս կազմած է:
Այս նիւթին լուծման վերաբերող բացարձակ ճշմարտութիւններ չկան, բայց «միասնական բաժանարարը» պիտի ըլլայ այն միտքը կամ հիմնական սկզբունքը, թէ` հայապահպանումը կը նմանի բերդի մը, որուն սիւներն են` լեզուն, մշակոյթը եւ աւանդութիւնները, կրօնն ու հոգեւոր ժառանգութիւնը, պատմական կրթութիւնը, հայրենիքը կամ հայրենիքի ինքնագիտակցութիւնը: Երբ այս սիւները, սկսին տկարանալ, բերդը կը վտանգուի եւ փլուզման կրնայ ենթարկուիլ, այսինքն ազգային իմաստով ան կը ներկայացնէ ժողովուրդին ձուլումը:
Անաչառ եւ արդար ըլլալու համար պէտք է ընդունինք, որ սփիւռքի տարբեր հայկական գաղութները ունին` իրենց յատուկ պայմանները, տարբեր տուեալներ, մարտահրաւէրներ եւ հարցեր, հետեւաբար նոյն կշիռքով չենք կրնար կշռել եւ դատել բոլորը. այնուամենայնիւ, հայապահպանման բերդի սիւները ամէնուրեք կը մնան նոյնը:
Մի՛ սպասէք ձեր զաւակէն, որ հայերէն խօսի, եթէ դո՛ւք տան մէջ հայերէն չէք խօսիր:
Մի՛ սպասէք, որ ձեր զաւակը ազգային շունչ եւ դիմագիծ ունենայ, երբ հայկական վարժարանէ կամ հայկական կազմակերպութիւններէ հեռու եղած է. իսկ եթէ ընդհանրապէս ան հեռու եղած է հայկական միջավայրէ, մի՛ զարմանաք, եթէ ան օտարի հետ ամուսնանայ: Շա՛տ պարզ եւ յստակ: Անշուշտ բացառութիւնները միշտ յարգելի են:
Հակոտնեայ կարծիք կամ տեսակէտ ունեցողները կրնան ըսել, թէ շատ մը հայեր իրենց լեզուն կորսնցուցած են, բայց իրենք մնացած են «թունդ» հայեր, եւ այս երեւոյթը Արեւմուտքի մէջ շատ յստակ է: Այո՛, բայց անոնք կը պատկանին բացառութիւններու խումբին. չմոռնանք երբե՛ք, որ ձուլումը կը սկսի առաջին փուլին լեզուն կորսնցնելով: Արդեօք պատկերը յստակ չէ՞ Եւրոպայի կամ Հարաւային թէ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ հազարաւոր հայերու, որոնք ձուլուած եւ կորսուած են ամբողջովին:
Այս առեղծուածը դժուար է լուծելը, բայց անկարելի չէ: Ընտանեկան դաստիարակութիւնը շատ մեծ դեր ունի հայապահպանման մարզին մէջ, ինչպէս նաեւ` հայ դպրոցը, միջավայրը, եկեղեցին եւ ազգային կազմակերպութիւնները, որոնք կու գան ամրապնդելու հայապահպանման բերդին սիւները: Հետեւաբար պէտք չէ անպայմանօրէն այպանել, կամ քարկոծել այն հայը, որ օտարի հետ ամուսնացած է կամ հայերէն չի խօսիր: Փորձենք զայն հասկնալ եւ սիրաշահիլ` զայն ներգրաւելով հայ շրջանակին մէջ: Երբեք չմոռնալով, որ իր մեծ պապերն ալ հաւանաբար Ցեղասպանութենէ վերապրողներ եղած են, եւ մեր թշնամիները տարբերութիւն պիտի չդնէին ու չդնեն իր եւ մեր միջեւ երբեք:
Ա՛յս պէտք է ըլլայ մեր հոգեվիճակը, երբեք չփորձենք դատել մեր եղբայրները, իրենք ալ հայ են:
Վերջապէս, մէկ տեսակ մարդոցմով չէ, որ ազգ մը կը կառուցուի, այլ ազգ մը կը կառուցուի տարբեր մարդոց միասնութեամբ: