Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. «Որպէսզի Բարեսիրութիւնը Չվերանայ…»

Յունիս 23, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Իբրեւ բարերար ճանչցուած եւ հռչակուած Սամուէլ Կարապետեանի ձերբակալումը, քննադատութիւններու կողքին, մեկնաբանութիւններու եւ նախատեսութիւններու մեծ տոպրակ մը բացաւ: Եւ քանի որ այս քայլը զուգադիպեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի Թուրքիա այցելութեան  նախօրեակին  (իսկ շատեր զուգորդում մը տեսան այլ բարեգործի մը` Ռուբէն Վարդանեանի` Ազրպէյճանի կողմէ կալանաւորման հետ) նախատեսութիւններուն շարքին կար ուշագրաւ կէտ մը. Փաշինեան կը պատրաստուի, պետականացման անուան տակ, թրքական դրամագլուխի եւ շահագործման տրամադրութեան տակ դնել ուժանիւթի մարզը, որ Կարապետեանի կողմէ կը կառավարուէր ցարդ: Նման ենթադրութիւն ընողներ հարց չտուին, թէ արդեօք ՔՊ-ապետը ի՞նչ շահաբաժին պիտի ստանայ հաւանական փոխանցումէն: Չէ՞ որ այս կամ այն ձեւով մտած է քանի մը մեծ ընկերութիւններու գրպանը…

«Կ՛ապրինք` կը տեսնենք» խօսքը բաւական հնչուն է հիմա, եւ քանի մը օրէն յստակացումներ կրնան ըլլալ, կամ… գաղտնի մնալ, ինչպէս որ գաղտնի կը պահուին, ըստ ՔՊ-ապետի սովորութեան, շատ մը կենսական քայլեր: Արցախը Ազրպէյճանի նուիրելու անոր քայլը յայտնի՞ էր նախօրեակին…

Հրապարակը ողողած մտահոգութիւններէն մէկն ալ այն է, որ Հայաստանի մէջ ներդումներու դաշտը ինկած է սպառնալիքի տակ, ի՛նչ որ ալ ըլլան իշխանաւորներուն «չքմեղանքներն» ու ինքնարդարացման փորձերը: Վերջին օրերուն Իրանի սահմանին ստեղծուած վտանգները Հայաստանը դրին երրորդ կողմէ մը իրողական պաշարումի տակ, իսկ Վրաստանի սահմանին վրայ աւելի քան երկու ամիսէ ի վեր ստեղծուած «խցանումը» այլապէս փայլուն հորիզոններ չի խոստանար: Այս պայմաններուն մէջ ՔՊ-ապետն ու իր շահակիցները կրնան վաղը ուրիշ տեսակի ինքնարդարացում նետել հրապարակ` ըսելով, «Է՛, ի՞նչ կրնանք ընել, պէտք է ձեւը գտնենք Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ սահմանները բանալու». հոգ չէ թէ նման ընտրանք յաւելեալ խաւարի կը մատնէ Հայաստանի ամբողջ հորիզոնը (Արցախին արդէն իսկ հորիզոն չթողուցին «հնարամիտ»-ները):

***

Վերադառնալով բարեգործներու հետապնդման ու կալանաւորման թղթածրարին, որ կու գայ իբրեւ յաւելում` ընդդիմադիրներու, լրագրողներու, մինչեւ իսկ զոհերու եւ գերեվարուածներու ընտանիքներուն դէմ հալածանքներուն, կը ստեղծուի մթնոլորտ, որուն մէջ բարեգործութիւնն ու բարերարութիւնը իրենք զիրենք կը գտնեն «Դամոկլեան սուրի» տակ: (Անմիջապէս ըսենք, որ եթէ մէկը ապօրինի եւ հայրենավնաս գործ կ՛ընէ, օրինակ` անիրաւ, հակաօրինական գործ կ՛ընէ, շահակցական ծրագիրներ կը հետապնդէ Թուրքիոյ հետ, արդարանալու տեղ չունի, թերացողներ ալ պէտք է սրբագրուին): Կալանաւորման արձագանգներուն մէջ առաւելաբար կը յիշուին այս մարդուն բարի գործերը` Հայաստանի եւ Արցախի մէջ: Իսկ անոր դէմ միակ մեղադրանքը այն է, որ… պաշտպան կանգնած է Հայ եկեղեցւոյ, եւ բացայայտ է, որ անոր մէկ յայտարարութիւնը, ըստ կամս, խեղաթիւրեալ կերպով հրապարակ նետուեցաւ իշխանաւորներուն կողմէ:

… Այս «զարգացումները» (խորքին մէջ` նահանջները) մեր յիշողութեան մէջ արթնցուցին աղուոր պատմութիւն մը, որ տասնամեակնե՜ր առաջ տեղ գտած էր մեր նախակրթարանի դասագիրքին մէջ (հաւանաբար այս պատմութիւնը լսողներ կան, թարմացնենք յիշողութիւնները):

Անապատային շրջանի մը մէջ ազնուացեղ նժոյգին հեծած ճամբորդ մը (հաւանաբար` արաբ մը, ինչպէս կը թելադրէր պատմութեան ընկերակցող գծանկարը, նման` այստեղ տեղադրուած լուսանկարին) կը տեսնէ, որ քիչ անդին մէկը գետին պառկած է, յայտնապէս` յոգնած, անօթի-ծարաւ եւ փոշեթաթախ-կիսամեռ: Կը սանձէ նժոյգը, բարի սամարացիին պէս կը մօտենայ գետնատարածին, ջուր կու տայ, երեսն ու գլուխը կը լուայ խեղճը վերակենդանացնելու դիտաւորութեամբ: «Կիսամեռ»-ը յանկարծ կը կենդանանայ, կը ցատկէ նժոյգին վրայ եւ մտրակելով` փախուստ կու տայ: Խաբուած բարեսէրը ետեւէն կը բացագանչէ. «Հէ՜յ, լսէ՜… Նժոյգս ա՛ռ, գնա՛, բայց չըլլա՛յ-չըլլայ որ ոեւէ մէկուն պատմես, թէ ինչպիսի՛ խարդախութեամբ ձեռք ձգեցիր զայն: Շահատակութիւնդ մի՛ պատմեր, որպէսզի աշխարհի երեսէն բարեսիրութիւնը, անկարին օգնութեան հասնիլը չվերնան…»:

19 յունիս 2025

Նախորդը

Լեփանթոյի Եւ Անտոն Սուրեանի Պատերազմը

Յաջորդը

Եկեղեցւոյ Վրայ Փաշինեանի Յարձակումները Կրնան Քաղաքացիական Պատերազմ Հրահրել Հայաստանի Մէջ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?