Երեքշաբթի, 17 Յունիս 2025-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս ընդունեց քաղաքավարական այցելութիւնը Ազգ. Վարչութեան նախկին անդամ, սուրիական-հայաստանեան գործարար խորհուրդի նախագահ տիար Լեւոն Զաքի Ետալեանի։
Ջերմ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին անդրադարձ կատարուեցաւ ներկայ իրավիճակին եւ մարտահրաւէրներուն մասին։
Մակար Սրբազան իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով՝ ուժ, կորով եւ կատարեալ յաջողութիւն մաղթեց պարոն Ետալեանին։