Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սլաք. Ո՞վ Պիտի Մարմնաւորէ Վահագնը…

Յունիս 20, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Պաշտօնական Երեւանը ի վերջոյ պաշտօնապէս հաստատեց, որ վարչապետ Փաշինեան 20 յունիսին պաշտօնական այցելութեամբ Թուրքիա պիտի երթայ եւ պաշտօնապէս պիտի տեսակցի նախագահ Էրտողանի հետ, որ իրեն պաշտօնական հրաւէր մը ուղղած է (սիրելի ընթերցողներէս ներողութիւն կը խնդրեմ «պաշտօնական»-ի այս ապուրին համար):

Քանի մը օր չեմ-չումէ եւ «եթէ պէտք ըլլայ, ատենին կը հաղորդենք»-ներէ ետք, հաստատուեցան մամուլին կողմէ օրեր առաջ հրապարակուած նախատեսութիւնները (իշխանութիւնները հիմա կրնան ճակատաբաց յոխորտալ, որ ժողովուրդէն բան չեն թաքցներ):

Փաշինեան առաջին անգամը չէ, որ չորեքթաթ Անգարա կամ թրքական այլ քաղաքներ կը վազէ, երբ Էրտողանէն ազդանշան մը գայ: Կատակասէրներ կ՛ըսեն, որ Էրտողան գաղտնաբառ մը ունի նման հանդիպումներու համար. կ՛ըսէ (եղեր). «Կէ՛լ, Փաշին-օղլու-մ» (եկո՛ւր, Փաշին-տղա-ս): Հանդիպումին օրակարգին մասին ալ նախատեսութիւններու եւ մեկնաբանութիւններու սակարանը լայնօրէն բացուած է: Ընդհանուր կարծիքը այն է, որ Փաշինեանի դիմաց պիտի դրուին նոր ու վերանորոգուած պահանջներ, որոնք, ի դէպ, նոր խորք ու հորիզոններ կը նուաճեն Իրան-Իսրայէլ ճակատումներու ենթապատկերին պատճառով եւ Երեւանը կը մատնեն, հայերուս դիտանկիւնէն, աւելի՛ դժուար կացութեան (թրքասէրներու կարծիքը կրնայ տարբեր ըլլալ): Իսկ Հայաստանի ՔՊ-ապետը ինքզինք շատո՜նց դրած է այնպիսի դիրքերու վրայ, որ Էրտողանէն ու անոր կրտսեր եղբօրմէն` Ալիեւէն ներկայացուած որեւէ պահանջ մերժելու անկարողութեան մատնուած է: Իսկ պէտք ունի՞նք կրկին ցանկագրելու բոլոր այն պահանջները, որոնք առնուազն 2020-էն ասդին կը դրուին Փաշինեանի առջեւ եւ որոնց մէկ առ մէկ ընդառաջեց. Արցախի յանձնում, ազերիական ոճով սահմանազատուած պատառիկ, այլ հողերու յանձնում եւ խոստումներ, սահմանադրութեան փոփոխութեան խոստում, «Զանգեզուրի միջանցք» (հիմա աչքի փոշի նետելու համար այլ բանաձեւեր հրապարակ կու գան), գերեվարուածներու եւ պատանդներու մոռացում, միջազգային դատարաններէն հայկական պահանջներու չեղարկում (կան բազում ուրիշներ ալ, որոնցմէ մէկուն պոչը կը հասնի Սփիւռքին…):

Սկզբնական «գաղտնապահութենէն» ետք, այցելութեան լուրին բացայայտումը տեղի ունեցաւ… նախապատրաստական քանի մը քայլով, որոնց նպատակն էր, ինչպէս մի՛շտ, ընդդիմադիրներու եւ հանրութեան, հայրենիքի շահերուն պաշտպանութեան լծուածներուն ուշադրութիւնը շեղել վերահաս նոր (հաւանական) կորուստներէն: «Աճպարար»-ին գլխարկէն դուրս ցատկած հնարքներուն շարքին էին Հայ եկեղեցւոյ դէմ արշաւն ու բարերարի մը կալանաւորումը, կային նաեւ այլ «մանրուքներ» (երկա՜ր ցանկը դուք կազմեցէք), որոնք կլանեցին քաղաքական բեմն ու տեղեկատուական դաշտերը:

Մէկ խօսքով, Փաշինեան եւ ՔՊ-ականները գործնապէս ըսին. «Ահա՛ ձեզի զբաղում, իսկ մենք պիտի շարունակենք անաղմուկ, նոր քայլեր առնել թշնամիին յաւելեալ զիջումներ կատարելու ճամբուն վրայ, մի՛շտ ժողովուրդի կռնակէն եւ ի հեճո՛ւկս անոր իրաւունքներուն, հայրենիքի շահերուն…»:

… Ինչպէս նախընթաց բոլոր աւերիչ եւ կորստաբեր-կործանարար «իրագործումներէն» ետք, վաղը նոր (հաւանական) նահանջներն ալ կրնան հրամցուիլ իբրեւ… յաղթանակ, իբր թէ Հայաստանի ապագան երաշխաւորող եւ նման ցնորական ու խաբեպատիր հաւաստիքներ:

Հին հեքիաթներուն մէջ բազմագլխանի հրէշներու դէմ մարտնչող հերոսներու մէկ արդիական պատմութեան ականատես ենք: Հին հեքիաթներուն մէջ երբեմն իմաստուն մը հերոսին ցոյց կու տար, թէ հրէշին ճիշդ ո՛ր տեղը պէտք է հարուածել, որպէսզի վերջնականապէս զգետնէ զայն: Այլոց հերոսներէն ու դիւցազուններէն առաջ, ունեցած ենք մեր Վիշապաքաղ Վահագնը…

Հայաստանի գլխավերեւին կախուած պատուհասները հեքիաթ չեն, ահաւոր իրականութիւն են. իմաստունները կ՛ըսեն ու կը կրկնեն, թէ ի՞նչ ձեւեր կան ՔՊ-ական հրէշը զգետնելու համար: Իսկ Վահագնի թոռը ըլլալու կոչուած հերոսին սուրը պէտք է բարձրացնեն ԲՈԼՈՐԸ, Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ միաժամանակ: Միւս ընտրանքը ՔՊ-ական «յաղթանակներուն» երթին վրայ նոր օղակներու յաւելումն է, յաղթանակներ` կրկի՛ն ու կրկին ի շահ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի ու անոնց համաթուրանական ծրագիրներուն (կրկնենք` շրջանը վառօդի տակառի վրայ պահող իրադարձութիւններու խորապատկերին դիմաց: Իսկ արդեօք մանկամիտ հրճուողներ կա՞ն, թէ Իրանէն Հայաստան ապաստանողները կարելի է շահու աղբիւր նկատել…):

18 յունիս 2025

Նախորդը

Իսրայէլեան Յարձակողականը Աշխարհակարգի Խորապատկերին Մէջ

Յաջորդը

Երբ Ժողովուրդը Պատռում Է Իր Լռութիւնը …

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?