Պատմութիւնը կը փաստէ, որ 1571 թուականին քրիստոնեայ երկիրներ, Հռոմի քահանայապետին` Պիոս Ե. պապին օրհնութեամբ, միացան Օսմանեան կայսրութեան դէմ եւ պատերազմի ելան նաւատորմերով, որպէսզի կասեցնեն իսլամական եւ վայրի գրաւումներն ու յարձակումները օսմանեան նաւատորմին կողմէն:
Պիոս Ե. պապին հրամանով եւ օրհնութեամբ, Վենետիկի, Ճենովայի, Թոսքանիի, Մալթայի, Սպանիոյ ու Հռոմի իշխանութիւնները միացան եւ իրենց նաւերով ուղղուեցան դէպի յունական ծովերը, ուր Փաթրաս ծոցի Լեփանթոյի մօտ հաւաքուած էր օսմանեան նաւատորմը:
Քրիստոնէական նաւատորմը մօտ 212 նաւերէ բաղկացած էր… Մինչ օսմանեան նաւատորմը` 272 նաւերէ…
Նաւերուն վրայ կային նաւաստիներ եւ զինուորներ, որոնք այդ թուականներուն նետերով, սուրերով եւ թնդանօթներով, նաւէ նաւ յարձակելով կը կռուէին:
Կ՛ըսուի, թէ քրիստոնեայ ուժերը մօտ 50.000 զինուոր կը հաշուէին, մինչ թրքական ուժերը` 80.000 զինուոր
Այս 2 նաւատորմերը դէմ դիմաց դիրքաւորուեցան յունական կղզիներուն առջեւ` 7 հոկտեմբեր 1571 թուականին:
Այն տարիներուն հիմնական զէնքը թնդանօթն էր, եւ նաւերը իրարու չմօտեցած` կը ջանային ընկղմել թշնամի նաւերը:
Հակառակ պարագային, երբ նաւերը իրար մօտենային, կը փորձէին յարձակիլ եւ սուրերով ու նետերով զիրար ջախջախել:
Լեփանթոյի պատերազմին արդիւնքը ի նպաստ քրիստոնեաներուն եղաւ, մանաւանդ որ Վենետիկի նաւատորմիղն ու անոր զօրավարները շատ փորձառու էին եւ, հակառակ անոր որ 60 նաւով աւելի քիչ էին օսմանեան նաւատորմիղէն, բայց եւ այնպէս կրցան հարուածել, ընկղմել ու գրաւել նաւեր եւ սպաննել 2 բարձրաստիճան թուրք զօրավարներ, որոնք կ՛իշխէին օսմանեան նաւերուն` Ալի փաշան ու Մոհամետ Սանչուքը, միայն Ուլուչ Ալին կրցաւ փախչիլ 30-40 նաւերով:
Այդ օրը 8000 քրիստոնեայ նաւաստիներ եւ զինուորներ մահացան, իսկ դիմացը 25.000 թուրքեր իրենց կեանքերը կորսնցուցին, եւ 40.000 գերիներ տարուեցան:
Այս հրաշալի յաղթանակը միայն փորձառութեան արդիւնք չէր, կամ` հաւատքի համոզում, այլ ինչ որ այսօր կը յիշուի իբրեւ արհեստագիտութիւն:
Երբ յաղթութեան լուրը տարածուեցաւ քրիստոնեայ երկիրներուն, մանաւանդ Վենետիկի մէջ, որ հիմնական ուժն էր նաւատորմին, բոլոր եկեղեցիներուն զանգերը ղօղանջելու սկսան, ապա լուր տարածուեցաւ, որ այս յաղթութեան մեծ մասը կը պարտէին Անտոն Սուրեանին, որ կը կոչուէր Անթոնիօ Հայը (Antonio l՛Armeno), որ Սուրիայէն եկած էր եւ կ՛աշխատէր Վենետիկի նաւաշինարանը:
Անտոն խելացի եւ ճարպիկ արհեստաւոր մըն էր, որ այդ օրերուն ստեղծեց թնդանօթներուն կառուցուածքը (Mechanisme) եւ խմորը, որ ռումբին մէջ դրուած էր, շատ զօրաւոր էր, շուտ կը բռնկէր եւ արագ ձեւով կրակ կը տարածէր:
Ան առաջարկած էր նաւերուն առջեւի մասը ամրացնել այս թնդանօթները եւ արագ ձեւով` 6 հատ զէնքի նման, ռումբերը արձակել թշնամի նաւերուն վրայ. թշնամի նաւէն ստացուած իւրաքանչիւր ռումբի դիմաց միաժամանակ արձակուող 6 հատով կը պատասխանէին:
Նաեւ կազմած էր հարթակ մը, որ կլոր անիւի նման էր, եւ որ թնդանօթը արագօրէն աջ ու ձախ դառնալով` կրնար շեղակի ձեւով հարուածել թշնամի նաւերը:
Վենետիկի նաւատորմը, որ առաջին կարգի յարձակողական նաւերը գործածեց, խուժեց թրքական նաւերուն վրայ եւ ստացուած միայն 1 հարուածին դիմաց 6 անգամ աջ ու ձախ հարուածեց դիմացի նաւերը, որոնք սկսան արագօրէն այրիլ:
Այս ձեւին արդիւնքը շատ արագ յայտնի դարձաւ, եւ քրիստոնեայ նաւերը ջախջախեցին թրքական նաւատորմը, որուն վախճանը վերջնական եղաւ. կորուստը` մօտ 150 նաւեր` թրքական կողմէն:
Վենետիկի մէջ խանդավառ ձեւով տօնեցին այս յաղթութիւնը, եւ լուրը տարածուեցաւ, որ մեծ մասամբ այս յաղթութիւնը կը պարտէին Անթոնիօ Սուրեան Հայուն (Antonio Sourian l՛Armeno), որ այս հոյակապ արհեստագիտութիւնը ստեղծած էր…
Անթոնիօ Սուրեան Հայը Վենետիկի մէջ ուրիշ յաջող գործեր ալ կատարած էր:
Այդ թուականներուն Վենետիկի մէջ տարածուած էր հիւանդութիւն մը, որ ժանտախտ կը կոչուէր, եւ որուն իբրեւ հետեւանք` մեծաթիւ մարդիկ կը մահանային: Այդ հիւանդները կը ղրկուէին Սուրբ Ղազար կղզին, որ 2 երկու հարիւր տարի ետք` 1717 թուականին նուիրուեցաւ հայ Մխիթարեան միաբանութեան:
Հոն է, որ Անթոնիօ Սուրեան Հայը դարձեալ իր քաջագործութիւնը ըրաւ եւ կրցաւ պատրաստել դեղեր, որոնք շատ նպաստաւոր եղան ժանտախտէ վարակուած (peste) հիւանդներուն. ան կրցաւ շատերը բժշկել, եւ իր անունը կրկին անգամ պանծացնելով` Անթոնիօ Հայը (Antonio l՛Armeno) հերոսի նման հռչակաւոր դարձաւ:
Վենետիկը 1500 թուականներէն եւ անկէ ալ առաջ լաւ կապեր ստեղծած էր հայ վաճառականներու, արուեստագետներու եւ կղերականներու հետ, որոնց հետքերը Վենետիկ քաղաքին մէջ տակաւին մինչեւ օրս գոյութիւն ունին:
Անթոնիօ Սուրեանի պէս մարդիկ եւ ապա Մխիթարեան միաբանութիւնը, որ կ՛ընդունէր աշակերտներ աշխարհի չորս կողմէն, շատ բարի անուն ձգած են Վենետիկի իշխանութեան եւ ժողովուրդին մօտ: Այսօր Վենետիկի թաղերէն մէկը կը կոչուի Անթոնիօ Սուրեան Հայուն անունով` Antonio l՛Armeno…
Այս ձեւով հայերը, Վենետիկը եւ Լեփանթոյի պատերազմը իրար միացնելով` կրնանք հպարտ ըլլալ, որ քրիստոնէութեան մէջ մենք յաջող դեր ունեցած ենք եւ մեր հաւատքը պաշտպանած ու հաւատարիմ գտնուած ենք անոր:
2025
* Peste= Ժանտախտ, փոխանցիկ հիւանդութիւն մը