Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յուշերու Պատումով. Մտաւորական, Մանկագիր, Լրագրող Ու Հրատարակիչ` Ալիծ Ճեպեճեան-Աղպապեանի Ցաւալի Շիջումը

Յունիս 21, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԱՐՈՅՐ Յ. ԱՂՊԱՇԵԱՆ

24 օգոստոս 1964:

Պէյրութի նաւահանգիստ, ուր խռնուած էր լիբանանահայ բազմութիւն մը, որ եկած էր ճամբու դնելու ու հրաժեշտ տալու իր զաւակներուն ու հարազատներուն, որոնք հայրենիք պիտի մեկնէին` իրենց համալսարանական բարձրագոյն կրթութիւնը ստանալու:

Համապատկերը թէ՛ յուզիչ էր, թէ՛ ոգեւորիչ, ուր կը տիրէր հայրենասիրական ու հայաստանապաշտական իւրայատուկ մթնոլորտ, մանաւանդ որ մեկնող թեկնածուները հայրենիքի մէջ պիտի շարունակէին իրենց ուսումը ու ստանային համապատասխան մասնագիտական վկայականներ, իսկ աւելի հպարտացնողը` անոնք առաջին անգամ ըլլալով ոտք պիտի դնէին հայրենի հողին վրայ, տեսնէին ու վայելէին, ապրէին ու ծանօթանային հայրենիքի ջերմութեան ու գրաւչութեան, որուն համար ալ անհամբեր էին եւ ակնդէտ սպասումի մէջ:

«Արմենիա» զբօսանաւը կը սպասէր նորահաս սերունդի ներկայացուցիչներուն, որպէսզի զանոնք փոխադրէ իրենց կեցութեան երկիր` Հայաստանը, Միջերկրական ու Սեւ ծովերը հատելով, հանդիպելով Սուրիոյ, Կիպրոսի, Թուրքիոյ, Յունաստանի, Եգիպտոսի, Պուլկարիոյ ու Ռումանիոյ նաւահանգիստները, հանգրուանելու համար Օտեսա, ուրկէ շոգեկառքով անոնք պիտի մեկնէին իրենց իջեւանելիք հայրենական օճախները (հանրակացարանները):

Առ այդ, մինչ զբօսանաւին նուագախումբը, իր շինիչ ու խանդավառող երաժշտութեամբ, կը բարձրացնէր բոլորին տրամադրութիւնները ու հրաժեշտի պահուն զգացականութիւնը, ի տես ողջագուրումներուն, ողջերթներուն ու մաղթանքներուն` հետաքրքրական էր ամբողջ տեսարանին ակնդիր դառնալ, որ աննախընթաց էր ու խորապէս տպաւորիչ:

Անմիջապէս ըսեմ, որ ուսանողներուն մեծ մասը (աւելի քան յիսուն հոգի, իրարու «անծանօթ» էին, եթէ չհաշուենք կարգ մը հատուկենտ պարագաներ):

Անշուշտ, ինչպէս բոլոր ծնողները, նաեւ իմ ծնողքս` Յովհաննէս եւ Մարի Աղպաշեաները, հոն կը գտնուէին, երբ ուշադրութիւնս գրաւեց, որ հայրս մտերմիկ խօսակցութիւն մը կ՛ունենար մէկու մը հետ, որուն յաջորդեց զիս իր մօտ կանչելը ու ծանօթացնելը.

– Ասիկա իմ լաւ բարեկամս է, հայրենասէր, առողջ գաղափարական, արուեստագէտ ու գործարար Վահէ Ճեպեճեանը, իսկ իր կողքին կանգնածը իր դուստրն է, որ նոյնպէս Հայաստան կը մեկնի` ուսանելու, ուրեմն բարեկամացէք ու ձեր ընկերութիւնը հոն ալ շարունակեցէք: Անունը Ալիծ է,- ըսաւ ան:

Ալիծը շէկ, կապուտաչեայ ու դեղնորակ, գրաւիչ պարմանուհի մըն էր եւ առաջին իսկ հայեացքով, եւ յետ խօսակցութեան, արդէն պարզուեցաւ, որ մտաւորականի խառնուածքով ու հետաքրքրութեամբ համակուած մըն էր` իր բարձրագոյն ուսման համար ընտրելով գրականութեան ու բանասիրութեան ճիւղը, Երեւանի պետական համալսարանին մէջ:

Ես ալ իմ նախասիրութիւններս պարզեցի` դիտել տալով, որ պիտի մասնագիտանամ հայոց լեզուի ու գրականութեան բանասիրական ոլորտին մէջ, ապա` յիշեցնելով, որ եթէ ինք յաճախած եւ աւարտած է Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանը (Էշրեֆիէ), ես ալ յաճախած եմ եւ աւարտած` Հայ աւետարանական քոլէճը (քաղաքի), այնպէս որ, թէ՛ անցեալի, թէ՛ ներկայի, թէ՛ ապագայի գծով համարեա՛ նոյն ընտրանքներուն կը միտինք այն յոյսով եւ ակնկալութեամբ, որ «հայ աշխարհ»-ն է մեր նպատակակէտը` իր ազգային-կրթական, մշակութային-բանասիրական ուղղութիւններով, ծառայութիւններով ու հեռանկարներով:

***

Մեր այս ծանօթութիւնը, բնական է, հետագային եւս ունեցաւ իր շարունակութիւնը, տրուած ըլլալով, որ նոյն հանրակացարանի բնակիչներ էինք ու նոյն համալսարանի ուսանողներ, թէեւ աւելի ուշ Ալիծը այլուր փոխադրուեցաւ, նաեւ հայրենի արուեստագէտներու եւ արուեստասէրներու շրջանակի մը մէջ յայտնուեցաւ, սակայն մեր հանդիպումները, անակնկալ թէ սփիւռքահայ ուսանողներու ծիրէն ներս, միշտ սիրալիր եւ անկեղծ մնացին:

Մեր շրջանաւարտութենէն ետք Լիբանանի մէջ առիթներ կը ստեղծուէին զիրար տեսնելու ու զրուցելու, յատկապէս երբ պատեհութիւններ ստեղծուեցան երէց ու վաստակաւոր մտաւորականներու, գրողներու ու խմբագիրներու հետ ունենայինք գրական հանդիպումներ, հարցազրոյցներ, որոնք մեզի համար` խումբ մը բանասէրներուս, իսկապէս շահեկան էին, օգտաշատ եւ ուսանելի:

Չարաբաստիկ լիբանանեան քաղաքացիական կռիւները, ինչպէս ամէն ինչ, տակնուվրայ ըրին նաեւ մտերմութիւններն ու բարեկամութիւնները, ընկերակիցներն ու համախոհները` մերթ գաղթով, մերթ ընդհատումներով, մերթ ալ անակնկալ մահերով:

***

Եղաւ շրջան մը, երբ Ալիծին «հետք»-ը կորսուեցաւ, մինչեւ որ իր մերձաւորներէն եւ երբեմնի ծանօթներէն իմացայ, որ փոխադրուած ու կայք հաստատած է Ամերիկայի մէջ (Լոս Անճելըս), ընտանիք կազմած ու հետզհետէ կը նախապատրաստուի գրիչով, միտքով ու մանկագրութեամբ շարունակել իր մասնագիտութիւնը:

Այդպէս ալ ըրաւ ու փայլուն յաջողութիւն ձեռք ձգեց` մանկագրութիւնը իր կոչումը դարձնելով ու հետզհետէ ազնիւ եւ որոնելի անուն մը դառնալով, քիչ մը ամէն տեղ:

Իր այս գնահատելի տարերքին մէջ, փոխանակ բախտը ժպտի, ուժ ու կորով տայ իրեն, դժբախտաբար մութ ամպեր կուտակուեցան գլխուն, նախ` անկողնոյ ծառայեց, ապա աւելի վատթարանալով` լրիւ անշարժացաւ եւ ասկէ շուրջ քառասուն օր առաջ հոգին աւանդեց` երկնային արքայութեան արժանանալով:

Անտարակոյս, եթէ կեանքը իրեն շնորհած ըլլար յաւելեալ ապրումի ժամանակ, Ալիծը ոչ միայն պիտի շարունակէր իր մանկագրական եւ այլ տիպի երթերը, այլեւ նորանոր ծրագիրներով պիտի հարստացնէր իր գրական  ժառանգը եւ վաստակը, սակայն դառնութիւնը եւ դաժանութիւնը անգութ գտնուեցան իրեն նկատմամբ:

Իր բնաւորութեան ու նկարագիրին յատուկ երանգներով ան հեզօրէն, լուռ  ու զուսպ հեռացաւ իր ընտանիքէն, հարազատներէն ու զինք սիրողներէն` լաւ յիշատակներ ձգելով իր ետին:

«Յիշատակն արդարոց օրհնեալ եղիցի»:

(Պէյրութ)

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Անկիւններ

Յաջորդը

Հրանդ Մարգարեանի` Յակոբ Օշականի Թատերգութիւններին Նուիրուած Արժէքաւոր Աշխատութիւնը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Պատգամին Հետքերով

Օգոստոս 20, 2025
Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Հարեւանիս Շան Հաջոցը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Սիրտս Արդեօք Յանցաւո՞ր Է

Օգոստոս 20, 2025
Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?