Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Գամիշլիի Մէջ Մեծաշուք Հանդիսութեամբ Նշուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Կերտման 107-Ամեակը
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի, նախագահութեամբ Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիայեանի, 1 յունիսին «Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 107-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն:
Օրուան բանախօս, յարաբերական մարմինի անդամ Յակոբ Պարսումեան արժեւորումը կատարեց մայիս 28-ին` ընդգծելով անոր դերը հայ ժողովուրդի նորօրեայ պատմութեան մէջ եւ անոր ստեղծման պատմակերտ հանգամանքը, շեշտելով ՀՅ Դաշնակցութեան դերակատարութիւնը: Ան ըսաւ, որ 107 տարի ետք չենք կրնար անտեսել այն շղթան, որ կապեց 1918-էն մինչեւ 2025 թուականները` սկսեալ 1920-ի խորհրդայնացումէն, որ չկրցաւ ջնջել մայիս 28-ի բարոյական ժառանգութիւնը, անցնելով 1991-ի Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացումէն, որ մերթ ընդ մերթ կը փորձէր խզել իր կապը Մայիս 28-ի հոգեվարքին հետ եւ հասնելով այսօրուան հանրապետութեան, երբ ներկայ իշխանութիւնը, որ ոչ միայն կ՛անտեսէ մայիս 28-ի դաշնակցական շունչը, այլեւ գործնական քայլերով կը ջանայ ջնջել դաշնակցութիւնը` իբրեւ ազգային քաղաքական ուժ: Ան շեշտեց, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը եղած է ու կը մնայ մայիս 28-ի խորհրդանիշը:
Լեւոն վրդ. Եղիայեան իր խօսքին մէջ շեշտեց հզօր Հայաստան կերտելու ազգային առաջադրանքին իրագործման համար Ա. Հանրապետութեան աւանդներուն այժմէական կենսունակութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը:
Հանդիսութեան ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Դամասկոսի Մէջ Ժողովրդային Տօնախմբութեամբ Յիշատակուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Կերտման Օրը
Կազմակերպութեամբ Դամասկոսի «Ահարոնեան» կեդրոնի վարչութեան եւ դամասկահայ միութիւններուն, տեղի ունեցաւ մայիսեան յաղթանակներու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման օրուան նուիրուած հանդիսութիւն:
Օրուան հանդիսավար Շանթ Կեցոյեան անդրադարձ կատարեց մայիս 28 կերտող սերունդի զոհաբերութեան, ազգասիրութեան` յանուն Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման, նորահաս սերունդներու համար անկախ հայրենիքի կառուցման:
Օրուան բանախօսն էր Հալէպէն ժամանած Սուրիոյ Հայ դատի Կեդրոնական յանձնախումբի ատենապետ Ծերուն Գահվէճեան:
Բանախօսը ըսաւ, որ մայիս 28-ը հայ ժողովուրդի յաղթանակի, ազգային հպարտութեան եւ վճռակամութեան փառապանծ տօնն է, որ ամէն տարի ոգեկոչելու ենք, որովհետեւ մայիս 28-ով հայ ժողովուրդը վեց դար գերութենէ եւ ստրկութենէ ետք տիրացաւ ազատ ապրելու իրաւունքին, անկախութեան եւ ժողովրդավարութեան: Ան դիտել տուաւ, որ աշխարհի պատմութեան մէջ հերոսամարտերը միշտ չէ, որ յաղթական աւարտի կը հասնին, սակայն մայիս 28-ով խորհրդանշուող Սարդարապատի հերոսամարտը հասաւ իր յաղթական աւարտին` ամրագրելով հայութեան յաւիտենական երթը եւ անկախ գոյութիւնը ազգերու ընտանիքին մէջ, վեց դարերու գերութեան խաւար շրջանէ մը ետք: Բանախօսը շեշտեց, որ մայիս 28-ը թուական մըն է, որ կը խտացնէ պատմական դէպքերու ամբողջ շարք մը, մեր անցեալը կը վերածէ ճառագայթող փարոսի, որ կը լուսաւորէ մեր ներկան, կը տարածուի դէպի ապագայ:
Ծերուն Գահվէճեան դիտել տուաւ, որ Հայաստան այսօ՛ր եւս, ինչպէս մօտիկ ապագային, կը դիմագրաւէ այնպիսի վտանգներ ու մարտահրաւէրներ, որոնք գոյութիւն ունէին 1918-ին, աւելցնելով, որ Թուրքիա եւ Ազրպէյճան չեն հրաժարած Հայաստանն ու հայութիւնը քարտէսէն ջնջելու համաթուրանական ծրագիրէն: Ան հաստատեց, որ մեր դիւանագիտական մեքենան ու մեր Դատին ծառայողները դէմ յանդիման են գերմարդկային ուժ եւ կամք պահանջող մարտահրաւէրներու, որոնք աւելի քան հրամայական կը դարձնեն հայութեան քաղաքական բոլոր ուժերու ձեռքերուն միացումը, եւ ո՛չ թէ ներքին բանավէճերով եւ հակադրութեանց բազմապատկումով` ջլատումը: Ան նաեւ կարեւոր նկատեց մեր միասնութիւնը շեշտելով, որ պէտք է նուազեցնել տարակարծութիւնները, վնասաբեր մրցակցութիւնները, որովհետեւ մայիս 28-ի Հայաստանին արարումը կատարուեցաւ հայութեան միացեալ ճիգերով, համատարած զոհաբերութեամբ, հետեւաբար ապագան չի կրնար կերտուիլ հատուածական միջակութիւններով եւ ազգային ժառանգութիւնները ներքին ու արտաքին սակարաններու մէջ մսխելու արշաւներով, այլ, ընդհակառակն, ազգայինն ու աւանդականը նախամեծար դասելու կամքով ու այդ կամքին գործնական արտայայտութիւններով:
Աւարտին ան կոչ ուղղեց երիտասարդութեան` չյուսահատելու, որովհետեւ Ցեղասպանութիւն ապրած ժողովուրդ մը, որ 3 տարի անց ձեռք բերաւ իր անկախութիւնը, իրաւունք չունի յուսալքուելու եւ յանձնուելու: Հետեւաբար պէտք է պայքարինք, գոյատեւենք եւ ապրինք : Գահվէճեան անդրադարձաւ երիտասարդութեան դերակատարութեան` հայ ժողովուրդի ապագայ աշխատանքներուն մէջ:
Աւարտին ազգային եւ յեղափոխական երգերով ելոյթ ունեցան Լիբանանէն երգիչներ Շաքէ Պաղտասարեան եւ Ղազար Քէօշկէրեան` ընկերակցութեամբ հանրածանօթ երաժիշտ Սեդօ Պաղտասարեանի:
Միացեալ Նահանգներ
ՀՅԴ 135-Ամեակի Եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 107-Ամեակի Նշում
Կազմակերպութեամբ Պոսթընի ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէին եւ ՀԵԴ «Նժդեհ» մասնաճիւղին, 17 յունիսին Ուաթըրթաունի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ կից Հրեշտակապետաց յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ սրահին մէջ նշուեցաւ ՀՅԴ-ի 135-ամեակը:
Արցախի եւ Հայաստանի քայլերգները մեներգեցին յաջորդաբար փոքրիկն Արամ Նազարեան եւ Անի Զարկարեան: Օրուան հանդիսավար Վարանդ Չիլոյեան իր բացման խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք եկած էին նշելու ՀՅԴ-ի 135-ամեակը եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 107-ամեակը:
ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէին անունով խօսք առաւ Տիգրան Խալիկեան, որ խօսեցաւ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի ճակատամարտերէն քաղուած դասերուն մասին: Ան նշեց, որ հայոց զօրքերը առաջնորդուած էին թէ՛ դաշնակցական ֆետայի հրամանատարներու եւ թէ՛ ցարական Ռուսիոյ բանակին մէջ ծառայած հայ զօրավարներու կողմէ, աւելցնելով, որ մարդիկ լքեցին իրենց տուները` միանալու կամաւոր խմբակներուն եւ եկան սնունդով, դեղորայքով եւ ռազմամթերքով, զինուորներուն աջակցելու համար: Խալիկեան շեշտեց, որ յաղթանակները անհրաժեշտ էին ամբողջ հայ ժողովուրդին, աւելցնելով, որ այսօր ալ այդպէս պէտք է ըլլայ, որովհետեւ միայն սփիւռքի եւ հայրենիքին համատեղ ջանքերով կարելի է պաշտպանել Հայաստանը եւ դարձեալ ազատագրել Արցախը:
Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Նազարեան նշեց, որ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան 107-ամեակը եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հիմնադրման 135-ամեակը պարզ տարեդարձներ չեն: Ան ըսաւ, որ հակառակ կարճ տեւողութեան` Ա. Հանրապետութիւնը դարձաւ հայկական ինքնիշխանութեան զարկերակը` ըլլալով պետութիւն մը, որ նուիրուած էր կրթութեան, դիւանագիտութեան, պաշտպանութեան եւ արժանապատուութեան: Բայց մեր պայքարը չաւարտեցաւ 1920-ին: Ան հաստատեց, որ խորհրդային տարիներուն ՀՅԴ-ն պահեց ազգային ինքնութեան ջահը սփիւռքի մէջ` հիմնելով դպրոցներ, եկեղեցիներ, երիտասարդական կազմակերպութիւններ եւ թերթեր, պահպանեց մեր լեզուն, պատմութիւնը, հաւատքը եւ կենդանի պահեց հայկական ոգին: Ան ըսաւ, որ Արցախի պարագային կրկին Դաշնակցութիւնը ժողովուրդին կողքին էր, եւ երիտասարդ հերոսներ պատասխանեցին կանչին ոչ միայն խօսքով, այլ` զէնքով, քաջութեամբ եւ իրենց կեանքերով: Անոնք օգնեցին, որպէսզի ապահովուի Արցախի ազատութիւնը եւ պաշտպանուի մեր ժողովուրդը` բնաջնջումէն: Եզրափակելով իր խօսքը` Նազարեան հաստատեց, որ կը գտնուինք վտանգաւոր ժամանակներու մէջ: Արցախը կորսնցուցած ենք առայժմ, բայց հայ ժողովուրդը պարտուած չէ: Ան հաստատեց, որ Դաշնակցութիւնը կը յիշեցնէ մեզի, որ անկախութիւնը պահ մը չէ, այլ առաքելութիւն մըն է: Զգօնութիւնը պարտադիր է գոյատեւելու համար: Հայրենիքի պաշտպանութիւնը պատմութիւն չէ, ան եղած է մեր պարտականութիւնը այն ատեն, եւ կը մնայ մեր պարտականութիւնը` այսօր ալ:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Խաժակ Մկրտիչեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ մայիս 28-ի պետականութեան ստեղծման խորհուրդին` զայն որակելով համաժողովրդային իրագործում: Ան շեշտեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան առանցքային դերակատարութիւնը` հայ ժողովուրդին կեանքին մէջ եւ լուսարձակի տակ բերաւ կուսակցութեան ազգային գործունէութեան տարբեր փուլերը` առաւելաբար կեդրոնանալով հայաստանեան ներկայ իրադարձութիւններուն եւ զարգացումներուն վրայ, եւ կարեւոր համարեց Երեւանի այսօրուան իշխանութիւններէն ձերբազատելու գործին մէջ ՀՅԴ-ի պատասխանատուութիւնը:
Աւարտին յեղափոխական եւ տոհմիկ երգերով ելոյթ ունեցաւ Գառնիկ Սարգիսեան:
Իրան
«Հայաստանն Այսօր. Արտաքին Եւ Ներքին Մարտահրաւէրները`Տարածաշրջանային Իրադարձութիւններու Ֆոնին» Նիւթով
Նախաձեռնութեամբ Թեհրանի Հայ դատի յանձնախումբին, 1 յունիսին Իրանի Հայ արհեստաւորներու միութեան «Արամ Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստանն այսօր. արտաքին եւ ներքին մարտահրաւէրները` տարածաշրջանային իրադարձութիւններու ֆոնին» նիւթով զրոյց, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին, պատմական գիտութիւններու դոկտոր Իսլամական խորհրդարանի նախկին պատգամաւոր Կարէն Խանլարեան, «Ալիք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արամ Շահնազարեան, Թեհրանի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Իսակ Իւնանէսեան, «Սոցիոմետր» անկախ ընկերաբանական կեդրոնի հետազօտական խումբի ղեկավար Լուսինէ Սարգիսեան, բարձր արհեստագիտութիւններու մասնագէտ դոկտ. Արթուր Յովսէփեան:
Զրուցավար Սարինէ Թորոսեան յիշեցուց Մերձաւոր Արեւելքի առկայ զարգացումներով պայմանաւորուած տարածաշրջանի ներկայ իրավիճակը` կարեւոր նկատելով Հայաստանի դէմ ծառացած արտաքին եւ ներքին մարտահրաւէրներու վերլուծումը` համապատասխան գնահատականներ տալու համար:
Սուրիոյ զարգացումներով պայմանաւորուած տարածաշրջանի ներկայ հաւասարումներուն անդրադառնալով` Արամ Շահնազարեան նշեց, որ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ որեւէ փոփոխութիւն պատճառ կ՛ըլլայ Թուրքիոյ դերի բարձրացման, անմիջականօրէն կ՛ազդէ Հայաստանի ապահովութեան վրայ: Ան ըսաւ, որ Իրանը փաստացի կորսնցուցած է Սուրիան, որ կը համարուէր Թեհրանի ռազմավարական խորքը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, աւելցնելով, որ Սուրիան կարեւոր էր, յատկապէս որպէս «Դիմադրութեան շարժման» արդիւնաւէտ յենակէտ, որուն կորուստով Իրանը զրկուեցաւ իր փրոքսիներու հետ անխափան կապի հնարաւորութենէն:
Իրավիճակի գնահատման բաժինով Շահնազարեան կարեւոր նկատեց մեծ խաղացողներու մօտեցումները, որոնց կարգին` Միացեալ Նահանգները, որուն կողմէ վերջերս բացայայտուած է նոր զարգացումներ ենթադրող կարծիք մը, որ Սուրիոյ մէջ քաղաքական կայունութիւն չի յիշեցներ այս երկրի ներկայ իրավիճակն ու գործելաոճը:
Դոկտ. Կարէն Խանլարեան բաժնելով «փրոքսիներու թուլացումը հաստատ պիտի ազդէ Հայաստանի ներկայ եւ ապագայ անվտանգութեան վրայ» կարծիքը` նշեց, որ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ երեք գլխաւոր իսլամական երկիրներ` Թուրքիա, Սէուտական Արաբիա եւ Իրան, մրցակցութեան մէջ են, աւելցնելով, որ իսլամական աշխարհը բնաւ միատարր չէ եղած, եւ թուարկուած երկիրներէն իւրաքանչիւրը ունի իր ազդեցութեան գօտին: Ան հաստատեց, որ Հայաստանի եւ Կովկասի հարցին մէջ Թուրքիոյ ուշադրութիւնը կը նուազի, երբ անոր փրոքսիները կը թուլնան Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, աւելցնելով, որ «Դիմադրութեան շարժման» հզօրացումը կրնայ ճիշդ դերակատարութիւն ունենալ Հայաստանի անվտանգութեան ամրապնդման գործին մէջ:
Թեհրանի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ դոկտ. Իսակ Իւնանէսեան կարեւոր նկատելով այն փաստը, որ Կովկասի մէջ դերակատարութիւն ունեցող ուժերը Ռուսիան, Իրանը եւ Թուրքիան են, դիտել տուաւ, որ այդ երկիրներուն միջեւ հաւասարումները փոխկապակցուած են տարածաշրջանի երկիրներու հետ անոնց ունեցած յարաբերութիւններով: Ան ըսաւ, որ անոնք այն գործօններն են, որոնք անմիջականօրէն իրենց ազդեցութիւնը ունին Հայաստան-Իրան մերձեցման եւ առհասարակ Կովկասի անվտանգութեան:
Իւնանէսեանը նշեց նաեւ, որ եթէ Հայաստանի մէջ ունենայինք ազգային մօտեցումներով ձեւաւորուած իշխանութիւն, կարելի էր իրավիճակով պայմանաւորուած հայաստանանպաստ բերքահաւաք կատարել:
Արամ Շահնազարեան պատասխանելով Երեւան-Պաքու կապերուն վերաբերող հարցումի մը` ըսաւ, որ անոնք կը մեկնաբանուին խաղաղութեան գործընթացով, իսկ բանակցային գործընթացը կ՛ենթադրէ փոխադարձ զիջումներու հիման վրայ փոխադարձ յարգանք` իրարու շահերու նկատմամբ, որ բացառուած է Հայաստանի գործող իշխանութեան մօտ: Ան ըսաւ, որ ներկայիս Պաքուի ուժերը կը գտնուին Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներուն մէջ, եւ չկայ որեւէ պահանջ զիրենք դուրս բերելու իմաստով` խաղաղութեան գործընթացը սկսելու համար անտրամաբանական գտնելով սահմանազատման գործընթացով պայմանաւորուիլը: Ան յիշեցուց, որ Պաքուն սահմանազատումէն զատ դրած է նաեւ հանրապետութեան զինանշանը, կամ սահմանադրութիւնը փոխելու պահանջ, որուն նպատակը մէկ է. քանի կայ Փաշինեանը, առաջ մղել բոլոր այն ծրագիրները, որոնք հնարաւորութիւն կու տան իրենց իշխելու Սիւնիքը Հայաստանէն կտրող շրջաններուն վրայ, որպէսզի Սիւնիքի կցումը իր տարածքին կարենայ իրականացնել առանց դժուարութիւններու:
«Ի՞նչ անդրադարձ կ՛ունենայ այս մէկը Հայաստանի հասարակութեան կարծիքին վրայ» հարցումին պատասխանելով` Լուսինէ Սարգիսեան նշեց, որ հարուածի տակ մնացած են մեր ինքնութեան բոլոր բաղադրիչները` բանակը, մշակոյթը, եկեղեցին, լեզուն եւ հայրենիք հասկացողութիւնը առհասարակ: Ան շեշտեց, որ իշխանութիւնները ջանք չեն խնայեր ինքնութիւնը հայրենիք հասկացողութենէն տարանջատելու ուղղութեամբ:
Արթուր Յովսէփեան, իր կարգին, անդրադառնալով ինքնութիւնը երաշխաւորող հիմնասիւներուն, երկրորդեց Լուսինէ Սարգիսեանին նշած բաղադրիչները` նշելով, որ 30 տարի առաջ դոկտ. Կարէն Խանլարեանը նոյն թեման կը փորձէր արմատաւորել ապագայ սերունդին մէջ:
Պոլիս
Ոչ Եւս Է Սերգէյ Վարդանեանը
Վերջերս իր մահկանացուն կնքեց Համշէնի ուսումնասիրութիւններով ծանօթ ազգագրագէտ եւ խմբագիր Սերգէյ Վարդանեան, որուն մահով դադրեցաւ նաեւ իր հիմնած եւ երկար տարիներ խմբագրած «Ձայն Համշէնական» պարբերականը:
Վարդանեան տասնամեակներով որոնեց համշէնցիներու մշակոյթը, պատմութիւնը եւ մանաւանդ` բարբառը: Ան այս նպատակով ճամբորդեց զանազան երկիրներ, ուր մերթ իրենց կամքով, մերթ բռնի պարտադրանքով բնակութիւն հաստատած են համշէնցիները:
Վարդանեան համշէնցիներու բոլոր բեկորները ուսումնասիրած գիտնական մըն էր եւ այդ աշխատանքներուն ծիրին մէջ այցելած էր նաեւ Թուրքիա` հանդիպելով համշէնցիներու, որոնց հետ շրջած էր նաեւ Խաչքարի լեռնադաշտերը:
Ֆրանսա
Արցախի Խորհրդանիշ «Մամիկ-Պապիկ»-ի Արձանին Բացման Արարողութիւնը
12 յունիսին UGA «Արծիւ» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի խորհրդանիշ «Մամիկ-Պապիկ»-ի արձանին բացման արարողութիւնը:
Ներկայ էին` ծերակուտական Վալերի Պուայէ, Մարսէյի 11 եւ 12-րդի փոխթաղապետ Ֆիլիփ Խոզեան, UGA «Արծիւ»-ի ատենապետ Ֆիլիփ Գազարեան, սկաուտներ, միութենականներ: