Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մէկ Ազգ, Մէկ Եկեղեցի

Յունիս 18, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Հայաստանի մէջ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին ու բարձրաստիճան եկեղեցականներուն շուրջ հրահրուած վիճարկումները չեն դադրիր: Վիճարկումը հրահրուած էր վարչապետին կողմէ. հակառակ բազմաթիւ կողմերէ ու շրջանակներէ հնչող դատապարտումին, Նիկոլ Փաշինեան կրկնուող գրառումներով արծարծ պահեց, երկրի վարչապետին կողմէ անվայել բառապաշար մը օգտագործելով, եկեղեցւոյ ներքին գործերուն միջամտութեան ապօրինի ընթացքը: Վերջինը Ազգային ժողովին մէջ իսկ կատարած գրառումն է. «Պոռնկաբարոյ հոգեւորականներն ու անոնց պոռնկաբարոյ «բարեգործներն» ինչո՞ւ են ակտիւացել: Ոչինչ` նորից կը պասիւացնենք: Ընդ որում` ընդմիշտ»: Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը իրաւունք ունի՞ նման լպիրշ ոճով արտայայտուելու ու սպառնալու Հայ եկեղեցւոյ բարձրագոյն հոգեւորականներու հասցէին, նոյնիսկ եթէ, իր տեսանկիւնէն, անոնք զանցանք գործած են: Խախտած են ոչ միայն իրաւական պետութեան սկզբունքը եւ պետութիւն եւ եկեղեցի անջատման կանոնը, այլեւ տարրական բարոյականութեան ու բարոյագիտական մօտեցման հանրաճանաչ սկզբունքները:

Պեռնի (Զուիցերիա) մէջ Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման նուիրուած համագումարին, որ կազմակերպուած էր Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի եւ Զուիցերիոյ բողոքական եկեղեցիներու կողմէ, խօսք առին Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ., անձամբ ներկայ էր, եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա., առցանց: Նոյն օրերուն արծարծուեցաւ Գարեգին Բ. կաթողիկոսի օրինաւորութեան «հարցը»: Գարեգին Բ. կաթողիկոս ընտրուած է 1999-ին: Երկու դէպքերուն յարաբերութիւնը ակներեւ է:

Նոյն օրերուն զուգադիպեցաւ «Կիլիկիա» վերլուծական հարթակի գումարումը, որուն անդրադարձը ներկայացուեցաւ, Հայաստանի մէջ, իբրեւ Արամ Ա.-ի դիրքորոշում: Արամ Ա. կը մասնակցի հարթակի աշխատանքներուն: Հարթակը արձանագրեց հետեւեալ դիրքորոշումը. «Ժողովականները խոր մտահոգութիւն արձանագրեցին Հայաստանի մէջ բարձրաստիճան եկեղեցականներու նկատմամբ պետական իշխանութիւններուն հրապարակած հարցերուն պատճառով ստեղծուած մթնոլորտին մասին: Անընդունելի նկատուեցաւ հարցերու այս ձեւով բարձրացումն ու արծարծումը, որոնք չեն առաջնորդեր լուծումներու, այլ կը ստեղծեն ներհասարակական լարուածութիւն»:

10-էն 14 յունիս 2025-ին գումարուեցան Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան (Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներ), լիակատար նիստերը: Ժողովին հաղորդագրութիւնը կը պարզաբանէ անոր կարեւորութիւնը, կը վկայէ մանաւանդ Հայ եկեղեցւոյ ժողովրդավարական կառավարման եւ ժողովրդային նկարագիրին մասին: Ժողովին մասնակցելու հրաւիրուած էին թեմերու առաջնորդները եւ թեմական վարչութիւններու աշխարհական ներկայացուցիչները: Լիակատար նիստերու օրակարգի «նուիրապետական աթոռներու հետ յարաբերութիւն» եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ յարաբերութիւն» կէտերու քննութիւնը բնականաբար առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու Հայաստանի մէջ յամեցող կացութեան: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը չորս կէտերու մէջ կ՛ամփոփէ իր դիրքորոշումը:

«ա) Պետութիւն-եկեղեցի յարաբերութիւններու մասին Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան համապատասխան կէտերը ճշդած են հիմնադրոյթներ, որոնք հիմնականին մէջ կը սահմանեն անոնց անջատ ըլլալը, հետեւաբար նաեւ` եկեղեցւոյ անկախութիւնը: Սահմանադրութեան կը հակասէ նման միջամտութիւններ կատարելով հարցերու արծարծումը:

«բ) Եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականներու վերաբերող հարցերը կը քննուին եկեղեցական կանոնագրութեան համաձայն: Արդ, եկեղեցւոյ ու եկեղեցականներու առնչուած հարցերու գծով միջամտելու որեւէ իրաւական հիմք չունի պետութիւնը:

«գ) Խստօրէն դատապարտելի է եկեղեցական հարցերուն հրապարակային քննարկման համար օգտագործուած ոճը:

«դ) Հայրենիքին դիմագրաւած գոյաբանական խնդիրներուն ու անոր անվտանգութեան սպառնացող իրավիճակին դիմաց, անհրաժեշտ է նպատակաուղղուած աշխատիլ հայրենիքի գոյութեան սպառնացող վտանգներու դիմակայման ընդառաջ` մերժելով նման բաժանարար ու պառակտիչ փորձեր:

«ե) «Մէկ ազգ, մէկ եկեղեցի» սկզբունքէն մեկնած, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, ինչպէս միշտ, այս հանգրուանին եւս կը զօրակցի Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան` մերժելով անոր դէմ կատարուած որեւէ ոտնձգութիւն»:

Հայաստանի շուրջ վտանգները կը բազմանան ու ահազանգող կը դառնան: Հայրենիքի պաշտպանութեան շուրջ համախմբումը հրամայական է ու անյետաձգելի: Լուսանցքային ու արհեստական հարցերու արծարծումը նպատակ ունի շեղելու ուշադրութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութեան իսկ սպառնացող վտանգներէն: Կրկնուող այս գործելաոճը պէտք չէ շարունակուի. Հայաստանը եւ հայ ժողովուրդը կարիքը ունին համախմբող իշխանութեան, ազգային միասնականութեան եւ նպատակասլաց աշխատանքի:

 

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Ակնարկ. Իրանի Վրայ Յարձակումին Յայտարարուած Եւ Քողարկեալ Պատճառները

RelatedPosts

Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

80-Ամեայ ՄԱԿ-ի Թրամփեան Կանգառը…

Հոկտեմբեր 3, 2025
«Իրական Հայաստան»` Առանց Արարատի, Ղարաբաղի, Ցեղասպանութեան Եւ… Ինքնիշխանութեան
Անդրադարձ

«Իրական Հայաստան»` Առանց Արարատի, Ղարաբաղի, Ցեղասպանութեան Եւ… Ինքնիշխանութեան

Հոկտեմբեր 3, 2025
Տոմս.  Զաւալլը՜ Սարքոզի…
Անդրադարձ

Տոմս. Զաւալլը՜ Սարքոզի…

Հոկտեմբեր 3, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?