Յօդուածներ

Մայրենի Լեզու – Վերասահմանումի Անհրաժեշտութիւն Եւ Դպրոց*

Լեզու, Մի՜ Դաւաճաներ Գրողին

ՆՈՐԱ ՊԱՐՈՒԹՃԵԱՆ Ֆրանսագիր աֆղան գրող Աթիք Ռահիմին ֆրանսախօսութեան նուիրուած փարիզեան գրական հաղորդումի մը ընթացքին նամակ մը կարդաց` ուղղուած կեանքէն վաղուց հեռացած իր մօրը: Սրտաբուխ նամակ մը, ուր կը խոստովանի, որ կը դաւաճանէ մօրը եւ ներողութիւն կը խնդրէ անկէ, քանի որ կը գրէ լեզուով մը, որ ո՛չ իրն է եւ ո՛չ մօրն է եղած, բայց եւ այնպէս, պիտի շարունակէ գրել որդեգրուած...

Ինչո՞ւ Օտարով Օտարանալ

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսը Իր 30-Ամեայ Գահակալութեամբ Վեհափառացաւ Եւ Վեհափառացուց

ԱՒԵՏԻՔ ՎՐԴ. ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ Թուաբանութեան մէջ երեսունը պարզապէս թիւ մըն է` սեղմ եւ սահմանափակ: Բայց մարդկային կեանքին մէջ թիւերն իրենց զուտ թուաբանական արժէքէն անդին կը գտնուին: Հոն տարիքը հաշիւ չէ, այլ ապրուած արժէքներու կշիռ: Երբ տարիները լեցուած են հաւատքով, գաղափարներով եւ նուիրումով, անոնք կը փոխուին ժամանակի ոչ թէ անցնող, այլ արժեւորուող հատուածներու: Այսպէս, երեսուն տարին կրնայ դառնալ ամբողջական նուիրումի խորհրդանիշ...

Բաց Նամակ.  Հայոց Ցեղասպանութիւնը` Ամէն Բանէ Վեր

Բաց Նամակ. Հայոց Ցեղասպանութիւնը` Ամէն Բանէ Վեր

ՃՐՏԳՏ. ՔՐԻՍՏ ԻՍԿԷՆՏԷՐԵԱՆ Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու ժառանգորդ 2025 թուականի յունիս 20-ին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը այցելեց Պոլիս: Պետական այցելութիւնները` իբրեւ արտաքին յարաբերութիւններու գործիք, կրնան օգտակար ըլլալ, երբ հիմնուած են պատմական իրողութիւններու ու ազգային արժանապատուութեան գիտակցութեան վրայ: Սակայն երբ այցելութիւնը կը կատարուի առանց նախապայմաններու, առանց պատմական արդարութեան պահանջի եւ առանց Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ու հատուցման օրակարգին ընդգրկման` այդ առաքելութիւնը կը վերածուի լուռ...

Քալիֆորնիոյ Համալսարանը Կը Պատրաստէ Հայոց Ցեղասպանութեան Օրերուն Թուրքիոյ Կողմէ Բռնագրաւուած Հայկական Ունեցուածքի Ցանկը

Քալիֆորնիոյ Համալսարանը Կը Պատրաստէ Հայոց Ցեղասպանութեան Օրերուն Թուրքիոյ Կողմէ Բռնագրաւուած Հայկական Ունեցուածքի Ցանկը

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Լոս Անճելըսի Քալիֆորնիոյ համալսարանի (UCLA) «Խոստում» հայկական հիմնարկի ծիրին մէջ գործող Հայոց ցեղասպանութեան հետազօտական ծրագիրը (AGRP) նախորդ շաբաթ մեկնարկեց բեկումնային նախագիծ մը, որ հայերուն կարելիութիւն պիտի տայ փոխհատուցում ստանալ իրենց ունեցուածքին համար, որ Ցեղասպանութեան ընթացքին  եւ անկէ ետք բռնագրաւուած էր թրքական կառավարութեան կողմէ: Բացի մէկուկէս միլիոն հայերու զանգուածային սպանդէն, թրքական կառավարութիւնը բռնագրաւած է նաեւ անոնց հայրենիքը` Արեւմտեան Հայաստանը,...

Լեւոն Միսիրեանի Յիշատակին

Լեւոն Միսիրեանի Յիշատակին

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Լիբանանահայ գաղութի կեանքին մէջ մի՛շտ ալ գտնուած են անձեր, որոնց գործն ու ներդրումը մնացած է շուքի մէջ, եւ յետմահու իրենց հարազատներու կամ ծանօթներու արտայայտած յուշերու ճամբով ի յայտ եկած է անոնց օրինակելի ներդրումն ու վաստակը: Այդ տիպարներէն մէկն է Լեւոն Միսիրեան, որ ծնած էր Պէյրութ, 1934-ին: Ազգասէր, եկեղեցասէր ու բազմանդամ ընտանիքի հայր մը, որ իր սերունդը յատկանշող ջանասիրութեամբ...

Եդուարդ Աւագ Սարկաւագ Դաւիթեանի  Յիշատակին

Եդուարդ Աւագ Սարկաւագ Դաւիթեանի Յիշատակին

ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ        Արդի ժամանակներուն, երբ մեքենականացուած եւ մասամբ արհեստական բանականութեամբ առաջնորդուած ենք, ոգեղէն ու վսեմ արժէքները ոտնակոխուած են,  նիւթականն ու կեղծիքը կը գերազանցեն նուիրեալն ու անձնազոհը: Այս մթնոլորտին մէջ կենսական է Դիոգինէսի լապտերը` գտնելու եւ փոխարինելու համար մարդիկ, որոնք կը մեկնին այս աշխարհէն` բաց մը ձգելով իրենց ապրած միջավայրէն ներս: Զուիցերահայութիւնը եւ Ժընեւի Ս. Յակոբ եկեղեցին քառասուն օրեր առաջ սգացին...

Մտորում` Դիպուածէն, Տեղեկութենէն  Եւ Յուզումէն Տարբեր Ալիքներու Վրայ.  Այս Է Մեր Ճակատագիրը: Դիմանալ Է Պէտք: Յետո՞յ…

Հայաստան Երկրի Եւ Անոր Տէր Ազգի Քաղաքական Անելանելիութիւնը…

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Հռոմէն առաջ, Բաբելոնի օրերուն ալ, կար Երկիր Նայիրի կամ Հայաստան, Արմենիա: Աստուածաշունչը Նոյեան տապանը հոն բերած է, Արարատի վրայ, Նոյը հոն տնկած է խաղողի այգի: Հոն ապրող ժողովուրդը կը կոչուէր հայ կամ արմէն: Կը սիրենք ըսել նաեւ` նայիրիցի:  Պատմաբանները թող որոշեն: Այդ երկիրը եւ ժողովուրդը ունեցած են պատմութիւն, ընդգրկուած են յունահռոմէական քրիստոնեայ համաստեղութեան եւ մշակոյթին մէջ: Ներխուժումներ դիմագրաւած...

Պարտուած ու  Պատառուած

Պարտուած ու Պատառուած

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ Յանձնուեցաւ Շուշին շուշփայ Վէրքը կոտտաց ներսիդին Հայն իր հողէն բռնի ելաւ Անտէր մնաց յուռթի այգին: Արծաթ Արցախը որբացաւ Մաշտոց պահած ներսիդին. Գաղթականի աղեվիճակ Քար լռութիւնն աշխարհին: Տագնապ ունինք համատարած, Խաչուած հոյլ-հոյլ հերոսներ Պիղատոսներ ձեռընլուայ Շրջապատուած սահմաններ: Ո՞ւր գացեր է բռունցքը հայուն Թող դուրս գայ խոր թմբիրէն Հայաշխարհը կ՛անհետանայ Ինք լուր չունի՞, թէ հոգը չէ: Անառակը թող տուն դառնայ...

Սթափելու Ժամանակը

Պատերազմը Դադրեցաւ. Հիմա Ի՞նչ Պիտի Ընեն Կողմերը

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ պատերազմը անակնկալօրէն աւարտեցաւ, ինչպէս սկսած էր անակնկալօրէն: Կամօքն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն: Պատերազմը տեւեց տասներկու օր: Պատերազմ սկսելէ առաջ բանակցութիւն տեղի կ՛ունենար Իրանի հիւլէական գործարքին շուրջ: Թրամփի առաջին նախագահութեան շրջանին գոյացած համաձայնութեան յետս կոչումին ընկերացած էին պատժամիջոցներ: Իրան կը հարստացնէր իւրանիոմը, անդադար բարձրացնելով հարստացման մակարդակը: Այդ մակարդակը վտանգաւոր կերպով կը մօտենար համեմատութեան մը, որ կարելի...

Լայն Հորիզոններ. Իրանի Վրայ Ամերիկեան Յարձակումը` Նախընթաց «Յաղթանակներ»-ու Լոյսին Տակ

Լայն Հորիզոններ. Իրանի Վրայ Ամերիկեան Յարձակումը` Նախընթաց «Յաղթանակներ»-ու Լոյսին Տակ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Իրանի վրայ ամերիկեան ուղղակի յարձակումը, որ սկիզբ առաւ շաբաթ, 21 յունիսի գիշերը, պատասխաններէ աւելի` հարցականներ ստեղծեց: Անմիջական մտավախութիւնները տարածուն են. տեսանելի է, որ աշխարհը քայլ մը եւս մօտեցաւ լայնատարած պատերազմի մը, որ պիտի նշանակէ վերջ տալ Գ. աշխարհամարտը մասնավճարներով` տեղ-տեղ ահաւոր բռնկումներով ու նախճիրներով իրականացնելու գործելաձեւին: Հարցումներու շարասիւնը երկար է. Իրան ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս պիտի հակադարձէ յարձակումին (պատասխանը...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Միաբանական Համագումարի Մասնակիցները Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիր, «Եռաբլուր» Եւ Կոմիտասի Անուան Պանթէոն Այցելեցին Վերջերս Միաբանական համագումարին առիթով Մայր Աթոռի մէջ մէկտեղուած Հայաստանի եւ սփիւռքի թեմերուն ու եկեղեցական կառոյցներուն մէջ սպասաւորող Սուրբ Էջմիածինի միաբանները, մինչ համագումարի պաշտօնական մեկնարկը, այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր` իրենց խոնարհումը բերելով Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներուն: Յուշահամալիրին մէջ ծաղկեպսակի զետեղումէն ետք, հոգեւոր հայրերը կատարեցին նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու...

Հայկական Բանակին Յարձակողականը Եւ Նահանջը Կարմիր Բանակին Կորուստները Խոտանանի Մէջ.   Արցախի Հարցով Զեկուցում Հայաստանի Խորհրդարանին Մէջ

Հայկական Բանակին Յարձակողականը Եւ Նահանջը Կարմիր Բանակին Կորուստները Խոտանանի Մէջ. Արցախի Հարցով Զեկուցում Հայաստանի Խորհրդարանին Մէջ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Հայկական բանակը, որ կենաց մահու գօտեմարտեր կը մղէր, 1920 հոկտեմբերին համեմատական յաջողութիւններ արձանագրած էր: Թրքական ուժերու յարձակողականը զսպուած էր, իսկ Զանգեզուրի մէջ Գարեգին Նժդեհի մարտիկները կարմիր բանակը քշած էին Սիսիանի կողմերէն եւ ազատագրած էին Կապանը: * * * Հայկական բանակը 14 հոկտեմբեր 1920-ին հակայարձակման անցաւ Կարսի ուղղութեամբ: Ռազմական ծրագիրին համաձայն հակայարձակումը պիտի կատարուէր երեք ուղղութիւններով: Աջ թեւը եւ...

Լիբանանի  Մէջ   Օտարներու Պատերազմին 50-րդ  Տարելիցը

Աշխարհաքաղաքական Վտանգաւոր Զարգացումներու Առջեւ Կը Գտնուի Հայաստան

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ  Վարչապետ Փաշինեանի` Պոլսոյ առաքելութիւնը  չէր տարբերեր ժընեւեան,  միւնիխեան եւ նիւեորքեան փորձառութիւններէն: Պոլսահայ համայնքի ներկայացուցիչները շփոթահար եւ զարմացական հայեացքներով ընկալեցին Հայաստանի վարչապետէն  լսուող  կարգ մը  դիրքորոշումներ: Պոլսոյ մէջ վարչապետը հայ համայնքի  ներկայացուցիչներուն յայտնեց` չզարմանալ,  որովհետեւ երբ «խաղաղութեան խաչմերուկ»-ը  բացուի, Ազրպէյճանը պիտի յայտարարէ` «Զանգեզուրի միջանցք»-ը  բացուեցաւ... Վարչապետին «մեֆիսթօ»-ական   շարժուձեւերը այն տպաւորութիւնը ստեղծեցին, թէ օրերու հարց պէտք էր ըլլար միջանցքին բացումը:...

Նամականի

Ռուսիոյ մասին Դ. Մաս – Իսրայէլի Յարձակումը Իրանի Դէմ, Հաւաքական Արեւմուտքին Պատերազմն է Ռուսիոյ, Եւրասիոյ եւ ՊՐԻՔՍ-ին Դէմ

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Այս Ծրագիրին Գործադրութիւնը Արցախի 44-Օրեայ Պատերազմով Սկսաւ Ատրպէյճանը, ցարդ իբր թէ կը «խաբէր» Իրանը, իր Իսրայէլի հետ սերտ գործակցութեան՝ ռազմական, քաղաքական, հետախուզական եւ ուժանիւթի մարզերուն մէջ: Այժմու Իսրայէլ-Իրան պատերազմին առիթով, գրաւը դրած էր Իրանի «արագ պարտութեան եւ իշխանափոխութեան» սխալ հաշիւին վրայ եւ արտօնած էր Իսրայէլի, որ Ատրպէյճանէն Իրանի վրայ յարձակի, թէ՛ անօդաչու ռմբակոծիչներով եւ թէ՛ ալ ելեկտրոնային դրութիւններու...

Ինչպէ՛ս Կը Դաստիարակէին…

Ինչպէ՛ս Կը Դաստիարակէին…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Մօտաւորապէս 10 օր առաջ ամերիկեան մամուլը տարածեց լուր մը, թէ` աւելի քան տասնեակ մը հայեր ձերբակալուած են երկրի տարածքին գործող աւազակախումբի մը անդամակցութեան եւ բազմատեսակ յանցանքներ գործած ըլլալու մեղադրանքով: Լուրը Պէյրութէն իմացող բարեկամ մը օրին երկտողով մը մտահոգութիւն յայտնած էր դէպքին մասին. պատասխաներ էի, որ «ամէն տուն արտաքնոց մը կ՛ունենայ» (արաբերէն ծանօթ խօսքի մը թարգմանութիւնն է սա), կան...

Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին

Օրհնութի՞ւն, Թէ՞ Անէծք – Դիմատետրը Գայթակղութեան Քա՞ր Մը. Հայ Որոշ Եկեղեցականներու Վիճայարոյց Ներկայութիւնը Հանրային Հարթակներուն Մէջ

ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ Կուստաւ Տորէ (1832–1883) –Նկարը կը ներկայացնէ Յիսուսի համանունառակը՝ «Փարիսեցին եւ մաքսաւորը» (Ղկ. ԺԸ, Հին ասացուածք մը կ՛ըսէ. «Պատը յիմարին օրագրութեան տետրակն է»: Ի հարկէ խօսքն այստեղ պատմական յուշարձաններու կամ եկեղեցիներու պատերուն վրայ փորագիր արձանագրութիւններուն չի վերաբերիր. ասոնք տեսակ մը թանկագին փաստագրեր են` յիշատակարաններ, որոնք կարեւոր տեղեկութիւններ կը հաղորդեն համապատասխան կառոյցի ինքնութեան, շինութեան թուականին, կառուցողին, բարերարին եւ...

Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը

Պատմական Թարգմանութիւնս

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Հակառակ անոր որ ողորմած մայրս Պոլիս ծնած էր, մենք` երեք եղբայրներ, մեր մանկութեան, պատանեկութեան եւ վաղ երիտասարդութեան տարիներուն մեր տան մէջ եւ կամ նոյնիսկ եօթը դրացիներով խճողուած բազմամարդ բակին մէջ թրքերէնով  խօսակցութեան կամ թրքերէնով արտայայտութիւններու շատ քիչ հանդիպած էինք: Նաեւ յիշեմ. երբեմն կը պատահէր, որ ծնողքս կամ մեր դրացիները մեր իսկ ներկայութեան իրարու գաղտնի «բաներ» մը ուզէին խօսիլ,...

«Եթէ Մի Օր Չունենամ Այն Միջոցները, Որ Չկարողանամ Օգնել Երեխաներին, Պարտուած Կը Զգամ Ինձ». Արմինէ Յովհաննիսեան

«Եթէ Մի Օր Չունենամ Այն Միջոցները, Որ Չկարողանամ Օգնել Երեխաներին, Պարտուած Կը Զգամ Ինձ». Արմինէ Յովհաննիսեան

25 տարի առաջ Արմինէ Յովհաննիսեանը գուցէ չէր էլ պատկերացնում, որ իր հիմնադրած բարեգործական կազմակերպութիւնը` «Օրրան»-ը, դառնալու է հազարաւոր մեծ ու փոքրերի երկրորդ տուն: Այստեղ մէկ անգամ այցելելուց յետոյ` դեռ երկար կարող ես մտապահել այն սէրն ու ջերմութիւնը, որ ստանում ես: Այս 25 տարիներին «Օրրան»-ը հազարաւոր երեխաների ու մեծահասակների է օգնել: Երեխաներն այստեղ ոչ միայն սնունդ, հագուստ, դասերն են պատրաստում, այլեւ...

Խաչիկ Թէօլէօլեան Եւ Սփիւռքագիտութիւնը (ԺԸ.)

Խաչիկ Թէօլէօլեան Եւ Սփիւռքագիտութիւնը (ԺԸ.)

ԳԱՌՆԻԿ ԱՒ. Ք. Գ. ԺԳ.- Բրտութենէն «Ան-Բան» Չմնալ... III.- Անցեալէն ժառանգուած միջնորդոյթ մը եթէ չվերամտածուի, չվերլուծուի, չմտնէ կարծիքներու փոխանակութեան եւ հաղորդակցութեան ու խորհրդակցութեան ծիրէն ներս, անկարելի է ունենալ առողջ ընկերութիւն մը, համայնքներ, սփիւռք: Եւ դեռ, երբ անիկա ի գործ կը դրուի առանց վերամտածման, վերլուծման, կարծիքներու փոխանակութեան եւ հաղորդակցութեան ու խորհրդակցութեան ձախողութիւններու, թակարդներու եւ վտանգներու ու աղէտի կամ աղէտներու կը տանի:...

Ուրուագիծ` Դիմանկարի Համար.    Մարտիրոս Յ. Ալթունեան (1889, Պուրսա, 1958, Պէյրութ)

Ուրուագիծ` Դիմանկարի Համար. Մարտիրոս Յ. Ալթունեան (1889, Պուրսա, 1958, Պէյրութ)

ԱՐԹՈՒՐ ԱՆԴՐԱՆԻԿԵԱՆ Գեղարուեստ եւ գեղարուեստական իրականութիւն. այս ուրուագծումով դոյզն ինչ կը շեղիմ, բայց քանի որ գրականութիւնը գեղարուեստական ստեղծագործութիւններուն անքակտելի մասը կը կազմէ, արդարացուցիչ պէտք է թուի սա անդրադարձը` մեծահամբաւ ճարտարապետ, գեղանկարիչ Մարտիրոս Յ. Ալթունեանի ժառանգութեան վկայաբերումով, մէկ պարզ պատճառով, որուն ճարտարապետական բոլոր կոթողները երեւակայական` իրականին հետ միախառն անձնուիրութեամբ գեղարուեստական ինքնօրինակ մտայղացումներու արգասիք են եւ հիմնովին կը վերաբերին եկեղեցական ու եկեղեցապատկան...

Page 99 of 1110 1 … 98 99 100 … 1,110

Արխիւներ