Գաղութէ Գաղութ
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Յունաստան ՀՅԴ Յունաստանի Պատանեկան Միութեան 60-Ամեակի Նշում Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Յունաստանի պատանեկան միութեան Վարիչ մարմինին, 15 յունիսին, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբի մարզադաշտին մէջ նշուեցաւ միութեան 60-ամեակը: Օրուան հանդիսավար Արմէն Աճեմեան ներկայացուց ձեռնարկին նպատակը, ապա Վարիչ մարմինին խօսքը արտասանեց Ժաննա Յովսէփեան: Ան նկատել տուաւ, որ տարիներու ընթացքին շատ բան փոխուած է, սակայն կայուն եւ անփոփոխ մնացած է միութեան նպատակը, որն...




















