Գաղութէ Գաղութ

Մահ` Տոքթ․ Վազգէն Տէր Գալուստեանի

Մահ` Տոքթ․ Վազգէն Տէր Գալուստեանի

Քանատայի մէջ իր մահկանացուն կնքած է ազգային-հասարակական գործիչ տոքթ. Վազգէն Տէր Գալուստեան: Տոքթ Վազգէն Տէր Գալուստեան անդամակցած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, մաս կազմած Մեծի Տան Կիլիկիոյ կաթողիոսութեան Կեդրոնական վարչութեան, ատենապետած կաթողիկոսութեան Ընդհանուր ժողովներուն: Ան երկար տարիներ անդամակցած է նաեւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան եւ նախագահած Մուսա լերան հերոսամարտի յոբելենական իրերայաջրոդ յանձնախումբերուն: Վազգէն Տէր Գալուստեան հանրածանօթ էր նաեւ իբրեւ միջազգային համբաւի արժանացած...

Գաղութէ – Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Ղնեմիէ Հայկական Գիւղի Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Ուխտի Օր Հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի, տարիներու աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս 24 օգոստոսին նշուեցաւ Ղնեմիէ հայկական գիւղի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ տօնը, որ միշտ կը յիշատակուի Աստուածամօր Վերափոխման տօնին յաջորդող շաբաթ օրը: Նախքան պատարագը, սրբազան հայրը հայ եկեղեցւոյ կանոնակարգին եւ ծէսին համաձայն, օրհնեց եւ օծեց...

Համա-ՀՄԸՄ-ական Խմբապետական Թ. Համագումարը Գահիրէի Մէջ Աւարտեց Իր Աշխատանքները

Համա-ՀՄԸՄ-ական Խմբապետական Թ. Համագումարը Գահիրէի Մէջ Աւարտեց Իր Աշխատանքները

Չորս օրուան քննարկումներէ, աշխատանքային նիստերէ եւ գործնական հանդիպումներէ ետք, շաբաթ, 31 օգոստոսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, համա-ՀՄԸՄ-ական Թ. համագումարը իր աշխատանքները աւարտեց Գահիրէի «Յուսաբեր» կեդրոնի «Գարագաշեան» սրահին մէջ: ՀՄԸՄ-ի 24 Շրջանային եւ Մեկուսի շրջաններ ներկայացնող 38 բարձրաստիճան խմբապետ-խմբապետուհիներ համագումարին ընթացքին լսեցին բազմաթիւ զեկուցումներ, որոնց լոյսին տակ ծաւալեցին խոր քննարկումներ: Այսպէս, «Սկաուտական համագումարներու նպատակն ու դերը» նիւթին շուրջ զեկուցեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան...

Համա-ՀՄԸՄ-ական Խմբապետական Թ. Համագումարին Մեկնարկը Յաջողութեամբ Տրուեցաւ Գահիրէի Մէջ

Համա-ՀՄԸՄ-ական Խմբապետական Թ. Համագումարին Մեկնարկը Յաջողութեամբ Տրուեցաւ Գահիրէի Մէջ

Չորեքշաբթի, 28 օգոստոսի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Գահիրէի «Յուսաբեր» ակումբի «Գարագաշեան» սրահին մէջ կազմակերպուած պաշտօնական հանդիսութեամբ մը մեկնարկը տրուեցաւ համա-ՀՄԸՄ-ական խմբապետական Թ. համագումարին, որ կ՛երկարի մինչեւ կիրակի, 1 սեպտեմբեր: Բացման հանդիսութիւնը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին Եգիպտոսի հայոց թեմի առաջնորդ Աշոտ եպս. Մնացականեան, Եգիպտոսի թեմի եւ Երուսաղէմի պատրիարքական կառավարիչ հայ կաթողիկէ Գրիգոր Օգոստինոս եպս. Գուսան, Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Մկրտիչ Կարապետեան, թեմական...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Միացեալ Նահանգներ Նիւ Ճըրզիի Մէջ Տեղի Ունեցաւ «Շուշանիկ» Ճամբարը 12-16 օգոստոսին տեղի ունեցաւ Նիւ Ճըրզիի (Ռիճֆիլտ) Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ «Շուշանիկ» ամառնային ճամբարը, որ այս տարի ունեցաւ 65 մասնակիցներ, որոնց ընկերակցեցան 30 հոգինոց անձնակազմ մը: 13 օգոստոսին Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեան այցելեց ճամբար եւ հանդիպում ունեցաւ մասնակիցներուն ու ուսուցիչներուն հետ եւ քաջալերեց տարուող աշխատանքները: ՀՅԴ...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Ս. Աստուածածինի Վերափոխման Տօնին Առիթով Քեսապի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ Եպիսկոպոսական Պատարագ Եւ Խաղողօրհնէք Կիրակի, 18 օգոստոս 2024-ին, Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնին առիթով, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան սուրբ պատարագ մատուցեց, իր հայրական պատգամը ուղղեց ժողովուրդին եւ խաղողօրհնէք կատարեց Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Իր քարոզին մէջ սրբազանը անդրադարձաւ Աստուածամօր առաքինի կենցաղին, մաքրամաքուր սրբութեան եւ...

Համա-ՀՄԸՄ-ական Խմբապետական Թ. Համագումար Գահիրէի Մէջ

Համա-ՀՄԸՄ-ական Խմբապետական Թ. Համագումար Գահիրէի Մէջ

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպութեամբ, 28 օգոստոսէն 1 սեպտեմբեր 2024-ին Գահիրէի ՀՄԸՄ-«Արարատ» ակումբին մէջ տեղի կ’ունենայ միութեան խմբապետական Թ. համագումարը` մասնակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային եւ Մեկուսի 24 շրջաններէ 40 բարձրաստիճան խմբապետ-խմբապետուհիներու, Կեդրոնական վարչութեան սկաուտական կորիզի պատասխանատուներու եւ հիւր դասախօսներու: Համա-ՀՄԸՄ-ական խմբապետական համագումարները ընթացք առած են 1982-ին: Վերջին համագումարը տեղի ունեցած է 2016-ին, Երեւան: 2020-ին, «Քորոնա»-ի համաճարակին պատճառով, Թ. համագումարը փոխարինուեցաւ առցանց համագումարով...

Գաղութէ – Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ  Սուրիա Զրոյց` Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգ. Ժողովի Պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեանի Հետ Կազմակերպութեամբ  ՍՕԽ-ի դաստիարակչական յանձնախումբին, 26 յուլիսին «Արամ Մանուկեան» ժողովրդային տան «Լեւոն Շանթ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՍՕԽ-ի նստավայրի մասնաճիւղերու եւ յանձնախումբերու անդամներուն առցանց հանդիպում-զրոյցը` Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Լիլիթ Գալստեանի հետ: Զրոյցի նիւթն էր` «Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքն ու արտաքին...

Մահացաւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Վարչական Խորհուրդի Գործադիր Տնօրէն` Զաւէն Խանճեան

Մահացաւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Վարչական Խորհուրդի Գործադիր Տնօրէն` Զաւէն Խանճեան

Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան (AMAA) Վարչական խորհուրդը խոր վիշտով գուժեց իր գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեանի (31 յուլիս 1944 - 9 օգոստոս 2024) մահը, որ պատահեցաւ 9 օգոստոս  2024-ին, Կլենտէյլի (Քալիֆորնիա) մէջ: «Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեանը կը սգայ իր գործադիր տնօրէնին` Զաւէն Խանճեանին մահը, որ 10 տարի ծառայեց ընկերակցութեան իր այս պաշտօնով, առաւելագոյն հոգատարութեամբ եւ նուիրումով: Իրականութեան մէջ անոր ողջ կեանքը...

Մուսա Լերան Նահատակներու Ֆրեզնոյի Յուշակոթողին Կառուցումը Կը Մօտենայ Իր Աւարտին

Մուսա Լերան Նահատակներու Ֆրեզնոյի Յուշակոթողին Կառուցումը Կը Մօտենայ Իր Աւարտին

1915-ին, Հայոց ցեղասպանութեան մահասարսուռ օրերուն Մուսա Լեռը ունեցաւ իր ադամանդեայ փայլատակումները: Շրջանի հայկական եօթը գիւղերու ամբողջ ժողովուրդը, վստահելով միայն իր սեփական ուժին լեռ բարձրացաւ` ի խնդիր իր արժանապատուութեան պահպանման, վստահելով հայօրէն ապրելու իր կամքին: Հազարաւոր մուսալեռցիներ առաւել քան 40 օրեր խիզախօրէն դիմադրեցին թշնամիի յարձակումներուն եւ վերջապէս պարտութեան մատնեցին թրքական կանոնաւոր բանակը: Մուսալեռցիները ունեցան 18 հերոս նահատակներ, որոնց յիշատակին գաղթականներու տունդարձէն...

Գաղութէ -Գաղութ

Գաղութէ -Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Նորընտիր Երեսփոխանին Այցելութիւնները * Սուրիոյ խորհրդարանի նորընտիր երեսփոխան, փաստաբան Մարիա Գաբրիէլեան այցելեց Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանին: Երեսփոխանը շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդին` ամբողջական զօրակցութեան համար եւ խօսեցաւ համագործակցական ծրագիրներու սերտողութեան մասին: Սրբազան հայրը իր օրհնութիւնը տալով` շնորհաւորեց երեսփոխանին ընտրութիւնը, կարեւոր համարեց համագործակցութիւնը եւ հեզասահ ու բեղուն աշխատանք մաղթեց անոր: * Բերիոյ թեմի կաթողիկէ հայոց առաջնորդ Պետրոս...

Գաղութէ – Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Յունաստան Հոգեհանգիստ-Ոգեկոչում Լիզպոնի Հինգ Նահատակ Տղոց Յիշատակին Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Յունաստանի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան, կիրակի, 28 յուլիս 2024-ի առաւօտեան Աթէնքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն տեղի ունեցաւ 1983-ին Լիզպոնի մէջ նահատակուած հինգ քաջարի երիտասարդներուն յիշատակին: Պատարագեց եւ քարոզեց Աթէնքի հոգեւոր հովիւ Եզրաս վրդ. Թենեքեճեան: Հոգեհանգստեան պահուն եկեղեցւոյ դասին մէջ զետեղուած էին 5 տղոց նկարները, ինչպէս նաեւ...

Գաղութէ – Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Տասնհինգ Տարիներու Բացակայութենէ Ետք Ս.  Յակոբ Եկեղեցւոյ Ճամբար Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի, նախագահութեամբ Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիայեանի, կազմակերպութեամբ Կիրակնօրեայ դպրոցներու ուսուցչակազմին, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ օծման 90-ամեակին առիթով, 24-30 յունիսին Համա նահանգի Պարշին գիւղի Ս. Աստուածածին անտառի պահապան վանքին մէջ տեղի ունեցաւ Ճեզիրէի երեք շրջաններու` Գամիշլիի, Տէրիքի եւ Հասիչէի, Կիրակնօրեայ դպրոցներու աշակերտական...

Լիզպոնի «Կիւլպէնկեան» Մատենադարանին Մէջ Ցուցահանդէս` Նուիրուած Երուսաղէմի Հայութեան

Լիզպոնի «Կիւլպէնկեան» Մատենադարանին Մէջ Ցուցահանդէս` Նուիրուած Երուսաղէմի Հայութեան

Լիզպոնի Հայկական համայնքներու վարչութիւնը եւ «Կիւլպէնկեան» արուեստի գրադարանը եւ Արխիւը միասնաբար կազմակերպած են «Հայերը եւ Երուսաղէմը» խորագիրով ցուցահանդէս մը, որ կը ներկայացնէ սփիւռքի առաջին եւ ամենահին հայկական համայնքի հազարամեայ պատմութիւնը: Երուսաղէմի հայկական թաղամասը Հին Քաղաքի չորս թաղամասերէն մէկն է` անզուգական կրօնական եւ մշակութային ժառանգութեան տունը: 2023 թուականին Փարիզի մէջ ի յայտ եկած Երուսաղէմի «Կիւլպէնկեան» մատենադարանի կառուցման վերաբերող արխիւները մեկնակէտը հանդիսացան...

ՀՄԸՄ-ի Նաւասարդեան 47-րդ Մարզախաղերը Նոր Յաղթանակներով Ոգեւորեցին Եւ Յուսադրեցին ՀՄԸՄ-ի Մասնաճիւղերն Ու Շրջանի Հայութիւնը

ՀՄԸՄ-ի Նաւասարդեան 47-րդ Մարզախաղերը Նոր Յաղթանակներով Ոգեւորեցին Եւ Յուսադրեցին ՀՄԸՄ-ի Մասնաճիւղերն Ու Շրջանի Հայութիւնը

Երկար ամիսներու մարզական ոգիով մրցակցելէ ետք, Կիրակի, 7 Յոլիսի գիշերը, իրենց յաղթական աւարտին հասան ՀՄԸՄ-ի Նաւասարդեան 47-րդ մարզախաղերը, պատուոյ նախագահութեամբ ազգային բարերարներ դոկտ. եւ տիկ. Մայք եւ Եւելինա Սարեաններուն, դարձեալ ոգեւորելով համայնքիս մարզիկները, սկաուտները, երիտասարդները եւ անդամները: ՀՄԸՄ-ի Նաւասարդեան 47-րդ մարզախաղերը սկիզբ առին 4 Մայիսին Birmingham High School-ի մարզադաշտին վրայ։ Այնուհետեւ մարզական մրցումները շարունակուեցան ամէն շաբաթավերջ, շրջանիս զանազան մարզադաշտերու վրայ:...

Մարիա Մանուկ (Գաբրիէլեան) Ընտրուեցաւ  Սուրիոյ Խորհրդարանի Անդամ

Մարիա Մանուկ (Գաբրիէլեան) Ընտրուեցաւ Սուրիոյ Խորհրդարանի Անդամ

Սուրիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններու դատական բարձրագոյն յանձնախումբը երէկ, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, լրատուամիջոցներու ներկայութեան յայտարարեց Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ ընտրուած 250 երեսփոխաններու անունները: Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխան ընտրուեցաւ, Հալէպէն, ազգի միասնական թեկնածու Մարիա Մանուկ (Գաբրիէլեան): Մարիա Մանուկ Սուրիոյ խորհրդարանի 4-րդ նստաշրջանի անդամ միակ հայ երեսփոխանն է:

Սուրիահայութիւնը Միասնական Շարքերով  Մասնակցեցաւ Սուրիոյ Խորհրդարանի  Օրէնսդրական 4-րդ Նստաշրջանի Ընտրութիւններուն

Սուրիահայութիւնը Միասնական Շարքերով Մասնակցեցաւ Սուրիոյ Խորհրդարանի Օրէնսդրական 4-րդ Նստաշրջանի Ընտրութիւններուն

«Գանձասար» կը հաղորդէ, որ երկուշաբթի, 15 յուլիս 2024-ի առաւօտեան ժամը 7:00-էն սկսեալ սուրիահայութիւնը, իր համայնքապետներով, հայկական կազմակերպութիւններու, բոլոր միութիւններու ներկայացուցիչներով եւ ժողովրդային խիտ շարքերով, Սուրիոյ զանազան նահանգներուն մէջ մասնակցեցաւ Սուրիոյ խորհրդարանի օրէնսդրական 4-րդ նստաշրջանի ընտրութիւններուն: Հալէպի մէջ, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան, Բերիոյ թեմի կաթողիկէ հայոց առաջնորդ Պետրոս արք. Միրիաթեան, Սուրիոյ Հայ աւետարանական համայնքի պետ վերապատուելի դոկտ. Յարութիւն...

Գաղութէ Գաղութ

600 Հիւրերու Մասնակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի Յաղթանակի Պարահանդէս

Աւելի քան 600 հիւրերու ներկայութեամբ կայացաւ ՀՄԸՄ-ի Նաւասարդեան խաղերու Յաղթանակի հեղինակաւոր պարահանդէսը, շաբաթ, 29 յունիսի երեկոյեան, «Պեւըրլի Հիլթըն» պանդոկին մէջ: Հանդիսութեան ներկայ էին` ՀՅԴ Բիւրոյի  Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի ներկայացուցիչներ, աջակիցներ, նուիրատուներ, մասնաճիւղերի ներկայացուցիչներ, նուիրեալ կամաւորներ, սկաուտներ եւ մարզիկներ, որոնք եկած էին Արեւմտեան շրջանի բոլոր մասնաճիւղերէն: Ձեռնարկին ընթացքին տեղի ունեցան մեծարումներ, եւ ելոյթներ ունեցան այս տարուան «Տիպար ՀՄԸՄ-ական» Արամ Պեքերեան, ինչպէս...

ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» Մասնաճիւղի Կազմակերպած «Տոհմիկ Օր»-ը Ձօնուեցաւ Լիբանանի Հայ Գաղութին

ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» Մասնաճիւղի Կազմակերպած «Տոհմիկ Օր»-ը Ձօնուեցաւ Լիբանանի Հայ Գաղութին

Սփիւռքի Բաբախող Սիրտը` Չքնաղ Լիբանան ՍՈՆԻԱ ԳՐԱՃԵԱՆ ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղին կազմակերպած «Տոհմիկ օր»-ուան 29-րդը` «Սփիւռքի բաբախող սիրտը` չքնաղ Լիբանան» խորագիրը կրող ձեռնարկը, տեղի ունեցաւ երկու օրերու տեւողութեամբ, այս տարուան սկիզբը: Սպասուած օրը Հայ կեդրոնը լի էր հոծ բազմութեամբ: Մուտքին, մեծ պաստառի վրայ հայերէնով, արաբերէնով, ֆրանսերէնով եւ անգլերէնով արձանագրուած էր հետեւեալ խօսքը` «Բարի եկաք Լիբանան», եւ սեղանի մը վրայ հիւրերուն...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Առաջնորդը Պատուիրակութեամբ Մը Այցելեց Սուրիոյ Կրօնական Կալուածներու Նախարարին 29 յունիսին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան, ընկերակցութեամբ Արմէն աբղ. Գալաճեանի, Բերիոյ հայոց թեմի Յարաբերական մարմինի ներկայացուցիչին եւ Ազգային վարչութեան անդամներու, այցելեց Սուրիոյ կրօնական կալուածներու նախարար դոկտ. շէյխ Մոհամետ Ապտուլ Սաթթար Սէյիտին, Թարթուսի իր գրասենեակին մէջ: Հանդիպումին ընթացքին կողմերը կարեւոր համարելով Ազգային առաջնորդարան-կրօնական կալուածներու նախարարութիւն յարաբերութիւնը` փափաք...

Page 13 of 47 1 … 12 13 14 … 47

Արխիւներ