Բողոքի Հաւաք Եւ Քայլարշաւ Դէպի Թրքական Դեսպանատուն
Արցախի դէմ սանձազերծուած 44-օրեայ պատերազմի հրադադարի տարելիցը ընդվզումի մեծ ալիք մը բարձրացուցած է ամբողջ հայութեան մէջ, որ արդէն իսկ այս օրերուն, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան առաջնորդութեամբ, հայագաղութներուն մէջ կ՛արտայայտուի բողոքի հաւաքներով` ընդդէմ թուրք-ազրպէյճանական շարունակուող յարձակողականութեան: ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի եւ ՀՅԴ Յունաստանի երիտասարդական միութեան համակազմակերպութեամբ, յունահայութիւնը իր բողոքը արտայայտեց կիրակի, 7 նոյեմբեր 2021-ին, Յունաստանի խորհրդարանին առջեւ գտնուող Աթէնքի կեդրոնական Սինտաղմա...




















