Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Սուրիոյ Մէջ Հայկական Մարդասիրական Առաքելութեան Բժշկական Խումբը Դեղորայք Նուիրած Է Բժշկական Հաստատութիւններուն
Հայաստանի մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոնը կը հաղորդէ, որ 30 յուլիսին, Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան գործակցութեամբ: Հայաստանի մարդասիրական առաքելութեան բժշկական խումբը Հալէպի բուժհաստատութիւններուն հերթականօրէն փոխանցած է 3,5 թոն բժշկական եւ առողջապահական պարագաներ:
Սուրիոյ առողջապահութեան ոլորտի պատասխանատուները իրենց շնորհակալութիւնը յայտնած են հայ բժիշկներուն` տրամադրուած բժշկական պարագաներուն եւ ամէնօրեայ օժանդակութեան համար:
Քանատա
Օնթարիոյի Մէջ Հայաստանի Պատուոյ Հիւպատոս Վարուժան Լափոյեան Հրաժարած Է
Թորոնթոհայ բարերար եւ հանրածանօթ գործարար` Վան (Վարուժան) Լափոյեան վերջերս հրաժարած է Օնթարիոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոսի իր պաշտօնէն անձնական պատճառներով:
Թորոնթոյի հայ համայնքի կեանքէն ներս մեծ եւ նշանակալի ներդրումներ ունեցող Լափոյեանը յայտնի է յատկապէս հայապահպանման համար տարած իր գործունէութեամբ: Յիշարժան երեւոյթ է 2016 թուականին Վարուժան եւ Սիլվա Լափոյեան ամոլին կատարած իշխանական նուիրատուութիւնը ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ երկրորդական վարժարանին: Իբրեւ ազգային բարերար եւ գործարար անոր եզակի դերը կը շեշտուի նաեւ սփիւռք-Հայաստան փոխգործակցութեան ծիրէն ներս:
Յունուար 2019-ին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ Լափոյեան նշանակուած էր Օնթարիոյի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս:
Հայ Կեդրոնի Ամառնային Փառատօնի 25-Ամեակը
Երկու տարիներու ընդհատումէ ետք 8-10 յուլիսին Հայ երիտասարդական կեդրոնի շրջափակին մէջ նշուեցաւ, Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի ամառնային փառատօնի 25-ամեակը:
Փառատօնին 14 սեղաններով օժտուած տօնավաճառ մը կը գործէր, եւ որուն մասնակիցները կը ծանուցէին իրենց աշխատանքներն ու արտադրանքը: Հայկական ընկերութիւններու այլազան արտադրանքներով յորդող տաղաւարներուն մէջ կը վաճառուէին` ուտեստեղէններ, անուշեղէններ, խմիչք, զարդեղէն, ձեռարուեստներ, ոսկեղէն եւ հայրենիքէն բերուած յատուկ իրեր: Փոքրիկներուն համար, Հայ երիտասարդական կեդրոնի ՀՄԸՄ մարզադաշտին մէջ տարբեր տեսակի խաղեր, սահնակներ եւ խաղալու զանազան բաժիններ կային:
Փառատօնին բացումը կատարուեցաւ 8 յուլիսի երեկոյեան: Փառատօնի յանձնախումբի ատենապետ Սեւան Հաճիարթինեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհաւորեց փառատօնի 25-րդ տարեդարձին առթիւ: Ան նկատել տուաւ, որ այս տարուան փառատօնը իր մէջ կը ներառէ նաեւ ազգային բնոյթ, աւելցնելով, որ փառատօնի ընթացքին տարբեր նախաձեռնութիւններով պիտի զօրակցին հայրենիքի մէջ դիմադրող մեր հայրենակիցներուն:
Փառատօնի հանդիսավար Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն ժամանած Մերի Պասմաճեան «Վարդուշ» անունը կրող երգիծական կերպարով ու կատակներով ուրախացուց ներկաները:
Հայ դատի հիւրընկալած քաղաքական գործիչներէն Թորոնթոյի քաղաքապետ Ճոն Թորի բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, շնորհաւորեց փառատօնին քսանհինգամեակը` շեշտելով, որ հայ համայնքը միշտ եղած է օրինակելի, աշխատունակ եւ պարտաճանաչ, հայ համայնքը իր աշխատասիրութեամբ մաս կազմած է Քանատայի զարգացման` տարբեր ոլորտներու մէջ: Հայ համայնքը, հարկ եղած պարագային, օգնութիւն ցուցաբերած է բոլոր քանատացիներուն անխտիր եւ իր հաւատարմութեամբ գերազանց քանատացի եղած է: Երեք օրերու ընթացքին ալ, Հայ դատի յանձնախումբի հիւրընկալութեամբ, դաշնակցային, նահանգային եւ քաղաքապետական քաղաքական գործիչներ ներկայ գտնուեցան ձեռնարկին:
Փառատօնի երեք օրերուն գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Միացեալ Նահանգներ
Մեկնարկ` Հայ Դատի Ամառնային Վարժողական Ծրագիրներուն
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի այս տարեշրջանի «Լէօ Սարգիսեան», «Մարալ Մելքոնեան-Աւետիսեան» եւ «Յովիկ Սաղտըճեան» վարժողական ծրագիրներուն մասնակցողները արդէն իսկ ժամանած են եւ լծուած` աշխատանքի: Անոնք Հայ դատի ներկայացուցիչներուն ընկերանալով` քոնկրեսականներու հետ հանդիպումներ ունեցան եւ արծարծեցին բազմաթիւ հարցեր, որոնց կարգին` Արցախի եւ Հայաստանի ապահովութիւնը, ամերիկեան դպրոցներու մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդման իրականացումը եւ միաժամանակ Ազրպէյճանի ու Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներու սահմանումը:
Այս տարուան ծրագիրին մասնակցողներն են` Արամ Գէորգեան, Քրիսչըն Երելեքեան, Թարա Թազեան, Լար Թապաքեան, Վիքթորիա Թոփալեան, Անի Ժամկոչեան, Ալեքս Կիւլճեան, Զապէլ Համբարեան, Սիւնէ Համբարեան, Արամ Հես, Նաթալիա Մաթոսեան, Սթեֆըն Փիտեճեան, Կրեկըրի Քոտիլեան եւ Մելոտի Սերայտարեան:
Միացեալ Նահանգներու տարբեր շրջաններէ ժամանած այս երիտասարդները պիտի շարունակեն գործնական դերակատարութիւն ունենալ` Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ քաղաքական, դիւանագիտական եւ մշակութային յարաբերութիւնները սերտացնելով եւ զանազան փորձառութիւններ ձեռք ձգելով:
Ջաւախք
Քրիստոսի Այլակերպութեան Տօնը Ծղալթբիլա Գիւղին Մէջ
Քրիստոսի Այլակերպութեան տօնին առիթով, 24 յուլիսին Ջաւախքի Ախալցխայի շրջանի Ծղալթբիլա գիւղի կաթողիկէ հայոց Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ Քանաքեռի Սրբոց Հրեշտակապետաց միացեալ հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Մաշտոց վրդ. Զահթէրեան մատուցեց ս. պատարագ:
Ան իր քարոզին մէջ մանրամասնօրէն ներկայացուց Պայծառակերպութեան տօնին խորհուրդը` հոգեւոր եւ ազգային աւանդական տեսանկիւնէ դիտուած, շեշտը դնելով հայ եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդի համար հոգեւորականներու անհրաժեշտութեան եւ անոնց ուսին ծառացած հոգեւոր եւ ազգային բնագաւառներու մէջ կատարելիք առաքելութեան:
Արարողութենէն ետք եկեղեցւոյ սրահին մէջ Մաշտոց վրդ. Զահթէրեանը եւ ներկաները ծանօթացան դպրեվանքի առօրեային եւ այնտեղ ծաւալած աշխատանքներուն:
Իրան
Սրբուհի Պապայեանի Այցելութիւնը «Ալիք»-ի Խմբագրատուն
25 յուլիսին Երեւանի պարարուեստի պետական քոլեճի հայկական ժողովրդական պարերու բաժինի մանկավարժ-պարուսոյց, Երեւան քաղաքի մշակոյթի պատուաւոր գործիչ, Մովսէս Խորենացիի անուան մետալակիր Սրբուհի Պապայեան, ընկերակցութեամբ Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան Արուեստից միութեան վարչութեան ներկայացուցիչին, այցելեց «Ալիք»-ի խմբագրատուն եւ ծանօթացաւ թերթի աշխատանքներու ընթացքին եւ իր տպաւորութիւններուն մասին խօսեցաւ խմբագրակազմին:
Սրբուհի Պապայեան Թեհրան կը գտնուէր Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան յատուկ հրաւէրով, ուր անուանի արուեստագէտը դասեր պիտի տար «Արարատ» պարախումբի սաներուն:
Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան Արուեստից միութիւնը դիտել տուաւ, որ Սրբուհի Պապայեան Թեհրան այցելած է Հայաստանի պարարուեստի «Բարեկամութիւն» պետական համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Նորայր Մեհրաբեանի հետ սերտ համագործակցութեան որպէս արդիւնք:
Եռօրեայ Ուխտագնացութիւն Դէպի Ս. Թադէի Վանք
Հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, հանդիսապետութեամբ Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր արք. Չիֆթճեանի, նախաձեռնութեամբ Ատրպատականի հայոց թեմի Թեմական խորհուրդին եւ կազմակերպութեամբ Վանքերու ուխտագնացութեան գործադիր յանձնախումբին, 68-րդ տարին ըլլալով, 28-30 յուլիսին տեղի ունեցաւ եռօրեայ ուխտագնացութիւնը դէպի Ս. Թադէի վանք:
Գրիգոր արք. Չիֆթճեան վանք ժամանեց 29 յուլիսին: Դէպի վանք տանող ճամբուն սկզբնաւորութեան Իրան-Իրաք պարտադրեալ պատերազմին զոհուած հայ նահատակներու յիշատակին կանգնած յուշարձանին դիմաց սրբազան հայրը աղօթք կատարեց Իրանի բոլոր նահատակներուն եւ յատկապէս հայ նահատակներու հոգիներու խաղաղութեան համար: Սոյն արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Իրանի Իսլամական խորհրդարանի մէջ Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր Արա Շահվերդեան, որ նաեւ ելոյթ ունեցաւ եւ իր յարգանքի տուրքը ընծայեց Իրանի նահատակներուն:
Այնուհետեւ սրբազան հայրը ուղղուեցաւ դէպի Ս. Սանդուխտ Կոյսի վկայարան մատուռը, զայն օծեց ջուրով եւ գինիով, ապա սրբալոյս միւռոնով օծեց եկեղեցւոյ նոր խորանը, ինչպէս նաեւ` մուտքի դրան վիմաքարի նոր արձանագրութիւնը:
Իր քարոզին մէջ սրբազան հայրը նկատել տուաւ, որ Հայ եկեղեցւոյ առաջին նահատակը եւ հայ նախավկան է Ս. Սանդուխտը, որ իր հօր արքունի փառքը անտեսեց եւ իր սէրը վերապահեց երկնային հարսանիքին` Քրիստոսի նուիրելով զայն:
Այնուհետեւ առաջնորդ սրբազանը ուղղուեցաւ դէպի Սուրբ Թադէի վանք, որուն մուտքին դիմաւորուեցաւ ուխտաւորներով:
Վանքին մէջ սրբազան հայրը ողջունեց ներկայ ուխտաւորները եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ կրկին անգամ հաւաքուած են Ս. Թադէի վանքին մէջ:
Նոյն օրը երեկոյեան, նախագահութեամբ եւ ձեռամբ սրբազան հօր, կատարուեցաւ վանքի վերանորոգեալ ձիթհանի բացումը: Պատմական այս անկիւնը փակ մնացած էր` կիսակործան վիճակի մէջ գտնուելով: Իրանի Մշակութային ժառանգութեան եւ Իրանի եկեղեցիներու պահպանման պետական գրասենեակի աշխատանքով ձիթհանը ամբողջութեամբ վերանորոգուեցաւ` պահպանելով իր նախկին տեսքը եւ միեւնոյն` հին աշխատելաոճը:
Բացման եւ բացատրական խօսքով ելոյթ ունեցաւ Իրանի եկեղեցիներու պահպանութեան գրասենեակի տնօրէն դոկտ. Շերլի Աւետեան, իսկ սրբազան հայրը օրհնեց տարուած աշխատանքը, նաեւ` վանքի սոյն պատմական անկիւնի վերակառուցումը եւ շքեղապէս ներկայացումը հանրութեան:
Չալդրանի կուսակալը խօսք առնելով` բարձր գնահատեց տարուած հետեւողական բծախնդիր աշխատանքը, իսկ պատգամաւոր Արա Շահվերդեան գնահատեց պետական կառոյցներու հովանաւորութիւնը եւ նիւթական առատաձեռն օժանդակութիւնը:
Այնուհետեւ տաճարի հիւսիսային շրջափակին մէջ գտնուող ցուցահանդէսներու սրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէն վերջին ժամանակաշրջանին գրանցուած ոչ քարեղէն իրերու ցուցահանդէսին: Այնուհետեւ շրջափակին մէջ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, նաեւ խօսքերով ելոյթ ունեցան պատկան մարմիններու ներկայացուցիչները:
30 յուլիսին պաշտօնական հանդիպում կայացաւ սրբազան հօր եւ պետական ներկայացուցիչներուն միջեւ: Նոյն օրը Ս. Թադէի վանքի տաճարին մէջ սրբազան հայրը մատուցեց եպիսկոպոսական հանդիսաւոր սուրբ պատարագ, որուն աւարտին խորան բարձրացուեցաւ սրբալոյս միւռոնը, եւ կատարուեցաւ ջրօրհնէք: