Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Ռումանիա
Հայկական Խաչքար–Յուշարձանի Բացում
10 յունիսին Ռումանիոյ Բակաու քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական խաչքար-յուշարձանի հանդիսաւոր բացման արարողութիւն` ներկայութեամբ Հայաստանի դեսպան Սերգէյ Մինասեանի եւ Բակաուի քաղաքապետ Լուչիան-Տանիէլ Սթանչիու Վիզիթէուի: Խաչքարը Հրազդան համայնքին կողմէ նուիրուած է Բակաուին:
Բացման արարողութենէն առաջ տեղի ունեցաւ դեսպան Մինասեանի եւ Բակաուի քաղաքապետ Լուչիան-Տանիէլ Սթանչիու Վիզիթէուի հանդիպումը, որուն հեռակայ դրութեամբ միացան նաեւ Հրազդան համայնքի ներկայացուցիչները` ի դէմս համայնքի ղեկավարի տեղակալ Վարուժան Սաֆարեանի, որ կարդաց նաեւ համայնքի ղեկավար Սեւակ Միքայէլեանին ուղերձը:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ յուշարձանի բացումը, նաեւ խաչքարի օծման արարողութիւնը` ձեռամբ Ռումանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ եւ Պուլկարիոյ հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ Տաթեւ եպս. Յակոբեանի:
Այնուհետեւ շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ դեսպան Մինասեան: Ան նշեց նաեւ, որ իւրաքանչիւր մշակոյթ ունի իր իւրայատուկ տարրը, որ կը խորհրդանշէ տուեալ ազգին մշակոյթը, աւելցնելով, որ հայկական մշակոյթի խորհրդանիշը կը հանդիսանայ հայկական խաչքարը: Դեսպանը նաեւ ընդգծեց, որ հայերը Ռումանիոյ մէջ հաստատուած են 10-րդ դարուն, սակայն անոնց թիւը աճած է 20-րդ դարասկիզբին Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով, աւելցնելով, որ Ցեղասպանութենէն մազապուրծներու յետնորդները այսօր կը կազմեն Ռումանիոյ հայ համայնքին հիմնական մասը, որ ջանք չի խնայեր պահպանելու իր ազգային ինքնութիւնը:
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Բակաուի քաղաքապետ Լուչիան-Տանիէլ Սթանչիու Վիզիթէու, որ կարեւոր նկատեց խաչքարին տեղադրումը, նշելով, որ խաչքարը ոչ միայն կրօնական եւ մշակութային արժէք կը ներկայացնէ, այլեւ կը խորհրդանշէ Հրազդան եւ Բակաու համայնքներուն բարեկամութիւնը, յոյս յայտնելով, որ յառաջիկային առաւել եւս կ՛ամրապնդուի այդ յարաբերութիւնը շօշափելի արդիւնքներով:
Ռումանահայ բեմադրիչ, դերասան Ֆլորին Գէորգեան կարդաց Ռումանահայոց միութեան նախագահ, Ռումանիոյ Գրողներու միութեան փոխնախագահ Վարուժան Ոսկանեանի ուղերձը:
Խաչքարի բացման հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում:
Կիպրոս
Խաղաղութեան Աղօթքի Օրուան Նշում
Կազմակերպութեամբ Համաշխարհային աղօթքի օրուան Կիպրոսի վարչութեան, հովանաւորութեամբ Հայ եկեղեցւոյ, նախաձեռնութեամբ թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեանի եւ Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին, 23 յունիսին Նիկոսիոյ Ս. Աստուածածին մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Խաղաղութեան աղօթքի օրը` մասնակցութեամբ հայ, յոյն, մարոնիթ, լատին եւ աւետարանական կարգ մը եկեղեցիներու:
Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին, ատենապետուհի Անահիտ Էսքիճեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք սկսաւ օրուան յայտագիրը սրբազան հօր աղօթքով: Այնուհետեւ իւրաքանչիւր եկեղեցական աղօթեց իր լեզուով, նաեւ կարդացուեցան աստուածաշնչական հատուածներ, աղօթքներ, սաղմոսներ, եւ երգուեցան շարականներ ու խմբերգներ: Գործադրուեցան հայերէն, յունարէն, անգլերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն, արամայերէն, ասորերէն եւ քանի մը ֆիլիփփիներէն լեզուներ, որոնց բոլորին թարգմանութիւնները անգլերէն լեզուով պաստառին վրայ կ՛երեւէին` կարելի դարձնելով ներկաներուն մասնակցութիւնը աղօթքներուն: Հայերէն շարականի երգեցողութիւնը կատարեց Նիկոսիոյ հովիւ Մոմիկ քհնյ. Հապէշեան: Աղօթքի օրը փակուեցաւ սրբազան հօր աղօթքով ու «Պահպանիչ»-ով:
Շուէտի Շրջանաւարտ Դեսպանի Հրաժեշտի Ընդունելութիւն
6 յունիսին թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան, ընդառաջելով շրջանաւարտ դեսպան Անտըրս եւ Լենա Հակըլպերկ ամոլի հրաւէրին, ներկայ գտնուեցաւ դեսպանի տան մէջ կազմակերպուած Շուէտի Ազգային օրուան ու դեսպանի մեկնումին առիթով հրաժեշտի ընդունելութեան եւ հիւրասիրութեան:
Շուէտի եւ Կիպրոսի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք սրտի խօսքեր արտասանեցին դեսպանը եւ արտաքին գործոց նախարարը, նաեւ` դիւանագիտական կազմի խօսնակ հանդիսացող, ամէնէն երկար պաշտօնավարող Յորդանանի դեսպան Մոհամմատ Ֆայեզ, որ նաեւ յուշանուէր մը յանձնեց հրաժեշտ առնող դեսպանին:
Հանդիսութեան ընթացքին սրբազան հայրը կրօնական դասուն եւ կիպրահայ գաղութին անունով բարի երթ մաղթեց Անտըրս եւ Լենա Հակըլպերկ ամոլին եւ ջերմ բարեմաղթութիւններ փոխանցեց անոր ստանձնելիք նոր պաշտօնին ու առաքելութեան համար:
Յայտնենք, որ «Ռիլիճըս թրեք»-ի ճամբով անցնող երեք տարիներու ընթացքին բաւական մտերմութիւն ստեղծուած էր դեսպանին ու սրբազանին միջեւ եւ յատկապէս դեսպանութեան հետ: Կաթողիկոսական փոխանորդը առիթ ունեցաւ նաեւ զրուցելու արտաքին գործոց նախարարին, նախարարներու, տասնեակ դեսպաններու, պապական նուիրակին, եկեղեցականներու եւ հրաւիրեալներու հետ:
2021-2022 Տարեշրջանի Հայ Շրջանաւարտներու Հիւրասիրութիւն
21 յունիսին թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան, ընկերակցութեամբ Մաշտոց Ա. քհնյ. Աշգարեանի եւ Մոմիկ քհնյ. Հապէշեանի, ներկայ գտնուեցաւ պետական ներկայացուցիչ. Վարդգէս Մահտեսեանի նախաձեռնութեամբ իր բնակարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցած, 2021-2022 տարեշրջանի Նարեկ վարժարաններու եւ այլ տեղական կամ օտար վարժարաններէ հայ շրջանաւարտ աշակերտներու աւարտման առիթով կազմակերպուած ու տարիներու սովորութիւն դարձած հիւրասիրութեան:
Հիւրասիրութենէն ետք յաջորդաբար խօսք առին Վարդգէս Մահտեսեան եւ սրբազան հայրը, որոնք իրենց խրատական, սրտի ու քաջալերանքի խօսքերով շրջանաւարտներուն թելադրեցին զգուշ ըլլալ այլասերումէ, հպարտ զգալ իրենց պատկանելիութեամբ, հաւատարիմ մնալ հայկական աւանդութեանց, արմատներուն, սրբութեանց եւ որպէս նոր սերունդի երիտասարդ դեսպաններ` միշտ բարձր պահել հայու անունը եւ պատիւը Կիպրոսի կամ արտասահմանի համալսարաններուն եւ վարժարաններուն մէջ:
Նոր Ջուղա
Կոստանդ Ջուղայեցիի «Աշխարհաժողով» Գիրքին Շնորհահանդէսը
Կազմակերպութեամբ Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկիչ վանքի «Ներսէս Շնորհալի» գրադարանի աշխատակազմին, 19 յունիսին գրադարանի մուտքին տեղի ունեցաւ Կոստանդ Ջուղայեցիի «Աշխարհաժողով» գիրքին շնորհահանդէսը:
«Ներսէս Շնորհալի» գրադարանի պատասխանատու Վերգինէ Միրզախանեան իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ Կոստանդ Ջուղայեցիի կենսագրական տուեալներուն: Ան նկատել տուաւ, որ հայկական վաճառականութեան զարգացման գործին մէջ Նոր Ջուղայի հարուստ աւանդը աշխարհին առաւել եւս ծանօթացնելու նպատակով Սպահանի հայոց թեմի 16-րդ նստաշրջանի Պատգամաւորական ժողովը 2019 թուականին որոշած էր տպել Կոստանդ Ջուղայեցիի «Աշխարհաժողով» գիրքը, որուն համակարգումը կատարեց նոյն ժողովի ատենապետ Թաթուլ Օհանեան, իսկ աշխատանքի կատարումը` գիտաշխատող Սարգիս Պալդարեան: Ան յայտնեց, որ գիրքի ստեղծման իրենց տրամադրած նիւթերով ու խորհրդատուութիւններով նպաստած են բազմաթիւ այլ անհատներ եւ հաստատութիւններ:
Այնուհետեւ տեսերիզով ցուցադրուեցաւ գիրքին հրատարակութիւնը երաշխաւորած, Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանի տնօրէն, գիրքի խմբագիր, պատմական գիտութիւններու դոկտոր Վահան Տէր Ղեւոնդեանի պատգամը, որուն մէջ ան նկատել տուած էր, որ սոյն գիրքը դասագիրք է, որ իր ժամանակին համար մեծ յառաջընթաց քայլ մըն է:
Այնուհետեւ ներկայացուեցան Սարգիս Պալդարեանի կենսագրական գիծերը եւ գիտական գործունէութիւնը, որմէ ետք ներկաները ունկնդրեցին անոր պատգամը տեսերիզի միջոցով, ուր ան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց գիրքին բաժինները եւ բովանդակութիւնը:
Ապա իր սրտի խօսքը արտասանեց գիրքի հրատարակութեան գործին մէջ մեծ ներդրում ունեցած Թաթուլ Օհանեան, որ խօսելով գիրքի գիտական արժէքին մասին` գոհունակութիւն յայտնեց, որ վերջապէս իրականութիւն դարձած էր համաշխարհային արժէք ներկայացնող սոյն գիրքին լոյս ընծայումը: Ապա ան տեղեկութիւններ տուաւ գիրքի բովանդակութեան մասին՝ յոյս յայտնելով, որ հետագային կը շարունակուի Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկիչ վանքի մատենադարանին մէջ պահուած ձեռագիրներու հրատարակչութեան գործը:
Աւարտին տեղի ունեցաւ գիրքի գինեձօնի աւանդական արարողութիւնը, որմէ ետք թեմի առաջնորդ Սիփան եպս. Քէչէճեան ելոյթ ունենալով` հաստատեց, որ Կոստանդ Ջուղայեցի հայ վաճառականութեան հսկայ տիտաններէն եւ գլխաւոր առաքեալներէն մէկն է, որ ազգային բնագաւառին մէջ իր ներդրումը ունեցած է ոչ միայն սոյն արժէքաւոր բնագիրը աւանդ ձգելով, այլեւ` իր հարազատ զաւակը ընծայելով որպէս կաթողիկոս: Սրբազանը շեշտեց, որ անոր անանձնական սէրը դէպի ազգ եւ հայրենիք խթան հանդիսացած են` նուիրուելու հանրութեան ծառայութեան:
Սրբազանը իր շնորհակալական խօսքը ուղղեց թեմի ազգային իշխանութեան եւ Սարգիս Պալդարեանին, որոնց միջոցով սոյն գիրքը հասանելի դարձած էր հանրութեան:
Յունաստան
«Զմիւռնիոյ Աղէտի Հայ Ականատեսներու Չհրապարակուած Վկայութիւնները» Նիւթով Դասախօսութիւն
Կազմակերպութեամբ Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, 31 մայիսին Աթէնքի թերթերու Խմբագիրներու ընկերակցութեան շէնքին մէջ տեղի ունեցաւ փոքրասիական աղէտի 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու շարքին նուիրուած «Զմիւռնիոյ աղէտի հայ ականատեսներու չհրապարակուած վկայութիւնները» նիւթով դասախօսութիւն մը:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Աթէնքի թերթերու Խմբագիրներու ընկերակցութեան նախագահ Մարիա Անտոնիատու, նաեւ` դեսպան Տիգրան Մկրտչեան, որ կարեւոր նկատեց դասախօսութեան նիւթը` «Զմիւռնիոյ աղէտի հայ ականատեսներու չհրապարակուած վկայութիւնները», բնութագրելով զայն որպէս եզակի եւ ընդգծելով, որ այդ վկայութիւնները մեծ կարեւորութիւն ունին ոչ միայն հայ ժողովուրդի, այլեւ Յունաստանի պատմութեան համար: Դեսպան Մկրտչեան յոյս յայտնեց, որ այդ յուշերը յունարէն լեզուով ալ ներկայացուին, որպէսզի հասանելի դառնան նաեւ Յունաստանի լայն շրջանակներուն:
Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի հիմնադրամի գիտնական, Զմիւռնիոյ աղէտի ուսումնասիրութիւններու մասնագէտ, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Թեհմինէ Մարտոյեան: Ան նշեց, որ չհրապարակուած վկայութիւններու, յուշերու օգնութեամբ կը փորձէ բարձրացնել հայերու եւ յոյներու բռնի տեղահանութիւններուն, անոնց բնաջնջման ընդհանուր գործընթացի մասին իրազեկման մակարդակը: Ան նկատել տուաւ, որ վկաներու պատմութիւնները, յուշերը մեծ դերակատարութիւն ունին` լոյս սփռելու տեղեկութիւններուն վրայ, ինչպէս նաեւ անգնահատելի աղբիւր կը հանդիսանան իւրաքանչիւր գիտնականի համար, իսկ անհատի անձնական յոյզերու բացայայտումը եւ վերլուծութիւնը կը նպաստեն ամբողջ ազգի մը հաւաքական վէրքը բուժելու ուղիներ գտնելու եւ հասկնալու` իրարու հետ բաժնելու միջոցով:
Յորդանան
Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի Դասախօսութիւնը
Կազմակերպութեամբ Ազգային մարզական միութեան մշակութային յանձնախումբին, 18 յունիսին ԱՄՄ-ի «Ալեք Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Սփիւռքահայ իրականութիւններ, հայապահպանումը եւ ազգային ամբողջական մշակոյթի գործընթացը» խորագիրը կրող դասախօսութիւն մը:
Օրուան բանախօսն էր Աստուածաշունչի ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու ընդհանուր քարտուղար, դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան: Ան արծարծեց մշակոյթ հասկացողութիւնը եւ հայ լեզուի դերը, թէ ինչպէս յարմարիլ եւ պահպանել մշակոյթը, նաեւ` ինչպէս համաշխարհայնացած աշխարհէն վերադառնալ տեղայնացման, ազդեցութիւն մը, որը ուղղակի եւ խորապէս կը զգացուի Ցեղասպանութենէն վերապրած ընտանիքներու համայնքներուն մէջ:
Դոկտ. Ճէպէճեանը յորդորեց ներկաները ըլլալու լաւատես` շեշտելով համայնքին կառոյցները պահպանելու կարեւորութիւնը:
Սպանիա
Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Առաջին Փաստագրական Գիրքի Հրատարակութիւն
Վերջերս Սպանիոյ մէջ լոյս տեսաւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին առաջին փաստագրական գիրքը:
Առ այդ, 13 յունիսին դեսպան Սօս Աւետիսեան ընդունեց գիրքի հեղինակ, Մատրիտի «Սի. Ի. Եու. Սեն Փապլօ» համալսարանի դասախօս, քաղաքական վերլուծաբան, լրագրող Ռիքարտօ Ռուիս տէ լա Սերնայի այցելութիւնը:
Դեսպանը ընդգծեց գիրքի հրատարակութեան կարեւորութիւնը` Սպանիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան իրազեկ դարձնելու գործին մէջ: