Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Յունիս 16, 2022
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ 

ՀՀ Անկախութեան 104-Ամեակին Նուիրուած Տօնակատարութիւններ

Սուրիա

Կազմակերպութեամբ ՍԵՄ-ի «Կայծակ» մասնաճիւղին, 2 յունիսին Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ «Արարատ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 104-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւն` «Զարթնի՛ր, լաօ» խորագիրով:

Օրուան հանդիսավար Նայիրի Կարապետեան-Գաթրճեան ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու նահատակներուն յիշատակը, ապա ան լուսարձակի տակ առաւ անկախութեան գաղափարը` անդրադառնալով յատկապէս Արցախի առանձնայատկութեան, հոգեւոր եւ մշակութային արժէքներուն, որոնցմով կը բնորոշուի անոր հայկական դիմագիծը, եւ որ հպարտութիւնն է իւրաքանչիւր հայու: Գաթրճեան յոյս յայտնեց, որ հայութեան միասնական ջանքերով Արցախը արժանանայ իր անկախութեան միջազգային ու արդարացի ճանաչման:

Պատկան մարմինին խօսքը ուղղեց Աւօ Կարպուշեան, որ կոչ ըրաւ գոյատեւելու եւ մաքառելու, որպէսզի շատ մը ազգերու նման չկորսնցնենք մեր ինքնութիւնը տարբեր պատճառներով: Ան դիտել տուաւ, որ հայ ազգը ապրեցաւ ու գոյատեւեց ամէն գնով եւ ընդմիշտ պիտի պայքարի իր գոյութեան, իրաւունքներուն, Հայաստանի եւ Արցախի ազատութեան համար, իսկ 28 մայիս 1918-ը մեր յառաջընթացի ներշնչման աղբիւրը պիտի մնայ:

Օրուան բանախօս, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Հայ դատի ու քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան շեշտեց, որ պայքարի կամքը հաստատուն է հայ ազգի էութեան մէջ ինչպէս անցեալին, նոյնպէս ալ այսօր ու պիտի մնայ հաստատուն ապագային:

Մանոյեան անդրադառնալով Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման փուլերուն եւ ազգային միասնականութեան ու պայքարին` հարց տուաւ, որ եթէ նման պայքարի ոգի չունենար մեր ժողովուրդը, եւ 28 մայիս 1918-ը գոյութիւն չունենար, ի՞նչ ճակատագիր կ՛ունենար Հայաստանը: Ան շեշտեց, որ ՀՅ Դաշնակցութեան գործակցութեան ոգին Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսայի եւ Սարդարապատի ճակատամարտերու ընթացքին, այնուհետեւ Հայաստանի պետականութեան կերտման տարիներուն իր պտուղները տուաւ, եւ հայ ժողովուրդը վեց դարերու ստրկութենէ ետք իր անկախ հանրապետութիւնը կերտեց: Ապա Մանոյեան անդրադարձաւ Հայաստանի ու Արցախի ներկայ քաղաքական կեանքին, մարտահրաւէրներուն, յանուն հայրենիքի ու մեր ինքնութեան պահպանման Հայաստանի մէջ ծայր առած «Զարթնի՛ր, լաօ» խորագիրը կրող անհնազանդութեան խաղաղ ցոյցերուն, ոստիկանութեան կիրարկած բռնութեան եւ տարածաշրջանի պայթիւնավտանգ իրավիճակին: Ան դիտել տուաւ, որ Հայաստան սոսկալի տագնապալի օրեր կ՛ապրի. այդուհանդերձ, պէտք է պայքարինք ու չյուսահատինք` պինդ մնալու ազատ եւ անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան յարկին տակ:

Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:

* 28 մայիսին Քեսապի մէջ տեղի ունեցաւ քայլերթ-տողանցք` ՀՄԸՄ-ի Քեսապ մասնաճիւղի շեփորախումբին մասնակցութեամբ, Ս. Աստուածածին եկեղեցիէն մինչեւ Քեսապ համալիր: Այնուհետեւ Քեսապ համալիրի ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ-խրախճանք: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Արաքօ Արամեան, ապա իրենց սրտի խօսքերը արտասանեցին հայ կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ Նարեկ վրդ. Լուիսեան եւ հայ աւետարանական համայնքի հովիւ պատուելի Շանթ Ակիշեան:

Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:

* 1 յունիսին Քեսապի «Սարդարապատ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ա. Անկախութեան 104-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւն:

Բացման խօսքը արտասանեց Արաքօ Արամեան:

Օրուան խորհուրդը ներկայացուց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան: Հայաստանի Ա. անկախութեան յատկանշական իրադարձութիւններուն անդրադառնալով` ան վեր առաւ մայիս 28-ի պատմական եւ այժմէական նշանակութիւնը եւ ներկայացուց աշխարհաքաղաքական ու տարածաշրջանային ներկայ կացութեան մէջ եւ յատկապէս արցախեան 44-օրեայ պատերազմի պատճառով հայկական երկու հանրապետութիւններուն հանդէպ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական համագործակցութեամբ շարունակուող յարձակողական եւ ծաւալապաշտական սպառնալիքները, ի գործ դրուած փանթուրանական ծրագիրը եւ անոնց հաւանական ծանր հետեւանքները, որոնք կրնան ըլլալ աղէտաբեր, անոնց առաջքը չառնուելու պարագային:

Բանախօսը ներկայացուց 2018-էն ասդին Հայաստանի իշխանութիւններուն ազգակործան եւ պետականաքանդ շարունակուող քաղաքականութիւնը, որուն պատճառով է, որ Հայաստան, Արցախ եւ ամբողջ հայութիւնը յայտնուած են պետականութիւնը կորսնցնելու վտանգին առջեւ:

Մանոյեան նշեց այն գոյութենական մարտահրաւէրները, որոնց դէմ յանդիման կը գտնուինք իբրեւ պետութիւն եւ ազգ, ընդգծելով Հայաստանի իշխանութիւնները հեռացնելու պահանջին քաղաքական բանական անհրաժեշտութիւնը, որովհետեւ միայն այդ կերպով կարելի կը դառնայ շրջադարձային բեկում յառաջացնել ներկայ վտանգալից գործընթացներուն մէջ: Ներհայաստանեան քաղաքական նպատակային իրադարձութիւններուն շրջագիծին մէջ շեշտեց ու արժեւորեց «Զարթնի՛ր, լաօ» նշանախօսքով օր ըստ օրէ ընդարձակուող համաժողովրդային եւ համահայկական դիմադրական շարժման փրկարար կարեւորութիւնն ու անխուսափելի յաղթանակը:

Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:

Սուրիա

 «Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Հռչակման Էական Նշանակութիւնը» Խորագիրով Խորհրդաժողով

Կազմակերպութեամբ ՀԵ միութեան, 30 մայիսին տեղի ունեցաւ «Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակման էական նշանակութիւնը» խորագիրով խորհրդաժողով, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին հալէպահայ միութիւններու եւ ուսումնակրթական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ:

Բացման խօսքով Ներսէս Պարսումեան ներկայացուց խորհրդաժողովին նպատակը, որն է` երիտասարդութիւնը իրազեկ դարձնել ու քննարկել աշխարհաքաղաքական ներկայ իրավիճակն ու Հայաստանի եւ Արցախի ինքնիշխանութեան պահպանման հարցերը: Ան շեշտեց, որ հայրենիքը մեր կարիքը ունի, եւ սփիւռքը իր կարելին պէտք է ընէ, որպէսզի հայրենազուրկ չմնանք:

Խորհրդաժողովը կ’ընդգրկէր երեք զեկոյցներ`

Ա.- ՀՅԴ-ի դերը անկախութեան հռչակման եւ երկամեայ հանրապետութեան աշխատանքներուն մէջ: Զեկուցաբերն էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան, որ անդրադարձաւ` հայ կամաւորական գունդերու ստեղծման, այդ ժամանակուան Հարաւային Կովկասի աշխարհաքաղաքական պայմաններուն, մայիսեան հերոսամարտերուն, հանրապետութեան հռչակման եւ կառավարման, պետական կառոյցներու հաստատման ու ամրագրման, ընտրութիւններու եւ քաղաքացիներու իրաւունքներուն, ինչպէս նաեւ դրացի երկիրներու հետ յարաբերութիւններու եւ հարցերու`  մինչեւ Հայաստանի խորհրդայնացումը:

Բ.- ՀՀ Գ. Հանրապետութեան հռչակման նախադրեալները: Զեկուցաբեր` Համազգայինի Հայագիտական հիմնարկի դասախօս դոկտ. Հուրի Ազէզեան, որ ներկայացուց` Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւններուն, Խորհրդային Հայաստանի ղեկավարութեան վարած քաղաքականութեան, Խորհրդային Միութեան փլուզման, աշխարհը միաբեւեռ դարձնելու եւ ազգերը միաձուլելու գերպետութիւններու ձգտումներուն, համաշխարհայնացման երեւոյթին եւ այս բոլորին լոյսին տակ  Հայաստանի վերանկախացման  ու հայ ժողովուրդի դիմագրաւած տագնապներուն, արցախեան առաջին պատերազմին ու Հայ դատի աշխատանքներուն:

Գ.- Հայաստանի պետականութեան ուղենիշները եւ զանոնք ոտնահարել փորձող օրուան իշխանութեան վարած քաղաքականութիւնը:

Զեկուցաբեր` Կիրօ Մանոյեան, որ  ներկայացուց Հայաստանի մերօրեայ իրավիճակը` խօսելով ՔՊ իշխանութեան վարած  քաղաքականութեան եւ պետականակործան քայլերուն մասին, յատկապէս լուսարձակի տակ առնելով բանակի թուլացումը, արտաքին պարտքի մեծացումը, ժողովրդավարութեան խախտումը`  երկրի գործադիր, օրէնսդիր եւ դատական իշխանութիւնները Հայաստանի վարչապետին շուրջ կեդրոնացնելու ձգտումները, ՌԴ եւ ԻԻՀ-ի հետ յարաբերութիւններու վատթարացումը, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հետապնդումը պետական օրակարգէ դուրս մղելը, Արցախի գծով ոչ հայանպաստ վարքագիծի դրսեւորումը, ՀՀ տարածքային կորուստները, Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ անհեռանկարային պայմանաւորուածութիւնները եւ այլն:

Յունաստան

Արմենոփուլիա (Հայորդիները) Գիրքի Ներկայացում

Կազմակերպութեամբ  ՀՅԴ Թեսաղոնիկէի Հայ դատի յանձնախումբին,  վերջերս Թեսաղոնիկէի «Տէր Զաքարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Արմենոփուլիա» (հայորդիները) գիրքին շնորհահանդէսը:

Գիրքը կը ներկայացնէ Եֆսթաթիոս-Խրիսթոֆորիտիս Սարփողլիսի վկայութիւնը, որ պատկերաւոր եւ մանրամասն ձեւով կը յիշատակէ 600 հայ երեխաներու եղեռական մահը թուրքերու կողմէ` Պոնտոսի Մացուքայի Քունաքա շրջանին մէջ, որ կը գտնուի Տրապիզոնի նահանգին մէջ: Հեղինակը սոյն վկայութիւնը գրած է 1983-ին, եւ որ կը կազմէ իր յուշերու մէկ հատուածը: 2019-ին երկրորդական ուսման դաստիարակ Սթաթիս Թաքսիտիս նախաձեռնեց սոյն վկայութեան հրատարակման` զայն թարգմանելով 6 լեզուներու (հայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն, ռուսերէն եւ թրքերէն): Նշենք, որ բուն վկայութիւնը գրուած էր պոնտական բարբառով:

Ձեռնարկին սկիզբը Հայ դատի յանձնախումբին անունով խօսք առաւ Պետրոս Հալաճեան, որ մատնանշեց մէկ օր առաջ տեղի ունեցած դէպքը Ամպելոքիփի քաղաքապետութեան մէջ, ուր այսպէս կոչուած «յոյն-ազրպէյճանական բարեկամութեան միութիւն»-ը փորձեց կատարել ելոյթ մը պոնտական ոչ գործօն կազմակերպութեան մը հետ քաղաքապետարանի բարձր հովանաւորութեան տակ:

Տուեալ շրջանի քաղաքապետ Լազարոս Քիրիզօղլու ներկայ ըլլալով հայկական ելոյթին` խօսք խնդրեց նշելու համար, որ քաղաքապետութիւնը տրամադրեց սրահը եւ ընդառաջեց ելոյթի կազմակերպման, որովհետեւ դիմումը կատարուեցաւ պոնտական միութեան կողմէ եւ որեւէ նշում չէր եղած ազրպէյճանական միութեան մասնակցութեան մասին: Քաղաքապետը նշեց, որ ինք եւս պոնտական ցեղասպանութեան վերապրողներու ընտանիքի զաւակ է, եւ իր նախնիները ամենադաժան ձեւով ոչնչացման ենթարկուած են թուրքերուն կողմէ:

Գիրքի ներկայացման ընթացքին խօսքը տրուեցաւ Թեսաղոնիկէի քաղաքապետ Քոնստանտինոս Զերվասին, որ անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան` կարդալով որոշ տողեր գիրքին մէջ նշուած պատումներէն:

Հեղինակին զաւակը ելոյթ ունենալով` անդրադարձաւ իր հօր յուշերուն  եւ ցոյց տուաւ իր հօր բուն սեւագրութիւնը: Յաջորդաբար խօսք առին Գերմանիոյ Նիւրեմպերկ քաղաքի պոնտական երիտասարդական միութեան անդամ Լէոնիտաս Լամպրոփուլոսը եւ գիրքի հրատարակման պատասխանատու եւ նախաբանի հեղինակ Սթաթիս Թաքսիտիսը, որ յայտնեց, թէ իր աշակերտներուն ներշնչումը խթան հանդիսացած է ներկայ հրատարակութեան համար, որ յենած է անձնական միջոցներու վրայ: Թաքսիտիս նշեց հայոց եւ պոնտացի յոյներու զոյգ ցեղասպանութիւններու ճանաչման կարեւորութիւնը, որ պէտք է ունենայ մէկ եւ վերջնական նպատակ` ստիպել Թուրքիան ընդունիլ իր եղեռնագործութիւնը ու երկու ժողովուրդներուն հանդէպ հատուցումները:

Օրուան հանդիսավար Յովիկ Գասապեան փակեց ելոյթը` առաջարկելով, որ յարմար պիտի ըլլար նոյն ներկայացումը կատարել Երեւանի Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ եւ Խրիսթոֆորիտիսի համաձայնութեամբ ձեռագիր բնագիրը յանձնել թանգարանին:

Ատրպատական

«Ատրպատականի Հայոց Թեմի Յուշարձանները» Նիւթով Առցանց Բանախօսութիւն

Հրաւէրովը Համազգայինի Թորոնթոյի «Գլաձոր» գրական յանձնախումբի վարչութեան, Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր արք. Չիֆթճեան վերջերս ներկայացուց «Ատրպատականի հայոց թեմի յուշարձանները» նիւթով առցանց բանախօսութիւն մը:

Սոյն եթերազրոյցին իրենց մասնակցութիւնը բերին յիշեալ գրական յանձնախումբին անդամները, նաեւ` հայ մտաւորականներ: «Գլաձոր» գրական յանձնախումբին անունով ողջոյնի խօսք ուղղեց Թամար Տօնապետեան: Ան պատմական ներածական մը կատարեց Ատրպատականի շրջանի մասին` յիշելով հայոց պատմութենէն կարգ մը յիշարժան դէպքեր, ինչպէս` Աւարայրի ճակատամարտը, որուն աշխարհագրական վայրը կը գտնուի Ատրպատականի հայոց թեմի տարածքին մէջ: Ան նաեւ ներկայացուց սրբազան հօր ամփոփ կենսագրականը:

Առցանց դասախօսութեան ելոյթով սրբազան հայրը նախ ընդհանուր ակնարկով բացատրեց աշխարհագրական դիրքը եւ շուրջ 800 տարուան հնութիւն ունեցող թեմի ներկայ նշանակութիւնը, յատկապէս` Հայաստանի անկախանալէն ետք, ներկայացնելով անոր հետ առաջին հարեւանութեան բացառիկ իմաստը: Սրբազանը ամփոփ պատմականը ներկայացուց թեմի մշակութային ժառանգութիւնը հանդիսացող չորս վանքերուն` Ս. Թադէի, Ս. Ստեփանոսի, Ծոր-Ծորի Ս. Աստուածածինի եւ Դերիկի Ս. Աստուածածինի, ճարտարապետական առանձնայատկութիւններէն զատ, նաեւ խօսելով հայոց ազատագրական պայքարի ճամբուն վրայ անոնց ունեցած կարեւորութեան: Սրբազանը գնահատական խօսք ուղղեց Իրանի պետութեան, որ Մշակութային ժառանգութեան յատուկ հիմնարկութեան եւ Իրանի հայկական եկեղեցիներու պետական գրասենեակի միջոցով մասնաւոր ուշադրութիւն կը դարձնէ անոնց անեղծ պահպանման: Նոյն ծիրին մէջ սրբազանը տեղեկութիւններ տուաւ Թաւրիզի եւ շրջակայքի, ինչպէս նաեւ Ուրմիոյ եւ անոր շրջակայ հայկական գիւղերու, Սալմաստի եւ  Ղարադաղի լեռնային շրջանի հայկական եկեղեցիներու մասին:

Պուլկարիա

Շարլ Ազնաւուրի Յուշարձանի Բացում

1 յունիսին Վառնայի «Սոյետինենիէ»  հրապարակին մէջ տեղի ունեցաւ  աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի յուշարձանի բացում: Յուշարձանին հեղինակն է պուլկարացի  քանդակագործ Կրասիմիր Անկելով:

Ելոյթներով հանդէս եկան` Պուլկարիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Արմէն Եդիգարեան, Պուլկարիոյ մէջ Ֆրանսայի դեսպանութեան մշակոյթի կցորդ Իվա Տիքովա, Պուլկարիոյ նորարարութիւններու եւ զարգացման նախարար Տանիէլ Լորեր, Վառնայի քաղաքապետ Իվան Պորտնիխ, Վառնայի տարածաշրջանի մարզպետ Պլագոմիր Կոստեւ, ինչպէս նաեւ` Պուլկարիոյ խորհրդարանի պատգամաւորներ, գործարարներ, հայ համայնքի տարբեր կազմակերպութիւններու ղեկավարներ ու ներկայացուցիչներ:

Յուշարձանի օրհնութեան կարգը կատարեց Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ռումանիոյ թեմի առաջնորդ, Պուլկարիոյ թեմի առաջնորդական փոխանորդ, Պալքանեան երկիրներու մէջ հայրապետական պատուիրակ  Տաթեւ եպս. Յակոբեան:

Բանախօսները ներկայացուցին Ազնաւուր երգիչն ու արուեստագէտը եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին Վառնայի իշխանութիւններուն` այս ձեռնարկին աջակցելու համար:

Յայտնենք, որ 20 օր  առաջ տեղի ունեցած էր Շարլ Ազնաւուրին նուիրուած լուսանկարչական ցուցահանդէսի բացում:

Միացեալ Նահանգներ

Ռապըրթ Մենենտեզ Մեծարուեցաւ Արեւելեան Ամերիկայի Ազգային Առաջնորդարանին Կողմէ

13 մայիսին, Արեւելեան Ամերիկայի հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի երկրորդ նիստի աւարտին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ կատարուեցաւ հիւրասիրութիւն մը:

Թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեանի բացման աղօթքէն ետք, Ազգային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչատուրեան ելոյթ ունենալով` յայտարարեց օրուան պատուոյ հիւր Նիւ Ճըրզիի ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտեզի ներկայութիւնը, որ նաեւ ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի ատենապետն է:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան ներկայացուց ծերակուտական Մենենտեզը` ընդգծելով անոր տասնամեակներու անխոնջ եւ անյողդողդ հայանպաստ գործունէութիւնը, ներառեալ` անոր հիմնական դերը 2020-ին ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան պատմական ճանաչման մէջ:

Այս առիթով Մենենտեզ ստացաւ Ազգային առաջնորդարանի «Հայաստանի ոգի» (Spirit of Armenia) մրցանակը` ձեռամբ առաջնորդ սրբազանին:

Առաջնորդը դրուատեց ծերակուտական Մենենտեզի արդարութեան եւ խաղաղութեան յանձնառութեան ոգին` մատնանշելով, որ վերջին երեք տասնամեակներուն անձամբ վկայ եղած է ծերակոյտին մէջ ապրիլ 24-ի բոլոր ոգեկոչումներուն ընթացքին մեծարեալին ցուցաբերած նախանձախնդիր կեցուածքին եւ յայտնեց, որ ծերակուտական Մենենտեզի պէս անձնաւորութիւններն են, որոնք Միացեալ Նահանգները առաւել եւս պիտի զօրացնեն ու դարձնեն ժողովրդավարութեան եւ արդարութեան օրինակելի պաշտպան մը:

Իր կարգին, Մենենտեզ անդրադարձաւ երկար տարիներու տքնաջան աշխատանքներուն, որոնք պսակուեցան Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումով: Ան ըսաւ, որ հայոց դատը մօտ է իր սիրտին: Մեծարեալը շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդ սրբազան հօր ու առաջնորդարանին եւ վերահաստատեց իր մնայուն զօրակցութիւնը Հայաստանի ու հայութեան հանդէպ: Ան նկատել տուաւ, որ շուրջ տարի մը առաջ ապրած է յաղթանակի եւ անշուշտ արդարացման զգացումը, ինչպէս շատեր, երբ լսած է, որ նախագահ Պայտըն կը ծրագրէ ճանչնալ ճշմարտութիւնը, աւելցնելով, թէ որքա՛ն հպարտ զգացած է, որ արդարութեան ի խնդիր այդպիսի շարժումի մը մաս կազմած էր` այս ճիգը գլխաւորելով Քոնկրեսին մէջ: Ան վերյիշեց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար իր պայքարը` 2006-ին ծերակոյտ մտնելէ ետք:

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Այլազան. Կնոջ Կերպարով Արձանները Սակաւաթիւ Են Հայաստանի Մէջ

Յաջորդը

ՓԹԻԹ-ի Կայքին Բարեփոխումն Ու Փթթումը

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Մայիս 8, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Մայիս 6, 2025
Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի այցը՝ Ֆիլատելֆիոյ Հայ Քոյրերու վարժարան
Գաղութէ Գաղութ

Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի այցը՝ Ֆիլատելֆիոյ Հայ Քոյրերու վարժարան

Մայիս 5, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?