Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան
Անկախութեան 104-ամեակի Նշումներ
Կիրօ Մանոյեան. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը Համայն Հայութեան Հայրենիքն Է, Եւ Հայ Ժողովուրդի Բոլոր Զաւակները Իրաւունք Ունին Հայաստանի Հանրապետութեան Քաղաքացիներ Դառնալու Ու Վայելելու Անոր Կողմէ Պաշտպանուած Ըլլալու Իրաւունքը»
27 մայիս 2022-ի երեկոյեան, գլխաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանի, «Զաւարեան» համալիրի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր տօնակատարութիւն` նուիրուած Հայաստանի անկախութեան կերտման 104-ամեակին:
Օրուան հանդիսավար Վրէժ Թովմասեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր հայրական հոգածութեան համար` դիտել տալով, որ ան իր ներկայութեամբ առաւել արժեւորեց տօնակատարութիւնը` խնդութիւն եւ յոյս ներշնչելով բոլորին:
Վ. Թովմասեան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Այսօր համախմբուած ենք միասնաբար տօնելու յաղթանակը ՀՀ կերտման 104 -ամեակին, որ իր ստեղծումով ու երկամեայ գոյատեւումով դարձաւ ճակատագրական անկիւնադարձ հայ ժողովուրդին համար: Հայ ժողովուրդը իր միասնական ու մարտնչող զաւակներուն շնորհիւ մղեց Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի եւ Բաշ Ապարանի հերոսամարտերը, որոնք դարձան որոշիչ ազդակները հայ ժողովուրդի ու երկրի ապագային:
«Այսօր, նորոգելով մայիսեան յաղթանակի մեր ուխտը, միասնական ճիգով շարունակենք մեր պայքարը` յաղթահարելով մեր առջեւ ծառացած բոլոր մարտահրաւէրները եւ հզօրացնենք մեր հայրենիքը: Փա՜ռք անկախութեան եւ ազատութեան ճանապարհին վրայ ինկած մեր նահատակներուն»:
«Ահարոնեան» կեդրոնի խօսքը արտասանեց Արմէն Ուրֆալեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց սրբազան հօր եւ ներկաներուն ու ըսաւ. «Ինչպէս մեր սրտերը պիտի չտրոփեն ուրախութեամբ, երբ համախմբուած ենք « Զաւարեան» համալիրին մէջ միասնաբար յիշատակելու մայիս 28-ին տօնը: Մեր դէմքերուն վրայ կ՛ուրուագծուի ժպիտը` ի տես սրահի բացումին եւ դամասկահայութեան յառաջընթացին»:
Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց դամասկահայութեան,որ իր լումաներով ու ճակտի քրտինքով կառուցեց այս համալիրը: Ապա հայ ժողովուրդի շինարար ոգիին անդրադառնալով` ըսաւ.«Մենք շինարար եւ կառուցող ժողովուրդ եղած ենք, քանդուածը շինած ենք: Դամասկահայութիւնը այս համալիրի վերաշինութենէն ետք կը վայելէ սերունդներու հոգեմտաւոր պատրաստութեան գործընթացին փուլերը: Այս կառոյցը, նիւթական իր արժէքին կողքին, բարոյական արժէք ու դեր ունի եւ պիտի ունենայ: Այս կը վկայեն ձեր ներկայութիւնն ու քաջալերանքը»:
Ան անդրադառնալով դպրոցի եւ միութիւններու դերակատարութեան նորահաս սերունդի հայեցի դաստիարակութեան գործին մէջ, կոչ ուղղեց ծնողներուն` քաջալերելու իրենց զաւակները յաճախելու հայկական վարժարան, ուր անոնք կը ստանան հոգեմտաւոր կրթութիւն ու կը գործեն միութիւններէն ներս` ստանալով ազգային դաստիարակութիւն, եւ այս երկուքը միաձուլուելով ու ներդաշնակուելով` կ՛երաշխաւորեն ապագայ երիտասարդ մարդուժի պատրաստութիւնը, որ աննահանջ պիտի շարունակէ մեր երթը:
Ուրֆալեան արաբերէնով երախտագիտութեան խօսք ուղղեց Սուրիոյ նախագահ տոքթ. Պաշար Ասատին, սուրիական քաջարի բանակին եւ յարգանքի ջերմ զգացումներ` նահատակներուն:
28 մայիսի պատգամը ուղղեց Հայաստանէն ժամանած ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան:
Բանախօսը նախ պատմական անդրադարձ կատարեց ՀՀ անկախութեան կերտման իրադարձութիւններուն` լուսարձակի տակ առնելով ՀՅԴ-ի հիմնարար դերակատարութիւնը ժողովուրդը համախմբելու անկախութեան գաղափարին շուրջ, դիտել տալով, որ եթէ չըլլար 1918-ի մայիսեան այդ պատմական օրերուն հայկական բանակը,որ այդ ժամանակ մեր հայրենիքի տարածքին ամբողջ ժողովուրդն էր, եթէ մեր ժողովուրդը թրքական զօրքերուն Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի եւ Բաշ Ապարանի հերոսամարտերով չյաղթէր, ի՞նչ պիտի ըլլար իր ճակատագիրը: Այդպիսի պայմաններու մէջ յաղթելը հրաշքի համազօր էր, սակայն պատահեցաւ հրաշքը, ու կարելի եղաւ կասեցնել թշնամիին յառաջխաղացքը:
Ան խօսելով հայ ժողովուրդի սխրանքներուն մասին` ըսաւ. «Համաժողովրդային սխրանքը կարելի է վերագրել Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի յորդորին ու կոչին, կարելի է վերագրել Արամ Մանուկեանի կոչին ու կազմակերպական տաղանդին, կարելի է վերագրել զինուորական հրամանատարներուն, բայց նաեւ այս սխրագործութիւնը պէտք է վերագրել ժողովուրդի գիտակցութեան. երբ եկած էր ընտրութեան պահը կեանքի եւ մահուան միջեւ, ժողովուրդը մահուան գնով ընտրեց կեանքը»:
Մանոյեան շարունակեց խօսքը` ըսելով. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր անկախ գոյութեան երկուքուկէս տարուան ընթացքին ահռելի ճիգով եւ հազարաւորներու արեան գնով ամրագրեց ազգային պետականութեան հիմքերը եւ այն սկզբունքները, ըստ որոնց, Հայաստանի Հանրապետութիւնը համայն հայութեան հայրենիքն է, եւ հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակները իրաւունք ունին Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներ դառնալու ու վայելելու անոր կողմէ պաշտպանուած ըլլալու իրաւունքը»:
Ան շեշտը դրաւ Հայաստանի հիմնադրութեան, ձեւաւորման եւ պետականութեան վերականգնան ի խնդիր ՀՅ Դաշնակցութեան քաղաքական կամքի եւ ուժի առկայութեան վրայ ու շեշտեց, որ կարելի չէ տօնախմբել Հայաստանի Հանրապետութեան գոյառումն ու ձեռքբերումները` առանց ՀՅ Դաշնակցութեան դերակատարութիւնը գնահատելու:
Բանախօսը ակնարկելով Հայաստանի եւ Արցախի ներկայ իրավիճակին եւ մարտահրաւէրներուն` յայտնեց, որ ներկայ իշխանութիւնը ոչ միայն իր ապիկար քաղաքականութեամբ, այլ ծրագրուած դաւադիր վարքագիծով Արցախի 44-օրեայ պատերազմէն ետք տակաւին կը շարունակէ կործանարար քայլերու դիմել` ոտնահարելով հայրենիքին անվտանգութիւնն ու ժողովուրդին կենսական շահերը, յանձնելով հողային տարածքներ, իսկ այդ հողային կորուստներուն շարանը կրնայ շարունակուիլ իշխանութեան Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ ստորագրելիք դաւադրական նոր հաձայնագիրներուն պատճառով. «Այսօր շատ ծանր է Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն իրավիճակը: Թշնամիները նոյնն են` Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը ու երկուքին հետ տարբեր չափերով մեղսակից այլ պետութիւններ, որոնք բնականաբար կը փորձեն շարժիլ ըստ իրենց ազգային շահերուն: Այսօրուան Հայաստանի իշխանութիւնները եւս մեղսակից են մեր թշնամիներու ծրագիրներու իրականացման գործընթացներուն», ըսաւ Մանոյեան:
Իր խօսքը եզրափակելով` Մանոյեան ըսաւ. «Այսօր, սակայն, մեր տօնախմբութիւնը ունի իւրայատուկ խորհուրդ, որ կը կայանայ տօնակատարութեան ճամբով դէպի ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան հասնելու ուխտի վերանորոգման մէջ, յաղթահարելու այսօրուան մեր դիմագրաւած դժուարութիւնները, յարատեւօրէն շարունակելու պայքարը` հաւատարիմ մնալով Քրիստափոր Միքայէլեանի պատգամին` յարատեւ կռիւ, մինչեւ յաղթանակ»:
Գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկաւ Համազգային «Լ.Շանթ» մասնաճիւղի նորակազմ «Աղթամար» երգչախումբը` ազգային երեք երգով, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ երաժիշտ Նաթալի Ասպաթիի:
Հուսկ, սրբազան հայրը իր սրտի խօսքին ընդմէջէն շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկի կազմակերպիչներուն եւ անոր մասնակիցներուն` շեշտելով, որ երիտասարդութիւնը իր խանդավառութեամբ եւ յանձնարութեամբ կը շարունակէ լոյս եւ յոյս ներշնչել:
Մայիսեան յաղթանակներուն տօնակատարութիւնը շարունակուեցաւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ: Ազգային յեղափոխական երգերով ելոյթ ունեցաւ Դամասկոսէն Մարտօ Գաթըգլեան` երգեհոնի ընկերակցութեամբ Հալէպէն ժամանած Ներսէս Թոփճեանի:
Տօնակատարութիւնը վերջ գտաւ սրբազան հօր «Պահպանիչ» աղօթքով:
Հալէպ
Հայաստանի անկախութեան կերտման 104-ամեակին առիթով ՀՄԸՄ-ի Հալէպ մասնաճիւղի վերանորոգուած մարզաւանի բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ «Զարթնի՛ր, լաօ՛» պատգամին հնչեղ արձագանգով:
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց Թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանի եւ ներկայութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեանի, կիրակի, 29 մայիս 2022-ի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, ՀՄԸՄ-ի Ազիզիէ շրջանի վերանորոգուած զոյգ դաշտերուն պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ:
Հանդիսավար Նայիրի Զաքոյեան հրաւիրեց ՀՄԸՄ-ի Հալէպ մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ տոքթ. Արամ Աւետիսեանը` վարչութեան խօսքը արտասանելու: Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն ու յայտնեց, որ 1918-ին ծնունդ առած Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւնը եռագոյն դրօշին տակ համախմբեց հայ պատանիներն ու երիտասարդները եւ անոնց ազգային դաստիարակութիւն ջամբելով մասնակից դարձաւ Հայաստանի անկախութեան կերտումին, որ հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ անկիւնադարձային փուլ մը հանդիսացաւ:
Ապա անդրադարձաւ դաշտերու վերանորոգման աշխատանքին ու ըսաւ. «Նկատի ունենալով հայապահպանումի մէջ ՀՄԸՄ-ի կարեւոր դերը, յետ Սուրիոյ պատերազմին, ՀՄԸՄ-ի Հալէպ մասնաճիւղի առաջնահերթ ծրագիրներէն մէկը հանդիսացաւ մարզաւանի վերանորոգութիւնը, ուր մեր մարզիկներն ու սկաուտները իրենց գործունէութիւնները պիտի կատարէին ապահով եւ հայաբոյր յարկի մը ներքոյ:
«Երկարաշունչ աշխատանքէ ետք, այսօր, օրինական չափանիշներով պատրաստուած պասքեթպոլի եւ ոտնագնդակի զոյգ դաշտերը ՀՄԸՄ-ականներուն տրամադրութեան տակ կը գտնուին: Հսկայական աշխատանքի կը կարօտէր նորոգութեան այս ծրագիրը, որուն իրականացման համար իրենց անսակարկ ներդրումը բերին ՀՄԸՄ-ի Հալէպ մասնաճիւղի նախկին ու ներկայ վարչութիւնները: Երկար է շնորհակալութեան ցանկը, եւ անսահման են մեր երախտագիտական զգացումները, ի մասնաւորի` այս աշխատանքին համար յառաջացած շինարարական յանձնախումբին եւ անոր ատենապետին, որոնք մինչեւ օրս բոլոր մանրամասնութիւնները սերտելով` լաւագոյնս կազմակերպեցին վերանորոգութեան աշխատանքը եւ սփիւռքի մէջ տարածուած հալէպահայ ՀՄԸՄ-ականներուն հետ կապ հաստատելով` անոնց նիւթաբարոյական օժանդակութեամբ իր լրումին հասցուցին աշխատանքը»:
Այս առիթով ան շնորհակալական խօսքը ուղղեց բարեսիրական այն կազմակերպութիւններուն, որոնք նիւթաբարոյական օժանդակութեամբ ընթացք տուին վերանորոգութեան այս աշխատանքին, աշխարհասփիւռ ՀՄԸՄ-ականներուն, յատկապէս` հիւրաբար Հալէպ գտնուող Ճորճ Խոռոզեանին, որմէ վերանորոգութեան այս աշխատանքը սկսելու առաջին քաջալերանքը ստացան, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն Էնտի Անտոնեանին` իր բերած ներդրումին համար:
Տոքթ. Արամ Աւետիսեան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ` ՀՅԴ-ին, ՀՄԸՄ-ին եւ սրբազան հօր, Սուրիոյ նախագահ տոքթ. Պաշշար Ասատին, որ եղբայրական մօտեցումով հայկական կալուածները կառուցելու եւ աշխուժօրէն գործելու ազատութիւնը տուած է:
Ապա մարզադաշտ մուտք գործեցին սկաուտները` բարձրացուցած Սուրիոյ, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ՀՄԸՄ-ի դրօշները, որոնց յաջորդեցին Հալէպ մասնաճիւղի երիցական, արիական, գայլիկական եւ սկաուտական խումբերը` իրենց հաստատուն քայլերով, ապա յաջորդաբար տողանցեցին ֆութպոլի, ճատրակի եւ պասքեթպոլի մարզիկները` իրենց պատասխանատուներով:
Ապա բոլորը մէկտեղուեցան դաշտին վրայ:
Այնուհետեւ Մասիս եպս. Զօպուեան գնահատեց տարուած աշխատանքը եւ ողջունեց հիւրերը: Իր խօսքին մէջ տէր Մասիս ըսաւ. «Այսօր օրն» է յիշատակելու բոլոր անոնք, որոնք «Զարթնի՛ր, լաօ՛» երգեցին, որոնք սփիւռքի տարածքին հայ մշակոյթը պահեցին եւ հայուն ներկայութիւնը երաշխաւորեցին: Այսօր օրն է անոնց, որոնք հեռաւոր երկիրներէն յիշեցին Սուրիան: Շնորհիւ ձեր կամքին` սուրիահայութիւնը դարձեալ կեանք կ՛առնէ: Այս մարզադաշտերուն բացումը, մնացեալ կառոյցներուն կողքին, հիմքը կը կազմէ մեր ներկային ու ապագային:
«28 մայիսը մեզի կը յուշէ մեր կամքով, հաւատարմութեամբ ու բռունցքով տէր կանգնիլ մեր հողերուն եւ իրաւունքներուն, մեր պետականութեան: Մենք Սուրիայէն կը միանանք հայրենիքի մեր զաւակներուն, որպէսզի տէր կանգնինք մեր հայրենիքին ու Արցախի բռնագրաւուած հողերուն: Այսօր Հայաստանը մեր իւրաքանչիւրին մէջ է: Վկայ` շնչող հալէպահայութիւնը, մեր հաստատութիւնները եւ ՀՄԸՄ-ը»:
Իր խօսքին աւարտին սրբազան հայրը շեշտեց, որ մենք բոլորս յանձնառու ենք եւ պատասխանատու` անսալու արդարութեան եւ պահանջատիրութեան ձայնին:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ սրբազան հօր «Պահապանիչ» աղօթքով:
Ատրպատական
Հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր արք. Չիֆթճեանի եւ Թեմական խորհուրդին, 25 մայիսին Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան Թաւրիզի մասնաճիւղի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա.Հանրապետութեան անկախութեան 104-ամեակի շքեղ հանդիսութիւնը:
Բացման խօսքը արտասանեց «Արարատ»-ի Թաւրիզի մասնաճիւղի նախագահ Նժդիկ Աբրահամեան, որ մէջբերումներ կատարեց Հայաստանի անկախութեան ռահվիրաներէն, յատկապէս առնչուած` մեր հայրենիքի այսօրուան տագնապալի օրերուն:
Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր` մասնակցութեամբ թաւրիզահայ բոլոր կազմակերպութիւններուն եւ միութիւններուն: Ցուցադրուեցաւ նաեւ օրուան խորհուրդը ներկայացնող տեսերիզ մը:
Աւարտին սրբազան հայրը յղեց իր պատգամը` յորդորելով ներկաները տարեդարձներէն հեռու իսկական անկախութիւնը կերտելու եւ զայն ապրելու խորհրդով: Ան շեշտեց, որ շուրջ 600 տարիներ իր թագաւորութիւնը կորսնցուցած, եւ ապա ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդի համար անկախութեան վերատիրանալը, պետականութիւն հիմնելը, հայրենիքի նոր սահմանագծում կատարելը եւ մանաւանդ այնտեղ ինքնիշխան դառնալը անհաւատալի եւ հրաշքի համազօր երեւոյթներ են, աւելցնելով, որ անկախութիւնները իրենց գինը ունին, որ պէտք է վճարենք անպայման եւ մենք այս փառքին տիրանալու համար 1918-ին պատերազմի դաշտ իջանք ու արիւն թափեցինք:
Եզրափակելով իր խօսքը` սրբազան հայրը անդրադարձաւ մեր նորագոյն պատմութեան տխուր դէպքերուն եւ տմոյն երեւոյթներուն, որոնք միայն թախիծ կը պատճառեն հայրենասիրութեամբ բռնկուած հոգիներուն, եւ գիտակցութեան հրաւիրեց իւրաքանչիւր հայ:
Թեհրան
28 մայիսին Թեհրանի մէջ նշուեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 104-րդ տարեդարձը:
Օրուան հաղորդավարն էր Քարմեն Չարմահալի: Ելոյթ ունեցան օրուան բանախօս Դերենիկ Մելիքեան, Իրանի մէջ Հայաստանի դեսպան Արսէն Աւագեան, նաեւ` Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան, որ իր գնահատանքը յայտնելով կազմակերպուած ձեռնարկին` ընդգծեց, թէ հայ ժողովուրդը իր յաղթանակները նուաճած է միասնականութեամբ ու տոկունութեամբ, որուն պատմական մեծագոյն ցուցանիշը եղած են մայիսեան յաղթանակները:
Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Նոր Ջուղա
28 մայիսին Նոր Ջուղայի Հայ մշակութային «Արարատ» միութեան շրջափակին մէջ նշուեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրման 104-ամեակը:
Ձեռնարկը սկսաւ դրօշակի արարողութեամբ եւ հանրապետական մաղթանքով, ապա տեղի ունեցաւ շքերթ-տողանցք` մասնակցութեամբ Նոր Ջուղայի եւ Շահինշահրի ազգային մարմիններուն, շրջանի Հայ դատի յանձնախումբին, միութիւններու եւ հայոց ազգային վարժարաններուն: Այնուհետեւ ելոյթ ունեցան Հայաստանէն հրաւիրուած պատմաբան, Հայ դատի փորձագէտ ու քաղաքական գործիչ Հրաչ Թադէոսեան եւ Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Սիփան եպս. Քեչեճեան:
Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Քուէյթ
27 մայիսին Քուէյթի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ սուրբ պատարագի ընթացքին Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 104 ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ հանրապետական մաղթանք եւ դրօշակի օրհնութիւն` նախագահութեամբ Քուէյթի եւ շրջակայից հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Պետրոս ծ. վրդ. Մանուէլեանի:
Այս առիթով յղած իր պատգամին մէջ Պետրոս ծ. վրդ. Մանուէլեան շեշտեց, որ 28 մայիսը կերտուած է մեր ժողովուրդի բազում զոհողութիւններուն եւ մղած հերոսական ճակատամարտերուն շնորհիւ, եւ այսօր ալ անկախութիւնը մեր հայրենիքին համար գերագոյն արժէք է, որ պէտք է պահել ու փայփայել: Հայր սուրբը ըսաւ նաեւ, որ հայերը պարտուիլ չեն գիտեր, յուսահատիլ չեն գիտեր: Փաստը այն է, որ Ցեղասպանութենէն ընդամէնը երեք տարի ետք մեր ժողովուրդը յարութիւն առնելով` անկախութիւն ձեռք բերաւ եւ կերտեց Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը: Եզրափակելով իր խօսքը` ան յորդորեց ներկաները առաւել եւս լեցուելու մայիս 28-ի ոգիով, որպէսզի կերտենք նոր Սարդարապատներ:
Կիպրոս
27 մայիսին Կիպրոսի ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ի մարզադաշտին մէջ տօնուեցաւ Հայաստանի Ա Հանրապետութեան 104-րդ տարեդարձը:
Բացման խօսքը արտասանեց Ծաղիկ Սահակեան, իսկ յունարէնով ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին Վարդենի Գասապեան եւ Կիպրոսի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ Գազանճեան: Խօսք առաւ նաեւ ՀՅԴ Կիպրոսի կոմիտէի ներկայացուցիչ Սիմոն Այնէճեան:
Օրուան բանախօսն էր Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան, որ այս առթիւ յատկապէս հրաւիրուած էր Կիպրոս: Իր գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նաեւ` Արցախի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար եւ Արցախի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արթուր Մոսիեան, Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարարի տեղակալ Արմինէ Ալեքսանեան եւ Ազգային Ժողովի նախագահի խորհրդական Կարէն Վանեան: Յայտագիրը փակուեցաւ թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեանի սրտի խօսքով:
Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:
Միացեալ Նահանգներ
28 մայիսին Կլենտէյլի քաղաքապետարանի բացօթեայ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրման 104-ամեակի տօնակատարութիւնը:
Օրուան հանդիսավար Շանթ Նաճարեան անդրադարձաւ օրուան խորհուրդին: Ելոյթ ունեցան` Կլենտէյլի Քաղաքապետ Արդի Քասախեան, Կլենտէյլի քաղաքային խորհուրդի անդամ Վրէժ Աղաճանեան, երիտասարդութեան անունով Բիւզանդ Պէրպէրեան, հիւրաբար Միացեալ Նահանգներ գտնուող ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Հրաչ Վարժապետեան:
Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, նաեւ ելոյթ ունեցաւ Արա Սահակեան` յեղափոխական երգերով: