Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Յուլիս 28, 2022
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներ

Եպիսկոպոսական Միւռոնաբոյր Պատարագ Եւ Անդրանիկ Ջրօրհնէք Ս. Տրդատ Եւ Ս. Աշխէն Մատրան Անուանակոչութեան Տօնին Առիթով

17 յուլիսին Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան ուղղուեցաւ Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն մատուռը, ուր հնչեցին աղօթք ու շարական, ապա հոգեւոր շքերթը առաջնորդուեցաւ դէպի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահը, ուր սրբազանը մատուցեց ս. պատարագ:

Պատարագի ընթացքին Զարեհ վրդ. Սարգիսեան խորան բերաւ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ 1 յուլիսին Արամ Ա. կաթողիկոսի ձեռամբ օրհնուած սրբալոյս նոր միւռոնէն բաժին մը իր մէջ ամփոփող միւռոնօրհնէքի մայր կաթսան յատկանշող մանրակերտ սպասը, ուրկէ առաջնորդը միւռոնէն քանի մը կաթիլ միախառնեց ջրօրհնէքի յատուկ կաթսային մէջ:

Սրբազան հօր պատգամը կը վերաբերէր մարդկային կեանքը արժանաւորապէս ապրելուն, որպէսզի կարելի ըլլայ ժառանգել երկինքը: Սրբազան հայրը յուշեց, որ մարդոց կեանքը լեցուն է տագնապներով, երբեմն ալ յաղթանակներ եւ ուրախութիւններ անմասն չեն անոնց կեանքէն: Ան շեշտեց, որ թերեւս անցնող տարիներուն ահագնացած մարդկային ցաւերը պատճառ եղան նաեւ յուսախաբութիւններու, սակայն ոչ մէկ քրիստոնեայի արտօնուած է յուսահատիլ իր կեանքին մէջ, հաստատելով, որ այն մարդուն հոգիին մէջ, ուր Քրիստոսը կայ, հոն յոյսը չի վերջանար: Ան նկատել տուաւ, թէ որպէս Հայ եկեղեցւոյ խոնարհ սպասաւոր, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ` առաջին ջրօրհնէքը կը կատարէ թեմի օրհնեալ սահմաններէն ներս, հաւատալով, որ սրբալոյս միւռոնէն ճառագայթող ու մեզ բոլորս ներշնչող ուժը նորութիւն պիտի ընծայէ մեր կեանքին:

Սրբազանը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի ժողովուրդին, որ ամէն իմաստով զօրավիգ եղաւ հայ եկեղեցւոյ միւռոնօրհնէքի արարողութեան եւ մնայուն կը զօրակցի Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի ժողովրդանուէր ու ազգաշէն գործունէութեան:

Այնուհետեւ առաջնորդ սրբազանը Ազգային առաջնորդարանի գաւիթին մէջ կատարեց մատաղի օրհնութիւն:

Յայտնենք, որ արարողութեան ընթացքին առաջնորդը կարդաց հայրապետական օրհնութեան յատուկ գիր մը, որուն մէջ բարձր կը գնահատուէր Ազգային առաջնորդարանի Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն մատրան բարերարուհի, նորոգ հանգուցեալ Աշխէն Փիլաւճեանի բարերարութիւնը` Հայ եկեղեցւոյ եւ հայ ազգին, ապա զայն յանձնեց բարերարուհիին որդւոյն` Բեգլար Փիլաւճեանին: Այս առիթով նաեւ հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ մատրան բարերարուհի Աշխէնի, ամուսնոյն` Ալեքսանի եւ որդւոյն` Վահրիճի հոգւոցն խաղաղութեան համար:

Քանատա

Բաբգէն Արք. Չարեանի Այցելութիւնը «Արարատ Տուն»

22 յուլիսին Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան, ընկերակցութեամբ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հովիւ Յակոբ քհնյ. Գեադայեանի, տիրացու Եսայի Մանուկեանի եւ ՀՕՄ-ի Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղի ատենապետուհի Ֆլորա Կիրակոսեանի, այցելեց «Արարատ տուն»:

Ընդառաջելով «Արարատ տուն»-ի անձնակազմի հրաւէրին եւ կազմակերպութեամբ ՀՕՄ-ի Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղին, սրբազան հայրը հանդիպեցաւ բնակիչներուն հետ, կատարեց տնօրհնէքի արարողութիւն եւ բոլորին նուիրեց «Իմ աղօթագիրքս», որ վերջերս Ազգային առաջնորդարանը հրատարակեց մեկենասութեամբ Զարեհ եւ Վիքի Պապիկեան ամոլին:

Սրբազան հայրը մտերմիկ պահեր ունեցաւ «Արարատ տուն»-ի վարչութեան անդամներուն ու բնակիչներուն հետ եւ իր հայրական խօսքերով ու օրհնութեամբ քաջալերեց բոլորը` մաղթելով անոնց հաճելի ամառ:

Իրան

Հայ Օգնութեան Միութեան «Սօսէ» Մանկապարտէզներու Տնօրէնները Իրանի Մէջ

Իրանի Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան 78-ամեակին տօնակատարութեան առիթով տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն մասնակցելու համար 2-6 յուլիսին Արցախէն հրաւիրուեցան Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզի տնօրէն Նելլի Ղուլեանը եւ Խնձիրստանի «Սօսէ» մանկապարտէզի տնօրէն Սուսաննա Գրիգորեանը:

4 յուլիսին նշուեցաւ կազմակերպութեան 78-ամեակը: Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզի տնօրէն Նելլի Ղուլեան ելոյթ ունենալով, ներկայացուց Արցախի մէջ տիրող իրավիճակը` շեշտելով Իրանի համայնքի եւ ընդհանրապէս սփիւռքի դերը տարիներ շարունակ Արցախի կողքին գտնուելու, վէրքերը ամոքելու գործին մէջ: Ձեռնարկին յաջորդեց երաժշտական բաժին, ապա` ճաշկերոյթ:

Յաջորդ օրերուն հիւրերը այցելեցին` Ազգային առաջնորդարան, «Ալիք» թերթի խմբագրութիւն, հայկական եկեղեցիներ, «Թեւանիկ» բարեսիրական խումբի գրասենեակ, թանգարաններ:

Դեսպան Արսէն Աւագեանի Այցելութիւնը Ազգային Առաջնորդարան

23 յուլիսին Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան իր գրասենեակին մէջ հիւրընկալեց Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մէջ հաւատարմագրուած Հայաստանի լիազօր դեսպան Արսէն Աւագեանը:

Սրբազան հայրը ողջունեց դեսպանը եւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց դեսպանին այցելութեան առիթով:

Հանդիպումին ընթացքին դեսպան Աւագեան անդրադարձաւ Համատան քաղաք իր տուած այցելութեան: Արծարծուեցան դեսպանութիւն-համայնք յարաբերութիւնները, նաեւ մտահոգութիւն յայտնուեցաւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող մտահոգիչ իրադարձութիւններուն վերաբերեալ:

Նոր Ջուղայի «Ղարագել» Փողոցին Մէջ Գտնուող Ֆութպոլի Դաշտի Բացում

Սպահանի հայոց թեմի Թեմական խորհուրդին պատկանող Նոր Ջուղայի «Ղարագել» փողոցին մէջ գտնուող ֆութպոլի դաշտը պաշտօնական հանդիսութեամբ վերաբացուեցաւ 12 յուլիսին:

Կանաչապատ այս տարածքը, որ երկար տարիներ որպէս մարզադաշտ ծառայած է Նոր Ջուղայի ֆութպոլիստներուն, ի մասնաւորի` պատանեկան խումբերուն, վերջին տասը տարիներու ընթացքին, ազգային մարմիններու վերահսկողութենէն դուրս մնալով, ոչ միայն վերածուած էր անապատի, այլեւ քանդուած էին յարակից շինութիւնները:

Թեմական խորհուրդը 2022 թուականի յունուարին նշուած կալուածը իրեն վերադարձնելէն ետք, կեանքի կոչեց յանձնախումբ մը` յիշեալ տարածքը վերականգնելու եւ յարակից բաժիններուն վերանորոգման աշխատանքները իրականացնելու համար: Որպէս արդիւնք` կանաչապատ տարածքը ամբողջութեամբ վերականգնեցաւ, յարակից շինութեան աւելցաւ գրասենեակ, պահեստ եւ երկու բաղնիքներ, բարեկարգուեցան եւ համալրուեցան լուսարձակները, վերանորոգուեցաւ նախկին շինութիւնը, իսկ ֆութպոլի դաշտին կից շինուեցաւ թեթեւ աթլեթի վայր:

Թեմական խորհուրդի ատենապետ Վրէժ Տէր Մարտիրոսեան ելոյթ ունենալով նշեց, որ համայնքը կարօտով կը սպասէր մարզադաշտի վերաբացման: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք օժանդակելով խորհուրդին` ջանք չխնայեցին սոյն տարածքը վերակենդանացնելու ուղղութեամբ: Տէր Մարտիրոսեան անդրադառնալով իրականացուած աշխատանքներուն, բարձր գնահատեց վերանորոգման յանձնախումբին գործունէութիւնը շնորհակալութիւն յայտնելով վերաբացման հանդիսութեան կազմակերպիչներուն, որոնց կարգին նաեւ Նոր Ջուղայի ՀՄՄ «Արարատ» եւ Փերիոյ Կրթասիրաց միութիւններուն` իրենց ցուցաբերած համագործակցութեան համար: Ան կոչ ուղղեց ժողովուրդին իրենց նուիրատուութիւններով օժանդակ հանդիսանալու համայնքի ֆութպոլի խումբերուն:

Աւարտին գնահատագիրներ յանձնուեցան վերանորոգման յանձնախումբի անդամներ` Յովիկ Աւետեանին, Էհմոնտ Պաղտասարին եւ Յովիկ Ղազարեանին, նաեւ տեղի ունեցաւ խորհրդանշական ֆութպոլի մրցում` մասնակցութեամբ «Արարատ» միութեան երիտասարդական խումբի անդամներուն:

Յայտնենք, որ երեկոյի հանդիսավարն էր Դուին Յովհաննիսեան: Բացման արարողութեան գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, նաեւ ցուցադրուեցաւ շինարարական աշխատանքներու ընթացքը ներկայացնող տեսերիզ մը:

Սպանիա 

Մալաքա Քաղաքին Մէջ Հայկական Եկեղեցիի Բացում

 21-23 յուլիսին արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Խաժակ արք. Պարսամեան հովուական այցելութիւն մը տուաւ Սպանիոյ հարաւը գտնուող Մալաքա քաղաք: Այցելութեան նպատակն էր Մալաքայի մէջ գտնուող նորակառոյց հայկական եկեղեցւոյ դռնբացէքի եւ սրբապատկերներու օծման արարողութիւնները:

Եկեղեցական արարողութենէն առաջ սրբազան հայրը, ընկերակցութեամբ Սպանիոյ եւ Փորթուգալի մէջ հայրապետական պատուիրակի փոխանորդ Շնորհք աբղ. Սարգիսեանի, հանդիպում ունեցաւ շրջանի Եկեղեցական խորհուրդի անդամներուն հետ` քննարկելու համար յառաջիկային եկեղեցւոյ վերջնական օծման, կիրակնօրեայ դպրոցի բացման եւ ընդհանրապէս համայնքային կեանքը Հայ առաքելական եկեղեցիի հովանիին ներքեւ ըստ պատշաճի կազմակերպելու հարցեր:

Այնուհետեւ կատարուեցաւ եկեղեցւոյ դռնբացէքի արարողութիւն եւ սրբապատկերի օծման կարգ:

Արարողութեան աւարտին սրբազան հայրը նշեց, որ սոյն եկեղեցին պէտք է ըլլայ բոլոր հայերուն տունը, եւ բոլորը հոգ պէտք է տանին զայն կեանքով լեցնելու համար:

Սրբազան հայրը նաեւ իր գնահատանքի խօսքը ուղղեց բոլոր բարերարներուն, որոնք իրականութիւն դարձուցին Սպանիոյ մէջ Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցի ունենալու գաղափարը, որ առաջին հայկական եկեղեցին է Սպանիոյ տարածքին:

Աւարտին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ դասական երաժշտութեան համերգ, որուն ընթացքին հնչեցին Կոմիտասի պատարագէն հատուածներ, ինչպէս նաեւ` կոմիտասեան այլ ազգային երգեր:

 

 

Նախորդը

Խնկունիի Օգտագործման Հետաքրքրական Տարբերակներ

Յաջորդը

Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցներու Ամառնային Ծրագիր

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հանդիպեցաւ Քանատայի Վարչապետ Մարք Քառնիի Հետ
Գաղութէ Գաղութ

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հանդիպեցաւ Քանատայի Վարչապետ Մարք Քառնիի Հետ

Հոկտեմբեր 23, 2025
Գաղութէ – Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Հոկտեմբեր 23, 2025
Հայ Դատի Համակարգի Ներկայացուցիչները Մասնակցեցան Վարշաւայի Մէջ ԵԱՀԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհրդաժողովին
Գաղութէ Գաղութ

Հայ Դատի Համակարգի Ներկայացուցիչները Մասնակցեցան Վարշաւայի Մէջ ԵԱՀԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհրդաժողովին

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?