Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկազեան Համալսարանի Նախագահը Դասախօսեց Կիպրոսի Համալսարանին Մէջ

June 3, 2022
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայկազեան համալսարանին եւ Կիպրոսի համալսարանին միջեւ սեպտեմբեր 2020-ին ստորագրուած յուշագիրի ծիրին մէջ Հայկազեան համալսարանի նախագահ, վեր. Փոլ Հայտոսթեան հրաւիրուեցաւ Կիպրոսի համալսարանի նախագահ, դոկտոր Թասոս Խրիստոֆիտեսի կողմէ` համալսարանին մէջ տալու հանրային դասախօսութիւն:

24 մայիս 2022-ին տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որուն ներկայ էին` Կիպրոսի հայ համայնքի ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանը, Կիպրոսի հայկական Նարեկ վարժարաններու ղեկավարութիւնը, համալսարանի դասախօսական անձնակազմը, համայնքի անդամներ, ինչպէս նաեւ` առցանց լսարանը, որ լսեց վեր. Հայտոսթեանի դասախօսութիւնը, որ կը կրէր «Ոգեշնչող պատմութիւններ. պեղելով Հայոց ցեղասպանութեան յիշողութիւնը» խորագիրը:

Իր ողջոյնի խօսքին մէջ Կիպրոսի համալսարանի նախագահ դոկտ. Խրիստոֆիտեսը շեշտը դրաւ Հայոց ցեղասպանութեան եւ Կիպրոսի խորհրդարանին կողմէ անոր ճանաչման վրայ: Միահիւսելով աշխարհի ժողովուրդներու պատմութիւնները եւ յարգանքի տուրք մատուցելով Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն` ան անդրադարձաւ նաեւ 1974 թուականին թրքական ներխուժման իբրեւ հետեւանք կիպրացիներուն ունեցած ցաւալի պատմութիւններուն, ինչպէս նաեւ` Եւրոպայի մէջ արմատներէն հեռացնելու միտող ժամանակակից պատմութիւններուն:

Իր ոգեշնչող խօսքին մէջ վեր. դոկտ. Հայտոսթեան հիմնականին մէջ կեդրոնացաւ «Ի՛նչը մեզ մարդ կը դարձնէ» գաղափարին եւ անոր խորքին վրայ: Հիմնուելով անձնական եւ ընտանեկան պատմութիւններու եւ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ հետազօտութիւններու վրայ` ան անդրադարձաւ հիմնական բանալի հասկացողութիւններու վրայ, ինչպէս` ոգեշնչումը, յիշողութիւնը, մեր պատմութեան սեփականութիւնը,  անոր ծալքերուն մէջ խորանալու ու փորձառութիւնները սերտելու  կարեւորութիւնը, զայն սերունդէ սերունդ փոխանցելը  եւ երեւակայութիւնը:

Հայկազեան համալսարանի նախագահը այնուհետեւ շեշտը դրաւ անցեալ փորձառութիւններու մանրամասներուն մէջ խորանալու եւ զանոնք բանալու կարեւորութեան` ապագային ամուր կանգնելու համար: Ան հաստատեց, որ միշտ հետամուտ պէտք է ըլլալ, որ յիշողութիւնը ինքնին զոհ չդառնայ: Դոկտ. Հայտոսթեան ըսաւ, որ վերջին տարիներուն յատկապէս, վերստին աշխատանք տարուեցաւ յիշողութիւնը իր «որջ»-էն դուրս բերելու, որովհետեւ անիկա անհրաժեշտ է հզօր ապագայի համար:

«Մարդիկ կը պահպանեն դրական ինքնութիւնը` իբրեւ անհատներ կամ ազգեր, այնքան ատեն որ անոնք ունին հաւաքական հարուստ յիշողութիւնը… Հայոց ցեղասպանութեան պատմութիւնները մեզի կարելիութիւն կու տան ոչ միայն կեդրոնանալ յանցագործութիւններու եւ անարդարութիւններու վրայ, այլ նաեւ` տեսնել ու զատորոշել, թէ ի՛նչն է կառուցողական եւ կործանարար մարդկային էութեան մէջ», եզրափակեց դոկտ. Հայտոսթեան:

Նախորդը

Ամէն Բարիք Մէկ Տեղ Չըլլար

Յաջորդը

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան Եւ Ազգային Վարչութեան Ատենապետ Վահէ Յովակիմեան Այցելեցին Ազգային Առաջնորդարան

RelatedPosts

Պէյրութը Կը Հանդիպի Հոլիվուտին  «Էպել» Սրահին Մէջ` Նշելու Հայկազեան Համալսարանի 70-Ամեակը
Գաղութէ Գաղութ

Պէյրութը Կը Հանդիպի Հոլիվուտին «Էպել» Սրահին Մէջ` Նշելու Հայկազեան Համալսարանի 70-Ամեակը

February 3, 2026
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 29, 2026
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.