Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներ
«ՀՅԴ Ծրագրի Եւ Գաղափարաբանութեան Հարցեր» Նիւթով Խորհրդաժողով Փասատինայի Մէջ
Հովանաւորութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին եւ կազմակերպութեամբ Փասատինայի «Լեռնավայր» կոմիտէին, շաբաթ, 18 յունիս 2022-ին տեղի ունեցաւ յատուկ խորհրդաժողով` ՀՅԴ ծրագրի եւ գաղափարախօսութեան զոյգ նիւթերու շուրջ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Շանթ» ուսանողական միութեան ներկայացուցիչ Դանիէլ Օհանեան: Ան խօսեցաւ վերոյիշեալ նիւթերու այժմէականութեան մասին, ապա բեմ հրաւիրեց օրուան զրուցավար Լալէ Բագրատունին, որ կարդաց իւրաքանչիւր դասախօսի կենսագրական գիծերը, ապա հերթականութեամբ բեմ հրաւիրեց զանոնք` ներկայացնելու իրենց վստահուած նիւթերը:
Օրուան դասախօսներն էին` Խաժակ Մկրտիչեան, որ ներկայացուց «ՀՅԴ-ն Ծրագրի եւ Կազմակերպական կանոններու ներքին կապը եւ անոր տրամաբանութիւնը» նիւթը,
Սեդօ Պոյաճեան` «ՀՅԴ ընկերվարական դաւանանքի առանձնայատկութիւնները» նիւթը, Վաչէ Բրուտեան` «ՀՅԴ ծրագրի հոլովոյթը», Միգանուշ Մելքոնեան` «Ցայտուն դրուագներ ՀՅԴ-ի պատմութենէն, որոնք ներշնչուած են
մեր գաղափարաբանութենէն», իսկ Նայիրի Տէրտէրեան` «ՀՕՄ-ի ճամբով մեր ընկերային ծրագիրները, անոնց գաղափարական հենքը» նիւթը:
Կէսօրուան դադարէն առաջ բեմ հրաւիրուեցաւ Արեւելեան շրջանէն ժամանած Բիւրոյի նախկին անդամ, հրապարակագիր եւ վաստակաւոր գործիչ Կարօ Արմէնեանը, որ իր կարգին անդրադարձաւ այս իւրայատուկ ձեռնարկի անհրաժեշտութեան մասին, քաջալերեց, որ այսպիսի ձեռնարկներ միշտ կազմակերպուին: Խօսքի աւարտին ան նաեւ անդրադարձաւ հայրենիքի մէջ այս օրերուն «Զարթի՛ր, լաօ՛» շարժման եւ ըսաւ, որ անպայման պիտի հասնինք մեր համընդհանուր նպատակներուն եւ տեսնենք նորաբաց արշալոյսը` մեր բոլորին զօրակցութեամբ եւ աջակցութեամբ:
Յետմիջօրէին խօսք առաւ յանձնախումբի ատենապետ եւ Փասատինայի «Լեռնավայր» կոմիտէի ներկայացուցիչ Հիլտա Սալիպա, որ իր սրտի խօսքին ընդմէջէն բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն,ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութեամբ քաջալերող հանդիսացան այս ձեռնարկի աշխատանքներուն եւ յաջողութեան:
ՀՅԴ Պատուիրակութեան Հանդիպումները
* 14 յունիսին ՀՅԴ պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Խաժակ Մկրտիչեանի, ներկայութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Տարօն Տէր Խաչատուրեանի եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Հարմիկ Պաղտասարեանի, հանդիպում ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան հետ: Հանդիպումին ներկայ էր ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Օշին Փիրումեան անձամբ, իսկ Արմանտ Գիլիճեան` առցանց:
Շրջանային վարչութեան փոխատենապետ Սեւակ Կարապետեան ամփոփ կէտերու մէջ զեկուցեց Շրջանային վարչութեան ներկայ մարտահրաւէրներու եւ ընթացող աշխատանքներու մասին: Անդրադաձ կատարուեցաւ շրջանի մասնաճիւղերու աշխուժութեան, սկաուտական եւ մարզական աշխատանքներուն եւ Նաւասարդեան խաղերու մասին: Քննարկուեցան նաեւ այլ շրջաններու հետ Արեւմտեան շրջանի համագործակցութեան կարելիութիւնները եւ անհրաժեշտութիւնը:
Խաժակ Մկրտիչեան իր կարգին ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Հայաստանի եւ Արցախի ներկայ իրավիճակը, մարտահրաւէրները եւ ժողովուրդին դիմադրութեան շարժումը` նշելով ուղեկից կազմակերպութիւններու դերակատարութիւնը եւ կարեւորութիւնը ներկայ զգայուն պայմաններուն մէջ:
* 15 յունիսին ՀՅԴ պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Խաժակ Մկրտիչեանի, ներկայութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Տարօն Տէր Խաչատուրեանի եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Ստեփան Պոյաճեանի, այցելեց Ազգային առաջնորդարան եւ հանդիպում ունեցաւ թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանին հետ: Հանդիպումին ներկայ էին Ազգային վարչութեան դիւանը, նաեւ` Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամ Կայծակ Զէյթլեանը: Խօսակցութեան առանցքը հանդիսացան Հայաստանի եւ Արցախի ներկայ հարցերը, նաեւ Արեւմտեան շրջանի հայ համայնքի խնդիրները` ներառելով առաջնորդարանի եւ դպրոցներու աշխատանքներն ու մարտահրաւէրները:
Նոյն օրը ՀՅԴ պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Խաժակ Մկրտիչեանի, ներկայութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Տարօն Տէր Խաչատուրեանի եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Մայք Քէլէշեանի, հանդիպում ունեցաւ նաեւ Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան հետ: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Տիգրան Պապիկեանը: Խօսուեցաւ համայնքի մշակութային կեանքը վերականգնելու մասին, նաեւ քննարկուեցան կազմակերպական նիւթեր:
Զոյգ հանդիպումներուն հիմնական օրակարգի հարցերն էին Հայաստանի ու Արցախի այժմէական խնդիրներն ու դիմագրաւած վճռորոշ պայմանները:
* 25 յունիսին Պըրպենքի Պեշիր Մարտիրոսեան երիտասարդական կեդրոնին մէջ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Խաժակ Մկրտիչեան հանդիպում ունեցաւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան եւ «Շանթ» ուսանողական միութեան անդամներուն հետ` ներկայութեամբ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Զոհրապ Գահվէճեանի:
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի եւ Արցախի ներկայ իրավիճակը եւ ՀՅԴ Բիւրոյի առաջնահերթութիւնները` այդ ուղղութեամբ: Քննարկուեցաւ նաեւ երիտասարդութեան դերը այդ ծրագիրներու իրագործման ճանապարհին մէջ:
Կաթողիկէ Պատրիարքի Այցելութիւնը Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարան
29 մայիսին Ռաֆայէլ Պետրոս 21-րդ պատրիարքը, ընկերակցութեամբ հայ կաթողիկէ առաջնորդ Միքայէլ եպս. Մուրատեանի եւ վարդապետներու, պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Արեւմտեան թեմի Ազգային առաջնորդարան, ուր դիմաւորուեցաւ թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի, Եփրեմ արք. Թապագեանի եւ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի կողմէ:
Միացեալ Նահանգներ տուած իր այցելութեան առիթով պատրիարքը Ազգային առաջնորդարանին մէջ ներկայ եղաւ առաջնորդ սրբազանին կողմէ ի պատիւ իրեն կազմակերպուած ընթրիքին:
Թորգոմ եպս. Տօնոյեան առաջին հերթին պատրիարքին փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի եղբայրական ողջոյնները, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց իր եւ իր պատուիրակութեան Ազգային առաջնորդարան այցելութեան համար` միաժամանակ յայտնելով հաւատք ու յոյս, որ հայրենիքի ու ազգի կեանքէն ներս առկայ բազում տագնապներ հաւաքական աղօթքով ու ճիգերով հետզհետէ կը մեղմանան ու իրենց բարւոք լուծման կը յանգին:
Իր կարգին, պատրիարքը երախտագէտ սրտով շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդ սրբազանին` կազմակերպած շքեղ ընդունելութեան համար, ապա բոլոր ներկաներուն մաղթեց ուժ եւ կորով` իրենց եկեղեցական ու ազգային ծառայութեանց մէջ:
Այս առիթով խօսքեր արտասանեցին նաեւ գերապայծառը եւ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վահէ Եագուպեանը:
Ընթրիքի աւարտին առաջնորդ սրբազանը յուշանուէր մը յանձնեց պատրիարքին:
Երեկոյին գեղարուեստական յայտագրով հանդէս եկան թենոր Պերճ Քիրազեան եւ դաշնակահարուհի Արմինէ Տէրտէրեան:
Յայտնենք, որ 27 մայիսին առաջնորդ սրբազանը ներկայ գտնուեցաւ հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ պատրիարքին «Հրաշափառ»-ի արարողութեան, իսկ 4 յունիսին` պատրիարքին ի պատիւ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութիւն-ընթրիքին:
Քալիֆորնիոյ Հայ Քոյրերու Վարժարանը Հիւրընկալեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարքը
7 յունիսին Քալիֆորնիոյ Հայ քոյրերու վարժարանը հիւրընկալեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. պատրիարքը, որ հայրապետական այցելութեամբ կը գտնուէր Միացեալ Նահանգներ:
Վարժարանի «Դանիէլեան» սրահին մէջ գործադրուած յայտագրին անգլերէն բացման խօսքով հանդէս եկաւ վարժարանի տնօրէն դոկտ. Խուլիօ Թէյէզ, որ նշեց, թէ ինք լաւապէս ծանօթ է պատրիարքին բարի գործերուն եւ անոր այցելութիւնը օրհնութիւն համարեց բոլորին համար:
Վարժարանի փոխտնօրէնուհի Ռիթա Պոյաճեան հայերէն լեզուով արտասանեց բացման խօսքը: Ան հաստատեց, որ պատրիարքը իր առաքելութեան ուղեգիծին մէջ, ուր որ ալ գտնուած է, միայն շէնցուցած ու ծաղկեցուցած է: Ան վեր առաւ Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. պատրիարքին հոգեկերտ, մարդակերտ, եկեղեցաշէն, ծառայասէր, մարդասէր, հիւրասէր, մարդուն միտքը լուսաւորող եւ խորհրդատու արժանիքներու միաձուլուած մարմնաւորումը հանդիսացող հոգեւորական մը ըլլալու հանգամանքները:
Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. պատրիարքը իր հայրապետական պատգամին մէջ նշեց, որ հոգեւորականներուն դերը հոն կը կայանայ, որ երբ ազգին նաւը սկսի տատանիլ եւ բարձրացող ալիքներու դիմաց կը գտնուի, եկեղեցին ներկայ է` խաղաղութիւն եւ օրհնութիւն տալու: Ան անդրադարձաւ նաեւ Անարատ յղութեան միաբանութեան 175-ամեակին` հաստատելով, որ 175 տարիներէ անոնք կ՛աշխատին տալու շարունակական զարգացում, որպէսզի կեանքի բոլոր դժուարութիւններուն դէմ կարելի ըլլայ տոկալ: Ան ընդգծեց, որ բոլոր հոգեւորականները կը ծառայեն ազգի զաւակներուն հոգեւոր աշխարհը զօրացնելու եւ զանոնք Աստուծոյ բարեկամութեան մէջ պահելու:
Վարժարանի ընդհանուր պատասխանատու քոյր Լուիզա Գասարճեան ըսաւ, որ պատրիարքին ներկայութիւնը խթան է յաւելեալ ջանքով թափ տալու համար աստուածահաճոյ եւ մարդասիրական առաքելութիւնը: Ան վստահեցուց, որ պատրիարքութիւն-միաբանութիւն կապը պիտի մնայ անքակտելի, եւ ուժերը պիտի միացնեն, որպէսզի համայնքի զաւակներուն համար ապահովեն միայն լաւագոյնը եւ ամենաբարին: Այնուհետեւ Հայ քոյրերու վարժարանին անունով ան պատրիարքին յանձնեց յուշանուէր մը:
Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Աւելի Քան 40 Հազար Տոլար Հանգանակուեցաւ Նիւ Ճըրզիի Մէջ
Կազմակերպութեամբ Ամերիկայի Արեւելեան շրջանի «Արցախ ֆոնտ»-ին, 4 յունիսին Ռիճֆիլտի կեդրոնին մէջ նշուեցան մայիսեան փառաւոր յաղթանակները, հայոց պետականութեան ծնունդը եւ Հայաստանի անկախութիւնը: Օրուան հանդիսավար «Արցախ Ֆոնտ»-ի անդամ Փոլին Տոսթումեան իր բացման խօսքին մէջ պատմական ակնարկ մը նետեց անկախութեան շրջանին տիրող կացութեան` հասնելով մինչեւ արցախեան պատերազմը:
Երիտասարդութեան խօսքը անգլերէնով արտասանեց Նայիրի Տիրացուեան, որ վերահաստատեց երիտասարդութեան հաստատակամ երթը` Հայ դատին բոլոր կարելի միջոցներով աջակցելու, գիտակից` իրեն կտակուած պարտականութեան:
Օրուան պատգամաբերն էր Ամերիկայի Արեւելեան շրջանի «Արցախ ֆոնտ»-ի պատասխանատու եւ Արեւելեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Սեպուհ Հացագործեան, որ «փաուըր փոյնթ»-ով ներկայացուց «Արցախ ֆոնտ»-ին յետ պատերազմի իրականացուած աշխատանքները, ինչպէս նաեւ ներկայ եւ ապագայ ծրագիրները` Մարտունիի սահմանամերձ գիւղերուն համար: Ան հաստատեց, որ մեր բռնագրաւուած հայրենի հողերու ազատագրումը միակ միջոցն է ապահովելու համար մեր հայրենի պետականութիւնը եւ զոյգ հանրապետութիւններու անկախութիւնը: Ան շեշտեց, որ մենք յանձնուելու եւ ձախողելու իրաւունք չունինք, որովհետեւ եթէ ձախողինք, կը կորսնցնենք մեր հայրենիքը:
Սուրբ Վարդանանց եկեղեցւոյ հովիւ Սահակ ծ. վրդ. Եմիշեան օրհնեց սեղանը եւ յայտնեց իր քաջալերանքը` «Արցախ ֆոնտ»-ի ծրագիրներուն:
Արցախի Աղաւնոյ գիւղի գիւղապետ Անդրանիկ Չաւուշեան արձանագրուած տեսերիզով մը հանդէս եկաւ` շնորհակալութիւն յայտնելով Արեւելեան Ամերիկայի «Արցախ ֆոնտ»-ին եւ յայտնեց իր վճռակամութիւնը` մնալու հայրենի հողին վրայ, չյանձնուելու եւ միասնական ջանքերով հասնելու մեր ծրագիրներու իրագործման: Երեկոյի ընթացքին նուիրատուութիւններու ընդհանուր գումարը անցաւ 40 հազար տոլարը:
Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Կիպրոս
Իրլանտայի Խորհրդարանի Նախագահին Այցելութիւնը
6-10 յունիսին Իրլանտայի խորհրդարանի նախագահը իր պատուիրակութեամբ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Կիպրոս:
Այս առիթով, 7 յունիսին Նիկոսիոյ «Հիլթըն» պանդոկի «Թամասոս» սրահին մէջ Իրլանտայի դեսպան Քոնոր Լոնկ հանդիպում մը կազմակերպած էր Կիպրոսի կրօնապետներուն կամ անոնց ներկայացուցիչներուն համար, «Ռիլիճըս թրեք»-ի վարիչին, եւ պապական նուիրակին հետ: Իր տեսակին մէջ եզակի հանդիպում մըն էր այս, որովհետեւ պատուիրակութիւնը կ՛ուզէր անձամբ լսել կրօնականներու տեսակէտները Կիպրոսի քաղաքական ու կրօնական հարցի նկատմամբ, մտահոգութիւնները, դժուարութիւններն ու սպասումները` սուրբ վայրերու, վանքերու, եկեղեցիներու, մզկիթներու, աղօթավայրերու առնչութեամբ եւ քաղաքական ու կրօնական գործընթացը: «Ռիլիճըս թրեք»-ի գրասենեակին կողմէ խօսք առաւ Սալբի Էսքիճեան, ապա բոլոր եկեղեցականները հաստատեցին, որ պայմանները աւելի կը դժուարանան այցելելու, ազատ արտօնութիւն ունենալու աղօթելու համար, յառաջացած արգելքներուն, ինչպէս նաեւ վերանորոգուած սրբավայրերու «մշակութային ժառանգութիւն» անուանումն ու ոչ հոգեւոր նպատակներու գործածութեան կապակցութեամբ: Անոնք պարզեցին, որ հարցը աւելի քաղաքական բնոյթ ունի եւ ոչ կրօնական, ինչպէս կ՛ուզեն մեկնաբանել շատեր: Սրբազան հայրը լայնօրէն արծարծեց Ս. Մակարայ վանքի անյապաղ լրիւ վերանորոգութեան, Ֆամակուսթայի «Կանչուոր» ու պատմական Ս. Աստուածածին եկեղեցիներու բանալիներու եւ սրբապատկերներու հարցերը: Կաթողիկոսական փոխանորդին ելոյթը գնահատուեցաւ նախագահին կողմէ, որ հարցադրումներու աւարտին գնահատական մը ընելով` սրբազան հօր յայտնեց, որ բաւական լուսաբանած է զիրենք եւ նոր բաներ սորվեցուցած է իրենց:
Կրօնապետները հաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը` շարունակելու երկխօսութիւնը եւ համագործակցութիւնը իրարու միջեւ կառուցուած վստահութեան կամուրջներու ամրապնդման, հակառակ ամէն տեսակի արտաքին «ուժերու» ե՛ւ քաղաքական պայմաններու արգելքներուն ու ստեղծած խոչընդոտներուն: Աւարտին շնորհակալական իրենց խօսքերը արտասանեցին պատուիրակութեան չորս հիմնական անդամները, ինչպէս նաեւ կատարեցին իրենց խոստումներն ու առաջարկները:
Ֆրանսա
«Արցախապատում» Գիրքի Շնորհահանդէս
Նախաձեռնութեամբ Փարիզի Համազգայինի մասնաճիւղին, 30 մայիսին Հայ մշակոյթի տան մէջ տեղի ունեցաւ յայտնի լրագրող Անժելա Սահակեանի «Արցախապատում» գիրքին շնորհահանդէսը:
Գիրքը ժողովածու մըն է «Այբ էֆ. էմ.» ձայնասփիւռի հաղորդումներէն «Արցախապատում» յայտագրէն, ուր 2002-էն սկսեալ ներկայացուած են հինգ հարիւրէ աւելի քրոնիկներ` նուիրուած Արցախի պատմութեան, դարաւոր մշակոյթին, աւանդութիւններուն, ազատագրական պայքարին եւ նահատակ հերոսներուն. պատմագրական յաջող ամփոփում մը` 20 տարիներու իրողութիւններէն, Ղարաբաղի շարժման ծնունդէն եւ պետականութեան ստեղծումէն:
Ներկաները արտայայտեցին իրենց գաղափարներն ու մտահոգութիւնները Արցախի եւ Հայաստանի քաղաքական ներկայ վիճակին մասին:
Աւարտին հեղինակը մակագրեց գիրքը: