Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան 104-րդ
Տարեդարձին Նուիրուած Ձեռնարկներ
Իրաք
Հովանաւորութեամբ Իրաքի հայոց թեմի առաջնորդ Աւագ արք. Ասատուրեանի եւ կազմակերպութեամբ Իրաքի Հայ դատի յանձնախումբին, ուրբաթ, 27 մայիս 2022-ին, Հայոց ազգային վարժարանի «Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան կերտման 104-ամեակի հանդիսաւոր նշում:
Առաջնորդ սրբազանին կողքին ներկայ գտնուեցան Ազգային իշխանութեան պատասխանատուներ, առաջնորդարանի անձնակազմը, Հայ դատի յանձնախումբի պատասխանատուներ, Իրաքի հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, Իրաքի մէջ Հայաստանի դեսպանատան գործակատար Ալեք Ղարիպեան եւ Իրաքի հայ համայնքի զաւակներու հոծ բազմութիւն մը:
Պաշտօնական հանդիսութիւնը սկսաւ Իրաքի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութեամբ:
28 մայիսին կերտուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան առիթով խօսքեր արտասանեցին Մարալ Յովսէփեան եւ Արա Միքայէլեան:
Մ. Յովսէփեան փոխանցեց Իրաքի Հայ դատի յանձնախումբին խօսքը` հաստատելով, որ անիկա մահուան դէմ հայ ժողովուրդին տարած յաղթանակն է:
28 մայիս 1918-ը արդի Հայաստանի կերտումն է, որ իրականացած է օսմանեան կայսրութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութենէն եւ հայութիւնը ոչնչացնելու փորձէն միայն երեք տարի ետք:
Մ. Յովսէփեան անդրադարձաւ Սարդարապատի, Ղարաքիլիսայի եւ Բաշ Ապարանի ճակատամարտերուն` շեշտելով, որ անոնց յաղթութեամբ կարելի եղաւ փրկել հայութեան գոյութիւնը եւ վերանորոգել հայութեան արժանապատուութիւնը` ստեղծելով հայկական պետականութիւնը:
«Իր հայրենիքին համար զոհուողը անմահ կը մնայ: Այսօրուան այս հանդիսութիւնը լոկ թուականի մը նշումը չէ, այլ սպանութեան եւ ստրկութեան դիմաց կեանքի ու կամքի արձանագրած յաղթանակին նշումը: Կենաց մահու խնդիր է», շեշտեց Մ. Յովսէփեան:
Ձեռնարկին ընթացքին մատուցուեցաւ երգով, նուագով, ասմունքով եւ տեսանիւթերով հարուստ մշակութային յայտագիր մը:
«Զարթիր լաօ» խմբերգով հանդէս եկան Ազգային վարժարանի աշակերտները, որոնք ասմունքեցին նաեւ «Իմ սուրբ հայրենիք» բանաստեղծութիւնը:
Գարուն Մինասեան արտասանեց «Մայիս 28» բանաստեղծութիւնը:
Փաթիլ Աւետիսեան եւ Սարգիս Գրիգորեան, ընկերակցութեամբ` դաշնակահար Շանթ Թովմասեանի, ներկայացուցին «Պիտի գնանք» երգը:
Ապա Սարգիս Գրիգորեան մեկնաբանեց «Սարդարապատ» յաղթերգը, իսկ Շանթ Թովմասեան մեներգեց «Զօրավար Անդրանիկ»-ի երգը:
Նուագով հանդէս եկան Մոնթէ Տէր Յակոբեան, որ ներկայացուց «Գետաշէն»-ը, Օհան Մինասեան` «Երեւան Էրեբունի»-ն եւ Լիոն Մինասեան` «Արարատն առաջ»-ը:
Ձեռնարկին ներկաները առիթ ունեցան նաեւ տարբեր տեսանիւթերու ընդմէջէն ծանօթանալու Երեւանին, որ ներկայացուեցաւ Նաթալի Գաբրիէլեանի կողմէ, ինչպէս նաեւ հայկական տարբեր նահանգներու, որոնց ընդարձակ կերպով եւ իւրաքանչիւր նահանգը ներկայացնող հայկական տարազներով անդրադարձան Իրաքի Հայ դատի յանձնախումբի անդամները:
28 մայիս 1918-ին կերտուած Հայաստանի անկախութեան 104-ամեակին նուիրուած հանդիսութեան փակումը կատարուեցաւ Իրաքի հայոց թեմի առաջնորդ Աւագ արք. Ասատուրեանի խօսքով, որուն յաջորդեց Հայաստանի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութիւնը:
Յունաստան
Կազմակերպութեամբ Աթէնքի մէջ գործող «Գ. Լազեան», «Վարանդեան» եւ «Ա. Մանուկեան» կոմիտէներուն, 30 մայիսին Ֆիքսի Լ. եւ Ս. Յակոբեան վարժարանի բակին մէջ նշուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան 104-ամեակը:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց Ալիս Ֆարաճեան, որ իր խօսքին մէջ շեշտեց մայիսեան հանրապետութեան հարիւրչորսամեակի կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ անոր արժէքը կը կայանայ հայ ժողովուրդի վճռականութիւնը ընդգծող ու շեշտող եղելութեան մէջ:
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան առցանց ուղերձ յղեց յունահայութեան եւ նկատել տուաւ, որ մեր պարտքն է նախ խոնարհիլ հայրենակերտ հերոսներու յիշատակին դիմաց ու մատուցել մեր յարգանքի տուրքն ու երախտագիտութիւնը հանդէպ այն սերունդին, որ ոչինչէն կերտեց հայկական պետականութիւն, ստեղծեց պետական մտածողութիւն ու ապահովեց հայութեան ու հայրենիքի գոյատեւումը` աւելցնելով, որ 28 մայիսով ստեղծուած հայրենիքի հիմերուն վրայ արմատաւորուեցաւ ու կը շարունակէ զարգանալ ներկայի մեր վերանկախացած հանրապետութիւնը, որ հայօրէն ապրելու եւ ստեղծագործելու մեր գլխաւոր գրաւականն է: Տէր Խաչատուրեան շեշտեց, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը` իբրեւ համահայկական առաջատար քաղաքական եւ ազգային ազատագրական պայքար մղող կազմակերպութիւն, միշտ խոստացած է մնալ հայ ժողովուրդի այն արթուն պահակը, որ կ՛ապահովէ ազգային արժէքներու յաւերժացումը եւ կը հունաւորէ անոնցմէ բխած ազգային առաջնահերթութիւններու կիրարկելիութիւնը: Ան նաեւ եղած է ու կը շարունակէ մնալ Հայաստանն ու սփիւռքը զիրար կամրջող գլխաւոր օղակը` համոզուած ըլլալով, որ հզօր հայրենիքի երաշխիքը կազմակերպ, հայրենակեդրոն ու յանձնառու սփիւռքն է նաեւ: Ան յայտնեց, որ ներկայիս մթագնած է հայրենի հորիզոնը, վիրաւոր են Արցախն ու Հայաստանը, ապազգային իշխանութիւնները նահանջի մէջ են եւ շարունակական զիջումներու` պատրաստ: «Անոնք հայրենի ժողովուրդը եւ սփիւռքահայութիւնը պառակտելու եւ համազգային տեսլականը ջլատելու սեւ աշխատանքին են լծուած: Բայց այս մութ օրերն ալ կ՛անցնին, եւ վստահաբար հայ ժողովուրդը իր մէջ կը վերագտնէ վճռականութիւնն ու ուժականութիւնը` հզօր հայրենիք կերտելու, Արցախի արծուեբոյնը հայրենիքին վերադարձնելու եւ յանձնառու սփիւռքով ամբողջական հայրենակերտման գործին փարելու համար: Մեր գործի տարողութիւնը ընդարձակ է, բազմաշերտ ու երկարաշունչ: Մարտահրաւէրներէ երբեք չենք խուսափած եւ յարատեւ աշխատանքով ենք վերանորոգած մեր կամքը, կորովն ու դիմադրականութիւնը», շեշտեց Բիւրոյի ներկայացուցիչը:
ՀՅԴ Երիտասարդական միութեան անդամ Երուանդ Մանուկեան փոխանցեց հայ երիտասարդութեան վճռորոշ պատրաստակամութիւնը` տէր կանգնելու հայրենիքի դէմ ցցուած խոչընդոտներուն:
Օրուան գլխաւոր բանախօս Սերգօ Գույումճեան անդրադարձաւ մայիսեան հերոսապատումի մշտական արժէքին` շեշտը դնելով Հայաստանի ու Արցախի այսօրուան իրավիճակին վրայ: Ան յատուկ անդրադարձ կատարեց Արցախի հողերու կորուստին, ինչպէս նաեւ հայրենիքի զարգացման համար ստեղծագործ ամբողջ սերունդի մը դառնաղէտ չքացման` շեշտելով, որ անոնք իրենց արեան գնով ինկան Արցախի մատոյցներուն մէջ: Քննադատելով ներկայ իշխանութիւնները` ան յայտնեց, թէ անընդունելի է հայ ժողովուրդին համար երթալ միակողմանի զիջումներու եւ վտանգել բովանդակ հայրենիքի լինելութեան խնդիրը: Բանախօսը դիտել տուաւ, որ արտաքին վտանգները եւ ներքին մարտահրաւէրները պիտի դիմագրաւենք միասնականութեամբ եւ վերջնական յաղթանակի հաւատքով:
Աւարտին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Սուրիա
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ Հայ երիտասարդաց միութեան, 29 մայիսին Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 104-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւն` «Զարթնիր, լաօ՛» խորագիրով:
Արաբերէն բացման խօսքով հանդէս եկաւ Արա Մութաֆեան, որ անդրադարձաւ հայ եւ արաբ ժողովուրդներու արդար դատերուն, որոնց համար երկու մարտունակ ժողովուրդները կը շարունակեն պայքարիլ մինչեւ արդար հատուցում:
Հայերէն բացման խօսքով Լուսին Ապաճեան-Չիլաբօշեան դիտել տուաւ, որ մայիսեան յաղթանակը իրականացաւ շնորհիւ հայ ժողովուրդի զաւակներուն հայրենասիրութեան եւ զոհաբերութեան, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան նուիրեալ ղեկավարներուն երկարաշունչ պայքարին ու հայկական բանակին քաջարի կեցուածքին:
Տօնակատարութեան բանախօսն էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան: Ան անդրադարձաւ անկախութեան պատմական հոլովոյթին` մանրամասնօրէն ներկայացնելով Հարաւային Կովկասի աշխարհաքաղաքական պայմանները, ապա նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման նախադրեալներն ու մարտական, դիւանագիտական բոլոր աշխատանքները, որոնք ուղղուած էին անկախ հայրենիք կերտելու ու տարածքներ ազատագրելու նուիրական ճիգին` շեշտելով, որ 1918-ի անկախութեան հռչակումը հիմք ծառայեց այսօրուան Հայաստանի անկախութեան:
Այնուհետեւ բանախօսը անդրադարձաւ Հայաստանի ներկայ իշխանութեան ստանձնած օրէն` 2018-էն, մինչեւ օրս Հայաստանին ունեցած հողային կորուստներուն, որ աւելի քան 9000 քմ տարածքի համազօր է` աւելցնելով, որ կորուստներու շարանը տակաւին կրնայ շարունակուիլ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ ստորագրուելիք նոր համաձայնագիրներով: Մանոյեան շեշտեց, որ սոյն տօնակատարութիւնը ունի իւրայատուկ խորհուրդ` վերանորոգելու մեր ուխտը ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանին հասնելու յանձնառութեան: Այս ուխտի վերանորոգման կարիքը ունինք յատկապէս պարտութիւններու ժամանակ, այնպիսի պարտութիւններ, որոնց փորձանքէն մենք անցանք վերջերս, եւ զորս կը դիմագրաւենք այսօր եւս: Ան շեշտեց, որ պարտութիւնները յաղթահարելու երկու միջոց կայ` պայքարիլ եւ այդ պայքարը դարձնել յարատեւ: Ուստի հակառակ այսօրուան ծանր պայմաններուն, մենք պէտք է շարունակենք մեր պայքարը, եզրափակեց Մանոյեան:
Աւարտին խօսք առաւ առաջնորդ սրբազանը, դիտել տուաւ, թէ ողջ պատմութեան ընթացքին հայ ժողովուրդը իր հայրենիքի ազատութեան եւ ինքնութեան պահպանութեան համար մեռաւ եւ այդ մահը գիտակից մահ եղաւ, որ առաջնորդեց դէպի կեանք` աւելցնելով, որ ժողովուրդէն ծնած կազմակերպութիւնը ապահովեց հայ ժողովուրդին յաւերժութիւնը: Դաշնակցութիւնը միայն հայրենիք չպարգեւեց մեզի, այլ հայրենիքէն դուրս ամէնուր հայրենիք կերտեց, հայրենասիրութիւն սերմանեց եւ պահանջատէր դարձաւ:
Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Քանատա
Կազմակերպութեամբ` ՀՅԴ «Միհրան Փափազեան» եւ «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէութեանց եւ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութեան, 28 մայիսին Մոնրէալի Հայ կեդրոնի «Ա. Ահարոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան 104-րդ ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն:
Օրուան հանդիսավարներ Թալիա Ճապրայեան եւ Յովիկ Կետիկեան անդրադարձան մայիս 28-ը կերտողներուն քաջագործութեան եւ աննկարագրելի յանդգնութեան մասին:
Զոյգ կոմիտէութեան խօսքը փոխանցեց Նորա Արուշեան, որ ըսաւ, թէ հայասպան Եղեռնէն հազիւ երեք տարիներ ետք կոտորակուած եւ ջարդերէն մազապուրծ եղած բուռ մը հայութիւնը հրաշքի նման առասպելական ուժ մը գտաւ իր մէջ, մահէն դէպի յաղթանակ տանող վճռակամութեամբ ազգովին ընդառաջեց Արամ Մանուկեանի վճռորոշ կոչին եւ կերտեց անկախ պետութիւն: Արուշեան հաստատեց, որ հայուն դիւցազնական կարողութիւնն է, որ դժուարագոյն պահերուն իսկ միանգամայն կը համախմբէ ժողովուրդը եւ կը չէզոքացնէ թշնամին` յոյս յայտնելով, որ մեր աննկուն կամքով պիտի կարենանք կրկին անգամ ազատագրել Շուշին:
Օրուան պատգամաբեր` ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան շեշտը դրաւ հայ ժողովուրդին ունեցած ազատութեան, անկախութեան ու գոյատեւելու տենչին վրայ, որուն պատճառով կրցաւ յաղթանակել Սարդարապատի մէջ ու պարտութեան մատնել գերադաս ուժերով օժտուած թշնամին: Գարագաշեան անդրադարձաւ ներկայ Հայաստանի իշխանութեան վարած քաղաքականութեան եւ ըսաւ, թէ կառավարութեան ղեկին նստած է վարչախումբ մը, որ Թուրքիոյ հետ բարեկամական կապեր կ’ուզէ հաստատել եւ այդպիսով Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը կը նսեմացնէ: Ինչ կը վերաբերի Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին, Գարագաշեան հաստատեց, որ հայ ժողովուրդն ու Հայաստանի պետութիւնը դէպի անդունդ առաջնորդող ղեկավարը կը շարունակէ նահանջել նաեւ միջազգային բեմերու վրայ եւ ամէն տեսակի զիջումներու պատրաստ է: Իր խօսքի աւարտին բանախօսը հաստատեց, որ հայութիւնը պարտաւոր է ձերբազատիլ ազգային գաղափարախօսութենէ զուրկ ու դաւաճան իշխանութիւններէն եւ ազգային բարձր գիտակցութեամբ բռունցք կազմել, հայկական բանակին աջակցիլ ու ամէն տեղ պաշտպանել հայութեան շահերը:
Այնուհետեւ Սուրէն արք. Գաթարոյեան փոխանցեց իր սրտին խօսքը:
Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Ռումանիա
29 մայիսին Պուքրէշի առաջնորդանիստ Սրբոց Հրեշտակապետաց մայր տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, որուն աւարտին Ռումանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ, Պուլկարիոյ հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ Տաթեւ եպս. Յակոբեան կատարեց հանրապետական մաղթանք:
Սրբազան հայրը իր պատգամին մէջ յայտնեց, որ պէտք չէ մոռնալ, որ մայիսի 28-ը արդիւնքն էր նախորդող շուրջ 7 օրերու հերոսական մաքառումներուն, թրքական բանակին դէմ ազգային ազատագրական պայքարին հերոսական ոգիի դրսեւորման եւ համազգային մէկ գաղափարի շուրջ համախմբման: Այս յաղթանակը հնարաւոր դարձաւ պայքարի, կռիւի ու մաքառումի, միասնականութեան ու համախմբման շնորհիւ, հայու բազուկի ուժը ստիպեց թշնամին նահանջել ու հրաժարիլ իր հայաջինջ քաղաքականութենէն: Սրբազանը շեշտեց, որ հայը երբեք խաղաղութիւն չէ մուրացած, հայը երբեք ծունկի չէ եկած թշնամիին դիմաց, այլ միշտ պայքարած է, շատ անգամ նահատակուած է, բայց պահած է իր արժանապատուութիւնը: Սրբազանը կոչ ուղղեց սթափելու, մէկ կողմ դնելու կուսակցական, քաղաքական, անձնական ու ամէն տեսակ տարակարծութիւն եւ ձեւաւորելու միասնական ուժ` մէկ առանցքային գաղափարախօսութեան համար, որն է` հայրենիքի եւ անկախ պետականութեան փրկութիւնը:
Այնուհետեւ ծաղկեպսակներ զետեղուեցան տաճարի բակին մէջ կանգնած ազգային հերոս Անդրանիկ Օզանեանի կիսանդրիին դիմաց:
*
* * *
Սուրիա
«Արփի Պետիկեան» Սրահի Պաշտօնական Բացում
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ «Ահարոնեան» կեդրոնի վարչութեան, 27 մայիսին «Զաւարեան» համալիրին մէջ կատարուեցաւ Ազգային Միացեալ ճեմարանի ներքնասրահի պաշտօնական բացումը: Սրահը կոչուեցաւ «Արփի Կարապետ Պետիկեան» սրահ` ի պանծացումն կրթական մշակ, վաստակաշատ Արփի Պետիկեանի յիշատակին:
Ճեմարանի տնօրէնուհի Ծովակ Պաղպուտարեան իր խօսքին մէջ հակիրճ կերպով անդրադարձաւ Արփի Պետիկեանի կենսագրականին, աւելի քան կէս դարու բեղուն վաստակին ու նուիրուածութեան` կրթական ոլորտէն ներս: Ապա ցուցադրուեցաւ Արփի Պետիկեանի կեանքը եւ ունեցած գործունէութիւնը ներկայացնող տեսերիզ մը:
Սրբազան հայրը իր հայրական օրհնութիւնն ու բարձր գնահատանքը յայտնեց բոլորին, հայապահպանման հզօր կառոյց մը, հայակերտումի դարբնոց մը` Ազգ. Միացեալ ճեմարանը ունենալնուն համար, ուր մեր նոր սերունդի զաւակները կը յաճախեն` ստանալով անհրաժեշտ գիտութիւնն ու հայեցի կրթութիւնը, երաշխաւորելով մեր համայնքի ու ազգի ապագան: Սրբազանը դրուատելով հանգուցեալ Արփի Պետիկեանի համակ կեանքի նուիրումն ու զոհողութիւնը կրթական ոլորտէն ներս, վեր առաւ դամասկահայ գաղութին համար անոր տարած հայապահպանման աշխատանքը` շեշտելով սփիւռքի մէջ մեր ազգային կառոյցներու եւ կազմակերպութիւններու ազգապահպան առաքելութեան ու դերակատարութեան կենսականութիւնը:
Առաջնորդ սրբազանը սրահին բացումը համարեց պատասխան` դարաւոր մեր թշնամիին` թուրքին, որ իր հզօր ուժերով փորձեց քանդել հայուն կամքը, սակայն հայը իր հաւաքական կամքով ու տեսիլքով վերականգնեցաւ:
Կիպրոս
Արցախի Պատուիրակութեան Հանդիպումները
* 27 մայիսին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեանը եւ Կիպրոս գտնուող իր պատուիրակութիւնը կուսակցութեան կեդրոնին մէջ հանդիպում ունեցաւ Կիպրոսի իշխող ՏԻՍԻ կուսակցութեան նախագահ Ավերոֆ Նէոֆիտուի եւ փոխնախագահ Խարիս Ղէորկեատիսին հետ:
Հանդիպման կը մասնակցէին նաեւ` Արցախի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար եւ Արցախի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արթուր Մոսիեան, Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարարի տեղակալ Արմինէ Ալեքսանեան, Ազգային ժողովի նախագահի խորհրդական Կարէն Վանեան, ՀՅԴ Կիպրոսի կոմիտէի ներկայացուցիչ Սիմոն Այնէճեան եւ Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ Գազանճեան:
* 27 մայիսին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեանը եւ Կիպրոս գտնուող իր պատուիրակութիւնը` Արցախի Ազգային Ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար եւ Արցախի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արթուր Մոսիեան, Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարարի տեղակալ Արմինէ Ալեքսանեան, Ազգային ժողովի նախագահի խորհրդական Կարէն Վանեան, հանդիպում ունեցան Նիկոսիոյ քաղաքապետ Կոնստանդինոս Եորկաճիսի եւ Նիկոսիոյ աւագանիի անդամներ Օլղա Մարուտիայի եւ Վալերիոս Տանիլիտիսի հետ, թուրքերու կողմէ գրաւեալ գիծին դիմաց գտնուող ազատ Նիկոսիոյ քաղաքապետարանին մէջ: Հանդիպման կը մասնակցէին նաեւ ՀՅԴ Կիպրոսի կոմիտէի ներկայացուցիչ Սիմոն Այնէճեան եւ Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ Գազանճեան: