Գաղութէ Գաղութ
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Միացեալ Նահանգներ Լիզպոնի Գործողութեան 38-Ամեակին Նուիրուած Յիշատակի Ոգեկոչման Երեկոյ 31 յուլիսին Պրպենքի «Պեշիր Մարտիրոսեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Լիզպոնի գործողութեան 38-ամեակին նուիրուած յիշատակի ոգեկոչման ձեռնարկ: Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ Լիզպոնի հնգեակի սխրագործութիւնը ամենավեհ զոհաբերութեան մարմնացում էր, որ նոր շունչ ու ոգի ներարկեց մեզի: Օրուան գլխաւոր բանախօս, ՀՅԴ Արեւմտեան...




















