Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին Նուիրուած Ժողովրդային Հաւաք
Տնօրինութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանի, 20 յունիս 2022-ին Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին նուիրուած ժողովրդային հաւաք:
Յատուկ առաքելութեամբ Բերիոյ Հայոց թեմ գտնուող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի հսկիչ Գէորգ աբղ. Գարակէօզեան ներկաներուն եւ դպրեվանքին մէջ ուսանելու հակում ունեցող պատանիները ծանօթացուց դպրեվանքին առաքելութեան:
Բացման խօսք արտասանեց եւ օրուան հանդիսավարութիւնը կատարեց Մարինա Պօղիկեան, որ բացատրեց, թէ հաւաքին նպատակն է մօտէն ծանօթանալ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին տարած մարդակերտումի եւ հայակերտումի յոյժ կարեւոր առաքելութեան եւ քաջալերել պատանիները, որպէսզի իրենց ուսումը շարունակեն այդ կառոյցին մէջ:
Յակոբ սրկ. Ջուլֆայեանի` դպրեվանքի 90-ամեակին ձօնած «Կանթեղ» բանաստեղծութիւնը ասմունքեց դպրեվանքի շրջանաւարտ Կարօ սրկ. Պալեան:
Այնուհետեւ դպրեվանքի հսկիչ Գէորգ աբղ. Գարակէօզեան ներկաներուն պարզաբանեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին առաքելութիւնը` դիտել տալով, որ դպրեվանքը մեր հոգեմտաւոր արժէքները պահող այն վայրն է, որ սովորական դաստիարակութենէ անդին` կը ձգտի նոր մարդ կերտել: Ան նշեց, որ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը յաճախ կը շեշտէ, որ դպրեվանքը կաթողիկոսութեան սիրտն է, սփիւռքի ողնայարն է եւ, հետեւաբար, իւրաքանչիւրս, նոյնիսկ ծնողները պարտաւորութիւն ունին այս ուղղութեամբ` մեր ազգի ընտիր զաւակները վստահիլ դպրեվանքին:
Ներկաները պաստառի վրայ հետեւեցան դպրեվանքի ծառայական եւ հոգեւոր կեանքին անդրադարձող տեսերիզին:
Հայր սուրբը խորհրդակցելով ներկաներուն հետ, պատասխանեց անոնց հարցումներուն եւ լսեց անոնց շինիչ առաջարկները:
Հաւաքի եզրափակիչ խօսքը արտասանեց առաջնորդ Մասիս եպիսկոպոս, որ յատուկ կերպով անդրադարձաւ Արամ Ա. վեհափառին` դպրեվանքի նկատմամբ ցուցաբերած հոգատար մօտեցումին, յատկապէս` ուսումնական-կրթական կեանքի բարելաւման, կարգապահութեան եւ լաւ պայմաններու ապահովման, յայտնելով, որ կաթողիկոսը գահակալութեան առաջին օրէն իր ուշադրութեան առանցքը դարձուցած է դպրեվանքը: Սրբազան հայրը դպրեվանքին մէջ ունեցած իր փորձառութիւնը կիսելով ներկաներուն հետ` յորդորեց ծնողները, որպէսզի իրենց ընտիր զաւակները առաքեն դպրեվանք, որպէսզի կազմաւորուելով` բացուին աշխարհին եւ դառնան արժանաւոր հոգեւորականներ եւ կրթական մշակներ:
Աւարտին հայր սուրբը դպրեվանքի նոր արձանագրութիւններ ընդունեց:
Քանատա
Համազգայինի «Տաթեւ» Մասնաճիւղը Կը Պարգեւատրէ Թաթուլ Սոնենց Փափազեանը
Վերջերս Համազգայինի Քանատայի Քեմպրիճի «Տաթեւ» մասնաճիւղը իր երախտագիտութիւնը յայտնելու համար Թաթուլ Սոնենց Փափազեանին յուշանուէրով մը պարգեւատրեց զայն Դանիէլ Վարուժանի «Հացին երգը» հատորի անգլերէն լեզուի թարգմանութեան առիթով:
Մասնաճիւղը ժողովրդային հանդիսութեամբ շնորհահանդէս նախաձեռնեց` լոյս սփռելու սոյն աշխատանքին վրայ եւ հաղորդակից դարձնելու հասարակութիւնը Թաթուլ Սոնենց Փափազեանի ազգանուէր գրական աշխատասիրութեան, որ իր բնոյթով կը ձգտի աւելիին` հայ գրականութիւնը ծանօթացնել ու սեփականութիւնը դարձնել օտար ազգերուն:
Եգիպտահայոց Թեմի Առաջնորդ Աշոտ Եպս. Մնացականեան Թորոնթոյի Մէջ
5 յունիսին, Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ ս. պատարագը մատուցեց եւ իր պատգամը յղեց եգիպտահայոց թեմի առաջնորդ Աշոտ եպս. Մնացականեանը, որ Քանատա ժամանած էր քանատահայոց թեմի առաջնորդ Աբգար եպս. Յովակիմեանի հրաւէրով` մասնակցելու թեմի 38-րդ Պատգամաւորական ժողովին:
Պատարագի աւարտին եկեղեցւոյ «Մակարոս Արթինեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ մը, ի պատիւ Աշոտ եպս. Մնացականեանի: Ձեռնարկը կը վայելէր թեմի առաջնորդ Աբգար եպս. Յովակիմեանի հովանաւորութիւնը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սալբի Գաճէմեան, ապա թեմի առաջնորդը կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը:
Գեղարուեստական յայտագրէն ետք ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Օնթարիոյ նահանգի վերընտրեալ խորհրդարանի անդամ Արիս Պապիկեան: Խօսք առաւ նաեւ Ս. Մարիամ եւ Ս. Սամուէլ Խոստովանահայր Ղպտի ուղղափառ եկեղեցիներու հովիւ Ճոն քհնյ. Սարգիսը, որ կարդաց Համայն Ղպտաց քահանայապետ Թաուատրոս Բ. պատրիարքի ողջոյնի գիրը:
Յաջորդաբար իրենց օրհնութիւնը եւ սրտի բարեմաղթութիւնները յայտնեցին Աշոտ եպս. Մնացականեան եւ Աբգար եպս. Յովակիմեան, ապա եկեղեցւոյ հովիւ Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան յղեց իր պատգամը եւ շնորհաւորեց ձեռնարկի յատուկ յանձնախումբին անդամները` իրենց տարած աշխատանքին համար:
Այնուհետեւ յիշատակի նուէրներ յանձնուեցան Աշոտ եպս. Մնացականեանի եւ Աբգար եպս. Յովակիմեանի:
Թորոնթոյի «Ռուբինա» Մասնաճիւղի Հիմնադրութեան 59-ամեակին Նուիրուած` ՀՕՄ–ի Օրուան Տօնակատարութիւն
12 յունիսին Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ օգնութեան միութեան Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղին hիմնադրութեան 59-ամեակին նուիրուած ՀՕՄ-ի օրուան տօնակատարութիւնը:
Բացման խօսքը արտասանեց օրուան հանդիսվար Պեթի Գրաճեան-Եփրեմեան, որ անցեալէն այսօր ՀՕՄ-ի վսեմ գործունէութիւնը ներկայացնելով` շեշտեց, որ ՀՕՄ-ը իր ծառայութեամբ կը հոգայ հայ ժողովուրդի մարդկային, հոգեկան, Ֆիզիքական կարիքները եւ կը ձգտի պահպանելու հայ ժողովուրդի ազգային ինքնութիւնը` սփռելով գութ ու բազմաբնոյթ կարեկցութիւն, աւելցնելով, որ ՀՕՄ-ի առաքելութիւնն է` քաջալերել կրթութիւնը, մատուցել ընկերային ծառայութիւններ եւ նպաստել կիներու հեղինակութեան, պատրաստ ըլլալով օգնութիւն ցուցաբերելու հոն, ուր կարիքը ստեղծուած եւ պահանջը ներկայացուած է: Ան կարեւոր նկատեց` ՀՕՄ-ի հանդէպ սէրը, աւանդութիւններու պահպանման գիտակցութիւնը եւ զանոնք նոր սերունդին փոխանցելու կարեւորութիւնը:
Վարչութեան խօսքը արտասանեց ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի ատենապետուհի Մարալ Միսիրլեան, որ ՀՕՄ-ի ազգանուէր գործունէութինն ու առաքելութիւնը ներկայացնելով` նշեց, որ մասնաճիւղը տարիներու ընթացքին նուիրուած աշխատանք տարած է գաղութի բարգաւաճման, Քանատայի Շրջանային վարչութեան եւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան միջոցով Հայաստանի եւ Արցախի մէջ` մասնակցելով բազմաթիւ նախաձեռնութիւններու:
Օրուան պատգամաբեր, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի` դոկտ. Նայիրի Տէրտէրեան կարեւոր նկատեց ՀՕՄ-ի գործունէութիւնը` հաստատելով, որ համամարդկային եւ համազգային արժէքներով, աւելի քան մէկ դար, անընդհատ գործող որեւէ կազմակերպութիւն ազգանուէր ծառայութիւնն է իր հարազատ ժողովուրդին ու հայրենիքին եւ անաչար պատմութիւնն է, որ կ՛արժեւորէ ու կ՛ընդունի զայն իր էջերէն ներս` որպէս օրինակելի արժէք եւ անջնջելի իրականութիւն, աւելցնելով, որ այդպիսին էր ամբողջ տասնամեակներ հայ կնոջ կամքը, գութն ու սիրտը ներկայացնող ՀՕՄ-ը եւ անկասկած այդպիսին պիտի մնայ ապագային եւս, որովհետեւ ՀՕՄ-ը` գիտակից իր շրջապատին յարափոփոխ կարիքներուն, ընթացաւ միշտ քայլ պահելով ժամանակին հետ, որպէս այժմէական տեսլականով ծրագրաւորող համահայկական միութիւն ու միջազգային լայնատարած կազմակերպութիւն: Ան շնորհաւորեց ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի տասնամեակներու գործունէութեան տարեդարձը` հաւաստիացնելով, որ հայ ժողովուրդին հարազատ ծոցէն ծնած ու սնանած միութիւնը միշտ պիտի մնայ պատնէշի վրայ` հաւատարիմ մնալով իր համազգային, համամարդկային, բարեսիրական եւ մարդասիրական ուխտին` յանուն հայ ազգին մշտադալար ապագային:
Այնուհետեւ զարդասեղներով պարգեւատրուեցան 15, 25, 35 եւ 50 տարուան նուիրեալ 24 ընկերուհիներ, որոնք անդամագրուած ու մինչ օրս անձնուէր եւ սիրայօժար ծառայած են ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղին:
Տաթեւ Ա. քհնյ. Միքայէլեան իր սրտի խօսքին մէջ բարի երթ մաղթեց ՀՕՄ-ի Քանատայի «Ռուբինա» մասնաճիւղին` զայն անուանելով վիթխարի կազմակերպութիւն մը: Ան դիտել տուաւ, որ ՀՕՄ-ը մեր ազգի պատմութեան մէջ ունեցած անկորնչելի գանձերէն մին է, որ մնաց ու կը մնայ հաւատարիմ իր վսեմ առաքելութեան:
Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Միացեալ Նահանգներ
Երէցեան Պարգեւատրուեցաւ «Կիլիկիոյ Ասպետ»–ի Շքանշանով
17 յունիսին Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ «Աւետիսեան» սրահին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռի գահակալ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի բարձր օրհնութեամբ եւ ձեռամբ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի, Խաչիկ Երէցեան պարգեւատրուեցաւ «Կիլիկիոյ ասպետ»-ի շքանշանով` առ ի գնահատանք ծխական կեանքին մէջ իր ունեցած աւելի քան 40-ամեայ ծառայութեան:
Հանդիսութիւնը սկսաւ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հովիւ Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեանի սեղանի օրհութեամբ, որմէ ետք օրուան հանդիսավար Մարտիկ Քէօշկէրեան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց եկեղեցւոյ անդաստանին մէջ Խաչիկ Երէցեանի ազգանուէր գործունէութիւնը: Իսկ շրջանի ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէի ներկայացուցիչ Կարօ Քամարեան իր շնորհաւորական խօսքը արտասանեց վեր առնելով Խաչիկ Երէցեանի կուսակցական կերպարը:
Հրաւիրեալներու շարքին էր Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի 46-րդ տարածաշրջանի ներկայացուցիչ Ատրին Նազարեան, որ խօսք առնելով շնորհաւորեց Խաչիկ Երէցեանը եւ համայն Երէցեան ընտանիքը` գաղութին մէջ իրենց ունեցած երկար տարիներու վաստակաշատ ծառայութեան համար, ապա Քալիֆորնիոյ նահանգին կողմէ Խ. Երէցեանին յանձնեց ճանաչման գնահատագիր մը:
Նախքան շքանշանի տուչութիւնը` Եփրեմ արք. Թապագեան կարդաց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի կոնդակը, որմէ ետք առաջնորդ սրբազանին` Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի ձեռամբ Խաչիկ Երէցեան պարգեւատրուեցաւ «Կիլիկիոյ ասպետ»-ի շքանշանով:
Շքանշանի տուչութենէն ետք առաջնորդ սրբազան հայրը իր շնորհաւորանքները յայտնեց` կանաչ եւ առողջ օրեր մաղթելով Խաչիկին եւ համայն Երէցեան ընտանիքին: Ապա ան ուրախութեամբ յայտարարեց, որ այս յիշատակելի օրուան առիթով Խաչիկ եւ Մարիամ Երէցեան ամոլը 50 հազար ամերիկեան տոլար կը նուիրեն եկեղեցւոյ կից նոր գնուած համալիրի ֆոնտին: Իսկ Եփրեմ արք. Թապագեան` իբրեւ ընտանիքի հարազատ եւ երկար տարիներու գործակից, Խաչիկ Երէցեանին հետ ունեցած իր քաղցր յուշերը պատմեց ներկաներուն:
Այս առիթով Խաչիկ Երէցեան շնորհակալութիւն յայտնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, որ գնահատելով իր ծառայութիւնը` արժանի դարձուց զինք «Կիլիկիոյ ասպետ» շքանշանին: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանին, որ վեհափառ հօր մօտ խնդրամատոյց եղաւ եւ կատարեց շքանշանի տուչութիւնը, ինչպէս նաեւ` թեմի մեծ ընտանիքին:
Ծաղկեայ Սեւ Փիլոն Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Հովիւ Պօղոս Քհնյ. Պալթայեանի
19 յունիսին, Հայրերու տօնին առիթով, Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ մատուցեց ս. պատարագ, որուն ընթացքին կարդալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի հայրապետական կոնդակը` քահանայական ծաղկեայ սեւ փիլոն շնորհեց եկեղեցւոյ հովիւ Պօղոս քհնյ. Պալթայեանի:
Իր պատգամին մէջ սրբազան հայրը անդրադառնալով օրուան տօնին` հրաւիրեց ներկաները աղօթելու, որ Աստուած իր օրհնութիւնները անպակաս դարձնէ մեր ազգի բոլոր հայրերուն վրայէն, աւելցնելով, որ նաեւ երկնաւոր հօր` Աստուծոյ տօնն է:
Ծաղկեայ փիլոնի տուչութենէն ետք առաջնորդը խրախուսեց քահանայ հայրը եւ անոր ընտանիքը` իրենց հաւատքին մէջ մնալու անսասան եւ նոյն կորովով` շարունակելու իրենց եկեղեցանուէր ծառայութիւնները եւ համայնքային գործունէութիւնը վասն պայծառութեան Հայ եկեղեցւոյ:
Ս. պատարագի աւարտին ի պատիւ սրբազան հօր տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան Փասատինայի «Ճիվելեկեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ: Սրտի խօսքերով հանդէս եկան` Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Յակոբ Ետալեան, ատենադպրուհի Մարալ Շիրանեան եւ եկեղեցւոյ հովիւ Պօղոս քհնյ. Պալթայեան, իսկ եկեղեցւոյ անդամներէն Ալպերթ Չուքատարեան Հայրերու տօնին առիթով իր սրտագին բարեմաղթութիւնները յղեց թեմի առաջնորդին, ապա Ամերիկայի Հայ առեւտրական միութեան անունով անոր նուիրեց եպիսկոպոսական մատանի մը:
Սիրոյ սեղանը եզրափակուեցաւ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի գնահատանքի ջերմ խօսքերով եւ հայրական սրտառուչ օրհնութիւններով:
Ատրպատական
Գրիգոր Արք. Չիֆթճեանի «Ուղեւորութիւն Ատրպատականի Հայոց Թեմի Մէջ Հայկական Յուշարձաններու Հետքերով» Մատենաշարի Բ. Հատորին Շնորհահանդէսը
23 յունիսին Թաւրիզի Ազգային առաջնորդարանի «Համազասպ Ոսկանեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ թեմի առաջնորդ Գրիգոր արք. Չիֆթճեանի հեղինակած թեմի պատմութիւնը ներկայացնող «Ուղեւորութիւն Ատրպատականի հայոց թեմի մէջ հայկական յուշարձաններու հետքերով» մատենաշարի Բ. հատորին շնորհահանդէսը:
Բացման խօսքը արտասանեց Փաթրիսիա Տանղեան, որ շնորհաւորեց ներկաները նման աշխատութեան հաղորդակից ըլլալնուն համար` շնորհակալութիւն յայտնելով սրբազան հօր, այս դժուար աշխատանքը նախաձեռնելուն եւ սեփական բոլոր յարմարութիւններով, անցեալի մեր պատմութիւնը մեզի շնորհելուն համար:
«Ալիք» հաստատութեան Թաւրիզի մասնաճիւղի ներկայացուցիչ Արմոնդ Պատալեան իր խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ գիրքերը միտքերու նաւեր են, որոնք թափառելով ժամանակի ալիքներուն մէջ` խնամքով կը տանին իրենց թանկարժէք բեռը սերունդէ սերունդ, շեշտելով, որ սոյն հատորը արդիւնք է, սրբազան հօր անկոտրում կամքին, հետեւողականութեան, ամբողջական նուիրումին, տքնաջան աշխատանքին, մտաւոր անսահման հարստութեան:
Այնուհետեւ Սեդա Ֆարմանեան ներկայացուց սրբազան հօր կենսագրական գիծերը` անդրադառալով անոր մտաւորական կեանքին, որ անցնող երեսուներկու տարիներու հոգեւորական սպասաւորութեան ընթացքին ունեցած է որպէս խմբագիր եւ աւելի քան 30 գիրքերու հեղինակ է:
Ազգային իշխանութեան անունով Պատգամաւորական ժողովի Ա. ատենադպրուհի Անահիտ Յակոբեան շնորհաւորեց սրբազանը` անդրադառնալով անցնող աւելի քան 10 տարիներու նուիրեալ ծառայութեան, որ նոյն թափով ու եռանդով կը շարունակէ սրբազան հայրը Ատրպատականի հայոց թեմին մէջ:
Իր խօսքի աւարտին Անահիտ Յակոբեան կարդաց Թեհրանի եւ Սպահանի հայոց թեմերու առաջնորդներ` Սեպուհ արք. Սարգիսեանի եւ Սիփան եպս. Քէչէճեանի շնորհաւորանքի ուղերձները:
Հատորին մասին անդրադարձաւ Նայիրի Տիլանեան, որ կեդրոնանալով Ղարադաղի վեց գաւառակներուն վրայ` ներկայացուց հեղինակին ուսումնասիրական եւ դաշտային աշխատանքի արդիւնք հանդիսացած գիրքը` ճոխացուած նորագոյն լուսանկարներով ու արխիւային նիւթերու մատուցմամբ եւ հնագոյն փաստաթուղթերէն վերցուած թանկարժէք յուշերու պատկերներով:
Պատգամաւորական ժողովի Բ. ատենապետ Սարինէ Մեջլումեան ուրմիահայութեան անունով կարդաց շնորհաւորական ուղերձ:
Շնորհաւորական խօսքով ելոյթ ունեցաւ Իրանի Հայկական եկեղեցիներու պահպանման պետական հիմնարկութեան տնօրէն դոկտ. Շերլի Աւետեան` վկայելով այն նուիրեալ աշխատանքը, որ ոչ միայն սիրայօժար, այլեւ մեր պատմական ժառանգութեանց հանդէպ ունեցած իւրայատուկ սիրով կը կատարէ սրբազան հայրը:
Այնուհետեւ կարդացուեցան շնորհաւորական այլ ուղերձներ, որոնք յղուած էին միութիւններու կողմէ: Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր եւ սահիկներու ցուցադրութեամբ ներկայացուեցաւ Ղարադաղի գիւղերուն մէջ մնացած յուշարձանները:
Ապա տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու յանձնում սրբազան հօր:
Աւարտին շնորհակալական եւ երախտագիտական խօսքով ելոյթ ունեցաւ սրբազան հայրը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց յատկապէս գիրքի մեկենաս, ազգային բարերար Համազասպ եւ Սեդա Ոսկանեան ամոլին, որոնք առաջին հատորին մեկենասները ըլլալէն ետք նոյն նուիրումով եւ սիրով յանձն առին երկրորդ հատորին ծախսալից հրատարակութեան մեկենասութիւնը:
Սրբազան հայրը շեշտեց, որ սոյն մատենաշարը իր կտակը պիտի ըլլայ ո՛չ միայն Ատրպատականի հայոց թեմին, այլեւ` ամբողջ հայոց պատմութեան:
Աւարտին տեղի ունեցաւ հատորին գինեձօնը: