Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Երաժշտական–Գեղարուեստական Երեկոյ
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լ. Շանթ» մասնաճիւղի երաժշտական յանձնախումբին, 2 յուլիսին «Ահարոնեան» կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երաժշտական-գեղարուեստական երեկոյ` կատարողութեամբ Դամասկոսի պետական երաժշտանոցի հայ ուսանողներուն:
Վարչութեան եւ յանձնախումբին անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց վարչութեան անդամ Ժանեթա Պրունսուզեան, որ յայտնեց, թէ երաժշտութիւնը կ՛ազնուացնէ հոգին եւ տարբեր ժողովուրդներու միացման օղակ կը կազմէ: Ան նկատել տուաւ, որ դարերու տառապանքէն յաղթական դուրս եկած մեր մշակոյթի ամէնէն մեծ գործօններէն են հայ երգն ու երաժշտութիւնը, աւելցնելով, որ Համազգայինը մեծ դերակատարութիւն ունի զանոնք պահելու եւ նորահաս սերունդին սեփականութիւնը դարձնելու:
Այնուհետեւ աշակերտները մեկնաբանեցին հայկական եւ միջազգային երաժշտական կտորներու փունջ մը:
Աւարտին Ժանեթա Պրունսուզեան շնորհակալութիւն յայտնեց մասնակցողներուն` խրախուսելով զանոնք եւ մաղթելով, որ մշակոյթի եւ երաժշտութեան սէրը միշտ վառ պահեն եւ բարձրագոյն ուսում ստանալով` փարին նաեւ հայկական երաժշտութեան եւ առիթ ունենան շրջապտոյտներ կատարելու հայկական մշակոյթի անդաստանին մէջ:
Յայտնենք, որ մասնակցողները պարգեւատրուեցան յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած հայկական դասական երաժշտութեան խտասկաւառակով:
Իրան
ՀՄ «Արարատ» Կազմակերպութեան 78-ամեակի Տօնակատարութիւն
4 յուլիսին Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան Այգեստանին մէջ տեղի ունեցաւ կազմակերպութեան 78-ամեակի տօնակատարութիւն:
Բացման խօսքը արտասանեց Մեղեդի Նազարեան, որ շնորհաւորեց ներկաները եւ իրանահայութիւնը «Արարատ» կազմակերպութեան հիմնադրութեան առթիւ:
Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Հենրիկ Խալոյեան ելոյթ ունենալով նշեց, որ կազմակերպութիւնը այս շրջանին նպատակադրած է աշխատանքները վերականգնել ու աշխուժացնել` շեշտելով կազմակերպութեան յարաբերութիւններու ամրապնդման կարեւորութիւնը ՀՄԸՄ-ի, Համազգայինի եւ ՀԱՍԿ-ի հետ:
Կազմակերպութեան նախկին նախագահ Թովմաս Թովմասեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ բոլոր կուսակութիւնները, կազմակերպութիւնները, միութենականները կ՛աշխատին հայապահպանման առաքելութեան իրագործման համար:
Արցախի հերոս, «Մարտական խաչ» առաջին աստիճանի շքանշանակիր ԲԵԿՈՐ ԱՇՈՏԻ կեանքի ընկեր Նելլի Ղուլեան իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ «Արարատ»-ի մէջ ունեցած իր տպաւորութիւններուն, կազմակերպութեան առաքելութեան եւ հայապահպանման նպատակներուն` շեշտելով, որ Արցախը ամուր է շնորհիւ արցախցիին եւ թիկունքին կանգնած ամուր սփիւռքի եւ Հայաստանի:
Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Բեդլբօ Գիւղի Եկեղեցւոյ Հիմնադրութեան 200-ամեակի Տօնակատարութիւն
17 յունիսին Ուրմիոյ Բեդլբօ գիւղը ժամանեց Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր արք. Չիֆթճեան` նախագահելու համար եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 200-ամեակի տօնակատարութեան:
Եկեղեցւոյ մէջ առաւօտեան ժամերգութենէն ետք սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ գիւղի եկեղեցւոյ կառուցման համար հաւատքով աշխատած հոգեւորական եւ աշխարհական անձերու աշխատանքին, որոնք, իբրեւ իրենց հաւատքի խոր արտայայտութիւն, կառուցած էին եկեղեցին: Սրբազան հայրը օրհնեց բոլորին յիշատակը` նկատել տալով, որ 200 տարի առաջ իրենց նախնիները իրենց քրիստոնէական հաւատքէն մղուած` հիմնադրած են հողաշէն սոյն եկեղեցին, աւելցնելով, որ ներկայիս իրենք վերանորոգած են հողաշէն պատերը` երկու կողմէն աղիւսներով ամրապնդելով: Սրբազան հայրը շեշտեց, որ բոլոր նախնիներուն հոգիները երկինքին մէջ կը հրճուին, երբ կը տեսնեն, որ իրենց սկսած հաւատքի գործը կը շարունակուի իրենց յաջորդ սերունդներուն կողմէ:
Ժամերգութեան աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` Բեդլբոցի բոլոր հանգուցեալներու հոգիներու խաղաղութեան համար:
Իր բարձր գնահատանքը յայտնելով Ուրմիոյ Գործակալական խորհուրդին եւ յատկապէս ատենապետ Վանիկ Յակոբեանին` սրբազան հայրը անոր նուիրեց «Ուղեւորութիւն Ատրպատականի հայոց թեմին մէջ» իր հեղինակած մատենաշարի հրատարակուած առաջին երկու հատորներէն մակագրեալ օրինակներ: Նոյնպէս գնահատելով գիւղի հոգաբարձութեան ատենապետ Գագարին Դաւիթեանի նուիրեալ ծառայութիւնը` անոր եւս նուիրեց նոյն հատորներէն: Իսկ գիւղին մէջ մնայուն բնակութիւն ունեցող Արարատ Վարդանեանին նուիրեց նոյն հատորներէն` գնահատելով գիւղի նկատմամբ անոր կապուածութիւնը:
Եկեղեցական արարողութենէն ետք եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան` ի պատիւ սրբազան հօր:
Միութիւններուն Յատկացուած Նոր Կեդրոնատեղիի Բացում
20 յունիսին տեղի ունեցաւ Նոր Ջուղայի Փերիոյ Կրթասիրաց եւ Հայ ուսանողական «Չհարմահալ» միութիւններուն յատկացուած նոր կեդրոնատեղիի բացման հանդիսութիւնը:
Հայ ուսանողական «Չհարմահալ» միութեան նախագահ Վրթանէս Մկրտչեանը զոյգ միութիւններու անունով շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն` հրաւէրին ընդառաջելուն համար, նաեւ երախտագիտութեան խօսք ուղղեց Պատգամաւորական ժողովի դիւանի եւ Թեմական խորհուրդի նախկին եւ գործող կազմերուն` թեմապատկան սոյն շէնքը որպէս կեդրոնատեղի իրենց տրամադրելու համար:
Այնուհետեւ թեմի առաջնորդ Սիփան եպս. Քէչէճեան Նոր Ջուղայի Փերիոյ Կրթասիրաց եւ Հայ ուսանողական «Չհարմահալ» միութիւններու նախագահներ Զարենուշ Աղուրեանին եւ Վրթանէս Մկրտչեանին հետ միասին հատեց մուտքի ժապաւէնը` յայտարարելով կեդրոնատեղիի պաշտօնական բացումը:
Սրբազան հայրը իր խօսքին մէջ նշեց, որ զոյգ միութիւնները պիտի սկսին նոր կեանք` նոր կեդրոնատեղիով, նոր հնարաւորութիւններով եւ նոր ծրագիրներով, մաղթելով, որ զոյգ միութիւններու շարքերը համալրուին նոր ու երիտասարդ անդամներով, եւ նոր ծրագիրներու մեկնարկը բերէ աշխատանքային նորանոր յաջողութիւններ:
Հայ ուսանողական «Չհարմահալ» միութեան անդամ Թաթուլ Օհանեան յոյս յայտնեց, որ երկու միութիւնները, հաւատարիմ իրենց կոչումին, որեւէ ջանք չեն խնայեր տարածելու հայկական մշակոյթը, մանաւանդ` Փերիոյ եւ Չհարմահալ գիւղերու հայկական աւանդական սովորութիւններն ու ծէսերը:
Թեմական խորհուրդի ատենապետ Վրէժ Տէր Մարտիրոսեան իր հերթին շնորհաւորական խօսքեր արտասանեց երկու միութիւններուն` մաղթելով անոնց համագործակցութիւն եւ յաջող գործունէութիւն` իրենց աշխատանքներուն մէջ:
Փերիոյ Կրթ. միութեան Շահինշահրի մասնաճիւղի անդամ Ջանի Թահմազեան ելոյթ ունենալով երկրորդեց անցեալի աւանդոյթները նոր սերունդին փոխանցելու կարեւորութիւնը` շեշտելով այդ գործին համար համապատասխան ծրագիր մշակելու անհրաժեշտութիւնը, յոյս յայտնելով, որ ազգային մարմինները միութիւններուն կը հովանաւորեն այս աշխատանքին մէջ, նաեւ կը սատարեն Շահինշահրի մասնաճիւղի աշխատանքներու վերսկսման:
Ելոյթ ունեցան Մեսրոպ Ա. քհնյ. Գալստանեան, Վարդան Աղաբաբայեան, որոնք եւս ընդգծեցին աւանդոյթներն ու յատկապէս իրարու նկատմամբ յարգանքի անհրաժեշտութիւնը, նաեւ` Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Արբի Բաբայեան, որ յայտնեց, ինչպէս միշտ, դարձեալ յանձնախումբի զօրակցութիւնը եւ համագործակցութիւնը զոյգ միութիւններուն հետ:
Հանդիսութեան ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Միացեալ Նահանգներ
ՀՄԸՄ–ի «Յաղթանակի Պարահանդէս»-ը
Նաւասարդեան 45-րդ մարզախաղերու առիթով, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան, 26 յունիսին «Պեւըրլի Հիլթըն» պանդոկի շքեղ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Շրջանային վարչութեան «Յաղթանակի պարահանդէս»-ը:
Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան կատարեց բացման աղօթքը եւ իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց ՀՄԸՄ-ի աշխարհատարած գործունէութիւնն ու Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի միաւորին արձանագրած յաջողութիւնները, ի մասնաւորի` Նաւասարդեան խաղերու ամէնամեայ կազմակերպումը, որ կը շարունակուի 45 տարիէ ի վեր` իրերայաջորդ սերունդներու յաղթական երթով:
Առաջնորդ սրբազանը նաեւ դրուատանքով արտայայտուեցաւ Նաւասարդեան 45-րդ խաղերու նախագահ Արա եւ Ալին Չաղլասեան ամոլին, ինչպէս նաեւ «Տիպար ՀՄԸՄ»-ական տիտղոսին արժանացած Վարանդ Մելքոնեանի մասին` վեր առնելով անոնց ցուցաբերած բազմամեայ ծառայութիւնը հայութեան կեանքէն ներս:
Իր խօսքի աւարտին առաջնորդ սրբազանը առողջ ու յարաճուն վերելք մաղթեց ազգաշէն, հայրենանուէր ու պատկառելի վաստակի տէր ամենասիրելի ՀՄԸՄ-ին:
Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանի Յիշատակին Նուիրուած Յուշաձողի Բացում
11 յունիսին Լոս Անճելըս գաւառի Լա Վերն քաղաքի «Միլ փարք»-ի զբօսայգիի մէկ բաժինը անուանուեցաւ այդ քաղաքի բնակիչ, Լա Վերն համալսարանի Ամերիկահայ քոլեճի հիմնադիր եւ նախագահ, «Մաշտոց» քոլեճի հիմնադիր եւ նախագահ եւ երեք ամերիկեան համալսարաններու մէջ դասախօս դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանի անունով:
Նոյն օրը տեղի ունեցաւ նաեւ դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանին նուիրուած պուրակին եւ յուշաձողի պաշտօնական բացման արարողութիւնը:
Ձեռնարկը կազմակերպուած էր «Ռոթըրի քլապ» միջազգային կազմակերպութեան Ամերիկայի տնօրէնութեան խորհուրդին կողմէ:
Արարողութիւնը սկսաւ «Մաշտոց» քոլեճի ուսանողուհիներէն Անճելա Ամիրեանի «Սքանչելի շնորհք»-ի եւ «Կիլիկիա»-ի` ջութակի վրայ կատարումով:
Օրուան հանդիսավար Լա Վերն քաղաքի «Ռոթըրի քլապ»-ի Լա Վերն մասնաճիւղի ատենապետուհի Տեպի Տես, որ ողջոյնի եւ բարի գալուստի իր խօսքէն ետք հրաւիրեց հանգուցեալին զաւակը` պատուելի դոկտ. Ճանի Տէր Եղիայեանը, աղօթքով սկսելու համար արարողութիւնը: Ապա հանգուցեալի մեծ որդին` Ճէյմս Տէր Եղիայեան ամփոփ կէտերու մէջ խօսեցաւ իր հօր գործունէութեան մասին: «Ռոթըրի քլապ» Լոս Անճելըս գաւառի նախագահ Շարոն Ճանսըն խօսեցաւ հանգուցեալին ձգած անջնջելի ազդեցութեան մասին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքապետ Թիմ Հափըրնին, որ նման զբօսայգի մը տրամադրեց այսպիսի մարդու մը, որուն ամբողջ կեանքը խաղաղութիւն, սէր եւ ժողովուրդներու միջեւ համերաշխութիւն սերմանելն էր:
Պատուելի դոկտ. Ճանի Տէր Եղիայեան շնորհակալութիւն յայտնեց «Ռոթըրի քլապ» ղեկավարներուն, Լա Վերնի քաղաքապետներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք նիւթապէս եւ բարոյապէս օգնեցին այս գեղեցիկ պուրակը իր հօր անունով անուանելուն, ապա հրաւիրեց իր մայրը, որպէսզի փակման խօսքը ըսէ:
Անժելա Տէր Եղիայեան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկայ եղողներուն, նիւթապէս եւ բարոյապէս այս յուշաձողին ու պուրակի բարեզարդման աջակցողներուն:
Այնուհետեւ երգչուհի Լիզա Ճեսպայի եւ բոլոր ներկաներուն մասնակցութեամբ երգուեցան «Տէրունական աղօթք»-ը եւ «Հոյակապ օրհնութիւն» աղօթքները, որմէ ետք Անժելա Տէր Եղիայեան հատեց ժապաւէնը: