Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Ճիշդ է, որ արհեստական բանականութիւնը (ԱԲ) մեծ ներուժ ունի եւ շատ արագ կը զարգանայ, հմտութիւններ ձեռք կը բերէ, բայց եւ այնպէս, տակաւին չի կրնար ամէն աշխատանք ընել, մանաւանդ` կրթական ասպարէզին մէջ: Այս մասին մասնագէտներու տեսակէտներ հրապարակած է classpoint կայքը: Ամէն պարագայի, որեւէ նորութիւն պէտք է լաւ, դրական ձեւով գործածել:
Ն.
Որեւէ աշխատանք, որ կը հաղորդակցի արհեստական բանականութեան հետ, ձեւով մը կը փոխուի: Հիմնական հարցը այն է, որ այդ փոփոխութեան մեծ մասը զարմանալիօրէն լաւ ըլլալու ներուժ ունի, եթէ ԱԲ-ն ճիշդ գործածուի:
Այսօր մենք կը դիտարկենք այն գործերը, որոնք ԱԲ-ի համար դժուար կ՛ըլլայ վնասել կամ փոխարինել:
Ահաւասիկ ցուցակ մը, ոչ ամբողջական, բայց` խոստումներով: Այդ պայմանաւորուած է` անոնց բացառիկ մարդկային դատողութեամբ, հնարամտութեամբ, այլազան միտքերով, սրամտութեամբ եւ հասկացողութեամբ:
Առաջնորդութիւն
Առաջնորդութեան պաշտօնները կը պահանջեն տեսլական` ամէն բանէ առաջ: ԱԲ-ն այդ չէ ստացած, ոչ ալ կրնայ ստանալ, կամ նոյնիսկ օգնել անոր: Մարտավարական մտածողութիւնը, որոշումներ տալը, խումբեր դրդելու, ոգեշնչելու եւ ստեղծելու կարողութիւնը եւ բարոյագիտական համակարգերու զարգացումը ուժեղ ոլորտներ են, ուր ԱԲ-ն տակաւին ունի սահմանափակումներ, որոնք կրնան մնայուն ըլլալ:
Ստեղծագործական մասնագիտութիւններ
Արուեստներու մէջ աշխատատեղերը, ինչպիսիք են` երաժիշտները, գրողները, նկարիչները եւ այլ ստեղծագործողները, օրինակ` ծանուցումներու մէջ, մեծապէս հիմնուած են մարդկային ստեղծագործութեան, զգացմունքներու եւ ենթակայական մեկնաբանութեան վրայ, որ զանոնք կը դարձնէ աւելի քիչ ենթակայ ինքնագործ ըլլալու: ԱԲ-ն կրնայ փորձել ստանձնել մեր ձախ ուղեղի գործառոյթները, բայց ինչ կը վերաբերի մեր աջ ուղեղին, այդ միշտ կ’ըլլայ մերը:
Ստեղծագործական խնդիրներու լուծում
Բազմաթիւ խնդիրներ կարելի է լուծել ձախ ուղեղի, գծային մտածողութեան միջոցով: Բայց եւ այնպէս, անոնք չեն փոխեր քաղաքակրթութիւնը: Մասնագիտութիւնները, որոնք կը ներառեն նոր եւ բարդ խնդիրներու լուծում կամ հրապուրիչ կարելիութիւններ, կը պահանջեն` ստեղծագործականութիւն, քննադատական մտածողութիւն, ամբողջական մտածողութիւն, օրինաչափութիւններու ճանաչում եւ յարմարելիութիւն: ԱԲ-ն կրնայ օգնել տուեալներու վերլուծութեան եւ որոշումներու օգնելուն, բայց բացարձակապէս չունի իսկապէս նորարարական բացայայտումներ յառաջացնելու կարողութիւնը:
Առողջապահութիւն
Բժիշկները, հիւանդապահուհիները, վիրաբուժները, բժիշկներու օգնականները եւ այլն կը միախմբեն` բժշկական գիտելիքները, դարմանական դատողութիւնը, հասկացողութիւնը եւ մարդկային հպումը, ներառեալ` խելամիտ նախազգուշացումները: Մինչ ԱԲ-ն կրնայ օգնել եւ հարստացնել ախտորոշման եւ բուժման առաջարկները, ան չի կրնար փոխարինել առողջապահութեան մարդկային գործօնը: Ոչ մէկ պարագայի:
Հետազօտութիւն եւ զարգացում
Գիտական հետազօտութիւնը եւ անոր հետագայ նորարարութիւնը միշտ կը ներառեն` անյայտի ուսումնասիրութիւն, հետաքրքրասիրութիւն, վարկածներու եւ կանխատեսումներու ձեւակերպում եւ մնայուն փորձարկումներ, որոնք բոլորն ալ հիմնուած են մարդկային ստեղծագործութեան եւ խորաթափանցութեան վրայ եւ այն հաւատքին վրայ, թէ տեղ մը այդ նորարարութիւն է, որ մենք չենք կրնար տեսնել ճիշդ հիմա: Ոեւէ մէկը գիտէ՞ ԱԲ-ի համակարգ մը, որ այդպէս կը գործէ:
Բժիշկներ եւ խորհրդատուներ
Զգացմունքային աջակցութեան, բուժումի, խորհրդատուութեան եւ հմուտ ստեղծագործական խնդիրներու լուծումը, նուիրուածութիւն պարտականութենէն առաջ եւ վեր կը պահանջէ խոր հասկացողութիւն, խիղճ, մարդկային կապ եւ բարդ յուզական նրբերանգներու ըմբռնում: Այստեղ ԱԲ-ին հնարաւորութիւն չկայ:
Հասարակական աշխատանք
Ընկերային ծառայողները կ՛առնչուին տարբեր, անկանխատեսելի եւ յաճախ յանկարծակի մարդկային իրավիճակներու, որոնք կը պահանջեն բարձր աստիճանի յուզականութիւն, յարմարելիութիւն եւ բարոյագիտական դատողութիւն, ԱԲ-ն օգտակար գործիք կ՛ըլլայ, բայց ոչ երբեք` սպառնալիք:
Տարեցներ եւ հաշմանդամներ խնամողներ
Քանի որ մեր բնակչութիւնը կը ծերանայ, նոր եւ չբացայայտուած կարիքներ կը յառաջանան: Եզակի կարիքներ ունեցող աւելի մեծ թիւով անհատներու խնամքը, ներառեալ` ընկերակցութիւնը եւ ամէնօրեայ առաջադրանքներու կապուած օգնութիւնը, կը պահանջեն` հասկացողութիւն, գթասրտութիւն, համբերութիւն եւ յարմարելիութիւն, որոնք ներկայիս ԱԲ-ն չի կրնար ապահովել: Բայց եւ այնպէս, այս այն ոլորտն է, ուր ԱԲ-ն արժէքաւոր գործիք կ՛ըլլայ:
Ուսուցում եւ կրթութիւն
Թէեւ ԱԲ-ն կրնայ զգալիօրէն բարելաւել կրթութիւնը արդիւնաւէտ ուսուցման միջոցով, որ դուրս կու գայ դասարանէն կամ կրթական ծրագիրէն, յաճախ կը ներառէ` ուսանողներու հետ յարաբերութիւններ կառուցելը, անոնց իւրայատուկ կարիքները հասկնալը, ընկերակցիլը եւ առաջնորդելը: ԱԲ-ն այս խաղին մէջ չի կրնար գործել:
Հմուտ արհեստներ
Ելեկտրականութեան, սարքերու, ջուրի խողովակներու նորոգութիւններ իրականացնող արհեստաւորները ունին գործնական հմտութիւններ, յարմարելիութիւն տարբեր իրավիճակներու, բարդ համակարգեր պատկերացնելու եւ ներկայիս համակարգերուն մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները յայտնաբերելու կարողութիւնը, ԱԲ-ի համար դժուար է մօտենալ այդ ոլորտներուն:
Բան մը եւս…
Մարդիկ, կամ` գոնէ մեզմէ անոնք, որոնք կը հաւատան մարդկութիւնը յառաջ մղելու, բարձրացնելու մեր կարողութեան, ունին բան մը եւս, որ ԱԲ-ն չունի` վստահութիւն:
ԱԲ-ի Դրական Եւ Բացասական Կողմերը Կրթութեան Մէջ,
Եւ Ինչպէս Այդ Կ՛ազդէ Ուսուցիչներու Վրայ 2024 Թուականին
Ապագան իսկապէս այստեղ է: Կասկած չկայ, որ ԱԲ-ն կրթութեան մէջ կը դառնայ ժողովրդական` ուսուցիչներու եւ ուսանողներու շրջանակին մէջ: Ուսուցիչները ԱԲ-ն կը գործածեն EdTech գործիքներու տեսքով` օգնելու անոնց դասեր ծրագրելու կամ ուսանողներու նիշերը հաշուելու ատեն: ԱԲ-ն ուսանողներուն կրնայ օգնել, որպէսզի կատարեն իրենց տնային աշխատանքները եւ նոյնիսկ հետազօտական աշխատանքը: Թէեւ մենք չենք կրնար հերքել, որ 2024 թուականին ԱԲ-ն կը դառնայ մեր կեանքի մէկ մասը, բայց եւ այնպէս, ԱԲ-ն ունի քանի մը դրական եւ բացասական կողմեր, որոնք յաւելեալ ուշադրութեան կարիք ունին եւ դեռ քննարկման ենթակայ են: Այս յօդուածին մէջ մենք կ՛օգնենք ձեզի, որպէսզի բացայայտէք այդ դրական եւ բացասական կողմերէն իւրաքանչիւրը, եւ թէ ի՛նչ կարեւոր դեր պէտք է ստանձնէք ապահովելու համար, որ ԱԲ-ի գործածութիւնը կրթութեան համար տակաւին չափաւոր մնայ: Մենք նոյնպէս պիտի նշենք ԱԲ-ի առաւելութիւններն ու թերութիւնները եւ որոշենք, թէ արդեօ՞ք ուսուցիչները պէտք է ներառեն ԱԲ-ի գործածութիւնը EdTech գործիքներու տեսքով իրենց դասաւանդման:
ԱԲ-ի առաւելութիւնները կրթութեան մէջ
Արդի աշխարհին մէջ ԱԲ-ի արհեստագիտութիւններու համարկումը արագ կ՛աճի կրթութեան ոլորտին մէջ: ԱԲ-ն ստեղծուած է օգնելու եւ մեր առօրեայ առաջադրանքները թեթեւցնելու համար: Պատշաճ գործածուելու պարագային, որեւէ գործողութիւն, որ կ՛ուզէք ձեռնարկել, կը կատարուի քանի մը երկվայրկեանի մէջ: Այս ԱԲ-ի բազմաթիւ առաւելութիւններէն մէկն է, եկէք` աւելին քննարկենք:
Ուսանողներու ներգրաւուածութեան եւ մղումի բարելաւում
Դասաւանդման մէջ ԱԲ յաւելուածներու գործածութիւնը կրնայ ընդլայնել ուսուցման փորձառութիւնը բազմաթիւ առումներով, օրինակ, շնորհիւ ԱԲ-ի բնական լեզուի մշակման, կարելի կ՛ըլլայ իրականացնել անհատականացուած ուսուցման վարժութիւններ, կամ` ակնթարթային յետադարձ կապ եւ հաղորդակցութիւն: ԱԲ-ն կրնայ նաեւ կիրարկուիլ խաղային ուսուցումը ուժեղացնելու համար եւ այս կրնայ հետագային ուսուցումը դարձնել հաճելի, գրաւիչ եւ արդիւնաւէտ: ԱԲ գործիքներու գործածութիւնը կրնայ ուղղորդել ուսուցիչները` մշակելու աւելի ազդեցիկ ուսուցման մօտեցում, որ կրնայ յանգեցնել դասարանին մէջ մասնակցութեան աճին, նաեւ` բարելաւել ուսումնական նպատակները:
Ուսանողներու հմտութեան բարձրացում
Կրթութեան մէջ ԱԲ-ի այլ կարեւոր առաւելութիւն մըն է այն, որ այդ կրնայ օգնել բարձրացնել ուսանողներու հմտութիւնը յետադարձ կապի տեղեկութիւններու (feedback) միջոցով: ԱԲ-ով աշխատող համակարգերը կրնան գնահատել ուսանողներու յառաջընթացը, անոնց տրամադրել նպատակային յետադարձ կապ եւ բացայայտել ոլորտները, ուր անոնք բարելաւման կարիք ունին: Աւելի՛ն. ԱԲ-ը կրնայ հետեւիլ ուսանողներու վարքագծի ձեւերուն, գնահատել անոնց ուշադրութեան մակարդակը եւ որոշել, թէ արդեօ՞ք անոնք յաւելեալ օգնութեան կարիք ունին որոշ դասանիւթերու, ոլորտներու կամ յատուկ հմտութիւններու վերաբերեալ: Կ՛ակնկալուի, որ ակնթարթային ԱԲ-ով աշխատող յետադարձ կապը կը բարձրացնէ ուսուցման փորձը, որ կը խթանէ ուսանողներու կարողութիւնները դէպի նոր բարձունքներ:
Ծախսերու արդիւնաւէտ ուսուցում
Կրթութեան մէջ ԱԲ-ն կրնայ նոյնպէս նուազեցնել կրթաթոշակը ուսումնական հաստատութեան տեսանկիւնէն, եթէ գործածուի անոր ներուժը: ԱԲ-ն կրնայ ինգնագործ դարձնել շարք մը առաջադրանքներ, որոնք յանձնարարուած են վարչակազմին, ուսուցիչներուն եւ այլն: Օրինակ, ԱԲ-ն կրնայ կատարել ամէնօրեայ առաջադրանքներ, ինչպիսիք են` գնահատումը, ծրագրումը, տուեալներու կառավարումը եւ նոյնիսկ սեփական դասերը: Կրթութեան ոլորտին մէջ ԱԲ-ի շնորհիւ կրթական հաստատութիւնները կրնան խնայել պիւտճէն` կրճատելով արդիւնաւէտ գործունէութեան համար անհրաժեշտ միջոցները, անով իսկ բարձրացնելով ծախսի արդիւնաւէտութիւնը:
Շարունակական գնահատում եւ կատարելագործում` երկարատեւ հեռանկարին մէջ
ԱԲ-ի առաւելութիւններու ցանկին վերջինը շարունակական գնահատումն ու բարելաւումն է: ԱԲ-ի վրայ աշխատող EdTech գործիքները կրնան դիւրաւ հաւաքել, վերլուծել եւ ուսուցիչներուն տեղեկութիւն տրամադրել աշակերտներու ուսուցման արդիւնքներու եւ վարքի ձեւերու վերաբերեալ: Գործածելով կանխատեսող վերլուծութիւն` ԱԲ-ն կրնայ ուսուցիչներուն արժէքաւոր պատկերացումներ տրամադրել ապագայ կատարողականի կանխատեսման, անհատականացուած միջամտութիւններու, վտանգի ենթարկուած ուսանողներու կանուխ յայտնաբերման եւ ուսումնական ռազմավարութիւններու ճշգրտման վերաբերեալ:
Այս օգտակար տեղեկատուութիւնը կրնայ կարելիութիւն ընձեռել ուսուցիչներուն աւելի խոր գնահատական տալ` հասկնալու իրենց աշակերտին ուժեղ եւ թոյլ կողմերը դասարանին մէջ: Բացի անկէ` ուսուցիչները կրնան հնարաւորութիւն ունենալ իրենց ուսուցման ռազմավարութիւնները հասցնելու յաջորդ մակարդակի եւ իրենց ուսանողներուն տալու լաւագոյն ուսումնական փորձը:
Ինչպէ՞ս EdTech գործիքները կրնան նպաստել գրաւիչ եւ փոխազդեցիկ դասին
EdTech-ի կամ Educational Tools-երը ուսուցիչներուն կ՛օգնեն իրենց դասարաններուն մէջ գրաւիչ եւ փոխազդեցիկ գործողութիւններ իրականացնելու: Որպէս կրթութեան ոլորտին մէջ ԱԲ-ի առաւելութիւններու մաս` եկէք եւ աւելի մանրամասն ուսումնասիրենք, թէ ինչպէ՞ս կրնան արհեստական բանականութեան գործիքները ծառայել ուսուցիչներուն եւ ի՞նչ ձեւերով անիկա կրնայ թեթեւցնել անոնց ամէնօրեայ ուսուցման կարիքները:
ԱԲ-ն EdTech գործիքներուն մէջ կրնայ ծառայել որպէս ուսուցիչի օգնական, անիկա կը խնայէ ժամանակը` չզոհելով անոր արդիւնքի որակը: ԱԲ-ով աշխատող բարեկամական գործիքի բազմաթիւ լաւ օրինակներէն մէկը ClassPoint ԱԲ-ն է: ClassPoint ԱԲ-ի հիմնական նպատակն է թեթեւցնել իւրաքանչիւր ուսուցիչի ծանրաբեռնուածութիւնը` հարցարաններ պատրաստելու ատեն, առանց ջանք գործադրելու ակնթարթի մը մէջ գրաւիչ հարցումներ ստեղծել որեւէ ՓաուրՓոյնթէ:
ԱԲ-ի թերութիւններն ու մարտահրաւէրները կրթութեան մէջ
Որպէսզի այս աշխարհին մէջ իւրաքանչիւր բան հաւասարակշռուած ըլլայ, պէտք է ունենալ դրական եւ բացասական կողմեր, եւ ԱԲ-ն բացառութիւն չէ: Ի՞նչը կրնայ մարտահրաւէր դառնալ ԱԲ-ին, որ մենք կարենանք դիտարկել որպէս թերութիւն: Շարունակենք բացայայտել.
– Սպառնալիք` ուսուցիչի աշխատանքի անվտանգութեան,
– Ապամարդկայնացուած ուսուցման փորձառութիւն,
– Ուսուցիչներու համար ծախսալից,
– Կախուածութիւն արհեստագիտութենէն:
Մարդկային միջամտութիւն. ուսուցիչներու դերերը
ԱԲ-ն աւելի ու աւելի էական դեր կը խաղայ ուսանողներու սորվելու եւ ուսուցիչներու ուսուցման ձեւերու փոխակերպման մէջ: Բայց եւ այնպէս, ինչպէս որեւէ նորամուծութեան պարագային, ԱԲ-ն ունի ե՛ւ դրական ե՛ւ բացասական կողմեր, երբ այդ կը գործածուի դասարանին մէջ, եւ երբ չափազանց շատ մարտահրաւէրներ տեղի կ՛ունենան դասարանին մէջ, այստեղ է, որ պէտք է ի յայտ գայ մարդկային միջամտութիւնը:
Այժմ հարցը այն է, թէ ուսուցիչները ի՛նչ կարեւոր դեր պէտք է ստանձնեն` ապահովելու համար, որ ԱԲ-ի գործածութիւնը կրթութեան համար ուսանողներու շրջանին մէջ տակաւին չափաւոր մնայ:
Եզրակացութիւն
Ընդհանրապէս ԱԲ-ի զարգացող դերը կրթութեան մէջ ե՛ւ հնարաւորութիւններ ե՛ւ մարտահրաւէրներ կը ստեղծէ ուսուցիչներու համար: Նախաձեռնող ըլլալով այս արհեստագիտութեան նկատմամբ իրենց մօտեցումով, ուսուցիչները կրնան գործածել ԱԲ-ն` բարելաւելու ուսանողներու արդիւնքները եւ նպաստելու դասարանին մէջ արդարութեան, միաժամանակ պահպանելով ուսուցիչներու եզակի դերը իրենց աշակերտներու աճի, զարգացման եւ սորվելու գործին մէջ:


