Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աֆղանիստանի Երգող Քոյրերը Պուրքայի Տակէն Մարտահրաւէր Կը Նետեն Թալեպաններուն

Մարտ 15, 2024
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ 

Նորութիւն չէ, որ երգը միշտ եղած է պայքարի միջոց, սակայն Աֆղանիստանի մէջ երկու քոյրերու նախաձեռնութիւնը հետաքրքրական եւ յուզիչ է: Բրիտանական «Պի.Պի. Սի.»-ն այս մասին հրապարակած է յօդուած մը` առանց նշելու քոյրերուն իսկական անունները, հասկնալի պատճառներով:

 Ն.

Քոյրերը դարձած են հասարակական ցանցերու նոր երեւոյթ

Մինչ աշխարհը կը հետեւէր թալեպաններու իշխանութեան վերադարձին, օգոստոս 2021-ին, Աֆղանիստանի մայրաքաղաք Քապուլի մէջ բնակող միլիոնաւոր կիներու շարքին էին երկու քոյրեր, որոնք ուղղակի կը զգային, թէ ինչպէ՛ս նոր վարչակարգը  կը խստացնէ հսկողութիւնը:

Անոնք որոշեցին, որ չեն կրնար պարզապէս ձեռնածալ մնալ եւ դիտել, թէ ինչպէ՛ս կը սահմանափակուին կիներու ազատութիւնները: Անոնք սկսան գաղտնի գործածել իրենց ձայնի ուժը` դիմադրելու համար:

Իրենք զիրենք մեծ վտանգի տակ դնելով երկրի մը մէջ, ուր երաժիշտները կրնան ձերբակալուիլ, անոնք հասարակական ցանցերու մէջ սկսան երգի շարժում մը, որ յայտնի է որպէս Վերջին ջահ:

«Մենք կը պատրաստուինք երգել այս երգը, բայց այդ կրնայ մեզի արժել մեր կեանքը», – ըսաւ անոնցմէ մէկը ձայնագրուած տեսահոլովակին մէջ` նախքան մեղեդին սկսիլը:

Երգը հրապարակուած է օգոստոս 2021-ին, թալեպաններու իշխանութեան գալէն հազիւ քանի մը օր ետք եւ արագ տարածուած է Դիմատետրի եւ ՈւացԱփ-ի մէջ:

Առանց երաժշտական կրթութիւն ունենալու, քոյրերը, որոնք պուրքա կը կրեն իրենց ինքնութիւնը ծածկելու համար, դարձան երաժշտական երեւոյթ:

«Մեր պայքարը սկսաւ թալեպաններու դրօշին տակէն եւ անոնց դէմ,- կ՛ըսէ Շաքայեք (իրական անունը չէ)` քոյրերէն կրտսերը: – Մինչեւ թալեպաններու իշխանութեան գալը, մենք ոչ մէկ բանաստեղծութիւն գրած էինք»:

Վերջին ջահը կը ղեկավարեն երկու քոյրերը, որոնք կը պայքարին թալեպաններու դէմ

Իշխանութեան վերադառնալէ ետք  թալեպանները 20 օրէն նուազ ժամանակի մէջ Աֆղանստանի վերաբերեալ իրենց  իւրայատուկ տեսլականը կեանքի կոչեցին:

Շարիայի (իսլամական կրօնական օրէնք) պարտադրումը առօրեայ կեանքի մէջ եւ կիներու կրթութեան մատչելիութեան սահմանափակումը անոնց առաջնահերթութիւններէն էին:

Կիներ դուրս եկած են Քապուլի եւ այլ մեծ քաղաքներու փողոցներ` դիմակայելու համար, սակայն բախած են դաժան բռնաճնշումներու:

«Կիները յոյսի վերջին լոյսն էին, որ մենք կրնայինք տեսնել,- կ՛ըսէ Շաքայեք: Այդ պատճառով որոշեցինք մենք մեզ Վերջին ջահ կոչել: Մտածելով, որ ոչ մէկ տեղ կրնանք երթալ, որոշեցինք տունէն գաղտնի  բողոքի շարժում սկսիլ»:

Զոյգը շուտով հրապարակեց այլ երգեր` երգուած կապոյտ պուրքաներու տակէն, ինչպէս առաջին երգն էր:

Մէկը հանգուցեալ Նատիա Անճումանի յայտնի բանաստեղծութիւնն էր, որ գրուած է ի նշան բողոքի` 1996 թուականին թալեպաններու առաջին գրաւման դէմ:

Ինչպէ՞ս կրնամ խօսիլ մեղրի մասին, երբ բերանս լեցուած է թոյնով:

Աւա՜ղ, դաժան բռունցք մը ջարդած է բերանս…

Երանի՜ այն օրուան, երբ ես ջարդեմ վանդակը,

Ազատիմ այս մեկուսացումէն եւ երգեմ ուրախութեամբ:

Առաքինութեան քարոզչութեան եւ չարիքի կանխարգիլման նախարարութեան դիմաց կիները բողոքի շարժում իրականացուցած էին սահմանափակումներու դէմ

Քանի որ թալեպանները կ՛արգիլէին կիներու ուսումը, Նատիա Անճուման եւ անոր ընկերները կը հանդիպէին ընդյատակեայ դպրոցին մէջ` «Ոսկի ասեղ»-ի, ուր անոնք կը ձեւացնէին, թէ կը կարեն, բայց փոխարէնը` գիրքեր կը կարդային:

Երկու երգող քոյրերէն Մաշալը  պուրքան կը համեմատէ «շարժական վանդակի» հետ:

«Այդ նման է գերեզմանատան, ուր  թաղուած են հազարաւոր կիներու եւ աղջիկներու երազները», կ՛ըսէ ան:

«Այս պուրքան կը նմանի քարի մը, որ թալեպանները նետած են կիներու վրայ 25 տարի առաջ,- կ՛աւելցնէ Շաքայեք: – Եւ անոնք նորէն այդ ըրին, երբ վերադարձան իշխանութեան»:

Քոյրերը ցարդ միայն եօթը երգ հրապարակած են, բայց իւրաքանչիւրը ուժեղ արձագանգ գտած է ամբողջ երկրի կիներու շրջանակին մէջ:

«Սկիզբը մենք կը գործածէինք այլ գրողներու բառերը, բայց հասանք կէտի մը, ուր ոչ մէկ բանաստեղծութիւն կրնար բացատրել, թէ մենք ի՛նչ կը զգանք: Մենք սկսանք գրել մերը», կ՛ըսէ Շաքայաք:

Անոնց բնաբաներն են կիներու առօրեայ կեանքին մէջ դրուած խեղդող սահմանափակումները, գործիչներու բանտարկութիւնը եւ մարդկային իրաւունքներու խախտումները:

Համակիրները արձագանգած են` հրապարակելով երգերու իրենց կատարումները հասարակական ցանցերու մէջ: Որոշ պարագաներու անոնք նաեւ պուրքա կրած են` որպէս քողարկում: Երկրէն դուրս ապրող աֆղան դպրոցականներու խումբ մը դպրոցի սրահի բեմին վրայ ձայնագրած է տարբերակը:

Այս հակառակն է անոր, որուն կ՛ուզէին հասնիլ թալեպանները:

Իշխանութիւնը ստանձնելէ ետք անոնց առաջին միջոցառումներէն մէկը կիներու հարցերու նախարարութեան փոխարինումն էր` առաքինութեան տարածման եւ չարիքի կանխարգիլման նախարարութեամբ: Նոր նախարարութիւնը ոչ միայն պարտադրած է պուրքա կրելը, այլեւ դատապարտած է երաժշտութիւնը` որպէս իսլամութեան արմատները ոչնչացնող:

«Երգելն ու երաժշտութիւն լսելը շատ վնասակար է, կ՛ըսէ նախարարութեան քարոզչական տեսանիւթերէն մէկուն մէջ յայտնուած պաշտօնատար մը: Այդ կը շեղէ մարդիկը Աստուծոյ աղօթքներէն… Բոլորը պէտք է հեռու մնան անկէ»:

Շուտով հասարակական ցանցերուն մէջ յայտնուեցան տեսանիւթեր, ուր թալեպաններու զինուորներ կ՛այրէին նուագարանները եւ շքերթին մէջ կը ձերբակալէին նուագողները:

Զինուորները կ՛այրեն նուագարաններ

Շաքայեք կ՛ըսէ, որ բազմաթիւ անքուն գիշերներ անցուցած է` մտածելով, որ թալեպանները կրնան բացայայտել իրենց ինքնութիւնը: «Մենք տեսած ենք անոնց սպառնալիքները հասարակական ցանցերուն մէջ, ուր կը սպառնան զիս գտնել եւ լեզուս  հանել կոկորդէս», կ՛ըսէ Մաշալ:

«Մեր ծնողները կը վախնան, երբ կը կարդան այս մեկնաբանութիւնները: Անոնք կ՛ըսեն, որ բաւական է, եւ մենք պէտք է դադրեցնենք… Բայց մենք անոնց կ՛ըսենք, որ չենք կրնար, մենք չենք կրնար պարզապէս շարունակել մեր բնականոն կեանքը»:

Իրենց անվտանգութեան համար քոյրերը անցեալ տարի լքած են երկիրը, բայց  յոյս ունին շուտով վերադառնալու:

Փողոցներուն մէջ  կիները բողոքեցին թալեպաներու հաստատած ուսումի արգելքին դէմ եւ իրենց բողոքի լուսանկարները տարածեցին հասարակական ցանցերու վրայ:

Աֆղանիստանէն կին ռեփըր Սոնիթա Ալիզատա, որ այժմ կ՛ապրի Քանատա, մէկն է անոնցմէ, որոնք հիացած են Վերջին ջահի արտերկրէն տեսահոլովակներով:

«Երբ տեսայ, որ երկու կիներ պուրքայի տակ կ՛երգեն, անկեղծ խօսիմ, լացի», կ՛ըսէ Ալիզատա:

Ան  ծնած է 1996 թուականին, այն տարին, երբ թալեպանները առաջին անգամ իշխանութիւնը բռնագրաւեցին: Անոր ընտանիքը փախաւ Իրան, երբ Սոնիթա դեռ փոքր էր: Այնտեղ մայրը փորձեց վաճառել զայն` պարտադիր ամուսնութեան, բայց Սոնիթա ինքզինք ազատեց երաժշտութեան միջոցով: Վերջին ջահի երկու քոյրերու նման ան` որպէս յոյսի նշան, կը տեսնէ այն կիները, որոնք բողոքած են թալեպաններու դէմ:

Քոյրերէն մէկուն երգը ուղղակի կը վերաբերի ցուցարարներուն.
Ձեր պայքարը գեղեցիկ է, ձեր կանացի ճիչը` հաճելի:
Դուք իմ կոտրուած նկարն էք պատուհանին:

«Կացութիւնը շատ յուսահատեցնող է Աֆղանստանի մէջ, քանի որ մենք կորսնցուցած ենք տասնամեակներու յառաջընթացը,- կ՛ըսէ Սոնիթան: Բայց այս խաւարին մէջ տակաւին կը վառի լոյսը: Մենք կը տեսնենք անհատներ, որոնք կը պայքարին իրենց տաղանդով»:

Ֆարիտա Մահուաշ. «Այս երկու երգչուհիները կը դառնան չորս տարեկան, յետոյ կը դառնան 10, իսկ յետոյ` 1000»

Ֆարիտա Մահուաշ` Աֆղանստանի ամէնէն յայտնի երգչուհիներէն մէկը, որուն ասպարէզը աւելի քան կէս դար տեւած է, երկու քոյրերուն վերջին երգերը լսելէ ետք ըսած է.

«Այս երկու երգչուհիները կը դառնան չորս տարեկան, յետոյ կը դառնան 10, իսկ յետոյ 1000 տարեկան: Եթէ օր մը անոնք բեմ բարձրանան, ես կը քալեմ անոնց հետ, եթէ նոյնիսկ ձեռնափայտով ըլլամ»:

Քապուլի մէջ գործիչներու նկատմամբ ճնշումները աւելի ծանրացած են վերջին տարուան մէջ, երբ իշխանութիւնները արգիլած են կիներուն հանրահաւաքներ կայացնել եւ ձերբակալած են անոնք, որոնք խախտած են արգելքը:

 

Քոյրերու վերջին երգերէն մէկը կին գործիչներու մասին է, որոնք բանտարկուած են` տանջանքներու, բռնաբարումներու ենթարկուելով»:

Կանացի ձայներու ալիքները
Կոտրած են բանտի կղպանքներն ու շղթաները:
Այս գրիչը լեցուած մեր արիւնով
Կը կոտրէ ձեր սուրերն ու նետերը:

«Այս բանաստեղծութիւնները փոքր մասն են այն վիշտին ու ցաւին, որ ունինք մեր սրտերուն մէջ,- կ՛ըսէ Շաքայեքը: – Աֆղանստանի ժողովուրդին ցաւն ու պայքարը, եւ այն վիշտը, որ անոնք կրած են թալեպաններու օրով վերջին տարիներուն, չեն կրնար տեղաւորուիլ որեւէ բանաստեղծութեան մէջ»:

ՄԱԿ-ը կ՛ըսէ, որ Թալեպանը կրնայ պատասխանատու ըլլալ սեռային խտրականութեան, եթէ շարունակէ իր ներկայիս քաղաքականութիւնը:

Թալեպան պատասխանած է, որ կ՛իրականացնէ շարիան եւ չ՛ընդունիր արտաքին միջամտութիւնը երկրի ներքին գործերուն:

Շաքայեք եւ Մաշալ կ՛աշխատին իրենց յաջորդ երգերուն վրայ: Անոնք յոյս ունին կրկնելու Աֆղանիստանի կիներու ձայնը ազատութեան համար պայքարին մէջ:

«Մեր ձայնը չի լռեր, մենք չենք յոգնած, այս մեր պայքարին սկիզբն է»:

Քոյրերուն անունները փոխուած են անոնց անվտանգութեան համար:

 

Արյանա  Սայիտ

Արտասահման բնակող Աֆղանիստանի ամէնէն յայտնի ժամանակակից երգահան-երգչուհիներէն է Արյանա Սայիտ, որ նաեւ հաղորդավար եղած է 1TV եւ TOLO ցանցերու երաժշտական պատկերասփիւռային հաղորդումներու մէջ: Ան  պարբերաբար ելոյթներ ունեցած է Աֆղանիստանի մէջ եւ անոր սահմաններէն դուրս` համերգներով եւ բարեգործական փառատօններու մէջ:

Սայիտ  ծնած է 1985 թուականին, Քապուլ: Աֆղանիստանէն իր ծնողներուն հետ հեռացաւ, երբ ութ տարեկան էր: Անոնք նախ Փաքիստան, ապա  Զուիցերիա մնալէ ետք հաստատուեցան Լոնտոն: 12 տարեկանին ան ընդունուած էր երաժշտական դպրոց` ելոյթ ունենալու երգչախումբին հետ:

«Թէեւ այդ երկար չտեւեց, բայց ես յստակօրէն  հասկցայ, թէ ի՛նչ կ՛ուզեմ դառնալ, երբ մեծնամ», ըսած է ան:

Սայիտի առաջին հոլովակը` «ՄաշԱլլա», հրապարակուած է 2008 թուականին: Բայց եւ այնպէս, անոր ասպարէզին համար շրջադարձային եղաւ անոր Աֆղան «Պեսարաք» երգը, 2011 թուականին: Արիանա Սայիտ ի վերջոյ դարձաւ յայտնի Աֆղանիստանէն ներս եւ  դուրս` աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ համերգներու հրաւիրուելով: Յանկարծակի յաջողութեան գագաթնակէտին Արիանա որոշեց երթալ Աֆղանիստան եւ համերգներով ներկայանալ իր փխրուն հայրենիքին մէջ, ուր հռչակաւոր դարձաւ աֆղանական հին դասական երգի` «Կիւլէ սեպ»-ի իր տարբերակով: Սայիտի «Պանուի աթաշ նաշին» երգը, որ կը նկարագրէ Աֆղանիստանի կիներու ցաւը, տարիներ շարունակ պատերազմի եւ չարաշահումներու ընթացքին արժանացած է քննադատներու բարձր գնահատանքին: Երգին երաժշտութեան նպաստած է մեծ նուագախումբը եւ նկարահանումները տեղի ունեցած են Աֆղանիստանի մէջ:

Սայիտ կողմնակիցներէն էր Օսմանիի գլխաւորած #WhereIsMyName արշաւին, որ բարեփոխեց Աֆղանիստանի օրէնսդրութիւնը, որպէսզի կիներուն անունները ներառուէին ինքնութեան քարտերուն մէջ:

Արիանա Սայիտ հայրենասիրութիւն  կ՛արտայայտէ Աֆղանստանի հանդէպ եւ գորով` Հնդկաստանի հանդէպ, որ ըստ անոր, Աֆղանիստանի իսկական ընկերն է:

Արիանան պատիւ ունեցաւ ելոյթ ունենալ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի 75-ամեակի տօնակատարութեան,   Փարիզի մէջ, ներկայացնելով Աֆղանիստանը` զանազան երկիրներու բազմաթիւ նախագահներու եւ վարչապետներու ներկայութեամբ: Արիանան իր ելոյթը նուիրած է Աֆղանիստանին եւ բոլոր անոնց, որոնք  կորսնցուցած են իրենց տուները եւ կ’ապրին աքսորեալ կեանքով` այլ երկրներու մէջ:’

 

Նախորդը

Ուրկէ՞ Հասանք, Դէպի Ո՞ւր – 3. Դժուար, Բայց` Ո՛չ Անկարելի Գործ

Յաջորդը

Անթուան Մուլթաքա. Լիբանանեան Թատրոնի Հսկայ Մը Կնքեց Իր Մահկանացուն 87 Տարեկանին

RelatedPosts

Նախագահական Ծիծաղելի Պահեր
Մշակութային եւ Այլազան

Նախագահական Ծիծաղելի Պահեր

Հոկտեմբեր 24, 2025
Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն
Մշակութային եւ Այլազան

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն

Հոկտեմբեր 10, 2025
Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ
Մշակութային եւ Այլազան

Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ

Հոկտեմբեր 3, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?