Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Հին ժամանակներէն երկիրներու առաջնորդներ` կայսրեր, թագաւորներ, իշխաններ եւ այլն, ունեցած են իրենց նմանող մարդիկ, որոնք ապահովութեան նկատառումներով օգտագործուած են, երբ հարկ եղած է: Այս օրերուն յաճախ կը խօսուի Փութինի կրկնօրինակներուն մասին: Դերասաններ նմանութիւններ ունեցած են այս կամ այն առաջնորդին հետ:
Ն.
Փութին, Փութին Եւ Փութին
Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով անդրադառնալով Վլատիմիր Փութինի «նմանակներու» մասին առասպելին` ըսաւ.
-Մենք մէկ Փութին ունինք:
Ըստ Փեսքովի, զանգուածային լրատու միջոցներուն եւ թելեկրամեան ալիքներուն մէջ բազմաթիւ առասպելներ կը յայտնուին: Ան, որպէս օրինակ, բերաւ «տեղեկութիւնը» պետութեան ղեկավարի «նմանակներու» մասին:
– Այժմ «մասնագէտները» կը փորձեն գուշակել` անոնք երե՞ք են, թէ՞ չորս, եւ մենք հիմա ո՞վ կը տեսնենք ամէն օր: Ահաւասիկ անցեալ շաբաթ ծաղիկներ զետեղեցինք Մինինի եւ Պոժարսքիի յուշարձանին. այս երրո՞րդ, թէ՞ չորրորդ «նմանակն» է` անհասկնալի է, ծիծաղեցաւ Փութինի մամլոյ քարտուղարը :
Օպամա Եւ Օպամա
Նախագահ ընտրուելու համար Պարաք Օպամա Միացեալ Նահանգներու մէջ կը շրջագայէր, իսկ անոր նմանող Իլհամ Անաս հեւ ի հեւ աշխատանքի կը վազէր Ճաւա կղզիի Պանտունկ քաղաքին մէջ:
Երբ Օպամա նախագահ ընտրուեցաւ, 36-ամեայ Անասի կեանքը շրջադարձ ունեցաւ: Ան կ՛ըսէ, որ ակնառու ականջները, որոնք իրեն մանուկ եղած ատեն ինքնազգացողութիւն տուած են, դարձած են իր հարստութիւնը. մասնագիտութեամբ լուսանկարիչ Անաս նոր ասպարէզ գտած է` որպէս նախագահական յառաջատար կրկնօրինակ:
Անաս ներկայ չէր Օպամայի` Ինտոնեզիա այցելութեան: Ան Միացեալ Նահանգներ կը գտնուէր… Օպամայի դերին մէջ:
Քազաֆի Եւ Քազաֆի
Մուամմար Քազաֆի 1969 թուականէն մինչեւ սպանութիւնը` 2011, իշխած է Լիպիոյ մէջ:
Արաբական կարգ մը երկիրներու եւ հիւսիսային Ափրիկէի մէջ ծայր առած «Արաբական գարուն»-ը, կերաւ անոր գլուխն ալ: Արեւմտեան աղբիւրներ կը պնդէին, որ Քազաֆի եւս ունէր քանի մը կրկնօրինակներ, որոնք իր փոխարէն կը շրջագայէին զանազան վայրերու մէջ:
Թրամփ Եւ Թրամփ
Վիճակահանութեան տոմսեր գնող տղամարդը աստղ դարձած է ընկերային ցանցերուն մէջ, քանի որ ան շատ նման է Տանըլտ Թրամփին:
Տարածուած տեսանիւթի մը մէջ կ՛երեւի, թէ ինչպէ՛ս այս անձը կը ստուգէ վիճակահանութեան տոմսերը, պենզինի կայանի խանութին մէջ: Նախագահական տեսքը կը լուսաւորէ ընկերային ցանցերը:
«Բաժնուած են ծննդեան ժամանակ», գրուած է թուիթըրներէն մէկուն մէջ:
«Պատկերասփիւռի կայանները պէտք է վարձեն այս անձը», գրած է ուրիշ մը:
Առեղծուածային մարդը յայտնաբերած են Թեքսասի Տայենկերֆիլտ աւանին մէջ, որ ունի 2460 բնակիչ:
Տղամարդը կրնայ ըլլալ անասնաբուժ կամ գործող զինուորական, որովհետեւ ան կը կրէր Միացեալ Նահանգներու նաւատորմի գլխարկ, կամ ալ ինքը` Թրամփն է, որ ծպտուած կը շրջագայի…
Մուրսի Եւ Մուրսի
Մոհամետ Մուրսի, որ բարձրաստիճան անդամ մըն էր այժմ արգիլեալ Իսլամ եղբայրութիւն կուսակցութեան, տարի մը նախագահեց Եգիպտոսի մէջ եւ մահացաւ իր դատավարութեան ատեն, 17 յունիս 2019-ին:
Երկու մուրսիներ կը մտնեն մզկիթ: Մէկը կը մօտենայ միւսին, բայց Եգիպտոսի նախագահին նմանակը յուսախաբ կ’ըլլայ, երբ թիկնապահները արգելք կ’ըլլան հանդիպման: Կը թուէր, թէ այդ երբեք նախատեսուած չէր:
Մուրսիի նմանակը փորձած էր հանդիպիլ նախագահին, ուրբաթօրեայ աղօթքէն ետք, Գահիրէի շրջաններէն մէկուն մզկիթին մէջ:
«Կարծես յուսալով, որ պահակները բացառութիւն կ՛ընեն իր եւ Մուրսիի ֆիզիքական նմանութեան պատճառով, Ռամատան Սոհաճի խնդրեց կենդանի վահան կազմող պահակներէն` թոյլ տալ իրեն անցնիլ, որպէսզի կարողանայ ձեռք սեղմել նախագահին հետ», գրած է Եգիպտոսի «Ահրամ» թերթի կայքը` վկայակոչելով տեղական զանգուածային լրատու միջոցները, որոնք նկարահանած են Սոհաճիի փորձը:
Սակայն նախագահական պահակախումբը շրջապատած է Մուրսին` զայն հեռու պահելով Սոհաճիէն, մզկիթին դիմաց բողոքի ցոյցերու ատեն, երբ Մուրսի կը հեռանար:
Մանտելլա Եւ Մանտելլա
Դերասան Մորկան Ֆրիմանը Հնդկաստանի մէջ շփոթած են Նելսոն Մանտելլայի հետ:
Ծանուցումի մեծ վահանակը տեղադրուած է հարաւային Քոիմպաթոր քաղաքի ճամբու եզրին` որպէս Հնդկաստանի եւ ամբողջ աշխարհի մէջ Մանտելլայի յիշատակի արարողութեան մաս:
Բայց Ֆրիմանի դէմքը մեծ կ՛երեւի վահանակին մէջ` իրաւապաշտպան Մարթին Լուտեր Քինկի, Մայր Թերեզայի եւ Մահաթմա Կանտիի փոքր պատկերներուն վրայ:
«Մենք պէտք է հպարտ ըլլանք, որ եղած ենք դարաշրջանի մը մասը, երբ անոնք կ՛ապրէին», թամիլերէնով գրուած է վահանակին վրայ:
Առեւտրական Չանտրաշեխար, որ վճարած է վահանակին համար, որպէս յարգանքի նշան Հարաւային Ափրիկէի Հանրապետութեան նախկին առաջնորդին հանդէպ` ըսած է, որ վահանակը պատրաստողին սխալն էր այդ:
Մորկան Ֆրիման մարմնաւորած է Մանտելլան 2009 թուականի Invictus ժապաւէնին մէջ:
Սատտամ , Սատտամ…Սատտամ
Իրաքի նախկին նախագահ Սատտամ Հիւսէյն յայտնի էր իր անվտանգութեան համար ցուցաբերած ուշադրութեամբ: Սատտամ իրերայաջորդ երկու գիշեր երբեք չէր քնանար նոյն վայրին մէջ:
1991 թուականի Ծոցի պատերազմի ժամանակ անոր պահակները սովորաբար կը ժամանէին իրաքցի սովորական ընտանիքներու տուներ մթնշաղին`պահանջելու, որ անոնք մահճակալ պատրաստեն անսպասելի այցելուի համար: Վերջին պահուն Սատտամ ինք կը հասնէր տուներէն մէկը` գիշերելու, յաջորդ օրը առաւօտեան մեկնելու համար:
Միաժամանակ կը հաղորդուի, որ Իրաքի առաջնորդը լայնօրէն կ՛օգտագործէր նմանակները` հանրային ձեռնարկներուն զինք փոխարինելու: Նման մարդիկ ոչ միայն կը կատարէին անոր որոշ պարտականութիւնները, այլեւ անոնց հրապարակային ելոյթները կը պահէին Իրաքի առաջնորդին գտնուելու իսկական վայրը:
Դերասան Մել Կիպսըն չի՞ նմանիր Սատտամին:
Թագուհի Էլիզապեթ, Էլիզապեթ
Թագուհի Էլիզապեթին ամէնէն շատ նմանող կինը որոշեց հանգստեան կոչուիլ, 34 տարի զայն նմանակելէն ետք: Մերի Ռէյնոլծ ըսաւ, որ այս որոշումը տուած է թագուհիին հանդէպ յարգանքէն մեկնելով:
Մերի Ռէյնոլծին, որ 1988 թուականէն կը մարմնաւորէ թագուհին, ըսած են, որ 17 տարեկանէն ապշեցուցիչ նմանութիւն ունեցած է հանգուցեալ թագուհիին հետ:
«Մեծ առանձնաշնորհում էր անոր նմանիլը, որովհետեւ կը կարծեմ, որ ան այնքան անհաւատալի է: Այսինքն հիմա ժամանակաշրջանի փոփոխութիւն է, ամէն բան շատ տարօրինակ պիտի ըլլայ»:
Ինչպէս ամբողջ աշխարհի մէջ բազմաթիւ մարդիկ, 89-ամեայ կրկնօրինակը գամուած նստած էր իր պատկերասփիւռին դիմաց, երբ յայտարարուեցաւ, որ թագուհին բժշկական հսկողութեան տակ առած են, եւ թէ` թագաւորական ընտանիքի անդամները հրաժեշտ կու տան:
«Դուք ձեւով մը կը հասկնաք, որ այդ կ՛ըլլայ աւարտը: Յարգանքէ մեկնելով, կը կարծեմ, որ ոչ ոք պէտք է նմանակէ զայն», կ՛ողբար Ռէյնոլծ:
Ան հանգուցեալ թագուհին մարմնաւորած է պատկերասփիւռային քանի մը հաղորդումներու եւ շարժանկարներու մէջ, որոնց շարքին` Doctor Who 25-րդ յոբելենական շարքին մէջ եւ 1990 թուականի Մայքլ Քէյն-Ռոճըր Մուր զոյգի Bullseye կատակերգութեան մէջ:
(Շարունակելի)




