Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Արուեստի մասին միշտ եւ շատ գրուած է: Այս ցոյց կու տայ, որ կեանքը առանց արուեստի արժէք չունի: Այս մասին Ejazkhan հրապարակած է յօդուած մը, որմէ կը ներկայացնենք հատուածներ:
Ն.
Ինչո՞ւ Արուեստը Այսօր Կարեւոր Է
Հասարակութեան Համար
Արուեստը իմաստ կու տայ մեր կեանքին եւ կ՛օգնէ մեզի` հասկնալու մեր աշխարհը: Այդ մեր մշակոյթի էական մասն է, քանի որ թոյլ կու տայ մեզի աւելի խոր հասկնալ մեր զգացումները: Արուեստը կը մեծցնէ մեր ինքնագիտակցութիւնը, ինչպէս նաեւ թոյլ կու տայ բաց ըլլալ` նոր գաղափարներու եւ փորձառութիւններու: Կան բազմաթիւ տարբեր պատճառներ, թէ ինչո՛ւ արուեստը կարեւոր է հասարակութեան համար:
Մեզմէ շատերը իսկապէս չեն գիտակցիր, թէ որքան մեծ դեր ունի արուեստը մեր առօրեայ կեանքին մէջ:
Դուք կը սկսիք ձեր օրը նախաճաշով: Կը նկատէ՞ք, թէ ինչպէս պատրաստուած է սեղանը: Կամ կը տեսնէ՞ք, թէ ինչպէս ուտելիքը շարուած է ափսէին մէջ: Մեզմէ շատերը չեն նշմարեր: Պատճառը այն է, որ կեանքի մէջ արուեստի կարեւորութիւնը ձեր առօրեային այնքան սովորական մասը դարձած է, որ դուք պարզապէս կ՛ընդունիք ատիկա` առանց որեւէ ճանաչում կատարելու: Արուեստը մեր շուրջն է. փողոցներու դասաւորումը եւ աւաններու ու քաղաքներու ծրագրումը արուեստի ուղղակի արդիւնք են: Արուեստը այնքան մեր կեանքին մաս կը կազմէ, որ զայն ամէն տեղ կը գտնես, երբ աւելի մօտէն կը նայիս կեանքին:
Բայց եւ այնպէս, երբ մենք սկսինք խորանալ արուեստի աշխարհին մէջ, մենք իսկապէս կը տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս անիկա շատ աւելին է: Մարդու արձանագրուած պատմութիւնը յայտնի է արուեստի միջոցով: Արուեստի արժէքը հասարակութեան մէջ անհաշուելի է, քանի որ առանց անոր` մարդկութիւնը չէր կրնար գիտնալ իր պատմութեան մասին:
Ինչո՞ւ արուեստը կարեւոր է հասարակութեան եւ կեանքի մէջ
Հասարակութեան համար արուեստի կարեւորութեան ամէնէն մեծ պատճառը այն է, որ անիկա կը սահմանէ մարդկային հասարակութիւնը եւ մեզ բոլորս կը միաւորէ մարդկութեան սահմանումին տակ: Անկարելի է գիտնալ, թէ մենք` որպէս ցեղ, ո՞ւր կ՛ըլլայինք այսօր, եթէ չըլլար արուեստը: Արուեստը ե՛ւ կ՛արձանագրէ ե՛ւ կը պահպանէ ապագայ սերունդներուն համար մեր գոյութեան մասին գիտելիքները: Արուեստի կարեւորութիւնը ճիշդ այն էութիւնն է, որ իմաստ կու տայ հասարակութեան, որպէսզի մենք հասկնանք, թէ ո՛վ ենք մենք այսօր:
- Արուեստը կը խրախուսէ հանրութեան համախմբուածութիւնը
Արուեստը կը խրախուսէ հանրութեան համախմբուածութիւնը եւ կը նուազեցնէ մեկուսացումը: Ան մեզի կը ստիպէ ծանօթանալ մեզ շրջապատող աշխարհին, եւ թէ` մենք ինչպէ՛ս կ՛արձագանգենք իրարու եւ կ’ազդուինք իրարմէ: Արուեստի արժէքը հասարակութեան մէջ չափազանց մեծ է քանակական գնահատման համար: Անիկա ոչ միայն կ՛ապացուցէ, թէ ո՛վ ենք մենք, այլ նաեւ կը կրթէ մեզ` մեր անցեալի եւ այն մասին, թէ ո՛ւր ենք մենք այսօր որպէս տեսակ: Մենք մեզ կը կազմակերպենք մշակութային ակումբներու, միութիւններու մէջ` բարելաւելու համար մենք մեզ: Միայն իրարու հետ մեր փոխադարձ ազդեցութեան շնորհիւ է, որ մենք կը յառաջդիմենք որպէս տեսակ եւ այսօր գերիշխող ենք երկրի վրայ:
- Արուեստը կը նուազեցնէ մեկուսացումը
Արուեստը խորապէս կ՛ազդէ հասարակութեան վրայ ստեղծագործական գործընթացի միջոցով` փոխելով կարծիքները եւ արժէքներ սերմանելով տարածութեան եւ ժամանակի մէջ: Այդ իսկապէս ամէնէն հզօր գործիքն է:
Երբ մարդիկ կը հաղորդակցին իրարու հետ, անոնք կը փոխանակեն միտքեր եւ կարծիքներ: Ասիկա մեզի հնարաւորութիւն կու տայ արտայայտելու մեր միտքերը եւ մեր գաղափարները յանձնելու ուրիշներու ուշադրութեան: Քննարկման եւ մտորումներու միջոցով մենք յաճախ նոր գաղափարներ կ՛ունենանք այս փոխանակումներով: Այս գործընթացը մեզի թոյլ կու տայ ստեղծել նոր միջոցներ եւ իրողութիւններ, որոնք հետագային կը դրսեւորուին եւ կ՛արտացոլան գծագրական արուեստին եւ գրականութեան մէջ: Մեկուսացման նուազումը մեզի ցոյց կու տայ արուեստի արժէքը մեր հասարակութեան մէջ: Ուրիշներու հետ հանդիպիլը եւ հաղորդակցիլը կը խթանեն նոր գաղափարներ, որոնք կ՛ազդեն բոլոր արուեստներուն վրայ: Այսպիսով, ինչպէս արուեստն է, որ կ՛ազդէ հասարակութեան վրայ, այնպէս ալ հասարակութիւնն է, որ կ՛ազդէ արուեստներու վրայ… անոնք անբաժանելի են:
- Արուեստը կը բարձրացնէ ինքնագիտակցութիւնը
Արուեստը կը բարձրացնէ ինքնագիտակցութիւնը եւ թոյլ կու տայ մեզի բաց եւ ընկալունակ ըլլալ նոր գաղափարներու եւ տարբեր տեսակէտներու նկատմամբ: Եթէ որպէս օրինակ գործածենք տեսողական արուեստը, կրնանք հասկնալ պատկերազարդ նկարչութեան զարգացումը: Քարանձաւի մարդը առաջին անգամ իր եւ անասուններու տեսարանները գծած է քարանձաւի պատերուն` հազարաւոր տարիներ առաջ: Պատմութեան զարգացման ընթացքին մենք կրնանք տեսնել նկարներուն մէջ, թէ ինչպէ՛ս արուեստը փոխուած է եւ դարձած` աւելի բարդ: Այս կ՛արդարացնէ արուեստի կարեւորութիւնը կեանքին մէջ: Այսօր մենք կը նայինք իրապաշտ եւ վերացական նկարներուն եւ կը հասկնանք, որ անոնք ե՛ւ մարդիկ են ե՛ւ անասուններ: Այս պայմանաւորուած է մարդու ինքնագիտակցութեան եղափոխութեան եւ նոր գաղափարներ ընդունելու ունակութեամբ:
- Արուեստով զբաղիլը կ՛օգնէ մարդու ուղեղին
Դարերու ընթացքին ճարտարապետութեան ուսումնասիրութիւնը շատ լաւ կը սահմանէ, թէ ինչպէ՛ս մարդկութիւնը քարանձաւի բնակիչ ըլլալով` հասած է Սթոնհենճի, Փարթենոնի եւ գոթական տաճարներու ստեղծումին: Բոլորն ալ հսկայական գեղարուեստական նուաճումներ են: Այս կառոյցները մեզի աւելի լաւ պատկերացում կու տան ժամանակի, տեղի եւ գաղափարներու, նաեւ պատմութեան եւ այլ բնաբաններու, տարբեր մշակոյթներու եւ ժամանակաշրջաններու վերաբերմունքի մասին: Այսպիսով, արուեստը կարեւոր է:
Արուեստի ձեւեր
Արուեստի բազմաթիւ ձեւեր կան. նկարչութիւն, կերպարուեստ լուսանկարչութիւն, քանդակագործութիւն, գրականութիւն (վէպեր, բանաստեղծութիւններ, թատերական գործեր) եւ կատարողական արուեստ (համերգներ, օփերաներ, պար):
Անոնք բոլորը ուղղակի կը վերաբերին այն իրողութեան, թէ ի՛նչ տեղի կ՛ունենայ աշխարհի բոլոր երկիրներէն ներս, որոշ ժամանակահատուածի մը մէջ: Այսօր մեզմէ շատերը այդ կը տեսնեն ժապաւէններու մէջ: Մենք բոլորս կը վայելենք ժապաւէնները, որոնք ցոյց կու տան, թէ ի՛նչ տեղի կ՛ունենայ անցեալի ժամանակներուն: Եթէ անդրադառնանք անխօս ժապաւէններու դարաշրջանին (մօտ 100 տարի առաջ), դիւրաւ կրնանք հասկնալ, թէ արուեստի ձեւերը ի՛նչ կը բերեն մեզի` հարստացնելու համար մեր կեանքը:
Արուեստի կարեւորութիւնը հասարակութեան կեանքին մէջ դիւրին է հասկնալ, երբ կը տեսնենք ինչպէս հին, այնպէս ալ ժամանակակից ժապաւէններ: Այս գանձերը մեզի ցոյց կու տան աշխարհներ, որոնք մենք երբեք չէինք ճանչցած: Անոնց միջոցով մենք կրնանք զգալ 1700-ականներու միապետութիւնները, քաղաքացիական պատերազմները, կեանքը` վայրագ ամերիկեան արեւմուտքի մէջ եւ բազմաթիւ այլ ոլորտներ, որոնք մենք երբեք չէինք կրնար գիտնալ:
Միայն ժապաւէններու արուեստի այս ձեւը մեծ ազդեցութիւն ունեցած է մեր կեանքի վրայ: Արուեստի նշանակութիւնը հասարակութեան մէջ այնքան մեծ է, որ այն բնաւ հնարաւոր չէր անիկա չափել:
Արուեստի եւ մշակոյթի նշանակութիւնը հասարակութեան մէջ
Արուեստը կը կրթէ՞ մարդիկը:
Արուեստներու ուսուցումը արտայայտութեան միջոցով աւելի մեծ նշանակութիւն կու տայ եւ կ՛օգնէ մեզի աւելի լաւ հասկնալու մեր զգացումները եւ տեղեկատուութիւն ներկայացնելու: Այդ իրականութիւն կը դարձնէ մեր գաղափարներն ու զգացումները` աւելի մեծ մշակութային գնահատանքով:
Արուեստը եւ կերպարուեստը հաղորդակցութեան ձեւ են բոլոր մշակոյթներու միջեւ, որոնք կը փոխեն մեր վերաբերմունքն ու համոզումները` պատկերներու եւ պատմութիւններու միջոցով: Այդ կը ծառայէ որպէս հասարակական փոփոխութիւններու միջոց:
Շատ առումներով արուեստը եղած է բոլոր մարդոց մեծագոյն դաստիարակը: Արուեստի շնորհիւ է, որ մենք ունինք մեր պատմութեան շօշափելի, տեսանելի ապացոյցներ: Իւրաքանչիւր երկիր իր արուեստով նպաստած է մարդկութեան: Մենք արուեստի շնորհիւ գիտենք Հնդկաստանի պարերու, շէյքսփիրեան թատերախաղերու, միապետութիւններու վերելքի ու անկումին եւ բազմաթիւ այլ բնաբաններու մասին:
Ո՞րն է արուեստի արժէքը այսօր
մեր հասարակութեան մէջ
Արուեստը մեր առօրեայ խնդիրներէն զերծ մնալու եւ պարզապէս հանդարտելու հիանալի միջոց է: Ան կրնայ նաեւ ըլլալ մեր յոյզերը արտայայտելու միջոց, որ կրնայ օգտակար ըլլալ ոչ միայն սեփական անձի, այլեւ` ուրիշներու: Արուեստը հասարակութեան կ՛օգնէ հնարաւորինս լաւ ձեւով ծաղկելու:
Արուեստի արժէքը հասարակութեան մէջ այսօր կարելի չէ հաշուարկել, քանի որ անիկա մեր հասարակութեան բուն էութիւնն է: Մենք միայն արուեստի գոյութեան շնորհիւ գիտենք ու կը հասկնանք, թէ ի՛նչ է մեր հասարակութիւնը: Անկարելի է պատկերացնել մեր կեանքը առանց արուեստի:
Ինչո՞ւ արուեստը կարեւոր է դպրոցին մէջ
Կան բազմաթիւ պատճառներ, թէ ինչո՛ւ արուեստը կարեւոր եւ շահաւէտ է դպրոցական, նաեւ ապագայ սերունդներու համար:
1.- Աշակերտները արուեստի դասերու միջոցով կը սորվին` ինչպէ՛ս տեսողական ձեւով ներկայացնել դժուար ըմբռնելի միտքերը:
2.- Լեզուական եւ հասարակական հմտութիւններու խթանում եւ զարգացում` որոշումներ տալու, վտանգը յանձն առնելու, հնարամտութեան զարգացում, նաեւ` քննադատական մտածողութիւն զարգացնելու կարողութիւն:
3.- Քննադատական մտածողութեան ընդլայնումը շեշտը կը դնէ աւելի խոր միտքի վրայ, բարձրագոյն կրթութեան, արուեստի կարեւորութեան միջոցով մեր աշխարհը աւելի լաւ ընկալելու:
4.- Աշակերտները կը սորվին արուեստ` աւելի լաւ հաղորդակցելու համար, աւելի խոր հասկնալու իրենց եւ այլ մշակոյթները:
5.- Արուեստներուն մասնակցիլը հաւասար է գիտութեան եւ գրականութեան մէջ յաջողութիւններու աւելի ու աւելի լաւ ընկալման:
6.- Աշակերտները կը սորվին արուեստ` հասնելու աւելի բարձր դրական ակադեմական վարքագիծի, աւարտելու աւելի բարձր մակարդակով եւ իրական կեանքը աւելի լաւ հասկնալու համար:
Անշուշտ գեղարուեստական կրթութեան նշանակութիւնը շատ մեծ է նաեւ երեխաներու զարգացման գործընթացին մէջ: Մեզմէ շատերը աւելի լաւ տեղ կը գրաւեն, երբ կը կարողանան կեանքին նայիլ գնահատանքով եւ գոհունակութեամբ: Երբ մենք կը տեսնենք իրերը, մենք կը նկատենք այն մանրամասնութիւնները, որոնք լաւ կ՛ընթանան մեր կեանքին մէջ:
Գեղարուեստական կրթութիւն
Առանց անոր մասին շատ մտածելու` մենք մեր առօրեան կ՛ապրինք` հանրային արուեստով, փողոցային արուեստով, արուեստի գործերով եւ արուեստի պատկերասրահներով: Ստեղծագործող մարդիկ եւ արուեստագէտները կը շրջապատեն մեզ եւ կը ստեղծեն արուեստ` բոլորիս համար, արտայայտելով իրենց միտքերն ու զգացումները:
Ինչո՞ւ կարեւոր է հասկնալ արուեստը
Արուեստը հասկնալը մարդկութեան համար նոյնքան կարեւոր է, որքան` շնչելը եւ ապրիլը: Քարանձաւի բնակիչները ամբողջ աշխարհի մէջ արտայայտուած են քարանձաւի պատերու գծանկարներով եւ նկարներով: Մարդը միշտ ցանկացած է արտայայտել իր զգացումներն ու յոյզերը` գեղարուեստական որոնումներու միջոցով: Յաճախ անոնք տեսողական արտայայտութիւններ են, ինչպիսիք են` գծանկարները, նկարները, քանդակները, գաւաթներ, ծաղկամաններ, սափորներ, խճանկարներ, զարդեր եւ այլն:
Պէտք է նկատի առնել նաեւ գեղարուեստական որոշ այլ արտայայտութիւններ, ինչպիսիք են գրականութիւնը եւ կատարողական արուեստը (թատրոն, պար, համերգներ, օփերա եւ այլն): Քաղաքակրթութիւնները կը սահմանուին հաշուի առնելով բոլոր մշակոյթներու գեղարուեստական նուաճումները պատմութեան ընթացքին:
Երբ մենք նկար մը կը տեսնենք, այդ սովորաբար շրջանակուած է: Բոլոր առարկաները պահ մը սառած են ժամանակի մէջ: Այս մեզի կը ստիպէ պահ մը կանգ առնելու եւ խորհելու այն, որ կը տեսնենք: Աւելի յաճախ մեր ուղեղը ստիպուած է գնահատել եւ վերագնահատել այն, ինչ որ կը տեսնենք: Այս նոյն գործընթացը տեղի կ՛ունենայ, երբ մենք կը դիտենք թատերախաղ մը կամ ժապաւէն մը, որ ներկայացուած է կերպարուեստի, լուսանկարչութեան մէջ, եւ նոյնիսկ` գիրք կարդալու ատեն:
Արուեստի նշանակութիւնը կեանքին մէջ
Արուեստը իսկապէս նուէր է աշխարհին: Մենք անոր կը ձգտինք մարդկային փորձառութեան մէջ: Արուեստը իմաստ կու տայ մեր կեանքին եւ կ՛օգնէ մեզի հասկնալու մեր աշխարհը:
Արուեստը մեր մշակոյթի էական մասն է, քանի որ թոյլ կու տայ մեզի աւելի խոր հասկնալ մեր զգացումները: Արուեստը կը մեծցնէ մեր ինքնագիտակցութիւնը, նաեւ թոյլ կու տայ բաց ըլլալ նոր գաղափարներու համար: Ուրեմն արուեստը կը շարունակէ բանալ մեր մտքերը, սրտերը եւ ցոյց տալ, թէ ի՛նչ կրնայ հնարաւոր ըլլալ մեր աշխարհին մէջ:
Եզրակացութիւն
Հետազօտելով արուեստի բոլոր տարբեր կողմերը` մենք կրնանք աւելի լաւ հասկնալ, թէ ինչպէ՛ս եւ ինչո՛ւ այդ ոչ միայն ներքին, այլեւ կենսական նշանակութիւն ունի մարդկային կեանքի համար: Արուեստը մեզի հետ եղած է սկիզբէն: Արտայայտելով մեր զգացումներն ու յոյզերը տարբեր ձեւերով` քարանձաւային նկարներէն մինչեւ այսօրուան շարժանկարներու ստեղծումը, մարդը ինքզինք ապացուցած է որպէս արուեստի ստեղծող: Իսկապէս արուեստը միահիւսուած է մարդու հոգիի բուն էութեան հետ:



