Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Դարերու ընթացքին խորհրդաւոր, արգիլուած վայրերը մարդոց երեւակայութեան թափ տուած են` եւ հետաքրքրութիւնը յառաջացուցած: Թէ ինչո՞ւ կ՛արգիլուի կարգ մը վայրեր այցելել, փորձենք պարզել:
Ն.
Դժուար է պատկերացնել, որ մեր աշխարհին մէջ այդպիսի վայրեր կան: Քանի մը հատը թուելու համար նշենք, որ կան խարիսխներ, ուր կրնան մտնել միայն անոնց անձնակազմի անդամները: Կան պատմական վայրեր, որոնք այնքան փխրուն են, որ անոնք կրնան լրջօրէն վնասուիլ մարդկային ներկայութենէն: Եւ կան նաեւ վտանգաւոր վայրեր, որոնք մեզմէ ոչ ոք կ՛ուզէր այցելել: Բայց եւ այնպէս, այս վայրերէն շատերը մեզ կը հետաքրքրեն, ինչպէս` արգիլուած պտուղը, որ անմիջապէս կը դառնայ այնքան ցանկալի: Անոնք մագնիսներու պէս կը գրաւեն որոշ հետաքրքրասէր ճամբորդներ` ստիպելով անոնց ձգտիլ ուսումնասիրել անծանօթ երկիրները: Բայց աւելի լաւ է, որ նոյնիսկ չփորձէք այցելել այս վայրերը` յանուն ձեր կեանքին: Այսպիսով, եկէք` տեսնենք աշխարհի ամէնէն հետաքրքրական վայրերէն քանի մը հատը, ուր մարդիկ չեն կրնար այցելել, եթէ անոնք հետազօտողներ, գիտնականներ, զինուորականներ չեն:
Վատիկանի գաղտնի արխիւ, Վատիկան
Վատիկանի գաղտնի արխիւը, որ 2019 թուականէն յայտնի է որպէս Վատիկանի առաքելական արխիւ, կը ծառայէ որպէս կաթողիկէ եկեղեցւոյ վերաբերող բազմաթիւ փաստաթուղթերու պահեստը: Այդ փաստաթուղթերէն մի քանին կու գան ութերորդ դարէն: Բայց եւ այնպէս, կ՛ըսուի, որ կան պապական հաշուապահական գիրքեր, Միքելանճէլոյի նամակը` Յուլիոս Բ. պապին, Սկովտիոյ թագուհիին նամակը, որ գրուած է անոր մահապատիժէն առաջ, եւ Մարթին Լուտերի բանադրութեան փաստաթուղթը: Արխիւին մեծ մասը կը գտնուի գետնին տակ, եւ անիկա ունի 85 քիլոմեթր (53 մղոն) դարակներ: Բացի մուտքի յատուկ արտօնութիւն ունեցող հետազօտողներէ` ուրիշ ոչ ոք կրնայ մտնել: Բայց նոյնիսկ անոնց համար կան բազմաթիւ սահմանափակումներ, թէ ի՛նչ փաստաթուղթեր կրնան կարդալ:
Նորթ Պրատըր կղզի, Նիւ Եորք, Միացեալ Նահանգներ
Կը գտնուի Նիւ Եորքի Պրոնքսի եւ Ռիկերի կղզիներուն միջեւ, շուրջ կէս քառակուսի քիլոմեթր տարածութեամբ: Կղզին դարձաւ վերջին ապաստանը հազարէն աւելի մարդոց համար, որոնց մարդատար նաւը ընկղմեցաւ անոր ջուրերուն մէջ: Հետագային կղզին դարձաւ վարակիչ հիւանդութիւններով մարդոց հիւանդանոց: Անոր ամէնէն յայտնի բնակիչը Մերի Մալոնն էր, որ կը կոչուի Թիֆոյիտ Մերի: Ան երկրին մէջ առաջին փաստագրուած անձն էր, որ ունեցած է որովայնային տիֆ, եւ ըստ հաշուարկներու, ան վարակած է աւելի քան 50 անձեր, որոնցմէ 3-ը մահացած են: Այժմ կղզին լքուած է, եւ այնտեղ կը գտնուի թռչուններու ապաստարան եւ արգիլուած է հանրութեան համար, թէեւ գիտական նպատակներով յատուկ կ՛արտօնուի մտնել:
Փանկար ամրոց, Ռաճաստան, Հնդկաստան
Փանկար ամրոց մուտքը ամբողջութեամբ արգիլուած չէ, քանի որ զբօսաշրջիկները կրնան հոն այցելել ցերեկը եւ տեսնել Ռաճաստանի ճարտարապետութեան այս հրաշալի օրինակը: Սակայն մայրամուտէն մինչեւ արեւածագ այս վայրը մտնելու խիստ արգելք կայ: 16-րդ դարու այս ամրոցը, որ սովորաբար կը համարուի «Հնդկաստանի ամենաուրուական վայրը», լեցուն է ուրուականներու եւ անէծքներու մասին առասպելներով: Լսելով անոնցմէ քանի մը հատը` անշուշտ դուք կը սարսափիք: Դուք կրնաք մտածել, թէ ի՛նչ կը պատահի անոնց, որոնք կը համարձակին գիշերը այցելել այս ամրոցը: Իրականութեան մէջ ոչ ոք գիտէր, որովհետեւ, ըստ տեղացիներու, ո՛վ որ փորձած է խախտել կանոնը, խորհրդաւոր պայմաններու մէջ անհետացած է…
Հերտ եւ Մակտոնալտ կղզի, Աւստրալիա
Աշխարհի ամէնէն հեռաւոր տարածքներէն մէկը` Հերտ կղզին, կը նկատուի Աւստրալիոյ տարածք, թէեւ անիկա կը գտնուի Մատակասկարի եւ Անթարքթիքայի միջեւ: Այստեղ կ՛ապրի անասուններու լայն տեսականի, ինչպիսիք են` փոկերը, թեւատները (փենկուէն) եւ ծովային թռչունները: Հոն կան աւելի քան 40 սառցադաշտեր: Կղզին հանրութեան համար փակելու քանի մը պատճառ կար: Նախ` 2000 թուականին հետազօտողները նկատեցին լաւայի հսկայական հոսք, որ կու գար կղզիի հսկայ հրաբուխէն, որ կը կոչուի Մուսոնի գագաթ: Երկրորդ` Հերտ կղզին յայտնի է եղանակային վատ պայմաններով: Երրորդ` վայրը չափազանց հեռու է անվտանգ ըլլալու համար: Անիկա կը գտնուի առնուազն երկու շաբաթ տեւողութեամբ առագաստանաւով դէպի ամէնէն մօտ մեծ ցամաքը:
Լասքոյի քարանձաւներ, Ֆրանսա
ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ոչ բոլոր վայրերը բաց են հանրութեան: Օրինակ` Ֆրանսայի Լասքոյի քարանձաւները, որոնք կը ներկայացնեն անգնահատելի քարանձաւային արուեստ, որ կը նկատուի 17.000 տարուան հնութիւն, 1963 թուականէն արգիլուած է մտնել այն պատճառով, որ անոնց կը սպառնար շարք մը սնկային ներխուժումներ` մեծ թիւով այցելուներու պատճառով: Ասիկա ցոյց տուաւ, որ մարդկային որեւէ ներկայութիւն կործանարար է այդ քարանձաւներուն համար: Այսպիսով, պահպանելու համար նախապատմական արուեստի 900 օրինակներ, որոնք թուագրուած են քարէ դարաշրջանէն, բայց անոնց կրկնօրինակները տեղադրուած են հանրութեան համար:
Օձի կղզի, Պրազիլ
Օձի կղզին` Իլհա տա Քէյմատա Կրանէն, օձերու հսկայական բնակչութեան տուն է: Ըստ որոշ հաշուարկներու, կղզիի իւրաքանչիւր քառակուսի մեթրին օձ մը կայ, եւ անոնք պարզապէս անվնաս խոտի օձեր չեն, որոնք միայն կը վախցնեն ձեզ իրենց տեսքով, բայց չեն կրնար ձեզ որեւէ վնաս պատճառել:
Այս կղզիին մէջ ապրող օձերը աշխարհի ամէնէն վտանգաւոր տեսակներն են: Անոնց շարքին է ոսկեայ նիզակաւոր իժը, որուն թոյնը կը հալեցնէ միսը խայթոցին շուրջը: Սարսափելի՛…
Այսպիսով, տրամաբանական է, թէ ինչո՛ւ Պրազիլի պետութիւնը փակած է կղզին այցելուներու համար: Միայն որակաւորուած հետազօտողները ICMBio-էն (Չիկօ Մենտեսի կենսաբազմազանութեան պահպանման հիմնարկ), որոնք գիտեն ինչպէս վարուիլ օձերու հետ, կրնան մտնել կղզիի, միայն այն պայմանով, որ իրենց խումբին մէջ բժիշկ մը ըլլայ:
Տարածք 51, Նեւատա, Միացեալ Նահանգներ
Տարածք 51-ը ոչ միայն Միացեալ Նահանգներու ամէնէն յայտնի արգիլուած վայրերէն մէկն է, այլեւ անիկա Միացեալ Նահանգներու ամէնէն առեղծուածային վայրերէն մէկն է: Շատերու կարծիքով, այնտեղ ջախջախուած է այլմոլորակայիններու (alien) տիեզերանաւը. մինչ ուրիշներու կարծիքով, իշխանութիւնները կ՛օգտագործեն այս վայրը` ուսումնասիրելու տիեզերանաւը, որ իբր թէ արկածի ենթարկուած է Նիւ Մեքսիքօ նահանգի Ռոսվել քաղաքին մէջ (այլ գերխորհրդաւոր վայր մը): Պաշտօնական տարբերակով կ՛ըսուի, որ Տարածք 51-ը այն կայքն է, որ կ՛օգտագործեն Միացեալ Նահանգներու օդուժը եւ Սի.Այ.Էյ-ը` որպէս փորձերու տարածք` իր հեռաւոր դիրքին պատճառով: Եթէ այդ ճիշդ է (եւ հաւանաբար այդպէս է), ուրեմն տրամաբանական է, թէ ինչո՛ւ արգիլուած է այդ վայր մուտքը հանրութեան համար:
Փրաւքիքա Պրանա, Չեխիա
Եւրոպայի ամէնէն մեծ բնական աւազաքարային կամարը` Փրաւքիքա Պրանան, Չեխիոյ ամէնէն յայտնի տեսարժան վայրերէն մէկն էր մինչեւ1982 թուականը: Այդ տարի արգիլուեցաւ զբօսաշրջիկներուն այցելել: Արգելքին պատճառը պարզ է. որքան շատ այցելուներ գան տարածք, այնքան աւելի հաւանական է, որ անիկա օր մը կը փլի: Այսպիսով, այս գեղեցիկ տեսարժան վայրին մաշումը նուազեցնելու համար զբօսաշրջիկները զայն այժմ կրնան տեսնել հեռուէն, բայց չեն կրնար բարձրանալ անոր վրայ: Դժբախտաբար մաշումի հոլովոյթը կը շարունակուի նոյնիսկ առանց այցելուներու «օգնութեան», եւ ըստ երկրաբաններու, կամարը կրնայ փուլ գալ ապագային: Բայց գոնէ արգելքը կը դանդաղեցնէ հոլովոյթը եւ մեզի աւելի շատ ժամանակ կու տայ անով հիանալու:
Մորկան կղզի, Միացեալ Նահանգներ
Հարաւային Քարոլայնայի Մորկան կղզիին մէջ կ՛ապրի մօտաւորապէս 4 հազար պենկալեան կապիկ (ռեզուս): Այդ պատճառով կղզին ստացած է Կապիկներու կղզի անունը: Սակայն անոնք կղզիի բնիկներ չեն: Անոնք այնտեղ տեղափոխուած են Փորթօ Ռիքոյէն` օձախտի (herpes virus B) վարակի տարածման պատճառով: Մինչ այդ կղզին անմարդաբնակ էր: Այս օրերուն օրէնքով արգիլուած է մարդոց այցելել կղզի` մեկնելով իրենց, ինչպէս նաեւ կապիկներու անվտանգութենէն: Միայն քանի մը հետազօտողներ կրնան երթալ այնտեղ:
Ցին Շի Հուանկի հոյակապ շիրիմը, Չինաստան
Թէեւ կայսր Ցին Շի Հուանկի գերեզմանը յայտնաբերուած է 1974 թուականին, Թերակոտայի բանակի յայտնաբերումի ատեն, անիկա դեռ չէ պեղուած: Դամբարանի պեղումներու հակառակորդներու կարծիքով, ժամանակակից արհեստագիտութիւնները չեն կրնար կանխել անոր ոչնչացումը: Այդ իսկ պատճառով մուտքը դէպի այդ վայրը Չինաստանի պետութիւնը տակաւին արգիլած է: Չինաստան կը ձգտի պահպանել իր մշակութային ժառանգութիւնը եւ յարգանքի տուրք կը մատուցէ այնտեղ թաղուած մարդուն: Դամբարանին մասին գիտենք, որ անիկա բաղկացած է գետնի տակ գտնուող քարանձաւներու բարդ ցանցէ` լեցուած այն առարկաներով, որոնք կայսրին կրնան անհրաժեշտ ըլլալ հանդերձեալ կեանքին մէջ: Այլ բաներու շարքին, անիկա կը պահէ վերարտադրութիւնը անոր բանակին, որ յայտնի է որպէս «Թերակոտայի բանակ»` պատրաստուած կաւէ:
Սերմերու համաշխարհային պահոց, Նորվեկիա
Երբեմն կը կոչուի «Դատաստանի օրուան պահոց». Նորվեկիոյ մէջ գտնուող Սերմերու համաշխարհային պահոցը իրականութեան մէջ շատ կարեւոր վայր է բոլորիս համար: Հոն կը պահուին 100 միլիոն սերմեր ամբողջ աշխարհէն` վերականգնելու բոյսերու թագաւորութիւնը, եթէ մեր մոլորակի բուսականութեան իսկապէս վատ բան մը պատահի: 2008 թուականին բացուած պահոցը կառուցուած է շուրջ 200 տարի գոյատեւելու համար եւ կրնայ դիմանալ պայթումներու եւ երկրաշարժերու: Բացի անկէ, քանի որ պահոցը տեղադրուած է լերան լանջին, անիկա դեռ ծովու մակարդակէն բարձր կ՛ըլլայ, նոյնիսկ եթէ մոլորակի ամբողջ սառոյցը հալի: Հետաքրքրական է, որ պահոցը քաղաքականութիւն չի գիտեր. նոյնիսկ Հիւսիսային Քորէան ալ իր սերմերը տուած է այնտեղ պահելու համար:
Հիւսիսային Սենտինել կղզի, Հնդկաստան
Հիւսիսային Սենտինել կղզին փոքր ցամաքային զանգուած է Պենկալեան ծոցին մէջ: Անոր բնիկ բնակչութիւնը, որ յայտնի է որպէս սենտինալցիներ, կը մերժէ արտաքին աշխարհի հետ որեւէ շփում եւ կը մնայ այն սակաւաթիւ ժողովուրդներէն մէկը, որ անձեռնմխելի կը մնայ մեր քաղաքակրթութենէն: Ինչպէ՞ս անոնք օտարները հեռու կը պահեն իրենց կղզիէն: Անոնք պարզապէս նետեր կ՛արձակեն անոնց վրայ: Այդ պատճառով անկարելի է մօտենալ կղզիին եւ կենդանի մնալ: Ահա` հետաքրքիր փաստ մը. երբ հետազօտողները կը ստուգէին 2004 թուականի Հնդկաց ովկիանոսի ցունամիէն ետք պատճառուած վնասը, նոյնիսկ անոնց ուղղաթիռներուն վրայ յարձակեցան սենտինալցիները` կղզիին մօտենալու համար: Անշուշտ հետազօտողներէն ոչ ոք տուժեց, բայց այս օրինակը ցոյց կու տայ, թէ կղզիի բնակչութիւնը որքա՛ն կատաղի կը պաշտպանէ իր տարածքը:
Մեժկորիէ, Ռուսիա
Ըլլալով աշխարհի ամենամեծ երկիրը` Ռուսիան լեցուն է անակնկալներով: Այս երկիրը ունի բազմաթիւ խորհրդաւոր վայրեր, ուրուական քաղաքներ եւ այլ յատուկ վայրեր: Ինչպէս, օրինակ, Մեժկորիան` Պաշկորտոստանի Հանրապետութեան մէջ: Անիկա փակ քաղաք է, որ թաքնուած է հարաւային Ուրալեան լեռներուն մէջ տեղ մը: Հեռու պահելու համար բոլոր այն մարդիկը, որոնք կ՛ուզեն թափանցել քաղաք կամ նոյնիսկ մօտենալ անոր, անիկա շրջապատուած է երկու գումարտակով: Յստակ չէ, թէ այս տարածքը ինչո՛ւ շրջապատուած է նման գաղտնիութեամբ: Ըստ ամէնէն հաւանական զեկոյցներու, անիկա միջուկային հրթիռներու վայր է, որ իբր թէ ունի ինքնագործ հրթիռներ, որոնք կրնան կառավարուիլ հեռուէն:
Բայց քանի որ պետական պաշտօնատարները ոչինչ կը մեկնաբանեն, մենք դեռ չենք կրնար վստահ ըլլալ, թէ ի՛նչ է Մեժկորիան:
Չիչեն Իցա բուրգ, Մեքսիքա
Հնարաւոր է, որ զարմանաք` Չիչեն Իցան տեսնելով այս ցուցակին մէջ, քանի որ անիկա կը համարուի աշխարհի ամէնէն յայտնի զբօսաշրջային վայրերէն մէկը: Եւ դուք իրաւունք ունիք. միլիոնաւոր զբօսաշրջիկներ ամէն տարի կու գան այս վայրը` հիանալու մայաներու գեղեցիկ բուրգով: Բայց եւ այնպէս, հակառակ անոր որ դուք կրնաք հասնիլ այդ վայրը, վերջերս այնտեղ բարձրանալը խստիւ արգիլուած է:
Արգելքը դրուած է այն բանէն ետք, երբ 2006 թուականին կին մը բուրգէն գլորուած է վար: Այս իրադարձութիւնը ողբերգական աւարտ ունեցաւ, եւ ապագային նման բան չպատահելու համար անիկա փակուեցաւ հանրութեան համար` բազմաթիւ զբօսաշրջիկներու հիասթափութիւն պատճառելով, որոնք կը ձգտէին հասնիլ Չիչեն Իցայի գագաթը:
Պղատոնի դարպաս, Թուրքիա
Տակաւին հին ժամանակներուն ոչ ոք կը համարձակէր մտնել Թուրքիոյ մէջ Պղատոնի դարպասը, քանի որ կը կարծէին, թէ անիկա շատ վտանգաւոր վայր է: Ըստ պատմիչ Ստրապոնի, այնտեղ ոչ ոք կրնար գոյատեւել: Այս վայրը այցելելէ ետք ան գրած է, որ «ճնճղուկներ նետած է, եւ անոնք անմիջապէս իրենց վերջին շունչը փչած ու ինկած են»:
Ի զարմանս բոլորին` Պղատոնի դարպասին համբաւը հաստատեցին գիտնականները 1965 թուականին: Բնածուխի (Carbon dioxide) կեդրոնացումը չափելէ ետք անոնք պարզեցին, որ գիշերը, երբ ջերմաստիճանը կը նուազի, եւ բնածուխը կը դառնայ օդէն աւելի ծանր, անիկա կը վերածուի տեսակ մը լիճի` դարպասի յատակին:
Լուսադէմին համակեդրոնացումը կը հասնի իր գագաթնակէտին, եւ ոեւէ էակ կը վտանգէ իր կեանքը` հասնելով այնտեղ: Սակայն ցերեկային ժամերուն վայրը աւելի անվտանգ կը դառնայ, որովհետեւ արեւը կը ցրուէ կազը: