Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Տօնական օրերուն աւելի հրատապ կը դառնայ կարիքաւորներուն ձեռք երկարելու անհրաժեշտութիւնը, հասկնալի պատճառներով: Բնականաբար այդ պէտք չէ ժամանակաւոր, սահմանափակ բնոյթ ունենայ: Կարեկից մարդիկ կ՛օգնեն ներքին ապրումէ մը մղուած: Դժբախտաբար կան այնպիսիներ, որոնք կարիքաւորներուն օժանդակութիւնները կ՛օգտագործեն:Կը ներկայացնենք երկու տարբեր պարագաներ: Առաջինը ՄԱԿ-ի կայքէջէն է, երկրորդը` Հարաւային Ափրիկէի Հանրապետութեան մամլոյ աղբիւրէ մը:
Ն.
Ֆիլիփ Ռիոն Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզէն հարաւ գտնուող Կրինիի քաղաքապետն է: Անոր քաղաքը Ֆրանսայի ամէնէն աղքատը ճանցուած է: Բնակչութեան կէսը կ’ապրի աղքատութեան շեմէն ցած:
Այսօր քաղաքը աւելի դրական տարբերակով կը պարծենայ. անոր քաղաքապետը City Mayors Foundation-ի եւ World Mayor Project-ի որոշումով երկու տարի առաջ արժանացաւ աշխարհի լաւագոյն քաղաքապետի մրցանակին, որ հաճելի անակնկալ մըն էր Ռիոյին: Ան ըսաւ, որ զանգուածային լրատու միջոցներ յաճախ կ’առանձնացնեն քաղաքը չափազանց դաժան իրողութիւններու եւ այն փաստին համար, որ 2015 թուականին Hypercasher kosher հանրախանութին վրայ յարձակում գործած զինեալներէն մէկը մեծցած է Կրինիի մէջ:
«Այս մրցանակ մըն է Կրինիի ամբողջ բնակչութեան համար, որ ոգեշնչուած է մարդկային իրաւունքներէ` դիմակայելու «Քորոնա» ճգնաժամի առողջական, հասարակական եւ տնտեսական հետեւանքները», ըսաւ Ռիօ: – Ես չէի 130 հազար առողջապահական դիմակ բաժնողը եւ ամէն օր տարեց թոշակառուները ստուգողը: Խումբ մը հանրային ծառայողներ, ընտրուած պաշտօնատարներ եւ միութիւններու անդամներ ենթարկուեցան զօրաշարժի, որ մեր քաղաքին մէջ կազմեց նոր գործընկերութիւն մը` արտակարգ իրավիճակներուն արձագանգելու համար: Մենք մեզ գերազանցեցինք եւ հպարտ զգացինք»:
Մարդկային իրաւունքներու վրայ հիմնուած մօտեցում` տեղական կառավարման
Մարդկային իրաւունքները եւ աղքատութեան պատճառներու դէմ պայքարը եղած են Կրինիի տեղական իշխանութեան հիմնական նպատակներէն: Ռիօ հաստատեց, որ մարդկային իրաւունքները իւրայատուկ նշանակութիւն ունին իրեն համար, քանի որ ծնած է 26 օգոստոսին, ա՛յն օրը, երբ Ֆրանսական յեղափոխութիւնը ընդունեց Մարդկային եւ քաղաքացիի իրաւունքներու հռչակագիրը 1789 թուականին:
«Մարդուն ժամանակ պէտք է բանականութեան համար եւ ժամանակ` գործելու, այսինքն` հասկանալու, առարկայականացնելու եւ դատապարտելու անհաւասարութիւնները, որոնք Կրինիի նման քաղաքը կը դարձնեն այն վայրը, ուր ամէնէն շատ մարդիկ կ՛ապրին աղքատութեան շեմէն ցած, եւ այս հիմնականին մէջ ազդած է երեխաներու եւ կիներու վրայ», ըսաւ ան:
«Մարդկային իրաւունքներու երկրին մէջ», աշխարհի հինգերորդ ամէնէն մեծ տնտեսութիւնը, մենք պէտք է դատապարտենք, հասկնանք եւ վիճարկենք տարածական եւ հասարակական տարանջատման այս երեւոյթները, որոնք կը խոչընդոտեն քաղաք ունենալու մարդոց իրաւունքը, – աւելցուց Ռիօ: Մենք տեղական իշխանութիւն ենք, եւ մեր առաքելութիւնն է ի գործ դնել քաղաքապետութեան բոլոր լծակները եւ մարտահրաւէր նետել պետութեան` աւելի ու աւելի լաւ գործածելու իր եւ զանազան շրջաններու իրաւասութիւնները»:
2020 թուականին, երբ աշխարհը կը կարծէր, որ յաղթահարած է համաճարակներուն ամէնէն վատը, Ռիոյի տեղական իշխանութիւնները հասկցան, որ «Քորոնա»-ն հասարակական եւ տնտեսական ճգնաժամ ստեղծած է իրենց քաղաքին, նաեւ փխրուն արուարձաններու, գիւղական տարածքներու եւ այլ վայրերու մէջ, ուր մարդիկ աւելի խոցելի դարձած են:
«Մենք արագ մշակեցինք աղքատութեան դէմ պայքարի ծրագիր, որ կը ներառէր բազմաթիւ գործողութիւններ, որոնց շարքին` մանկապարտէզներուն մէջ նախաճաշ մատուցելը: Աղքատութիւնը կը սկսի կանուխ մանկութենէն եւ կը հետեւի երեխաներուն մինչեւ նախակրթարան», ըսաւ Ռիօ:
«Աղքատութիւնը կ՛ազդէ նաեւ թոշակառու տարեցներու վրայ, որոնցմէ շատեր չեն ստանար նպաստ, հակառակ անոր որ անիկա երաշխաւորուած է անոնց համար Ֆրանսայի մէջ: Մենք որդեգրած ենք միջսերնդային մօտեցում` որոշ լուծումներ տալու համար: Մեր ծրագիրը արդէն կը գործէ»:
Աղքատութեան դէմ պայքար եւ մարդկային իրավունքներու պաշտպանութիւն
Ռիոն մարդկային իրաւունքներու վրայ հիմնուած իր գործողութիւնները կը վերագրէ իր շարունակական ներգրաւուածութեան` որպէս փոխնախագահ Ընկերային ներառման, Մասնակցային ժողովրդավարութեան եւ Մարդկային իրաւունքներու(Social Inclusion, Participative Democracy and Human Rights) խորհուրդին, միաւոր մը` Միացեալ քաղաքներու եւ Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու (United Cities and Local Governments), որ այս ոլորտի աշխարհի ամէնէն մեծ ցանցն է:
«Այդ չափազանց խանդավառող էր եւ թարմացուց մեր մտածողութիւնը, նաեւ` մեր գործողութիւնները: Եթէ այսօր Կրինին կը նկատուի նորարարութեան վայր եւ հանրային քաղաքականութեան ազգային աշխատանոց, այդ անշուշտ այն պատճառով է, որ մենք կարողացած ենք համարկուիլ շատ քիչ գումարներով, որովհետեւ Կրինին աղքատ քաղաք է, մարդոց հզօրացումը եւ մարդկային իրաւունքներու յարգանքը մեր քաղաքականութեան հիմքերն են»:
Ռիօ համոզուած է, որ աղքատութիւնը կը խոչընդոտէ մարդկային իրաւունքներու իրագործումը: Քանի մը տարի առաջ ան մշակեց աղքատութիւնը նուազեցնելու ծրագիր` նպատակ ունենալով խթանել արժանապատուութիւնը եւ մարդկային իրաւունքները:
Ծրագիրը կը պաշտպանէ կրթութեան եւ աշխատանքի իրաւունքը, կիներու առողջապահական կարիքներու անվճար տրամադրումը եւ այլն:
«Մենք պէտք է քալենք այդ առաջին մղոնը մարդկային իրաւունքներու ճամբուն, քանի որ աղքատութիւնը փակած է անոնց մարդկային իրաւունքներու մատչելիութիւնը մեր քաղաքացիներէն շատերուն համար: Մենք նոյնպէս կը գիտակցինք այն փաստին, որ այդ իրաւունքներէն քանի մը հատին իրականացման չափը ժամանակի ընթացքին յայտնի կը դառնայ»:
Ռիօ կը շեշտէ, որ Ֆրանսայի նման երկիր մը այսպիսի աղքատութեան մը պէտք է լաւ ծանօթ ըլլայ, աւելցնելով, որ վերջին տասնամեակներուն «հաւասարութիւն» բառը երկրի ազգային կարգախօսին` Liberté, Egalité, Fraternité (Ազատութիւն, Հաւասարութիւն, Եղբայրութիւն) որոշ չափով կորսնցուցած է իր նշանակութիւնը, եւ թէ` երկիրը կ’ապրէր կասկածի շրջան:
«Կրինիի բնակչութեան 50 առ հարիւրը, ինչպէս` Ֆրանսայի բազմաթիւ այլ շրջաններ, 30 տարեկանէն վար են եւ կը ներկայացնեն երկրի ապագան: Հազարաւոր երիտասարդներ այդ արուարձաններուն, գիւղական վայրերուն եւ արտերկրի մէջ, որոնք կը կազմեն Ֆրանսայի ընդհանուր բնակչութեան 15 առ հարիւրը, ետ մնացած են: Ֆրանսայի ապագան կախուած է այդ լքուած տարածքներու եւ անոնց երիտասարդութեան յաջողութիւններէն: Այդ երիտասարդներուն պէտք է տրուին յաջողութեան հասնելու գործիքներ: Մեզ դասակարգած, նեղ դրութեան մատնած են զուտ ինքնութեան, կրօնի կամ մորթի գոյնի հարցով, բայց բնաւ չեն մտածած այժմէն ստեղծելու այն ապագան, որ անհրաժեշտ է: Ահա թէ ինչո՛ւ ես եւ իմ քանի մը գործընկերներս ստեղծեցինք Լուծումներու ազգային խորհուրդ(Conseil National des Solutions)` դրական մասնակցութիւն ունենալու Ֆրանսայի պատմութեան կերտման», ըսաւ Ռիօ:
Ռիօ կը յուսայ, որ 2024 թուականին Փարիզի մէջ կայանալիք Ողիմպիական խաղերը դրական ազդեցութիւն կ’ունենան աղքատ շրջաններուն վրայ:
Աղքատներու Յատկացուելիք Գումարները Ծախսած Է
Փառաւոր Յուղարկաւորութեան Համար…
ԿուաԶուլու-Նատալի քաղաքի այժմ չգործող Ինկուէի քաղաքապետութեան նախկին քաղաքապետուհին մեղաւոր ճանչցուած է աղքատներէն գողնալու համար, երբ հաստատուած է, որ սննդամթերքի ծրարներու նախագիծէն ստացուած գումարները ան ծախսած է իր խորհրդականի ազգականին փառաւոր յուղարկաւորութեան համար:
Քաղաքապետուհի Նոմակուկու Լուզուլեն դատավարութեան ժամանակ ամբաստանուած էր, որ սիրային յարաբերութիւններ ունէր իր խորհրդական Ամոս Զոնտիի հետ:
Լուզուլեն այդ հերքած է: Թէեւ ան չէ վիճարկած, որ գումարը գողցուած է, մատակարարման շղթայի սկզբունքները չեն պահպանուած` եւ փաստաթուղթերը աւարտած չեն: Քաղաքապետուհին ըսած է, որ ինք մասնակից չէ, եւ թէ` մեղադրանքները քաղաքական դրդապատճառներ ունին:
Դատաւոր Կարթ Տաւիտ իր վերջին վճիռին մէջ ըսաւ, որ մեղադրանքները կապուած են 2012 թուականի իրադարձութիւններուն:
Ինկուէի քաղաքապետարանը ծառայած է աղքատ եւ հիմնականին մէջ գիւղական շրջանին, եւ ճիշդ այս խորապատկերին վրայ է, որ անապահով մարդոց օգնութեան կարիքը անհրաժեշտ գտնող Operation Mbo ծրագիրը իրականացուած էր:
«Operation Mbo-ն տրամադրեց օգնութեան ծրարներ, որոնք բաղկացած էին հիմնական սնունդէ` բրինձ, եգիպտացորէն, գետնախնձոր, բանջարեղէն եւ պահածոյ մը: Այդ կը ղեկավարէր քաղաքապետարանը, բայց` յատուկ նախագիծներով:
Տաւիտ ըսաւ, որ դատավարութեան ընթացքին բազմաթիւ անձեր վկայութիւն տուած են, որ կանոնները չեն պահպանուած, եւ յատկացուածը չէ գործածուած Operation Mbo-ի նախաձեռնութեան համար, եւ սննդամթերքի ծրարներ չեն բաժնուած:
Գումարին զգալի մասը ծախսուած է Տոննիպրուք Սփարի մէջ գնումներու վրայ` հոգեճաշ կազմակերպելու, այլ ոչ թէ` հիմնական ապրանքներով սննդամթերքի ծրարներու համար:
Դատաւորը ըսաւ, որ հարցը այն է, թէ արդեօ՞ք քաղաքապետուհի Լուզուլեն մասնակից եղա՞ծ է, ան ներկայ եղած է գնումին, արդեօ՞ք ընտրած է իրերը, որոնք բեռցուած են իր ինքնաշարժը եւ օգտագործուած` թաղման ժամանակ:
Քաղաքապետուհիին անձնական օգնական Լինտիվէ Զուման վկայութիւն տուած է, որ քաղաքապետուհիին եւ քաղաքապետարանի տնօրէն Մապաթօ Պրաունի հետ տեղի ունեցած տեսակցութենէն ետք անոր տրուած է կարիքաւոր մարդոց անուններու ցուցակ, սակայն համապատասխան փաստաթուղթերը կցուած չեն:
Ան ըսաւ, որ տնօրէնը հաստատած է պահանջը եւ պատուէրը ուղարկուած է մատակարարող ընկերութեան` Տոննիպրուք Սփար:
Սովորաբար ցանկագրուած ընտանիքները իրենց ծրարները Սփարէն կը ստանային, սակայն տնօրէնը եւ քաղաքապետուհին յանձնարարեցին հաւաքել ծրարները:
Զուման ըսաւ, որ երբ ժամանած է, քաղաքապետուհին ներկայ եղած է, բան մը, որ անսովոր էր: Անոր հետ եղած է սննդամթերքի տեղական մատակարարը, որ «շքեղ» իրերը կը հաւաքէր եւ կը տեղադրէր քաղաքապետուհիին «Ֆորթունա» ինքնաշարժին մէջ:
«Ան գիտէր, որ այդ սխալ է, բայց պարզապէս հետեւած է հրահանգներուն», ըսաւ դատաւորը` աւելցնելով, որ այս նախադասութիւնը բազմաթիւ անգամներ կրկնուած է դատավարութեան ընթացքին:
Ըստ այլ վկայի մը` Մակոպոլոյի, որ մեղսակից էր, կառավարիչը խնդրած է իրմէ տեղադրել մեծ վրան մը եւ ձայնային սարքաւորումներ` «մեղադրեալի ընկերոջ եղբօր յուղարկաւորութեան համար»:
Ան ըսաւ, որ տնօրէնը յուշագիր ուղարկած է Operation Mbo-ի համար դրամ պահանջելու մասին: Հիմնաւորող փաստաթուղթ չէ եղած: Ան խոստովանած է, որ հաստատած է գումարները, եւ թէ` այդ օրինազանցութիւն է:
Մակոպոլօ մահացաւ դատավարութիւնը սկսելէ առաջ: Սակայն դատաւորը համաձայնած է, որ ոստիկանութեան տուած անոր վկայութիւնը կրնայ որպէս ապացոյց ներկայացուիլ: Անոր մէջ Մակոպոլօ կ’ըսէ, որ քաղաքապետուհին խնդրած է իրմէ նշել 500 անձի մասնակցութեամբ հոգեճաշ, իւրաքանչիւրին համար` վեց տոլարի:
Մակոպոլոյին ըսած են, որ իր հաշուեցոյցը ուղարկէ «Operation Mbo» վերնագիրով:
Քաղաքապետուհի Լուզուլեն իր վկայութեան մէջ ըսաւ, որ ինք ժողովի եղած է Պուլվերի մէջ հանդիպման ժամանակ` Սփարէն ուտելիքի ծրարները հաւաքելու օրը: Ան աւելցուց, թէ կրնայ ըլլալ, որ օրուան ընթացքին պահ մը հոն եղած էր, բայց ապրանքներու գնումին ականատես չէ եղած:
Ամփոփելով` դատաւորը ըսաւ, որ Լուզուլենի փաստաբանը նշած է որոշ թերութիւններ, եւ քանի մը վկաներու մասնակցութիւնը` խարդախութեան: «Թէեւ առանձին ապացոյցներու մէկ մասը կրնայ պակաս ըլլալ, սակայն փաստերու ամբողջութեան ահռելի մեծութիւնը ազդեցիկ խճանկար մը կը ներկայացնէ: Քաղաքապետուհիին հետքը ամէն տեղ էր :
Առնուազն չորս վկաներ տեսած են զայն Սփարի մէջ, երբ կը մասնակցէր ապրանքներու ընտրութեան եւ անոնք կը տեղադրէր իր ինքնաշարժին մէջ:
Ըստ դատաւորին, ապացուցուած է, որ Լուզուլեն կ’օգտագործէ իր ազդեցութիւնը` Operation Mbo-ի միջոցով խարդախութեամբ իւրացնելու չորս հազար տոլար, եւ թէ` անոր օգնած եւ աջակցած են քաղաքապետարանի տնօրէնը եւ այլ պաշտօնատարներ:
Առանց լիազօրութեան` քաղաքապետարանը հոգացած է Զոնտիի եղբօր յուղարկաւորութիւնը:
Լուզուլեն դատապարտուած է խարդախութեան համար:


