Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Յաճախ կը խօսուի առողջութեան եւ բարօրութեան վրայ երգելու ունեցած դրական ազդեցութեան մասին: Ըսուած է, չէ՞, «Միայն չարերը երգ չունին»: Բոլոր երկիրներն ու ժողովուրդները զանազան ձեւի եւ ոճի երգչախումբեր ունին: Մանաւանդ մանկական, պատանեկան, երիտասարդական երգչախումբերը նաեւ կրթական, դաստիարակչական անխուսափելի դերակատարութիւններ ունին: Անշուշտ միայն երգ մը սորվելով եւ երգելով չի վերջանար: Երգելը, երգչախումբի մը մաս կազմելը ի՞նչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ մեր զգացումներուն եւ առողջութեան վրայ: Opera North կայքը այս մասին հրապարակած է շահեկան յօդուած մը:
Ն.
Երբ կ՛երգես, աւելի լաւ կը զգաս

Հետզհետէ աւելցող բազմաթիւ ապացոյցներ կան, որ երգելը կ՛արձակէ քիմիական նիւթեր` էնտորֆին, սերոթոնին եւ տոփամին, որոնք կը բարձրացնեն ձեր տրամադրութիւնը, եւ դուք լաւ կը զգաք: Գիտնականները կը կարծեն, որ այդ պատճառներէն մէկն է, թէ ինչո՛ւ մարդիկ կը նշեն, որ երգչախումբերու փորձերու ժամանակ բարձր տրամադրութիւն կ՛ունենան եւ անկէ ետք կը շարունակեն դրական, աշխուժ զգալ:
Երգելը նոյնպէս կը նկատուի մարզական գործունէութիւն, քանի որ անիկա աւելի շատ թթուածին կը հայթայթէ արեան, բան մը, որ կը յանգեցնէ արեան աւելի լաւ շրջանառութեան եւ աւելի լաւ տրամադրութեան:
«Ես իսկապէս կը սիրեմ երգել հիմա, հակառակ անոր որ նախապէս կը կարծէի, թէ չեմ կրնար երգել: Այդ ամբողջովին ուրախալի է, ուրախալի»:
– «Բազմոցէն երգչախումբ»-ի անդամ մը
Երգելը կը զօրացնէ թոքերու աշխատանքը

Մենք յաճախ մեր թոքերով շատ չենք զբաղիր, շատեր հազուադէպօրէն կը գործածեն թոքերը իրենց ամբողջ զօրութեամբ: Այն, թէ ինչպէ՛ս երգելը կը պահանջէ շնչել, ձեզի կը ստիպէ ճիշդ այդ ընել` մեծցնելով ձեր թոքերու հզօրութիւնը, նոյնպէս` ներգրաւելով կողոսկրի շրջանի մկանները:
Երգելը կը պահանջէ, որ դուք երգէք հակակշռուած, ինչ որ կ՛օգնէ բարձրացնելու թոքերու կարողութիւնը, եւ նոյնպէս կրնայ օգտակար ըլլալ այն մարդոց, որոնք կազդուրման ճամբուն վրայ են:
Ահա թէ ինչո՛ւ երգելը յանձնարարուած է թոքերու հիւանդութիւններէ բուժուող մարդոց ապաքինման եւ երկարատեւ «Քորոնայ»-ով տառապող մարդոց օգտակար ըլլալու համար:
Երգելը կ՛օգնէ յաղթահարելու ընկճուածութիւնը եւ հանգստանալու

Ճիշդ եւ աւելի գիտակցուած շնչառութիւնը մեր թոքերուն համար օգտակար է հիւանդութենէ բուժուելու եւ ապաքինման անցնելու համար:
«Պարզապէս սիրուած երգի մը հետ երգելով կամ երկար ձայնանիշներ(նոթաներ) մրմնջալով` կրնաք նուազեցնել ճնշուածութեան մակարդակը եւ ստեղծել ներքին հաւասարակշռութեան աւելի մեծ զգացում»:
– Մ.Պրին, երգչախմբային ուսուցման խումբ
Եթէ ձեր օրը վատ եղած է, փորձեցէ՛ք երգել: Երգին ճնշուածութիւն մեղմացնող յատկութիւնները կ՛օգնեն ձեզի` մոռնալու ձեր մտահոգութիւնները եւ պարզապէս այդ պահուն մէջ ըլլալու: Կամ քանի մը վայրկեան յատկացուցէք դուք ձեզի եւ կրկին կապ հաստատեցէք ձեր մարմինին, շնչառութեան եւ ձայնին հետ:
Երգելը կ՛օգնէ բարելաւելու յիշողութիւնը

Երգելը կրնայ օգնել բարելաւելու համար մտային զգօնութիւնը, յիշողութիւնը եւ կեդրոնացումը, քանի որ անիկա կը ներառէ միաժամանակ քանի մը բաներու վրայ կեդրոնանալը, այդ հոլովոյթին ներգրաւելով ուղեղի շատ մը տարածքներ:
Երաժշտութիւնը նաեւ աւելի ու աւելի կը դառնայ մտագարութեան (dementia)խնամքի յատկանիշ, մասամբ այն պատճառով, որ անիկա հզօր գործիք դարձած է յիշողութիւններ հրահրելու համար, յաճախ` հաղորդակցութեան այլ ձեւերու նուազումէն ետք: Խումբ մը մարդիկ, որոնք մտագարութենէ կը տառապին, ներկայ եղած են «Melodic Memories»-ի փորձերուն, տեսնելու թէ արդեօք այդ բան մը փոխա՞ծ է:
«Այս ուրախութիւն բերաւ Տէյվիտին: Ան կ՛ոգեւորուի, այդ կարելի է տեսնել անոր աչքերուն մէջ: Ան կրնայ զգալ երաժշտութիւնը, որ շատ կարեւոր է: Մեզի համար շատ լաւ բան է մասնակցիլը»:
– Քեթ եւ Տէյվիտ, Melodic Memories մասնակիցները
Երգելը կը ստեղծէ միասնականութեան զգացում

Երգելը հիանալի ընկերային-հասարակական գործունէութիւն է: Այլ մարդոց հետ երգելը, ըլլայ այդ ուղղակի, թէ պաստառով, կրնայ օգնել ստեղծելու համար կապեր եւ միասնականութեան զգացումներ: Վերջին հետազօտութիւնները նոյնպէս ցոյց տուած են, որ ուրիշի մը հետ միաձուլման զգացումը, որ մենք կը զգանք մեր ձայները ուրիշներու հետ միացնելու միջոցով, հասարակական-ընկերային կապը արագացնելու հիանալի միջոց է:
«Հասարակութեան եւ պատկանելիութեան զգացումը, երբ կ՛երգէք խմբային միջավայրի մէջ, նոյնիսկ` Զումով, կրնայ մեծ ազդեցութիւն ունենալ ճնշուածութեան նուազեցման վրայ եւ կրնայ նոյնիսկ կանոնաւորել ձեր սրտի բաբախումն ու կարգաւորել ձեր շունչը. այնպէս որ, դուք բոլորդ կը շնչէք որպէս հսկայական թոք մը»:
– Մարի Քլեր Պրին, երգչախմբային ուսուցման խումբ
Գործունէութիւն մը բաժնեկցիլը նաեւ հաճոյք է: Միշտ խօսելու բան կ’ունենաք փորձէն առաջ եւ ետք:
Երգելը կ՛օգնէ արտայայտուելու

Երգելը կատարեալ միջոց է արտայայտելու այն, ինչ որ կը զգաս: «Բազմոցէն երգչախումբ» դասընթացքի երգացանկը ընտրուած է ապրումներու, զգացումներու հակապատկեր գործերով: Անշուշտ, երբ դուք կ’երգէք խումբի մը մէջ, յաւելեալ հաճոյք կը ստանաք` դիտելով, թէ ինչպէ՛ս ուրիշներ նոյնպէս հաճոյք կը ստանան:
«Խօսքը պարզապէս հաճոյք ստանալն է, մարդոց հետ ըլլալու հոլովոյթը վայելելը, մարդոց հետ ստեղծագործելը»:
– Կ. Շօ, Opera North երգչախումբի անդամ
Երգելը ցաւերը կը մեղմացնէ

Աջակցելով բարօրութեան եւ մասնակիցներուն մեծ ուրախութիւն պատճառելով` երգելը կրնայ օգտակար ըլլալ այն մարդոց, որոնք մարմնական ցաւ ունին: Բժիշկ Ֆրենսիս Քոլ, որ հիմնած է Footsteps փառատօնը մնայուն ցաւով ապրող մարդոց համար, կը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ անոնք խանդավառ էին ծրագիրով եւ աւելին կ՛ուզէին:
«Երգելը ուրախութիւն կը պատճառէ մարդոց: Անիկա կ՛օգնէ անոնց ամբողջ օր մը տեւած ցաւէն անցնելու դէպի ուրախ, զուարճալի պահեր եւ ուրիշներու հետ կապուած զգալու: Ես կը կարծեմ, որ երգելը կ՛օգնէ ինքնավստահութեանը, մարդիկը իրարու միացնելու դրական ձեւով, որ անոնց կարելիութիւն կու տայ լաւ ապրելու»:
Երգելը կը բարձրացնէ ձեր ինքնավստահութիւնը

Շատեր ջղագրգիռ կը դառնան հանրութեան դիմաց ելոյթ ունենալու միտքէն, բայց խումբով երգելը կրնայ իրականութեան մէջ օգնել` բարձրացնելու ձեր ինքնավստահութիւնը եւ բարձրացնելու ձեր ինքնագնահատականը, եւ որքան շատ ընէք այդ, այնքա՛ն աւելի ինքնավստահ կ՛ըլլաք:
Լաւ կեցուածքը նաեւ կարեւոր գործօն է բարձր ձայնանիշներուն հասնելու համար. այնպէս որ, դուք կը տեսնէք, թէ բնականաբար աւելի բարձր կանգնած էք մինչեւ վերջ:
Իրականութեան մէջ անիկա այնքան լաւ կը գործէ, որ երգելու միջոցին դիմած է Opera North-ը` գործընկերներուն հետ դասընթացքներու ատեն աշխատավայրին մէջ վստահութիւն, ինքնավստահութիւն եւ անձնական ազդեցութիւն ստեղծելու համար:
«Օ՜, այդ շատ լաւ բան մըն է, որ ես նախապէս երբեք չեմ զգացած: Ի՜նչ հիանալի միջոց է` մարդիկը ներգրաւելու, զանոնք տաղտկալի գօտիէն դուրս հանելու եւ այն զուարճալի դարձնելու»:
– Մասնակից մը
Երգելը եւ բարօրութիւնը

Լիծի համալսարանը համոզուած է, որ երաժշտութիւնը շատ դրական ազդեցութիւն կրնայ ունենալ մարդոց վրայ: Այս պատճառով համալսարանը մագիստրոսի կոչում կը տրամադրէ երաժշտութեան եւ բարօրութեան ոլորտին մէջ աւելի խոր ուսումնասիրելով` երաժշտութեամբ զբաղելու եւ առողջութեան ու երջանկութեան վրայ դրական ազդեցութիւններու միջեւ կապը: Դոկտոր Ֆրէյա Պէյլս, որ կը ղեկավարէ այս ոլորտը, կը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ այս հետազօտութիւնը այդքան կարեւոր է.
«Երբ մենք կոչ կ՛ընենք մեր ուսանողներուն` քննադատաբար մտածելու այն մասին, թէ արդեօք երաժշտութեան մէջ իսկապէս որեւէ իւրայատուկ բան մը կա՞յ բարօրութեան համար, պատասխանը կարծես թէ այն է, որ երաժշտութիւնը ունի ամէն բան: Ուրիշներու հետ երգելը կը նպաստէ դրական տրամադրութեան, գրաւիչ է, կը խթանէ յարաբերութիւնները ուրիշներու հետ, կը զգացուի որպէս իմաստալից եւ յաջողութեան ուժեղ զգացում կու տայ»:
Երգելը բոլորին համար է

«Լաւ նորութիւնը հետեւեալն է. կարեւոր չէ կարծելը, թէ կրնա՞ք համահունչ երգել, թէ՞ ոչ. առողջութեան օգուտները դեռ նոյնը կ՛ըլլան: Բոլորն ալ ձայն ունին, եւ բոլորը կրնան երգել: Այդ շատ լաւ միջոց է դուն քեզի ժամանակ տրամադրելու: Պարզապէս կարգի դրէք ձեր գործերը ու վայելեցէ՛ք շնչառութեան ֆիզիքական զգացողութիւնը եւ ձեր մարմինին հետ ձայնանիշ ստեղծելը»:
– Օ. Ռանտել, Օփերայի Հիւսիսային երգչախմբի խմբավար


