Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գիրքերո՞վ Աւելի Լաւ Է Սորվիլ, Թէ՞ Համակարգիչով

March 8, 2024
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Այն թիւր տպաւորութիւնը ստեղծուած է, որ տպագիր գիրք ընթերցողներ գրեթէ չեն մնացած: Ուսումնասիրութիւններ  սակայն կը հաստատեն, որ իրականութիւնը այդպէս չէ: Բարեբախտաբար: Այս բնաբանով «lifeandreading» կայքը  շահեկան յօդուած մը հրապարակած է:

Ն.

«Թղթային գիրքերը միշտ կը գերազանցեն
ե-գիրքերը (e-books)». ուսումնասիրութիւն

Այսօրուան աշխարհին մէջ արհեստագիտութիւնը այնքան զարգացած է, որ բառացիօրէն ընտրութեան խնդիր է, երբ խօսքը կը վերաբերի այն սարքերուն, որոնք մենք կ՛ընտրենք կարդալու կամ սորվելու համար: Օրինակ` ուսանողները կրնան նախընտրել թուային գիրքեր կարդալ իրենց համակարգիչով, մինչ միւսները դեռ կրնան ապաւինիլ հին դպրոցական ընթերցանութեան` թղթային գիրքերով:

Բայց եւ այնպէս, ասիկա ակներեւօրէն կը յառաջացնէ հարցում մը. լաւագոյնը գիրքերո՞ւ, թէ՞ համակարգիչի միջոցով սորվիլն է:

Հետեւաբար մասնագէտներ այս նիւթը կ՛ուսումնասիրեն, որպէսզի լաւ պատկերացում կազմէք սորվելու այս երկու միջոցներու մասին:

Գիրքերո՞վ, թէ՞ համակարգիչով

Գիրքերու միջոցով սորվիլը միշտ աւելի լաւ է, քանի որ ուսանողը կրնայ դիւրաւ կեդրոնանալ` առանց մտահոգուելու, որ համակարգչային որեւէ ծրագիր կրնայ իր կեդրոնացումը, ուշադրութիւնը շեղել:

Համակարգիչները անշուշտ կրնան ըլլալ դիւրին միջոց մը սորվելու համար, բայց պէտք է բարձր կարգապահութիւն ունենալ անոնց վրայ արդիւնաւէտ աշխատելու եւ չշեղուելու համար: Նաեւ պաստառներու վրայ կարդալը յարմար չէ, որովհետեւ անիկա կրնայ վնասել ձեր աչքերուն:

Այսպիսով, լաւ կ՛ըլլայ հաւասարակշռել համակարգիչի եւ տպագիր գիրքերու միջեւ: Այս ձեւով դուք կրնաք խուսափիլ ձեր աչքերու մնայուն վնասներէն:

Համակարգիչով սորվելու առաւելութիւնները

Համակարգիչները իսկապէս ունին իրենց դրական կողմերը, երբ խօսքը կը վերաբերի զանոնք գործածելուն:

Կը նշուին հետեւեալները.

Դիւրաւ անցում գիրքերու միջեւ

Պատճառներէն մէկը, թէ ինչո՛ւ համակարգիչով սորվիլը կարելի է առաւելութիւն նկատել, այն է, որ դուք դիւրաւ կրնաք քանի մը  երկվայրկեանի մէջ անցնիլ թուային մէկ գիրքէն միւսը:

Եթէ դուք տպագիր գիրքեր կ՛ուսումնասիրէք, թերեւս  անհրաժեշտ ըլլայ այցելել գրադարան` գտնելու այն, որ կը փնտռէք, եւ այս կրնայ ժամանակ խլել, յատկապէս եթէ դուք բազմազբաղ էք:

Ուսանողներու համար քննութիւններու շրջանի ծանրաբեռնուածութիւնը սովորաբար այն ժամանակն է, երբ գիրքեր շատ կը փնտռեն:

Այս ընթացքին ուսանողներու համար սովորական է ճնշուածութեան բարձր աստիճանը, որովհետեւ քննութիւնները կը մօտենան:

Հետեւաբար համակարգիչով սորվիլը կը դադրեցնէ յաճախակի այցելութիւնները գրադարան, քանի որ ուսանողները կրնան դիւրաւ ներբեռնել կամ գնել անհրաժեշտ նիւթը առցանց եւ գործածել այն:

Եթէ դուք կը սորվիք գրադարանի մը մէջ, անշուշտ աւելի ճկուն կ՛ըլլաք. ձեր տեղէն կ՛ելլէք եւ կ՛երթաք գտնելու ձեր փնտռած գիրքը:

Բայց նաեւ կարեւոր է յիշել, որ գրադարանները միշտ չէ, որ կրնան ունենալ այն, որ կը փնտռէք, բայց համացանցի կապ ունեցող համակարգիչը կրնայ դիւրաւ ուղղորդել ձեզ դէպի այն, որ ձեզի անհրաժեշտ է:

Համակարգիչով պատահական կարդալը կրնայ նաեւ յարմար ըլլալ, քանի որ անիկա կարելիութիւն կու տայ համացանցի միջոցով հետագային ուսումնասիրել իրերը:

Համացանցային որոնումներ

Համացանցը անսահման միջոց է, որ կը կապէ մեզ բոլորս եւ ունի հսկայական տեղեկատուութիւն:

Այսօրուան դաժան ճշմարտութիւններէն մէկը այն է, որ մենք ծաւալուն տեղեկատուութիւն ունինք այնտեղ, բայց մարդկութեան կը պակսի ուշադրութիւնը, որպէսզի կարենայ օգտուիլ կամ սպառել այդ ամէնը:

Արհեստագիտութիւնը շատ աւելի բարելաւուած է: Կարելիութիւնները այժմ աւելի դիւրին են, քան` նախապէս:

Տեղեկատուութիւնը հսկայական է եւ բոլորին մատչելի:

Սորվիլը գործունէութիւն մըն է, որ կրնայ օգուտ քաղել համացանցի առաջարկած հսկայական աղբիւրներէն, այդ իսկ պատճառով համացանցով սորվիլը կրնայ արդիւնաւէտ ըլլալ:

Եթէ դուք թղթային գիրքեր կ՛ուսումնասիրէք, դուք դեռ կրնաք օգտուիլ համացանցէն, եթէ ունիք համակարգիչ:

Դուք կրնաք համակարգիչով որոնումներ ընել եւ վերադառնալ ձեր գիրքերուն` գործածելով համացանցի անսահման լծակները:

Ուրեմն միշտ չէ, որ կը մտածենք սորվելու, ուսումնասիրութիւն ընելու համար թղթային գիրքերու եւ համակարգիչի միջեւ ընտրութիւն ընելու մասին:

Երբեմն դուք կրնաք գործածել երկուքն ալ:

Ճիշդ է` կան պարագաներ, երբ աւելի յարմար է գործածել միայն թղթային գիրքերը կամ համակարգիչը, բայց բազմաթիւ պարագաներու կրնայ աւելի իրատեսական եւ նպաստաւոր ըլլալ անոնք երկուքն ալ գործածելը:

Մտապատկերում (Visualization)

Համակարգիչները անսահման գործիքներ են, որոնք շատ տեսողական են: Դուք կրնաք դիւրաւ նաւարկել բնագիրներու, պատկերներու եւ տեսանիւթերու միջոցով:

Այս պատճառով է, որ համակարգիչները շատ օգտակար թուային իրեր են: Անոնք հիմնականին մէջ կը դիւրացնեն աշխատիլը:

Օրինակ, ուսումնասիրելով մտապատկերները եւ որոշ պատկերներ` անոնք կրնան շատ օգտակար ըլլալ ըմբռնման հոլովոյթին ուղեկցելու համար:

Բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, որ մարդիկ աւելի արագ կը սորվին, երբ կարողանան տեսնել, թէ ի՛նչ կը սորվին: Ուրեմն  կրնանք ենթադրել, թէ այս միջոցով սորվիլը անշուշտ ունի իր առաւելութիւնները:

Հետեւաբար համակարգիչով սորվիլը թոյլ կու տայ մուտք գործել տեսողական պատկերներու եւ տեսանիւթերու աշխարհը:

Օրինակ, համացանցի կապին շնորհիւ` դուք կ՛այցելէք  այնպիսի կայքեր, ինչպիսին է ԵուԹիւպ-ը, եւ կը կարողանաք որոնել ձեզի օգնող որեւէ տեսանիւթ:

Նման գործիքներու միջոցով ուսումը կրնայ տեղափոխուիլ միանգամայն նոր մակարդակ, ուր դուք կրնաք առցանց որոնել եւ գտնել կայքեր, ծրագրեր, որոնք կրնաք գործածել սորվելու համար` առանց ֆիզիքական շփման մէջ ըլլալու դաստիարակի կամ ուսուցիչի մը հետ:

Արհեստագիտութիւնը կրնայ փոխարինել ֆիզիքական ուսուցիչները` վրչուալներով,  որոնց մենք կրնանք միանալ որեւէ պահու:

Սորվելու համար համակարգիչէն օգտուելու անպատեհութիւնները

Ուշադրութիւնը շեղող

Համակարգիչով սորվելու ակներեւ թերութիւններէն մէկը այն է, որ այն կրնայ ձեր ուշադրութիւնը շեղել:

Պատճառը այն է, որ համակարգիչները հսկայական արհեստագիտութեամբ յագեցած գործիքներ են. այնպէս որ, դուք անպայման սահմանափակուած չէք ըլլար սորվելու համար: Այն պահուն, երբ բանաք ձեր համակարգիչը, կրնաք մտնել համացանց, դիտել տեսանիւթեր, լսել երաժշտութիւն եւ շարք մը այլ բաներ:

Նման բանը կրնայ շեղել յատկապէս 18-21 տարեկան ուսանողներու ուշադրութիւնը, որովհետեւ անոնք սովորաբար աւելի շատ կը փնտռեն եւ ժամանց կը սիրեն, քան` տարեցները:

Բայց եւ այնպէս, ոմանք կրնան բաւական կեդրոնանալ` յառաջդիմելու համար, բայց շեղումի հաւանականութիւնը բաւական մեծ է:

Գիրքերը այս առումով կրնան ըլլալ աւելի շահաւէտ եւ արդիւնաւէտ: Նոյնիսկ աւելին` այն մարդոց համար, որոնք կրնան համակարգիչը եւ տպագիր գիրքը  միասնաբար գործածել` առանց ուշադրութիւնը շեղելու:

Աչքերու համար ծանր

Պաստառի վրայ երկար ժամանակ կեդրոնացած մնալը կրնայ դժուար ըլլալ ձեր աչքերուն համար: Որոշ մարդիկ չդիմանալով` կը քնանան, եւ ասիկա շատ լաւ բան մը չէ, եթէ դուք դաս կամ քննութիւն կը սորվիք:

Պաստառէն արտադրուող լոյսը հաւանաբար կրնայ ձեզի գլխացաւ պատճառել: Կ՛ըսուի, որ պաստառները որոշ պարագաներու կրնան վնաս պատճառել աչքի մնայուն լարուածութեան պատճառով:

Անպատեհութիւնը յատկապէս կը յառաջանայ այն ժամանակ, երբ մարդ չափազանց շատ ժամանակ կ՛անցընէ պաստառին դիմաց: Լաւագոյն միջոցը ժամանակ առ ժամանակ ընդմիջումներ ընելն է, կամ սորվելու համար պաստառներու երկարատեւ օգտագործումէն խուսափիլը:

Նուազ  պաշտօնական

Համակարգիչով սորվիլը ընդհանրացած ժամանակակից միջոց է: Հին ժամանակներուն միայն թղթային գիրքերը կային:

Մարդոց մեծամասնութիւնը հետեւաբար կը դժուարանայ սորվիլ համակարգիչով, որովհետեւ զայն  լուրջ չ՛ընդունիր: Մարդոց ուշադրութիւնը կրնայ  դիւրաւ շեղիլ, եւ կրկին կը դիմեն աւանդական` թղթային գիրքերուն: Հիմնականին մէջ ասիկա կը դժուարացնէ որոշ մարդոց համար համակարգիչով սորվիլը: Բայց եւ այնպէս, մարդիկ կրնան անցում կատարել թուային ուսուցման, բայց ոմանց համար այդ կրնայ դժուար ըլլալ:

Թղթային գիրքեր կարդալու-ուսումնասիրելու առաւելութիւնները

Ոչ մէկ շեղում

Բան մը, որուն վրայ կրնաք յոյս դնել, երբ խօսքը կը վերաբերի թղթային գիրքերուն, այն է, որ ձեր ուշադրութիւնը դիւրաւ չի շեղիր: Գիրքերը կրնան օգնել ձեզի` կեդրոնացնելու ձեր ուշադրութիւնը եւ լաւ սորվելու:

Թղթային գիրքեր կարդալը, ուսումնասիրելը ամէն ինչ ընելու հին ձեւն է, եւ կայ պատճառ, թէ ինչո՛ւ այդպիսի գիրքերը կը հրատարակուին մինչեւ այսօր:

Այդ գիրքերը ձեզի կու տան համակարգիչներով կարդալու-ուսումնասիրելու իրական զգացողութիւն, դուք կը ստանաք թուային զգացողութիւն, որ այլապէս կրնայ դժուարացնել ուսման ամբողջ հոլովոյթը:

Դիւրին է աչքերուն

Թղթային գիրքեր կարդալը` ի տարբերութիւն համակարգիչով կարդալուն, շատ աւելի դիւրին, հանգիստ է աչքերու համար, որովհետեւ այդպիսի գիրքը չ՛արձակեր կապոյտ լոյս, որ կը լարէ ձեր աչքերը:

Ասիկա կը նշանակէ, որ դուք կրնաք աւելի երկար կարդալ այդ գիրքերը` առանց մտահոգուելու, որ ձեր աչքերը կը լարուին:

Թղթային գիրքերով սորվելու անպատեհութիւնները` ի տարբերութիւն համակարգիչով սորվելու

Սահմանափակ աղբիւրներ

Թղթային գիրքերու միջոցով ծանր սորվիլը կրնայ սահմանափակել ձեզ այնպէս, ինչպէս համակարգիչ մը չ՛ըներ:

Օրինակ, համակարգիչը, որ ունի համացանց, կրնայ օգնել ձեզի ուսումնասիրելու եւ գտնելու այնպիսի աղբիւրներ, որոնք կրնան նպաստել ձեր աշխատանքին:

Բայց եւ այնպէս, եթէ կ՛ընտրէք չսորվիլ համակարգիչով, ըստ էութեան կ՛անտեսէք այս աղբիւրները:

Գիրքեր գտնելը

Թղթային գիրքերու միջոցով սորվիլը կը նշանակէ գրադարան յաճախակի այցելութիւններ, որոնք կրնան անյարմար ըլլալ, եթէ ժամանակ շատ չունիք:

Սորվելու համար համակարգիչ գործածելը կը նշանակէ, որ դուք կրնաք նաեւ Կուկըլով գտնել ձեզի համար անհրաժեշտ գիրքերը` առանց ֆիզիքական գրադարան երթալու:

Եզրակացութիւն

Ընդհանրապէս համակարգիչի կամ գիրքերու միջոցով սորվիլը իսկապէս նախապատուութեան հարց է: Անոնք երկուքն ալ ունին իրենց առաւելութիւններն ու թերութիւնները:

Սորվելու աւելի լաւ միջոցը այն է, որ  կը գործէ, արդիւնաւէտ է ձեզի համար:

Համակարգիչները կ՛առաջարկեն համացանցի մատչելիութիւն, մինչ թղթային  գիրքերը աւելի նուազ կը շեղեն ձեր ուշադրութիւնը:

Ընտրութիւնը ձերն է:

Նախորդը

Խաչիկ Թէօլէօլեան Եւ Սփիւռքագիտութիւնը (Բ.)

Յաջորդը

Մարտ 8-ը` Կանանց Միջազգային Օր

RelatedPosts

Ամերիկեան Ափը Մերժեց, Որ Ափրիկեան Մշակոյթը Մեռնի
Մշակութային եւ Այլազան

Ամերիկեան Ափը Մերժեց, Որ Ափրիկեան Մշակոյթը Մեռնի

October 16, 2026
Արհեստական Բանականութիւնը Զսպելը Հրատապ Դարձած Է
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութիւնը Զսպելը Հրատապ Դարձած Է

October 9, 2026
Պատերազմները Դադրեցնել, Փրկել Գետերը
Մշակութային եւ Այլազան

Պատերազմները Դադրեցնել, Փրկել Գետերը

September 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.