Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զուարճալի Ինչե՜ր Կը Պատմեն Մարդիկ

Դեկտեմբեր 8, 2023
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Ամէն ոք ունեցած է զուարճալի, անհաւանական կամ երբեմն նոյնիսկ սարսափելի փորձառութիւններ: Կը ներկայացնենք հասարակական ցանցերէ քաղուած «փունջ» մը` նախ ճամբորդական, ապա այլազան պատմութիւններու:

Ն.

… Ես մնացի Միացեալ Նահանգներու իսկապէս գեղեցիկ պանդոկի մը մէջ: Վերջին առաւօտեան, մեկնելէ առաջ որոշեցի արագ լոգնալ մինչեւ օդակայան երթալս: Ես սկսայ ծորակին բռնակը դարձնել հաւանաբար հակառակ ուղղութեամբ: Ես կը շարունակէի այդ ընել, բայց ջուր չկար: Յանկարծ բռնակը մնաց ձեռքիս մէջ կտոր մը խողովակի հետ, որուն ամրացուած էր: Ճիշդ այդ վայրկեանին պատէն սկսաւ հոսիլ ջուրի շատրուանը, քանի որ այն ուղղակի կապուած էր պանդոկի հիմնական ջրամատակարարման:

Ես ցնցուած էի եւ փորձեցի տեղը ամրացնել բռնակը, բայց անշուշտ չյաջողեցայ: Մնացի ջուրին մէջ, որ  արդէն կը հոսէր դէպի սենեակ: Ես առի առաջին սրբիչը, որ տեսայ, եւ վազեցի օգնութիւն փնտռելու: Կը յիշէ՞ք Միսթըր Պինը: Գոնէ սրբիչ ունէի…  Բարեբախտաբար վեց սենեակ անդին սպասուհին կար, բայց ցաւօք, ան անգլերէն չէր գիտեր… Ես բռնեցի անոր ձեռքը եւ քաշեցի դէպի իմ սենեակս, երբ ան տեսաւ տեսարանը, վազեց օգնութիւն խնդրելու: Մինչ զանազան աշխատողներ կը վազվզէին եւ կը փորձէին գտնել մէկը, որ գիտէ, թէ ինչպէ՛ս ջուրը անջատել նկուղին մէջէն (ի հարկէ, ոչ ոք հաւատաց պատմութեանս մինչեւ սենեակ չեկաւ եւ չտեսաւ), ես կը շարունակէի կանգնիլ այնտեղ` իմ սրբիչովս, մինչեւ որ գլխաւոր սպասուհիներէն մէկը բացաւ միւս սենեակը եւ առաջարկեց աւարտել լոգանքս (շնորհակալութիւն, բաւական էր): Որպէս փոխհատուցում` անոնք ինծի անվճար նախաճաշ առաջարկեցին, բայց քանի որ արդէն շատ ուշացած էի, գացի օդակայան: Ինչու ախորժա՞կ մնացած էր:

* * *

… Ընկերս կ՛ապրէր Վիեթնամի մէջ, եւ ես որոշեցի այցելել անոր երկու օրով: Կը կարծէի, որ պիտի մնանք անոր տունը եւ շատ պիտի  չհեռանանք քաղաքէն, բայց ի վերջոյ որոշեցինք արշաւի երթալ: Ես հետս պատշաճ հագուստ չունէի, միայն` քանի մը շորթեր եւ սովորական կօշիկներ, իսկ ան նոյնպէս չունէր, բայց եւ այնպէս գացինք: Մենք անցանք բաւական խիտ անտառներէ, քիչ մը քերեցինք մեր մաշկը, բայց ուրախացանք, որ այստեղ սողուններ չեն ապրիր: Մենք վերջապէս հասանք գագաթ եւ այնտեղ հանդիպեցանք տեղացի տղու մը: Չեմ գիտեր` ինչո՞ւ, բայց մենք անոր հարցուցինք, թէ իր տարածքին մէջ օձ կա՞յ: Ան պայթեցաւ խնդալէն եւ ըսաւ. «Հոս կը կոչուի Օձի լեռ»: Մենք իսկապէս նայեցանք, թէ ո՛ւր դրած ենք մեր ոտքերը…

Նոյն ճամբորդութեան ատեն մենք որոշեցինք ուղեկցորդի մը հետ այցելել այլ քաղաք մը: Պահ մը ես հարցուցի անոր, թէ արդեօք մալարիա կա՞յ, քանի որ մենք այլ տարածք կ՛երթայինք: Ան ժպտաց եւ ըսաւ` «Խնդիր չկայ»: Միայն առաջին կառոյցը, որ մենք տեսանք միւս քաղաքին մէջ, հսկայ ցուցանակն էր` «Մալարիայի հիւանդանոց»…

* * *

Ես կ՛այցելէի Վինալես, Քուպա: Շրջագայութեան վերջաւորութեան ժամանակ ունեցանք լողալու ջրվէժին մօտ: Տաք օր էր, ես մտածեցի, որ իսկապէս հաճելի կ՛ըլլայ լողալ: Ներս մտնելը դիւրին էր, պարզապէս պէտք էր ցատկել, բայց դուրս գալը աւելի բարդ էր, քանի որ ստիպուած էիր բարձրանալ դէպի քարքարոտ ափը: Կ՛ուզէի բարձրանալ ու ոտքերս տեղադրել քարերէն մեկուն վրայ, երբ բան մը խայթեց զիս: Ես սկսայ իսկապէս բարձր ճչալ: Քովս կանգնած էր քուպացի տղամարդ մը, որ մազոտ կուրծք ունէր, շուրջինները կարծեցին, թէ ան զիս կ՛անհանգստացնէր, մինչ ան սարսափը դէմքին` անշարժ կանգնած էր հոն, իսկ ես կը շարունակէի պոռալ:

Ես խուճապի մատնուած` լողացի դէպի ափին միւս կողմը եւ կ՛ուզէի դուրս գալ այնտեղէն: Անիկա աւելի կանաչ էր, ծածկուած` խոտերով: Բայց երբ լողացի, բան մը շարժեցաւ այնտեղ: Պարզուեցաւ, որ այդ մողէզ էր, ես այնքան վախցայ, որ սկիզբը չկրցայ դուրս գալ: Վերջապէս ձեւով մը ջուրէն ելայ եւ ոտքիս վրայ նշմարեցի խայթոցի երկու հետքեր, որոնք կ՛արիւնէին: Ներկաներէն մէկը ըսաւ, որ ջրային օձեր չկան, եւ անիկա պէտք է որ բոյնը պաշտպանող ձուկ մը ըլլայ: Ան քիչ մը ռոմ լեցուց ոտքիս վրայ: Ես սկսայ լաւանալ, բայց իսկապէս կը վախնայի:

* * *

Խորհրդային  Միութեան ժամանակ էր, որ ես Մոսկուայէն Քոփենհակըն կը ճամբորդէի: Օդակայանին մէջ շուրջ 24 ժամ անցընելէ ետք, ես վերջապէս նստայ օդանաւ եւ անմիջապէս քնացայ: Երբ արթնցայ, յանկարծ նկատեցի, որ ոտքերս փակած են յատակին: Իմ առջեւս գտնուող կինը ունէր մեղրի մեծ շիշ մը, որ շրջուած էր եւ պարունակութիւնը թափած էր յատակին: Ան նոյնպէս քնացած էր եւ գաղափար չունէր իր շուրջը եղած խառնաշփոթի մասին: Օգնելու փութացողներէն մէկն ալ երեսին վրայ սահեցաւ, ինկաւ եւ կարծեմ համտեսեց մեղրը, մինչ կինը խոր քունի մէջ էր:

* * *

Ես կը վերադառնայի տուն, երբ Ֆրանքֆորթի օդակայանի անվտանգութեան աշխատակիցը հարցուց. «Ձեր պայուսակին մէջ զէնք կա՞յ»: Յետոյ անմիջապէս ըսաւ. « Օ՜, դուն ամերիկացի ես, կրնաս ստանալ այն բոլորը, որոնք կ՛ուզես ունենալ տանդ մէջ»:

* * *

Կուանկզուի մէջ (Չինաստան)  ես աշխատանքային ընթրիք մը ունէի եւ շատ ծարաւ էի, այնպէս որ, երբ թէյը հասաւ, ես անմիջապէս լեցուցի: Քանի որ սեղանը ամբողջութեամբ մատուցուած էր, ես պարզապէս առի այն ամաններէն մէկը, որ նման էր այն թէյի ամաններուն, որոնք նախկին անգամ տեսած էի այլ ճաշարաններու մէջ եւ խմեցի անով: Չինացիներէն ոմանք նայեցան ինծի, բայց ոչինչ ըսին: Աւելի ուշ հարցուցի իմ ամերիկացի ընկերուհիիս, որ երկար տարիներ ապրած է Չինաստանի մէջ, ան ըսաւ, որ ես թէյ խմած եմ ապուրի ամանէն եւ ապուր` թէյի գաւաթէն:

* * *

Ես յղութեան ժամանակ գործուղուած էի Միացեալ նահանգներ: Քանի որ ես անընդհատ կ՛անօթենայի, ինծի հետ քանի մը նրբերշիկ (sausage) ունէի: Երբ ես հասայ պայուսակներու ստուգման գօտի, գեղեցիկ շուն մը մօտեցաւ ինծի եւ սկսաւ շարժել պոչը: Պարզ է, այդ ազդանշան է: Մաքսաւորը մօտեցաւ ինծի եւ գրաւեց մնացած նրբերշիկները: Ես բախտաւոր էի, որ ստիպուած չէի տուգանք վճարել: Արդեօք շունը կերա՞ւ …

* * *

Ես Միացեալ Նահանգներու վրայով կը ճամբորդէի Քոսթա Ռիքայէն եւ քիչ մնացած էր փորձանքի մէջ յայտնուէի: Մենք յայտարարագրած էինք մեր ունեցածները, բայց բոլորովին մոռցած էինք մանտարիններու մասին, որոնք վերջերս գնեցինք եւ ուսապարկին մէջ զետեղեցինք: Անոնք սկսան ստուգել մեր պայուսակները եւ գտան երկու մանտարինները, որոնց վրայ քիչ մը աւազ կար, եւ անմիջապէս ամբողջ տարածքին յայտարարուեցաւ, որ փտած միրգ յայտնաբերուած է: Ամբողջ խումբ մը եկաւ եւ զանոնք դրաւ յատուկ տոպրակի մը մէջ, եւ ոչ ոք կը լսէր, որ այդ պարզապէս աւազ է անոնց վրայ: Բարեբախտաբար մենք անոր համար ոչ մէկ տուգանք վճարեցինք:

 

Մենք Կուանկզուի տաճար կ՛այցելէինք, երբ երիտասարդ աղջիկ մը մօտեցաւ ինծի եւ խնդրեց միասին նկարուիլ: Քանի որ ես իսկապէս բարձրահասակ էի, կանգնած էի աստիճաններու վրայ իրմէ մէկ քայլ ցած, եւ ան մօտեցաւ ինծի: Յանկարծ ես հասկցայ, որ կու գայ զիս համբուրելու: Բնազդական շարժումով մը ետ քաշուեցայ եւ ինկայ, աղջիկն ալ վրաս: Կարծեմ աղջիկը համբուրուելէն այնքան գոհ պիտի չմնար, որքան այս անկումէն:

* * *

Հանրակառքով կը ճամբորդէինք Իտալիոյ մէջ եւ 40 աստիճան տաքութեամբ օրուան մը աւարտին շատ կ՛ուզէինք լոգնալ: Երբ մենք սենեակ մտանք, իմ սենեկակիցս բաղնիք մտաւ եւ շուտով ըսաւ, որ լոյսը չի վառիր: Ես իջայ ընդունարան, տեղեկացուցի, տարեց իտալացի պարոններ պարզապէս ըսին` «Uno momento!»: Ես վերադարձայ սենեակ եւ տեսայ, որ իմ սենեկակիցս որոշած է լոգնալ մութին մէջ: Ես դրան ճեղքէն ըսի անոր, որ տղան շուտով կու գայ նորոգելու: Ես դեռ չէի աւարտած ըսելիքս, երբ տղան յայտնուեցաւ գործիքներու տուփը ձեռքին: Հիմա իմ կարգս էր ըսել` «Uno momento!» եւ կենալ բաղնիքին դրան առջեւ, քանի որ իմ սենեկակիցս մերկ էր ցնցուղին տակ: Քիչ ետք ան դուրս եկաւ` ծածկուած սրբիչով, եւ տղան մտաւ բաղնիք: Ան նոյնիսկ չնայեցաւ մեր փորձած կոճակին, այլ պարզապէս գնաց բաղնիքին միւս կողմը, ուր կը գտնուէր կոճակը եւ վառեց լոյսը: Մեկնած պահուն մեզի նայեցաւ տարակուսանքով, կարծես միտքէն կ՛ըսէր` «Uno momento, ապուշնե՛ր»:

* * *

Ես Մոսկուայի Շերեմետեւօ օդակայանը կը գտնուէի ճամբորդելու համար Քորէա: Ես անցագիրս տուի սահմանապահին, որ անմիջապէս ետ շպրտեց վրաս եւ պոռաց. «Այլեւս երբեք, երբեք մի՛ ըներ»: Պարզուեցաւ` անոր հաճելի չի թուիր, որ անցագրիս պատեան դրած եմ… Ետքը անցայ անվտանգութեան հսկողութենէն եւ տեսայ, որ մարդիկ կը հանեն իրենց կօշիկները: Պատասխանատու կնոջը հարցուցի` ես ալ կօշիկս հանե՞մ, որուն ի պատասխան` պոռաց. «Երբ կրունկներ կը հագնիս, այն ժամանակ կրնաս կօշիկներդ հանել»:

Եւ երբ ես անցայ սքանըրի մէջէն եւ գացի առնելու իմ ապրանքներս, նկատեցի, որ այդ սարքին վրայ  նայող կինը իրականութեան մէջ չի ստուգեր: Փոխարէնը` ան պարզապէս կը զբաղէր իր բջիջայինով, ակներեւ զրոյցի մէջ էր հասարակական ցանցերու վրայ: Ըստ երեւոյթին, բաւական լաւ պաշտպանուած ենք…

* * *

Քանի մը տարի առաջ ես կը ճամբորդէի օդանաւով`  Համպուրկէն Ռիկա, անցնելով Քոփենհակընէն: Թռիչքս յետաձգուեցաւ, եւ երբ ես վազեցի դեպի դարպասը յաջորդ թռիչքին համար, այն արդէն մեկնած էր: Ես գացի գրասենեակ, ուր ինծի ըսին, որ պէտք է վերադառնամ Համպուրկ, քանի որ այնտեղէն ուղղակի թռիչք  կար դէպի Ռիկա: Ես նստայ օդանաւ, վերադարձայ Համպուրկ, ուր  բացայայտեցի, որ մենք կրկին ուշացած ենք, եւ օդանաւը մեկնած է: Ես գացի Համպուրկի օդակայանի գրասենեակ, ուր անոնք ինծի տոմս մը տուին կրկին դէպի… Քոփենհակըն: Ես հոն եւս չհասայ օդանաւի թռիչքին: Քանի որ այնտեղէն այլեւս թռիչք չկար դէպի Ռիկա, եւ այդ օրը տուն վերադառնալու համար գրեթէ այլ տարբերակներ չկային, ես կրկին … ստիպուած էի թռչիլ Համպուրկ, ուրկէ մեկնեցայ Հելսինքի եւ Ռիկա: Ի վերջոյ, ես ամբողջ օրը անցուցի օդին մէջ :

* * *

Ես պէտք էր ստանայի քանի մը փաստաթուղթ, որոնք ստորագրուած էին Քորէայի մէջ: Ես ունէի ամբողջ թղթապանակ մը` փաստաթուղթերով, գունաւոր կպչուն արձանագրութիւններով, ուր նշուած էր, թէ ո՛վ ուր պէտք է ստորագրէ: Ստորագրութիւններ ստանալը դիւրին չէր, ուրեմն ստիպուած էի քանի մը անգամ խնդրել գործընկերէս օգնել: Երբ ան տեսաւ զիս թղթապանակով 3-րդ օրը, տակաւին կը վազվզէի ամէն բան կարգաւորելու համար, ըսաւ. «Դուն բաւական կազմակերպուած ես եւրոպացիի համար»: Երբ ես հարցուցի, թէ ի՞նչ նկատի ունէր, պարզուեցաւ, որ ան կը հեգնէր եւ անկազմակերպ ըլլալս կը նշէր, մինչ ես քրտինք ջուրերու մէջ էի…

* * *

Իմ ընկերուհիս յղի էր իր երկրորդ երեխայով: Անոր երեքամեայ տղան մնացած էր մեծ մօրը քով, երբ ընկերուհիս հիւանդանոցն էր: Ծննդաբերութենէն ետք տուն վերադառնալով` անոր ցոյց կու տան նորածին քոյրը: Երկու ժամ դիտելէ ետք տղեկը կը հարցնէ. «Ուրեմն որո՞ւ երեխան է: Ծնողները պիտի գա՞ն զայն տանելու, թէ՞ ինչ»:

* * *

Աղջիկս հեքիաթներու սիրահար չէ: Ան չափազանց անիրական կը նկատէ զանոնք: Ամուսինս, փորձելով ապացուցել, որ ան սխալ է, քնանալէ առաջ անոր կը կարդայ Կրիմ եղբայրներու հեքիաթները: Անգամ մը ես լսեցի, որ ամուսինս կ՛ըսէր. «Եւ աղաւնիները դուրս հանեցին չար քոյրերու աչքերը…»: Գրեթէ կորսնցնելով գիտակցութիւնս` մտածեցի, թէ որքա՛ն պիտի վճարեմ հոգեբուժին, որպէսզի օգնեմ իմ աղջկանս, եւ ինչպէ՛ս պիտի սպաննեմ ամուսինս: Ես խուժեցի սենեակ, փորձելով` որքան կարելի է շուտ դադրեցնել այս պատմութիւնը, եւ տեսայ, որ  աղջիկս անկողինին մէջ նստած` քմծիծաղով կ՛ըսէ. «Հիմա այս է հեքիաթը` բաւական անիրական»:

* * *

Ես եւ ամուսինս պիտի ճամբորդէինք, ուրեմն մեր չորսամեայ տղեկը երկու շաբաթով ձգեցինք մօրս տունը: Երբ մենք վերադարձանք, ան մեզի ըսաւ. «Վերջապէս դուն վերադարձար: Ես այդքան մօտ էի փախչելուն: Ես երբեք չեմ հանդիպած նման կնոջ մը իմ ամբողջ կեանքիս մէջ»: Կարծեմ ամուսինս անոր հետ  համաձայն է այդ հարցին մէջ:

* * *

Աղջիկս չորս տարեկան է եւ ան մանկապարտէզ կը յաճախէ: Ես եկայ զայն տուն տանելու եւ հարցուցի. «Պատրա՞ստ ես»: Ան պատասխանեց. «Վայրկեան մը, մայրի՛կ: Ես պէտք է երկու վայրկեան նայիմ Մայքին: Ես զայն չեմ տեսներ մինչեւ վաղը»: Եթէ այդ սէր չէ, հապա ի՞նչ է:

* * *

Երեխաները կը հաւատան Կաղանդ պապային մինչեւ որոշ տարիք մը: Ուշ  կամ կանուխ անոնք կը սկսին կասկածիլ, թէ արդեօք ան իսկապէս գոյութիւն ունի՞: Աղջիկս նոր դարձած է ութ տարեկան: Վերջերս ան հարցուց. «Լա՛ւ, մայրի՛կ… բայց ո՞վ կը գնէ այդ բոլոր նուէրները եւ կը դնէ ծառին տակ»: Փորձելով ստիպել անոր հաւատալ հրաշքի` ես պատասխանեցի. «Բարձրագոյն ուժ»: Ան պատասխանեց. «Ուրեմն հայրիկը, հա՞»:

 

Նախորդը

Տեսակէտ. Կեղծիքներից Մաքրուելու Ժամանակը Ե՞րբ Է Գալու, Կամ Արդեօ՞ք Ցանկութիւն Ունենք Մաքրուելու…

Յաջորդը

Սպիտակ Քաղաք

RelatedPosts

Մի՛ Հաւատաք, Որ Միացեալ Նահանգներ, Յատկապէս` Տանըլտ Թրամփի Օրօք, Ձեւով Մը Կը Փրկեն Ձեզ Ձեր Դրացիներէն
Մշակութային եւ Այլազան

Մի՛ Հաւատաք, Որ Միացեալ Նահանգներ, Յատկապէս` Տանըլտ Թրամփի Օրօք, Ձեւով Մը Կը Փրկեն Ձեզ Ձեր Դրացիներէն

Օգոստոս 15, 2025
Լիբանանի Ողբերգական Ժամանակաշրջանը Բնորոշող Երաժիշտ Զիատ Ռահպանին Մահացած Է 69 Տարեկանին
Մշակութային եւ Այլազան

Լիբանանի Ողբերգական Ժամանակաշրջանը Բնորոշող Երաժիշտ Զիատ Ռահպանին Մահացած Է 69 Տարեկանին

Օգոստոս 8, 2025
Ազրպէյճանը Մտածեց, Որ Կը Յաջողի Գնել Արեւմուտքը, Եւ Արեւմուտքը Աչք Կը Փակէ Արցախի Վրայ
Մշակութային եւ Այլազան

Ազրպէյճանը Մտածեց, Որ Կը Յաջողի Գնել Արեւմուտքը, Եւ Արեւմուտքը Աչք Կը Փակէ Արցախի Վրայ

Օգոստոս 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?