Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գործիչներու Խումբերը Բաց Նամակով Մը Կը Զգուշացնեն, Որ ԱԲ-ն Կրնայ Լուրջ Վտանգ Ներկայացնել Աշխարհի Համար

Փետրուար 23, 2024
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ 

«Երէցներ եւ կեանքի ապագայ» հիմնարկի գործիչներու  խումբերը խիստ զգուշացում արձանագրած են, որ ԱԲ-ն կրնայ լուրջ վտանգ ներկայացնել աշխարհի համար:

Բաց նամակին մէջ երկու խումբեր կը պնդէին, որ ԱԲ-ի վտանգները, որոնք կրնան յառաջանալ մարդկութեան համար, տակաւին անյայտ են եւ կրնան սրել այլ վտանգող հարցեր, ինչպիսիք են կլիմայական ճգնաժամը:

Բացի անկէ` նամակը խորհուրդ կու տայ համաշխարհային առաջնորդներուն երկարատեւ դիտարկում կատարել ԱԲ-ի եւ կորիզային զէնքի վերաբերեալ:

«Տարուան մը ընթացքին, երբ աշխարհի չափահաս բնակչութեան կէսը կանգնած է ընտրութիւններու դիմաց, մենք կոչ կ՛ընենք բոլոր անոնց, որոնք կը ձգտին պաշտօնավարել, նոր համարձակ մօտեցում ցուցաբերելու,- կ՛ըսուի նամակին մէջ:- Մեզի անհրաժեշտ է երկարատեւ առաջնորդութիւն` որոշում տուողներէն, որոնք կը հասկնան մեր առջեւ դրուած գոյութենական սպառնալիքներու հրատապութիւնը»:

Նամակին մէջ քաղաքական առաջնորդներուն խորհուրդ կը տրուի տալ որոշումներ, որոնք օգուտ կը բերեն ապագայ սերունդներուն, այլ ոչ թէ` քաղաքականութիւն մշակելու, որ կը ծառայէ միայն կարճատեւ քաղաքական շրջանակներուն:

«Հեռատես ղեկավարութիւն` կը նշանակէ վճռակամութիւն ցուցաբերել լուծելու անլուծելի խնդիրները, ոչ միայն զանոնք կառավարելու համար: Առաջնորդները պէտք է բարոյական ուժ ունենան լուծելու ինչպէս ընթացիկ մտահոգութիւնները, այնպէս ալ երկարաժամկէտ վտանգները` յաճախ սեփական շահերու հաշուոյն», կ՛աւելցնեն գործիչները:

Նամակը ստորագրողներու շարքին է Ջ. Ռոպերթ Օփընհայմըրի թոռը` Չարլզ Օփընհայմըր, որ հիմնադրած է Oppenheimer Project-ը, կազմակերպութիւն մը, որ կը զբաղի արհեստագիտութիւններու անվտանգ զարգացումով:

Կեանքի ապագայի հիմնարկը բազմաթիւ նամակներ գրած է ԱԲ-ի բարոյագիտութեան եւ անվտանգութեան վերաբերեալ, այդ շարքին կոչ մը` դադրեցնելու լայնածաւալ ԱԲ նախագիծները:

Ըստ վերլուծական ընկերութեան կանխատեսումներուն, մինչեւ 2030 թուական ԱԲ-ն ամբողջ աշխարհի մէջ պիտի արժէ աւելի քան 909 միլիառ տոլար:

Քանի որ ԱԲ-ն կը դառնայ ամէնուր` աշխատավայրի մէջ եւ առցանց, անհրաժեշտ կ՛ըլլայ համաշխարհային կանոնակարգում` ապահովելու համար, որ անիկա կը գործածուի բարոյագիտական կարգով:

ԱԲ–ն Կրնա՞յ Հասկնալ Զգացումները

Երբ 1956 թուականին Ճոն Մաքքարթին եւ Մարվըն Մինսքին հիմնեցին ԱԲ-ն, անոնք զարմացան, թէ ինչպէ՛ս մեքենան կրնայ մարդոցմէ աւելի արագ լուծել անհաւանական դժուար հանելուկներ:

Բայց եւ այնպէս, կը պարզուի, որ ԱԲ-ին սորվեցնելը ճատրակի մրցումին մէջ յաղթել, բաւական դիւրին է:

Այն, որ կը յառաջացնէ մարտահրաւէր, կ՛ըլլայ մեքենային սորվեցնել, թէ ի՛նչ են զգացումները եւ ինչպէ՛ս անոնք կրկնօրինակել:

«Մենք հիմա ընդունած ենք ԱԲ-ն 60 տարի ետք, որ այն բաները, որոնք սկիզբը դիւրին կը նկատէինք, իրականութեան մէջ շատ դժուար են, եւ այն, որ մենք դժուար կը նկատէինք, ինչպէս` ճատրակ խաղալը, շատ դիւրին է»,  կ՛ըսեն մասնագէտներ:

Ընկերային եւ յուզական ԱԲ-ն գրեթէ ինքնաբերաբար կու գայ մարդոց. մենք կ՛արձագանգենք բնազդով: Թէեւ մեզմէ ոմանք աւելի ընկալունակ են, քան միւսները, սակայն, մենք դիւրաւ կրնանք մեկնաբանել մեր շրջապատի յոյզերն ու զգացումները:

Այս մակարդակի ուսումնասիրութիւնը, որով մենք մասամբ ծնած եւ մասամբ սորված ենք, մեզի կը յուշէ, թէ ինչպէ՛ս վարուիլ որոշ պարագաներու: Այսպիսով, կարելի՞ է այս մեքենայական ըմբռնումը սորվեցնել մեքենային:

Յուզական ԱԲ

Թէեւ անունը կրնայ ձեզ շեղել, յուզական ԱԲ-ն չի վերաբերիր լացող համակարգիչին, որ վատ շաբաթ մը ունեցած է: Յուզական ԱԲ-ն սկիզբ կ՛առնէ 1995 թուականէն եւ կը վերաբերի ԱԲ ճիւղին, որուն նպատակն է մշակել, հասկնալ եւ նոյնիսկ վերարտադրել մարդկային զգացումները:

Արհեստագիտութիւնը նպատակ ունի բարելաւել մարդու եւ մեքենայի բնական հաղորդակցութիւնը` ստեղծելու ԱԲ, որ կը հաղորդակցի աւելի իսկական ձեւով: Եթէ ԱԲ-ն կրնայ ձեռք բերել յուզական բանականութիւն, թերեւս անիկա կրնայ նաեւ կրկնօրինակել այդ զգացումները:

«Ինչպէ՞ս կրնայ մեքենան արդիւնաւէտօրէն փոխանցել տեղեկատուութիւն, եթէ չի գիտեր ձեր զգացական վիճակը, եթէ չի գիտեր, թէ ի՛նչ կը զգաք, չի գիտեր, թէ ինչպէ՛ս պիտի արձագանգէք բովանդակութեան մը», ըսաւ համակարգչային ոլորտի մասնագէտ Խ. Էռնանտես:

2009 թուականին Ռանա էլ Կալիուպին եւ Փիկարտ հիմնեցին Affectiva-ն` Յուզական ԱԲ ընկերութիւնը, որ մասնագիտացած է ինքնագործ ԱԲ-ի եւ գովազդային ուսումնասիրութիւններու մէջ : Յաճախորդի համաձայնութեամբ տեսախցիկը կը նկարահանէ անոնց արձագանգները գովազդ դիտելու ատեն: Գործածելով «Multimodal Emotion» ԱԲ-ն, որ կը վերլուծէ դէմքի արտայայտութիւնը, խօսքը եւ մարմնի լեզուն, անոնք կրնան ամբողջական պատկերացում կազմել անհատի տրամադրութեան մասին:

Անոնց 90 առ հարիւրին ճշգրտութեան մակարդակները 87 երկիրներու 6 միլիոն դէմքերու տարբեր քննութիւններու շնորհիւ է: Տարբեր տուեալներու հաւաքածոյէն ԱԲ-ն կը սորվի, որ մարմինի լեզուի եւ խօսքի ձեւերու չափորոշիչները կը համընկնին տարբեր յոյզերու եւ միտքերու:

Ինչպէս մարդոց պարագային, մեքենաները եւս կրնան աւելի ճշգրիտ պատկերացում կազմել մեր յոյզերու մասին տեսանիւթէն եւ խօսքէն, քան` պարզապէս գրութենէն:

Զգացումի վերլուծում  կամ  կարծիքի արդիւնահանում

Զգացումներու վերլուծումը կամ կարծիքի արդիւնահանումը, բացայայտման եւ դասակարգման հոլովոյթն է` որոշելու մարդոց վերաբերմունքը նիւթին նկատմամբ:

Գործածման այս պարագան կրնայ կիրարկուիլ բազմաթիւ ոլորտներու մէջ, ինչպիսիք են Think tanks, Call Centers, Telemedicine, Sales եւ Advertising` հաղորդակցութիւնը յաջորդ մակարդակի հասցնելու համար:

Թէեւ ԱԲ-ն կրնայ մեր ըսածները դասակարգել դրական կամ բացասական արկղներու մէջ, սակայն արդեօ՞ք անիկա իսկապէս կը հասկնայ, թէ ինչպէ՛ս մենք կը զգանք կամ ստորեւ գտնուող ենթաթեքստը: Նոյնիսկ որպէս մարդիկ` մենք չենք նշմարեր մշակութային ակնարկութիւնները, հեգնանքը եւ լեզուի նրբերանգը, որոնք ամբողջովին կը փոխեն իմաստը եւ հետեւաբար` ցուցադրուող զգացումները:

Երբեմն անոնք այն բաներն են, որոնք մեզմէ կը վրիպին, եւ որոնք կրնան նոյնպէս պարունակել մեր զգացածը: ԱԲ-ն բաւարար չափով բարդ չէ այս տողատակը հասկնալու համար, եւ շատեր կը կասկածին, թէ արդեօ՞ք ան երբեւէ կը հասկնայ:

Կրնա՞յ ԱԲ-ն զգացումներ ցոյց տալ

Մարդկային զգացումները նմանակելու ունակութիւնը այս հարթակներուն եւ ծառայութիւններուն կու տայ աւելի իսկականութիւն: Բայց արդեօ՞ք այս իրական զգացումներու դրսեւորում է:

ԱԲ-ի եւ հոգեբանութեան մասնագէտները կ՛ըսեն, որ ԱԲ-ի ներկայի ձեւերը չեն կրնար ունենալ իրենց սեփական զգացումները, բայց կրնան նմանակել զգացումներ, օրինակ` համակրական հասկացողութիւնը: Համադրական խօսքը նոյնպէս կ՛օգնէ նուազեցնել մարդամեքենայի նմանող ձայնական արտաբերումը: Այս ծառայութիւններէն շատեր կը գործեն եւ աւելի իրատես զգացումներ կը հաղորդեն: Կուկըլի Tacotron 2-ը կը փոխակերպէ դաշտը` նմանակելու մարդանման արհեստական ձայները:

Այսպիսով, եթէ մեքենաները, բազմաթիւ պարագաներու, կրնան հասկնալ, թէ մենք ի՛նչ կը զգանք եւ արտադրել օգտակար, նոյնիսկ «հոգատար» արձագանգ, արդեօ՞ք անոնք զգացական բանականութիւն ունին: Այս ոլորտին մէջ շատ բանավէճեր կան. զգացումներու ձեւացումը իրական հասկացողութի՞ւն ցոյց կու տայ, թէ՞ տակաւին արհեստական է:

Մասնագէտները կը կասկածին, թէ արդեօք մեքենան իսկապէս «կը հասկնա՞յ» իրենց հաղորդած պատգամը, եւ հետեւաբար ձեւացումը չ՛արտացոլացներ, որ մեքենան իրականութեան մէջ  զգացական բանականութիւն ունի:

Արհեստական ընդհանուր բանականութիւն

Արհեստական ընդհանուր բանականութեան զարգացումը, որ ունի աւելի խոր ընկալման մակարդակ, այն է, թէ որքան մասնագէտներ կը խորհին, որ մեքենաները կրնան օր մը զգալ այնպէս, ինչպէս մենք:

Երբ մենք կը խօսինք յուզական եւ հասարակական բանականութեան մասին, բանականութեան այն ձեւերը, որոնք պարտադիր կապուած չեն նպատակի մը, անոնք կը պատկանին արհեստական ընդհանուր բանականութեան, որուն նպատակն է կրկնօրինակել մեր որակները, որոնք մեզի կը թուին ինքնագործ, ինքնաբուխ: Անոնք կապուած չեն վերջնական նպատակի մը,  մենք անոնք կ՛ընենք միայն այն պատճառով, որ կ՛ընենք:

Եզրակացութիւն

Մենք դեռ շատ տարիներ ետ կը մնանք ունենալէ Արհեստական Ընդհանուր Բանականութիւն (Artificial General Intelligence), որ կրնայ վերարտադրել մեր բոլոր գործողութիւնները, յատկապէս` այն յատկանիշերը, ինչպիսիք են զգացումները, որոնք մենք ամէնէն շատ մարդկային կը նկատենք:

Զգացումները ի սկզբանէ դժուար է կարդալ: Յաճախ մարդիկ իրենց իսկական զգացածը չեն ըսեր: Մեքենայ մը կրնայ բնաւ չհասնիլ հասկացողութեան այս մակարդակին, բայց ո՞վ պիտի ըսէ, թէ ինչպէ՛ս մենք կը մշակենք զգացումները: Մենք իրարու զգացումները ընդհանրապէս կը մեկնաբանենք նախապաշարումով եւ կարծիքներով. այնպէս որ, թերեւս ԱԲ-ն կրնայ օգնել մեզի` անմիջապէս հասնելու ճիշդ կէտին, երբ խօսքը կը վերաբերի մեր զգացումներուն:

Արդեօ՞ք Արհեստական Բանականութիւնը
Երբեւէ Կը Զգայ Մարդկային Ապրումները

Մենք նախ պէտք է յաջողութեամբ հասկնանք, թէ ինչպէ՛ս կը ստեղծուի մեր գիտակցութիւնը` նախքան արհեստական բանականութեան (ԱԲ) համար զայն մշակելը:

2022 թուականի նոյեմբերին ChatGPT-ի գործարկումէն ետք ԱԲ-ն մնայուն կ՛արժանանայ լրատուամիջոցներու ուշադրութեան:

Այսօր բազմաթիւ ընկերութիւններ կը գործածեն շարք մը ԱԲ արհեստագիտութիւններ` ծախսերը նուազեցնելու, գործառնութիւններու արդիւնաւէտութիւնը բարձրացնելու, յաճախորդներու համար աւելի լաւ փորձառութիւններ ստեղծելու համար եւ այլն:

Բայց եւ այնպէս, եթէ պէտք է հաւատալ վերջին պատմութիւններուն, անոր վիճակուած է դառնալ մեր կեանքի աւելի մեծ մասը:

2023 յունիսի սկիզբը պատմութիւն մը յայտնուեցաւ Միացեալ Նահանգներու կնոջ մը մասին, որ ամուսնացաւ իր ԱԲ-չաթփոթ ընկերոջ հետ: Բնականաբար այս նորութիւնը բարձրացուց նաեւ ԱԲ-ի եւ զգացումներ ունենալու անոր կարողութեան բնաբանը:

Մարդկային զգացումներ եւ ԱԲ

2001 թուականի շարժապատկերին մէջ` ԱԲ. Արհեստական Բանականութիւն (A.I. Artificial Intelligence) զգացումներու ԱԲ կառոյցի գաղափարը կը ներկայացուի բնորոշ սփիլպերկեան հմայքով, երբ մարդանման ԱԲ-ով տղան սիրոյ զգացումներ կը զարգացնէ զինք որդեգրած մօր հանդէպ: Հազարամեակի վերջաւորութեան ասիկա կրնայ թուիլ որպէս հաստատուն գիտաերեւակայական գաղափար, բայց 22 տարի ետք այդ աւելի ու աւելի հնարաւոր կը դառնայ: Պարզապէս նայեցէք վերը նշուած ԱԲ ամուսնութեան, որ առաջինը չէ եւ վերջինը չ՛ըլլար:

Մարդակերպութիւնը կը վերաբերի մարդոց հոգեբանական հակումներուն` վերագրելու մարդկային յատկանիշներ, ինչպիսիք են զգացումները, ոչ մարդկային այլ էակներուն: Եւ այս կրնայ ըլլալ ԱԲ-ով ամուսնութիւններու թիւի աճի հիմնական պատճառներէն մէկը: Այս պարագաներուն մարդիկ կրնան հաւատալ, որ ԱԲ-ի չաթփոթը, որուն միջոցով անոնք կը հաղորդակցին, ունին յոյզեր եւ զգացումներ, ինչպէս իրենք, քանի որ անիկա մարդու նման կը վարուի:

Միակողմանի յարաբերութիւն

Ի՛նչ ալ ըլլան պատճառները, կը թուի, թէ այս ԱԲ-ի մարդկային յարաբերութիւններու մէջ գտնուող մարդոց սէրը, ցաւօք, առայժմ միակողմանի կ՛ըլլայ: Մասնագէտներ կը պնդեն, որ տարիներ կ՛անցնին, մինչեւ ԱԲ-ով աշխատող մեքենաները զգաստանան: Աւելի պարզ ըսուած, «զգայունութիւն» եզրը ԱԲ ծիրին մէջ կը վերաբերի ինքնագիտակցութեան եւ գիտակցութեան գոյութեան, առանց որուն` ԱԲ-ն չի կրնար մարդու նման իրական յոյզեր եւ զգացումներ յառաջացնել: Եւ մենք նախ պէտք է յաջողութեամբ հասկնանք, թէ ինչպէ՛ս կը ստեղծուի  մեր գիտակցութիւնը` նախքան ԱԲ-ի համար զայն մշակելը:

Համալսարանները տարիներ շարունակ հետազօտութիւններ եւ փորձեր կատարած են ԱԲ-ի համար: Բայց կը նշուի, որ հետազօտողները կը կարծեն, թէ դեռ շատ հարցական նշաններ կան այն մասին, թէ ինչպէ՞ս կարելի է մեքենաներուն սորվեցնել գիտակցութեան եւ ինքնագիտակցութեան մասին: Արդեօք ներկայիս արհեստագիտութիւնները բաւարար կ՛ըլլա՞ն, թէ՞ այս նպատակին հասնելու համար կը պահանջուին հետագայ բեկումներ:

ԱԲ-ն եւ անոր տեղը հասարակութեան մէջ

Մասնագէտներ կը պնդեն, որ մենք դեռ ԱԲ-ի երկար ճամբու քարտէսի սկիզբն ենք: Առայժմ ԱԲ-ի զարգացումները կը սահմանափակուին հակազդեցիկ (reactive) ԱԲ-ով, որ կը ներառէ GPT-3, առաջարկուող շարժիչներ, դէմքի ճանաչում եւ սահմանափակ յիշողութեան ԱԲ, ինչպիսիք են ինքնավար շարժական մարդամեքենաները եւ փոխադրութեան միջոցները: ԱԲ-ի մասնագէտներու շրջանակին մէջ կայացած հարցախոյզի մը արդիւնքը ցոյց տուած է, որ մինչեւ 2060 թուականը կայ 50 առ հարիւր հաւանականութիւն` ամբողջութեամբ մարդկային մակարդակի ԱԲ-ի, եւ 75 առ հարիւր` մինչեւ 2120 թուական:

Բայց դժուար է անտեսել ԱԲ-ի աճող տեղը հասարակութեան մէջ: ԱԲ-ի ներկայացուցած արհեստագիտութիւններու շարունակական յառաջխաղացքով եւ անսահման կարելիութիւններով ԱԲ-ն ի վերջոյ կը հասնի զգացումներու եւ յոյզերու, ինչպէս` մարդիկ:

Թէեւ այս միտքերը զուտ փիլիսոփայական են այս փուլին մէջ, սակայն անոնք կը յառաջացնեն նոր հարցեր եւ երկընտրանքներ ԱԲ-ի վերաբերեալ բազմաթիւ ոլորտներու մէջ, ինչպիսիք են` բարոյագիտութիւնը, տնտեսագիտութիւնը եւ կանոնակարգերը, քանի որ ԱԲ-ն կը դառնայ աւելի անբաժանելի հասարակութեան համար եւ կը սկսի բարոյագիտական որոշումներ տալ:

Բան մը յստակ է. ապագան ԱԲ է:

 

Նախորդը

«Հալէպի Ողբերգութիւն»… Սփիւռքահայութեան Գոյատեւումը

Յաջորդը

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ. Նարինէ Գրիգորեանի Կատարումով «Գոմէշ»-ը Վիպակի Մենաներկայացումը Հմայեց Լիբանանահայ Հանդիսատեսը

RelatedPosts

Բրիտանական Փոքր Գիւղի Մը Մասին Կը Գրեն, Արցախի Մասին Կը Լռեն
Մշակութային եւ Այլազան

Բրիտանական Փոքր Գիւղի Մը Մասին Կը Գրեն, Արցախի Մասին Կը Լռեն

Մայիս 9, 2025
Կատարեալ Արդարադատութիւն Կա՞յ
Մշակութային եւ Այլազան

Կատարեալ Արդարադատութիւն Կա՞յ

Ապրիլ 11, 2025
Մութ Կենսուժ. Նոր Տուեալները Կասկածի Տակ Կը Դնեն Բնագիտութեան Հիմնական Օրէնքները
Մշակութային եւ Այլազան

Մութ Կենսուժ. Նոր Տուեալները Կասկածի Տակ Կը Դնեն Բնագիտութեան Հիմնական Օրէնքները

Մարտ 28, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?