Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բուրգի Առեղծուած

Մայիս 24, 2024
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Առեղծուածները միշտ ալ ձգողական բան մը ունեցած են, եւ մարդիկ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն` անոնց զանազան երեսները բացայայտելու: Մանաւանդ նախնադարեան առեղծուածները, որոնք մինչեւ այսօր խորհրդաւոր մնացած են, գիտական ուսումնասիրութիւններու առարկայ կը դառնան նոր արհեստագիտութիւններու գործածութեամբ` նոր լոյս սփռելու մութ մնացած երեւոյթներու վրայ: Հին աշխարհի եօթը հրաշալիքներէն միակ պահպանուած կառոյցներու` Եգիպտոսի մէջ բուրգերու առնչուած յայտնաբերումին մասին գրած են միջազգային հեղինակաւոր կայքեր` «Պի.Պի.Սի.» եւ «Նէյչըր»:

Ն.                    

Կարմիր բուրգը` Տահշուր բուրգերէն ամէնէն մեծը, կառուցուած է աւելի քան 4500 տարի առաջ:

Տեղորոշիչը (ռատար)  յայտնաբերած է Եգիպտոսի մէջ շատոնց  անհետացած գետը, որ կրնայ  լուծել հնագոյն բուրգի առեղծուածը

Գիտնականները յայտնաբերած են Նեղոս գետի երկար ժամանակ թաղուած բաժինը, որ ժամանակին կը հոսէր Եգիպտոսի մէջ աւելի քան 30 բուրգերու մօտէն:

Այս յայտնաբերումը կրնայ լուծել առեղծուածը, թէ հին եգիպտացիները ինչպէ՛ս տեղափոխած են հսկայական քարէ կաղապարները` կառուցելու յայտնի յուշարձանները:

Աւելի քան 63 քիլոմեթր երկարութեամբ գետի բաժինը, որ կը հոսէր Կիզէի խորհրդանշական բուրգի համալիրի մօտ, այլ հրաշքներու շարքին, հազարամեակներ շարունակ թաքնուած էր անապատի եւ երկրագործական հողերու տակ, ըստ անցեալ շաբաթ գտածոյի բացայայտման ուսումնասիրութեան:

Գետին գոյութիւնը կը բացատրէր, թէ ինչո՛ւ 31 բուրգերը շղթայական կառուցուած են Նեղոսի հովիտին մէջ, այժմ` անհիւրընկալ անապատային գօտիի երկայնքով, 4700-3700 տարի առաջ:

Հին Եգիպտոսի մայրաքաղաք Մեմֆիսի մօտ գտնուող շերտը կը ներառէ Կիզէի Մեծ բուրգը` հին աշխարհի եօթը հրաշալիքներէն միակ պահպանուած կառոյցը, նաեւ` Խաֆրէ, Քէոփս եւ Միկերինոս բուրգերը:

Հնագէտները երկար ժամանակ կը կարծէին, թէ հին եգիպտացիները պէտք է գործածած ըլլային մօտակայ ջրային ուղին, որպէսզի տեղափոխեն հսկայական նիւթերը` բուրգերու կառուցման համար:

«Բայց ոչ ոք վստահ էր այս մեծ ջրուղիի գտնուելու վայրին, ձեւին, չափին կամ մօտիկութեան մասին` իրական բուրգերու տարածքին», ըսաւ Միացեալ Նահանգներու Հիւսիսային Քարոլայնա Ուիլմինկթըյնի համալսարանէն հետազօտութեան յառաջատար հեղինակ Էման Ղոնէյմ:

Ղոնէյմ աշխատանքի ընթացքին

Հետազօտողներու միջազգային խումբը գործածած է տեղորոշիչ արբանեակային պատկերներ` քարտէսագրելու գետի բաժինը, որ անոնք անուանած են Ահրամատ, արաբերէն` բուրգեր:

«Տեղորոշիչը անոնց տուած է աւազի մակերես թափանցելու եզակի հնարաւորութիւն եւ ստեղծած` թաքնուած յատկութիւններու պատկերներ, ներառեալ` թաղուած գետերը եւ հնագոյն կառոյցները», ըսաւ Ղոնէյմ:

Երբեմնի հզօր գետը հետզհետէ աւելի ու աւելի կը ծածկուէր աւազով, որ վստահաբար սկիզբ առած է շուրջ 4200 տարի առաջ մեծ երաշտի ատեն, կը նշեն գիտնականները:

«Աւելի դիւրին է գետին վրայ ծփալ »

Կիզէի բուրգերը կանգնած էին գետի ափերէն մօտաւորապէս քիլոմեթր մը հեռաւորութեան վրայ գտնուող սարահարթի մը վրայ:

«Բուրգերէն շատերը ունէին «հանդիսաւոր բարձրացուած քայլուղի», որ կ՛երկարէր գետի քովէն` նախքան աւարտիլը հովիտի տաճարներուն մէջ, որոնք նաւահանգիստներ էին», կ՛ըսէ Ղոնէյմ:

Այս ցոյց կու տայ, որ գետը «առանցքային դեր խաղացած է բուրգի կառուցման համար անհրաժեշտ հսկայական շինանիւթերու եւ աշխատողներու տեղափոխման գործին մէջ», աւելցուցած է ան:

Այն, թէ ինչպէ՛ս հին եգիպտացիները յաջողած են կառուցել նման հսկայական եւ դարերէ ի վեր կանգուն մնացած  շինութիւններ, եղած է պատմութեան մեծ առեղծուածներէն մէկը:

Այս ծանր նիւթերը, որոնց մեծ մասը հարաւէն էին, «շատ աւելի դիւրին կ՛ըլլար գետին վրայ ծփացնելով տանիլ, քան` ցամաքով տեղափոխելը, ըսած է հետազօտութեան համահեղինակ Սիւզան Օնսթայն, Մեմֆիսի համալսարանէն:

«Գետերու ափերը կրնային ըլլալ այնտեղ, ուր կ՛ընդունուէին փարաւոններու յուղարկաւորութեան շքախումբերը` նախքան փարաւոններու մարմինները տեղափոխումը  իրենց վերջնական թաղման վայրը` բուրգէն ներս»,- կ՛աւելցնէ ան:

Գետը կրնայ նաեւ ցոյց տալ, թէ ինչո՛ւ բուրգերը կառուցուած են տարբեր վայրերու մէջ:

«Ջուրի ընթացքը եւ անոր ծաւալը ժամանակի ընթացքին փոխուեցան, ուստի չորրորդ գերդաստանի թագաւորները ստիպուած էին տարբեր ընտրութիւններ կատարել, քան` 12-րդ գերդաստանի թագաւորները», ըսաւ ան:

«Բացայայտումը ինծի յիշեցուց աշխարհագրութեան, կլիմայի, շրջակայ միջավայրի եւ մարդու վարքագիծի սերտ կապի մասին»:

Ուսումնասիրութիւնը կը կատարուի վերջին հետազօտական նախագիծներու հետքերով, որոնք կեդրոնացած են խորհրդանշական բուրգերու վրայ:

Այս տարուան սկիզբը հնագէտները սկսան հսկայական նախագիծ` վերականգնելու Կիզէի երեք յայտնի բուրգերէն ամէնէն փոքրը այնպէս, ինչպէս, անոնց կարծիքով, աւելի քան 4000 տարի առաջ կառուցուած էր:

Եգիպտական-ճափոնական հնագիտական առաքելութիւնը յայտարարած է հարիւրաւոր կրանիթէ կաղապարներու տեղադրման նախագիծի մասին, որոնք նախապէս կը կազմէին Մենկաուրէ թագաւորի բուրգի արտաքին պատեանը:

Որոշ հնագէտներ եւ Եգիպտոսի հնութիւններու նախարարութեան նախկին ղեկավարը չեն մասնակցած նախագիծին եւ մտահոգութիւն յայտնած են, երբ պեղումները սկսած են:

Դոկտոր Մոհամետ Ապտ Էլ-Մաքսուտ` Եգիպտոսի հնութիւններու կեդրոնի նախկին տնօրէնը, եւ Եգիպտոսի հնութիւններու նախարարութեան նախկին բարձրաստիճան պաշտօնատարը ըսած են, որ կրանիթէ կաղապարները տեղափոխելէ առաջ անոնք նախ պէտք է լայնօրէն ուսումնասիրուին ստուգելու համար, թէ անոնք բոլորը մաս կը կազմե՞ն կառոյցին:

Անցեալ տարի Եգիպտոսի մէջ հնագէտներու եւ այլ գիտնականներու խումբը գործածեց գերժամանակակից արհեստագիտութիւն, որ հիմնուած է տիեզերքէն եկող ճառագայթներու վրայ, ստանալու համար պատկերը Կիզէի Մեծ բուրգին ներսը 30 ոտնաչափ երկայնքով միջանցքի մը, որ կը մնայ թաքնուած հնագոյն կառոյցի գլխաւոր մուտքը:

Վերջապէս Յայտնաբերուեցաւ Նեղոսի Շատոնց
Կորսուած Բաժինը, Որ Կ՛անցնէր Բուրգերու Մօտէն

Երկրաբանական հետազօտութիւնը կը բացայայտէ ջրային մեծ ճամբու մը մնացորդները, որ հին եգիպտացի շինարարները կրնային գործածել նիւթեր տեղափոխելու համար:

Եգիպտոսի մէջ Կիզէի բուրգի համալիրի մօտ գետնի տակ կը կը մնան Նեղոս գետի հնագոյն ճիւղի մնացորդները, որ կրնար ժամանակին օգնել հին եգիպտացիներուն` կառուցելու իրենց յուշարձանները:

Եգիպտոսի մէջ բուրգերու ամէնէն մեծ կեդրոնացումը  կարելի է գտնել Կիզէի եւ Լիշտ գիւղի միջեւ ինկած անապատին մէջ: Այս վայրերը այժմ կը գտնուին Նեղոս գետէն քանի մը  տասնեակ քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ:

Սակայն եգիպտագէտները շատոնց կը կասկածէին, որ Նեղոսը կրնար ժամանակին աւելի մօտ ըլլալ այդ հատուածին, քան` այսօր:

Արբանեակային պատկերները եւ երկրաբանական տուեալները այժմ կը  հաստատեն, որ Նեղոսի վտակը, որ հետազօտողները կ՛անուանեն Ահրամատի բաժինը, քանի մը հազար տարի առաջ կ՛անցնէր շրջանի հիմնական վայրերէն շատերուն մօտէն:

Բացայայտումը, որ հրապարակուած է 16 մայիսին Communications Earth and Environment ամսագրին մէջ, կրնայ օգնել բացատրելու, թէ ինչո՛ւ հին եգիպտացիները ընտրած են  այս տարածքը բուրգեր կառուցելու համար:

Եգիպտական բուրգերէն շատերը կրնային կառուցուիլ Նեղոս գետի ճիւղի մը երկայնքին, որ հնարաւորութիւն կու տար շինանիւթերու տեղափոխման: Հինաւուրց ջրային ճամբան անկէ ետք չորցած է  եւ թաղուած է աւազի տակ, սակայն գետի հունի հետքերը մնացած են:

«Բուրգերը բաւական մեծ աշխատանք կ՛ենթադրեն», կ՛ըսէ  Ճուտիթ Պունպերի` Բրիտանիոյ Քեմպրիճ համալսարանի աշխարհահնագէտը: «Բայց այդ աւելի քիչ դժուար է, եթէ դուք կրնաք հսկայական քարեր բարձրացնել նաւով, այլ ոչ թէ` զանոնք ցամաքով տեղափոխել»:

Ջրային Թափառող Ուղիներ

Հազարաւոր տարիներ Նեղոսը եւ անոր հեղեղով ողողուած դաշտը Եգիպտոսի բնակիչներուն սնունդ, երկրագործութիւն  եւ ջուր մատակարարած են:

Երկրի բնակչութեան մեծ մասը տակաւին կ՛ապրի Նեղոսի աւազանին մէջ: Սակայն գետը հակամէտ է «գաղթելու», եւ անցեալին բնակչութիւնը ստիպուած հետեւած է անոր եւ  վերաբնակեցուած:

Վերջին քանի մը հարիւր տարիներու ընթացքին Նեղոսը քանի մը քիլոմեթր շեղած է դէպի արեւելք:

Ապացոյցներ կան, որ Եգիպտոսի որոշ կարեւոր հնագիտական վայրեր գետին հետ նոյն յարաբերութիւնները չունին, ինչ որ ունէին կառուցման ժամանակ:

Նաւահանգիստներու մնացորդներ եւ նման այլ  յուշումներ կան Կիզէի եւ Լիշտի միջեւ ինկած վայրերուն մէջ:

Սակայն գիտնականները դժուարացած են գծագրել այս կորսուած ջրուղիներու շրջանակը կամ գտնուելու վայրը:

Հինաւուրց ջուրի հետքեր փնտռելով` Հիւսիսային Քարոլայանայի համալսարանի աշխարհագրագէտ Էման Ղոնէյմի գլխաւորած խումբը Նեղոսէն քանի մը քիլոմեթր դէպի արեւմուտք նկատեց չորցած գետի հուն:

Հունը կ՛անցնէր մօտ 60 քիլոմեթր երկրագործական տարածքներէ եւ ունէր նոյն խորութիւնն ու լայնքը, որ ունի ժամանակակից Նեղոսը:

Հետազօտելու համար, թէ արդեօք անցքը կրնա՞յ ըլլալ հնագոյն գետի հունի մաս, հետազօտողները հաւաքեցին նստուածքի հիմնական նմուշներ: Դաշտերու թաց ցեխի տակ անոնք գտան խիճի եւ աւազի շերտ, որ կը համապատասխանէր գետի հունին:

Այս նմուշի տուեալները արբանեակային պատկերներու հետ համատեղելը խումբին թոյլ տուաւ քարտէսագրել գետի ճիւղին գտնուելու վայրը:

Անոնք պարզեցին, որ այդ կ՛անցնէր աւելի քան 30 Հին եւ Միջին Թագաւորութեան բուրգերու քովէն, որոնք կառուցուած էին  Ք.Ա. 2686-1649 թուականներուն:

Հետազօտական խումբը կը պատրաստուի վերլուծել հողի նմուշները, որոնք հաւաքուած են Նեղոսի հովիտին մէջ բուրգերուն մօտ գտնուող տարածքէ մը:

«Ահրամատը միացուցած է այս բոլոր տարբեր բուրգերու դաշտերը,- կ՛ըսէ Սիւզան Օնսթայնը` Թենեսիի Մեմֆիսի համալսարանի եգիպտագէտը: – «Անոնց հովտային տաճարներն ու ճամբաները բոլորը ուղղուած էին ճիշդ հոն, ուր ջուրը կ՛ըլլար»:

Գետափնեայ Վայրեր

Հետազօտողները երկար ժամանակ քննարկած են բուրգերու տեղակայման նշանակութիւնը:

Անմիջապէս անոնց քովէն անցնող ջրային ճամբան կրնար կարեւոր գործօն ըլլալ, քանի որ այդ շինարարներու համար յարմար միջոց կը ստեղծէր` նիւթեր տեղափոխելու վայրեր:

Այս տեսութիւնը կը համապատասխանէ դարաշրջանի փաստաթուղթերու հետ, որոնք կ՛ըսեն, որ շինանիւթերը բերուած են նաւով, կ՛ըսէ Պունպերին:

Ի վերջոյ, Սահարա անապատէն ներս փչող Նեղոսի եւ աւազի շարժումը կը յանգեցնէր  Ահրամատի ճիւղի չորացման եւ աննաւարկելի դառնալուն:

Այսօր մնացած են միայն մի քանին մոլորուած լիճեր եւ ջրանցքներ, ուր ժամանակին կը հոսէր հիմնական ճիւղը:

«Սակայն հնագոյն գետին գտնուելու վայրը գիտնալը կու տայ ծրագիր մը, որ հնագէտները կրնան գործածել` փորձելով բացայայտել աւելի շատ հին եգիպտական բնակավայրեր», կ՛ըսէ Օնստին:

«Այն բացայայտումը, որ եգիպտացիները հաւանաբար կը գործածէին նաւակներ, այլ ոչ թէ ցամաքային փոխադրումներ` բուրգերը կառուցելու համար նիւթեր տեղափոխելու, կը յուշէ, որ անոնք նախապէս մեր պատկերացուցածէն շատ աւելի գործնապաշտ էին», կ՛ըսէ Պունպերի:

 

 

 

Նախորդը

Վիգէնը Դարձաւ Զրահ` ԼԵՄ-ի Պայքարին

Յաջորդը

Զուգահեռներ Եւ Տարբերութիւններ

RelatedPosts

«Թրքական Գրականութեան Մէջ Մեծ Լռութիւն Կայ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին»   Կ՛ըսէ Էլիֆ Շաֆաք
Մշակութային եւ Այլազան

«Թրքական Գրականութեան Մէջ Մեծ Լռութիւն Կայ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին» Կ՛ըսէ Էլիֆ Շաֆաք

Մայիս 16, 2025
Բրիտանական Փոքր Գիւղի Մը Մասին Կը Գրեն, Արցախի Մասին Կը Լռեն
Մշակութային եւ Այլազան

Բրիտանական Փոքր Գիւղի Մը Մասին Կը Գրեն, Արցախի Մասին Կը Լռեն

Մայիս 9, 2025
Կատարեալ Արդարադատութիւն Կա՞յ
Մշակութային եւ Այլազան

Կատարեալ Արդարադատութիւն Կա՞յ

Ապրիլ 11, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?