«Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ. Ժելեզնովոտսքի Համաձայնագիրը Եւ Հայաստանի Առաջին Նախագահի Ընտրութիւնը
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Շահումեանի Գիւղերուն Ծանր Վիճակը Լեռնային Ղարաբաղ 1991 սեպտեմբերի սկիզբը անկախութիւն հռչակեց Ազրպէյճանէն, որմէ ետք ալ Հայաստանի Հանրապետութիւնը անկախութիւն հռչակեց: Նոյն օրերուն տեղի ունեցան ժելեզնովոտսքի բանակցութիւնները, որուն հիմամբ պիտի վերահաստատուէր նախկին իրավիճակը, վերջակէտ մը պիտի դրուէր հայ-ազերի բախումներուն եւ գաղթականները պիտի վերադառնային իրենց տուները: Յաջորդող օրերուն, ժելեզնովոտսքի համաձայնագիրին «պտուղներէն» սկսաւ բաժին հասնիլ նաեւ Ստեփանակերտի, որ ռմբակոծուեցաւ եւ յարձակման ենթարկուեցաւ:...














