Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կոյր Ուղեւորութիւն Ինքնութեան Մէջ

Մայիս 27, 2016
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թարգմանեց` ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԵՐԵԱՆ

520691_img650x420_img650x420_crop

Լիբանանահայ բեմադրիչ Վաչէ Պուլղուրճեանի առաջին գեղարուեստական ժապաւէնը վերջերս ներկայացուեցաւ Քաննի փառատօնի «Քննադատներու շաբթուան» բացման հանդիսութեան ընթացքին: Նախքան այդ, լիբանանեան «Տէյլի Սթար» թերթը 13 մայիսին տպած էր Ճիմ Քիլթիի հետեւեալ յօդուածը:

Վաչէ Պուլղուրճեանի առաջին գեղարուեստական ժապաւէնը` «Թրամոնթէյն», կը ներկայացնէ Ռապիհ անունով երաժիշտի մը պատմութիւնը: Հրաւէր մը` արտերկրի մէջ զանազան առիթներու ելոյթ ունենալու. իր առաջին անցագիրին դիմումնագիրը:

Երբ Ռապիհ կը գիտնայ, որ իր ինքնութեան փաստաթուղթերը անկանոն են, կը նախաձեռնէ ուղեւորութեան մը` իր ինքնութեան համար շօշափելի ապացոյցներ փնտռելու նպատակով: Այս որոնումը ձեւով մը աւելի դժուար կը դարձնէ իր աչազրկութիւնը:

«Շարժապատկերը իրօք, որքան պատումի, այնքան ալ, երկրի մը կամ մարդու մը մասին է: Այն մասին, թէ պատմութիւնները ի՞նչ կ՛ընեն մեզի, ատոնք ինչպէ՞ս կ՛ազդեն մեր կեանքին վրայ: Ռապիհ կը հետեւի պատումներու, որոնք զինք ֆիզիքապէս կ՛առաջնորդեն վայրեր: Ինք ատոնց կարիքը ունի, որպէսզի գիտնայ, թէ ինք ո՛վ է», կ՛ըսէ Վաչէ Պուլղուրճեան:

Այնքան տարածուած չէ լիբանանեան շարժապատկերի մը մասնակցութիւնը միջազգային մեծ փառատօներու յայտագիրներուն: Առաջին չափանիշը հաւանաբար հաստատած է Մարուն Պաղտատին (1950-1993), որուն «Օր լա վի» շարժապատկերը ցուցադրուեցաւ Քաննի 1991 թուականի գլխաւոր մրցումին, որուն ընթացքին ան դատական կազմի մրցանակը բաժնեկցեցաւ Լարս վոն Թրիերի «Եուրոփա»-ին հետ:

Պուլղուրճեան առաջին անգամ 2010-ին Քանն ներկայացած է «Հինգերրորդ շարասիւն» կարճատեւ ժապաւէնով, որուն համար բաժնեկցած է «Սինեֆոնտասիոն» մրցանակը: Գրող-բեմադրիչը կ՛ըսէ, որ բեմագրութեան առաջին նախագիծը մշակած է 2012-ի սկիզբը:

«Ես ատիկա գրած եմ այնպէս մը, որ ես անձամբ նկարահանէի, նուազագոյն թիւով անձնակազմի, սարքերու եւ դերասաններու հետ: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս բոլոր կարճատեւները ըրած եմ», կը յիշէ ան: Պուլղուրճեան հիմնականին մէջ ծրագրած է իր շարժապատկերը պատրաստել քանի մը գործընկերներով (Քարոլայն Օլիվերա եւ Ճէյմս Լի Ֆիլան), որոնց հետ շարժապատկերի արուեստը ուսանած է Նիւ Եորքի համալսարանին մէջ: Արտադրական հոլովոյթը դարձած է աւելի խնամուած, որովհետեւ մարդիկ սկսած են լսել ծրագիրին մասին եւ հրաւիրած են խումբը` մասնակցելու զանազան աշխատաժողովներու եւ սեմինարներու, սկսելով` Վենետիկի Պիենալի շարժապատկերի հիմնարկէն:

520689_img650x420_img650x420_crop

«Ատիկա հիմնականին մէջ լուրջ աշխատաժողով է: Բայց անոնք նուազագոյն պիւտճէով շարժապատկերի ամէնէն խոստումնալից ծրագիրին արտադրութեան համար կը շնորհեն 150,000 եւրօ պարգեւ: Օ՜հ, 150,000 եւրօ՞: Ասիկա նուազագո՞յնն է: Ես 2000 տոլարով պիտի պատրաստէի», կ՛ըսէ Պուլղուրճեան:

«Թրամոնթէյն»-ը չնուաճեց դրամական պարգեւը, սակայն Վենետիկի փորձառութիւնը այնքան ոգեւորիչ էր, որ Պուլղուրճեան եւ իր արտադրութեան խումբի կորիզը, որուն այժմ միացած է երաժիշտ-նկարիչ Սինթիա Զաւէն, խանդավառ են:

«Վենետիկէն ետք մենք դիմեցինք Տոհայի Շարժապատկերի հիմնարկին, առաջինը` որ դրամական եւ շօշափելի օգնութիւն տրամադրեց: Անոնք սկիզբէն իսկ մեծ վստահութիւն ունէին նախագիծին նկատմամբ»:

Օլիվերա ապա հրաւիրուեցաւ «Թրամոնթէյն»-ը ներկայացնել Սանտենս հիմնարկի ստեղծագործական- արտադրողական աշխատանոց, եւ Պուլղուրճեան հրաւիրուեցաւ Ամմանի մէջ բեմագիրներու Ռավի աշխատանոց: Նախագիծը հրաւիրուեցաւ Տուպայի Շարժապատկերի շուկայ: Նախագիծին նաեւ միացան լիբանանցի եւ ֆրանսացի արտադրիչներ: Նկարահանումը սկսաւ 2015-ի գարնան:

520688_img650x420_img650x420_crop

«Ես իսկապէս երախտապարտ եմ մէկ բանի. ունենալ մարդիկ, որոնք նախագիծին միացան կամաւոր, անկեղծ հետաքրքրութենէ մղուած: Կար սեփականութեան զգացում մը: Ատիկա իրենց նախագիծն էր, մեր ընդհանուր նախագիծը», ըսաւ Պուլղուրճեան:
Շարժապատկերը լիովին խմբային աշխատանք է: Անշուշտ, ատոր ամէնէն մեծ մարտահրաւէրներէն մէկն է քնարական արուեստի բեմագրութիւնը հաշտեցնելը արտադրական եւ յետարտադրական գործնապաշտ իրողութիւններուն հետ: «2013 թուականի յունուարին` Վենետիկէն վերադառնալէս անմիջապէս ետք, սկսայ դերասաններու որոնման աշխատանքին: Ես սկիզբէն իսկ գիտէի, որ պիտի աշխատիմ աչազուրկ դերասանի մը հետ: Տեսողութեամբ օժտուած դերասանէ մը շատ կ՛ըլլայ պահանջելը, որ գիտնայ ինչպէս երգել եւ նուագել, միաժամանակ պատկերելով աչազուրկ ապրելու բարդութիւնները»:

Դերասաններու որոնման ատեն էւրէքա-ի (գտա՜յ, գտա՜յ) պահը եկաւ, երբ Պուլղուրճեան եւ Զաւէն տեղեկացան լեռնային գիւղի մը եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունենալիք համերգին մասին: Եկեղեցւոյ երգչախումբը բաղկացած էր աչազուրկներէ: Ահաւասիկ անոնք այս ձեւով հանդիպեցան Պարաքաթ Ժապպուրի, որ հանդիսութեան ընթացքին մեներգեց:

«Մենք չէինք կրնար տեսնել, որովհետեւ եկեղեցին լեցուն էր: Բայց երբ ան սկսաւ երգել, կարծես թէ մրրիկ մը կը հարուածէր դէմքդ»:
Պուլղուրճեան եւ շարժապատկերի երաժշտութեան պատասխանատուն տեսակցեցան Ժապպուրի հետ, որ աւելի քան երջանիկ եղաւ մասնակցելու նախագիծին: Շարժապատկերին մէջ Պարաքաթ Ժապպուր խաղընկերն է լիբանանցի վաստակաւոր դերասան Ժուլիա Քասսարի եւ սկսնակ այլ դերասանի, իր հօրեղբօր` Թուֆիք Պարաքաթի:

«Ի յայտ եկաւ, որ Ժապպուր երաժշտական սքանչելիք մըն է: Ան 9 նուագարաններ կը նուագէ, ինչպէս նաեւ կ՛երգէ: Ան նաեւ կը սորվի արաբական դասական երաժշտութիւն` թարապ, մուալ, մաքամաթ: Անշուշտ կասկած չկար, որ այս մարդը պիտի ըլլար գլխաւոր դերակատարը», ըսաւ Պուլղուրճեան: Ան աւելցուց. «Ատիկա արկածախնդրութիւն մըն էր: Սկիզբը շարժապատկերը աչազուրկ երգչախումբի մը մասին էր, որ արեւմտեան եւ կրօնական շարականներ կ՛երգէ: Պարաքաթի հանդիպելէ ետք, ատիկա վերածուեցաւ պատմութեան մը` երկրի եւ երկրի երաժշտութիւնը մարմնաւորող անձի մը մասին:

«Սինթիա քաջալերեց զիս բեմագրութիւնը պատշաճեցնել արաբական աւանդական երաժշտութեան: Սինթիա եւ Պարաքաթ երկու տարի միասին աշխատեցան, ժապաւէնին մէջ նուագուելիք երաժշտութեան համար: Ասիկա շատ կարեւոր մասն է բեմագրութիւնը պաստառին թարգմանելու: Առնելով դերասանին բնական տաղանդները եւ ատոնք միաձուլելով բեմագրութեան, եւ ապա ատիկա պաստառ վերադարձնելով»:

Պուլղուրճեան պահ մը լռեց եւ ժպտաց: «Բազմաթիւ մարդիկ չքաջալերեցին զիս աչազուրկի մը հետ աշխատելու: Ատիկա շատ դժուար պիտի ըլլայ, մտածեցին անոնք: Բայց Պարաքաթի հետ աշխատիլը նկարահանումին գագաթնակէտն էր:

«Ան ամբողջ բեմագրութիւնը անգիր սորվեցաւ, ներառեալ` շարժումները եւ մնացեալ դերակատարներուն տողերը: Ան գիտէր ճիշդ ե՛րբ լռել, դադար առնել: Անոր կշռոյթի զգացողութիւնը անհաւատալի է: Ատիկա պարգեւ մըն է: Ուղղութիւն մը, թելադրութիւն լսելու անոր ունակութիւնը զարմանալի է: Ան անմիջապէս հասկցաւ, թէ ես ի՛նչ նկատի ունիմ: Նկարահանման առաջին իսկ պահէն ան հասկցաւ զգացումները, որոնք ես կը պահանջեմ իրմէ:

«Ես կը կարծեմ, որ ան ըստ էութեան օգնեց միւս դերակատարներուն մտնելու գօտիին, մթնոլորտին մէջ, ինչպէս որ ըրաւ Ճուլիան: Անոնք իրարու հետ խոր հասկացողութիւն, հաղորդակցութիւն ունէին: Փորձերու ատեն պատահածը կախարդական էր: Երբ անոնք հասկցան պատմութեան առանցքը, անոնց ստեղծած գօտին, մթնոլորտը անհաւատալի դարձաւ»:

Աղբիւր` «Տէյլի Սթար»

Նախորդը

Շուշիի «Արամ Մանուկեան Ճամբար»-ը Կը Շարունակէ Իր Առաքելութիւնը

Յաջորդը

«Չլինէր Երգը Տիեզերքում, Ցաւից Կը Պայթէր Տիեզերքը»

RelatedPosts

Կասպից  Ծովուն Կեդրոնը Յայտնուած Է  Անսպասելի Կղզի, Որուն Մասին Ոչ Ոք Գիտէր
Մշակութային եւ Այլազան

Կասպից Ծովուն Կեդրոնը Յայտնուած Է Անսպասելի Կղզի, Որուն Մասին Ոչ Ոք Գիտէր

Յուլիս 4, 2025
Արդեօք Երբեւէ Պէ՞տք Է Խզել Կապերը Ծնողներու Հետ
Մշակութային եւ Այլազան

Արդեօք Երբեւէ Պէ՞տք Է Խզել Կապերը Ծնողներու Հետ

Յունիս 13, 2025
Հաղորդակցութեան Նոր Արհեստագիտութիւնները Մինչեւ Ո՞ւր
Մշակութային եւ Այլազան

Հաղորդակցութեան Նոր Արհեստագիտութիւնները Մինչեւ Ո՞ւր

Յունիս 6, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?