Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրքական Կատակերգութիւն. Կիներ… Նամակ… Ֆութպոլ… Բամբասանք…

Յունիս 24, 2016
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Պետական այրերը, մանաւանդ առաջին դէմքերը միշտ լուսարձակներու տակ կ՛ըլլան` իրենց երկրէն ներս եւ դուրս: Ստրկամիտները կը փառաբանեն, ընդդիմադիրները կը չարաբանեն, իսկ բախտախնդիրներն ալ կը բամբասեն: Յատկապէս նախագահները այս մասին քաջատեղեակ ըլլալով` մնայուն պրկումի մէջ կ՛ըլլան, եւ այդ պատճառով ալ դիւրին կ՛ըլլայ անոնց որեւէ խօսքը կամ արարքը հեգնել, յատկապէս` ներկայ ժամանակներուն, երբ ընկերային կայքերը այնքա՜ն լաւ կարելիութիւններ կը ստեղծեն: Մարդիկ ցանցերու մէջ աւելի կ՛աշխուժանան, երբ նախագահ մը շատ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ քննադատելի քանի մը արարքներ կ՛ընէ: Վերջերս միջազգային լրատու եւ մեկնաբանական գործակալութիւններուն, թրքական ընդդիմադիր մամուլին եւ ընկերային ցանցերուն առատ նիւթ կը հայթայթէ  Թուրքիոյ նախագահ Ռ. Թ. Էրտողան, որուն մասին քաղուածքներ կը ներկայացնենք «Սփեքթէյթըր», «Թելեկրաֆ», «Սթեռն» թերթերէն, «Նիւզ Էյ.Էմ.»-էն, թրքական եւ այլ կայքերէ:

Ն.

Կիներու Իրաւունքներու
Պաշտպա՞ն

Erdogan_turkish-women_62416

Թուրքիոյ նախագահ Ռ. Թ. Էրտողանի զաւեշտալի յայտարարութիւններուն աւելցած է կիները թերի անուանելը, որ նոյնպէս մեծ արձագանգ գտած է թուրք կիներու շրջանակին մէջ: Ռամատանի նախօրեակին Էրտողան Պոլսոյ մէջ խօսք առնելով` կիներուն ըսաւ. «Կին մը, որ կը մերժէ մայրանալ, պակասաւոր եւ թերի է: Աշխատանքի երթալով` կինը կը ժխտէ իր իգականութիւնը: Պէտք է երեք երեխայ ունենալ, որովհետեւ փաստօրէն մէկ երեխան բաւարար չէ ձեզ կին ընելու»: Էրտողան ապա ծիծաղելի յայտարարութիւն մը ըրաւ` ըսելով. «Ես կը պաշտպանեմ ձեր աշխատելու իրաւունքը»:

Women_62416

Ընկերային ցանցերուն մէջ բազմաթիւ կիներ, ինչպէս նաեւ լրագրողներ խստօրէն հակադարձած են նախագահ Էրտողանի խօսքերուն, թէ այն կինը, որ աշխատանքի զբաղուածութեան պատճառով զաւակ չ՛ունենար, թերի է: Սի. Էն. Էն.-ի թրքական սփռումի  հաղորդավարուհին ուղղակի պատասխանած է Էրտողանին. «Չեմ ուզեր, քեզի ի՞նչ»:

Եազար. «Մայր չդարձող կինը թերի կին է ըսող Էրտողանին պատասխան ունիմ` թերին քու ուղեղդ է, Էրտողա՛ն»:

Փինար Այտընլար. «Ոչ թէ կինը թերի է, այլ քեզ ընդունողները թերի են»:

Erdogan_Cartoon1_62416

Յօդուածագիր Ռոզ Ասանի, որ Թուրքիա կը բնակի, Էրտողանի խօսքին արձագանգած է բրիտանական «Սփեքթէյթըր» թերթին մէջ հրատարակուած ծաւալուն յօդուածով մը, որ կը կրէ` «Կիներու մասին Էրտողանի տեսակէտները պէտք է սարսափեցնեն եւրոպացի կիներու իրաւունքներու պաշտպանները» վերնագիրը: Կը ներկայացնենք յօդուածէն հատուածներ.

«Տարիներ  յաջող կեանք մը ապրելէ ետք, երբ 40 տարեկան եղայ, նոր կեանք մը կը սկսիմ Թուրքիոյ մէջ: Ես առանձին եմ, զաւակ չունիմ, յաջող ասպարէզ եւ կալուած մը ունիմ: Ես երջանիկ եմ, բայց ըստ երեւոյթին, պէտք չէ ըլլամ, որովհետեւ ըստ երկրին նախագահին, ես սխալ վարուած եմ:

Դիւրին պիտի ըլլար անտեսել այս ակնարկները, եթէ ատոնք եկած ըլլային աւելի նուազ ազդեցիկ անձէ մը: Բայց Թուրքիոյ մէջ նախագահը երկրի լարերը ամուր բռնած է իր ձեռքերուն մէջ: Հակառակէ՛ իրեն, եւ դուն կը չքանաս:

Dialogue_62416

Եւ ասիկա առաջին անգամը չէ, որ Էրտողան իր տեսակէտները կ՛արտայայտէ կնոջ դերակատարութեան եւ անոր արգանդին օգտագործման վերաբերեալ: Վերջերս Էրտողան կոչ ուղղեց իսլամներուն` մերժելու յղութեան արհեստական խափանումը, ըսելով. «Ոչ մէկ իսլամ ընտանիք պէտք է մտածէ ծննդաբերութեան արգելքի մասին»: Ան նաեւ պատասխանատուութիւնը դրաւ կիներուն, յատկապէս` զարգացած կիներուն վրայ, չօգտագործելու ատիկա: Բայց քիչ մը դժուար է. չէ՞ք կարծեր, որ նոր ասպարէզի նախաձեռնող կին մը պէտք է կարենայ ծրագրել, թէ ե՛րբ եւ ի՛նչ յաճախականութեամբ կ՛ուզէ երեխայ ունենալ, եթէ անշուշտ ան որոշէ ունենալ: Եւ ի՞նչ ըսել այն կիներուն, որոնք կը փորձեն յղիանալ եւ կը ձախողին: Արդեօք անո՞նք ալ «պակասաւոր» եւ «թերի» են: Էրտողան դեռ որոշ դիտողութիւններ ալ պիտի ընէ այդ գորշ տարածքին մէջ, բայց` միայն այն պատճառով, որ ոչ ոք, բացէ ի բաց ասպարէզ կը կարդայ իրեն:

Ամէնէն մտահոգիչը այն է, որ Թուրքիոյ մէջ կիներ կան, որոնք կ՛ընդունին Էրտողանի խօսքերը: Այդ կիները, վստահ եմ, պիտի գործադրեն նախագահին պատգամը եւ պիտի բազմանան, այնպէս` ինչպէս կիները ըրին նացիական Գերմանիոյ մէջ` Ֆիւհրերին հրահանգներուն ենթարկուելով:

Էրտողանի կինը դրուատած եւ ողջունած է օսմանեան սուլթաններու կանանոցները իբրեւ` «դպրոց մը` կիները կեանքին պատրաստելու համար»
Էրտողանի կինը դրուատած եւ ողջունած է օսմանեան սուլթաններու կանանոցները իբրեւ` «դպրոց մը` կիները կեանքին պատրաստելու համար»

Եւ ես ոչ մէկ վէճ ունիմ ոեւէ կնոջ հետ, որ կ՛ընդունի մայրութիւնը: Ես կը սիրեմ երեխաները: Բայց երեխայ ունենալը ընտրանք մըն է, անհատական ընտրանք: Պէտք չէ վերէն պարտադրուի:

Տակաւին, Թուրքիա երկիր մըն է, որ ճիգ կ՛ընէ առանց մուտքի արտօնագիրի ճամբորդել Եւրոպական Միութեան շենկենեան տարածքին մէջ, նաեւ` ըլլալ Եւրոպական Միութեան անդամ: Տասնամեակներ շարունակ եւրոպական երկիրներու մէջ կիներ պայքարած են հաւասարութեան եւ աշխատանքային ասպարէզի համար` մերժելով հին ըմբռնումները, թէ կիները պէտք է տան գործերով զբաղին եւ զաւակներ մեծցնեն: Եւ պայքարը տակաւին կը շարունակուի: Թուրքիոյ՝ Եւրոպական Միութիւն մուտքը ի՞նչ պիտի նշանակէր կիներու իրաւունքներու պայքարին համար:

Էրտողան նոյնիսկ ըսաւ, որ կիները եւ տղամարդիկ չեն կրնար նոյն աշխատանքը ընել, քանի որ կիները «չափազանց նուրբ են» որոշ դերերու համար: Արդեօք Էրտողան իր այս տեսակէտները երբեք նշա՞ծ է Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելին. կին մը, որ Եւրոպան կառավարողներէն է, որ ի դէպ, պէտք է ըլլայ «պակասաւոր» եւ «թերի», որովհետեւ  չունի կենսաբանական զաւակներ:

Merkel_62416

Ինչպէ՞ս կրնայ Եւրոպական Միութիւնը Թուրքիան նկատել իբրեւ հաւանական ապագայ անդամ, երբ այդ երկրի բնակչութիւնը կը քաշքշուի դէպի ետ, դէպի մութ դարեր: Երբ իմամները կը քարոզեն` «քու կինդ քիչ մը ծեծելը ընդունելի է», եւ նախագահը կը կարծէ, որ կնոջ տեղը տունն է: Ինչպէ՞ս կրնայ մէկը, որ կը հաւատայ, կամ ալ պայքարած է կիներու հաւասար իրաւունքներու համար, ընդունիլ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւնը:

Կը յուսամ, ես երբեք չեմ տեսներ, այդ օրը, քանի տակաւին Էրտողանի նման մարդ իշխանութեան ղեկին է: Ան վիրաւորած է զիս եւ բազմաթիւ այլ կիներ Թուրքիոյ մէջ: Էրտողան կը ծաղրէ ցարդ երեխայ չունենալու իմ ընտրութիւնս: Սակայն եթէ ես կասկածի տակ առնէի անոր առնականութիւնը,  բաւական վստահ եմ, որ ես այժմ նստած պիտի ըլլայի թրքական բանտի խուցին մէջ:

 

 Նամակ Գրեց`
Խայտառակ Եղաւ…

Թուրքիոյ եւ արեւմտեան աշխարհին մէջ մեծ արձագանգ գտած է Թուրքիոյ նախագահ Ռ. Թ. Էրտողանի շնորհաւորական նամակը` ուղղուած Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին: Էրտողանի նամակին մէջ գրուած է. «Մեծայա՛րգ պարոն նախագահ, ամբողջ թուրք ժողովուրդին անունով, ի դէմս ձեզի, կը շնորհաւորեմ բոլոր ռուսերը Ռուսիոյ օրուան առիթով եւ կը մաղթեմ, որ ապագային Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները արժանի մակարդակի վրայ ըլլան»:

Ռուսիոյ նախագահին բանբեր Տմիթրի Փեսքով նշեց, թէ երկիրներու միջեւ դիւանագիտական դժուար յարաբերութիւններու ընթացքին շնորհաւորական ուղերձներ ղրկելը պայման չէ, որ դադրի: «Ասիկա դիւանագիտական կարգուձեւ է միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ: Այսպիսի ուղերձները պատասխան չեն պահանջեր: Էրտողանի ուղերձը էական կէտեր դժբախտաբար չէր պարունակեր», ըսաւ Ռուսիոյ նախագահին բանբերը:

Airplane1_62416

Թրքական մամուլի հրապարակումներուն տակ եւ ընկերային ցանցերուն մէջ թուրք ընթերցողները կը հեգնեն Էրտողանի նամակն ու կը յիշեցնեն անոր նախկին խիստ յայտարարութիւնները Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի դէմ: Ստորեւ` ամէնէն յատկանշական նմուշներէն.

Էլիֆ Քըլըչ. «Էրտողանը 10 անգամ մահապատիժի ենթարկելը կրկին քիչ է Թուրքիոյ պատճառած վնասին համար»:

Տերիա Քոչեր. «Էրտողանի նամակը լաւ զուարճացուցած է Փութինը: Երբ մեր «դարու ղեկավար» Էրտողան իր ասպարէզը Պոլսոյ հանրակառքի կառատունին մէջ կ՛իրականացնէր, Փութին Քէյ. Ճի. Պի.-ն (խորհրդային գաղտնի սպասարկութիւնը) կը ղեկավարէր: Անշուշտ տարբերութիւն մը ըլլալու էր…»:

Թուրք ընթերցողներէն մէկը հեգնանքով գրած է. «Էրտողան Փութինին գրած նամակին մէջ կ՛ըսէ. «Ռուսական ռազմական օդանաւը Տաւութօղլուն վար առաւ, եկո՛ւր` մենք հաշտուինք»:

Թունճայ Չիղիլթեփէ. «Էրտողա՛ն, դեռ շատ պիտի ծռիս եւ խոնարհիս Փութինի առջեւ»:

Համտի Ճանպազ. «Ռուսիան մեր ղեկավարներուն նման ապուշները չեն ղեկավարեր»:

Իսկ ռուսական թերթերու կայքերուն մեկնաբանութիւններու բաժիններուն մէջ ընթերցողներ գրած են.

.«Իսկապէ՞ս օդաչու մը, որ սխալեցաւ: Մենք որո՞ւ մասին կը խօսինք, թուրք օդաչուի՞ն, որ կը պաշտպանէ գետնի վրայ ահաբեկիչները, որոնցմէ կ՛օգտուի Թուրքիա գողցուած սուրիական քարիւղով, կամ` գետնի վրայ ահաբեկիչները, որոնց Թուրքիա զէնք կը հայթայթէ: Էրտողանին ըսէ՛ք, թող երթայ…»:

Անանուն. «Էրտողան իսկապէս անխելք է: Եթէ, նախքան ռուսական օդանաւին դէպքը, թրքական օդանաւերը Սուրիոյ վերեւ թռիչքներ կատարէին… բայց այժմ թրքական ոչ մէկ օդանաւ համարձակութիւնը ունի սուրիական սահմանը հատելու… սուլթանութեան ձգտող Էրտողան իսկապէս անխելք է»:

Ռոպերթ Պրինըր. «Միայն Էրտողան կ՛ըսէ, թէ ռուսական օդանաւը Թուրքիոյ վերեւ թռիչք կատարած է: Անշուշտ Միացեալ Նահանգներ համաձայն են անոնց սուտերուն: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը միշտ կը զօրակցի իր ստախօս բարեկամներուն` Սէուտական Արաբիոյ, Իսրայէլի, Քաթարի: Այդպէս չէ՞ք: Ամերիկացի քանի՞ զինուոր պէտք է, որպէսզի բռնաբարէ եւ սպաննէ 12 տարեկան ճափոնցի աղջնակ մը Օքինաուա կղզիին մէջ»:

Airplane2_62416

«Փրաւտա». «Այն իրողութիւնը, որ Էրտողան չի կրնար ինքն իրեն պարտադրել ներում հայցել, ցոյց կու տայ ի՛նչ չափի մարդ ըլլալը. ինք մարդ չէ, եւ կը զարմանաս, որ…»:

Իյա Պասթա. «Իմ եւ բազմաթիւ այլ անձերու կարծիքով, օդանաւի դէպքին կապուած, Էրտողան կը սպասէր առիթի մը` իր աջակցութիւնը ցոյց տալու համար ահաբեկիչներուն: Ի՜նչ խիզախ է: Այս ֆաշական, իսլամական բռնապետին հետ խաղաղութիւն երբեք չի հաստատուիր»:

Հ. Թոքաթլեան. «Պրն. նացի Գորշ գայլ, դուն եւ քու ֆաշական խումբդ վերջինը պէտք է ըլլաք խօսելու Սուրիոյ մէջ ոճիրի մասին: Ձեր ծայրայեղ աջակողմեան կուսակցութիւնը ՏԱՀԵՇէն ետք երկրորդ վատագոյն բանն է: Դուք պէտք է աւելի գիտնաք պապերու եւ լրագրողներու վրայ կրակելու մասին»:

Մոմոտու Քեպպէ հեգնանքով կը գրէ .«Բոլոր թուրքերը չէ, որ կ՛ատեն ռուսերը: Ոմանք կ՛ատեն: Թուրքերը աւելի կ՛ատեն արաբները: Բոլորը չեն ատեր: Թուրքերը կ՛ատեն յոյները, բայց բոլորը չէ: Թուրքերը նաեւ կ՛ատեն հրեաներն ու հայերը, բայց բոլորը չէ…»:

«Փրաւտա». «Լա՜ւ, Սալատին թուրքը Եւրոպայի միլիոնաւոր բնակիչներուն հարցուց, թէ ինչո՞ւ ոչ ոք կ՛ուզէ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւնը: Այժմ հարցում մը` Թուրքիոյ. դուք ե՞րբ ներում պիտի հայցէք Հայոց ցեղասպանութեան համար: Եւ դուք չէի՞ք, որ ցեղասպանութեան ենթարկեցիք յոյները»:

Կրինֆինիշըր. «Եթէ ամերիկեան խամաճիկը` Էրտողան, տակաւին չի պատրաստուիր անկեղծօրէն ներում հայցել օդանաւի դէպքին համար, կարելի չէ վերահաստատել յարաբերութիւնները»:

 

Ֆութպոլային Զաւեշտ

Ֆութպոլի Եւրոպայի ազգային հաւաքականներու ախոյեանութեան խմբակային հանգրուանի մրցումներու ծիրին մէջ Թուրքիա 3-0 արդիւնքով ջախջախիչ պարտութիւն մը կրեց Սպանիայէն:

foot-1_62416

Ընկերային ցանցերը անմիջապէս արձագանգեցին ծաղրանքով, բայց` ոչ թուրք մարզիկներու, այլ` նախագահ Ռ. Թ. Էրտողանի հասցէին: Ծաղրանքն ու կատակները մասնաւորապէս կը վերաբերին այն խիստ միջոցներուն, որոնք Էրտողան կրնայ գործադրել սպանացիներուն նկատմամբ:

Գերմանական «Սթեռն» թերթը ներկայացուցած է փունջ մը.

ՖրօԶիմթ. «Պարոն Էրտողան ճիշդ հիմա ետ կանչած է Սպանիոյ մէջ Թուրքիոյ դեսպանը»:

«Եուրոսփորթ. տէ»-ի մասնագէտ Ֆլօ Պուկնըր. «Անմիջապէս կու գայ Էրտողան եւ կը սկսի ապտակել մարզիկները»:

Ֆրանք Պուշման. «Կարծեմ Էրտողան դատ կը բանայ Սպանիոյ դէմ»:

ՈւտաՇչՓոիւնքդ. «Կը շնորհաւորեմ ձեզ, սպանացինե՛ր, շքեղ խաղ-յաղթանակի համար: Բայց մտածա՞ծ էք, թէ Էրտողան հիմա ձեզ ի՛նչ պիտի ընէ»:

Քրիստիան Վոզնիաք. «Պարոն Էրտողան այժմ կ՛արգիլէ՞ սպանացիներուն մուտքը Թուրքիա»:

Ալի Քոնքրետ. «Տեսնենք, թէ Էրտողան ե՞րբ սպանացիները ահաբեկիչներ պիտի յայտարարէ: Կամ ալ գոնէ ետ կանչէ անոնց դեսպանները»:

Անտրէաս Փեթցոլտ. «Չէի ուզեր Թուրքիոյ պարտութեան պահուն յայտնուիլ Էրտողանի դրացի վայրի մը մէջ»:

Ընկերային ցանցերուն մէջ նաեւ անդրադարձած են թուրք ծայրայեղական համակիրներուն, որոնք մրցումի ատեն սկսած են սուլել սեփական հաւաքականին:

Քրիստոֆ Պիրման. «Կարելի չէ լուրջ ընդունիլ ֆութպոլային համակիրները, որոնք մարզիկները քաւութեան նոխազ կը  դարձնեն»:

Նորպըրտ Քեպեքուս. «Թուրքերը ամէն անգամ կը սուլեն իրենց հաւաքականի խմբապետին, երբ ան կը դպչի գնդակին: Հրաշալի համակիրներ են, խօսք չկայ»:

Ս. Շթանտկէ. «Այո՛, թրքական հաւաքականը յատկապէս կ՛ոգեւորուի, երբ սեփական համակիրները կը սուլեն իր խմբապետինին: Այսինքն` ոչ»:

Սպանիա-Թուրքիա մրցումէն ետք «Պարսելոնա» ֆութպոլի ակումբի թուրք մարզիկ Արտա Թուրանի` Պարսելոնայի տան վրայ յարձակում տեղի ունեցաւ: Անյայտ անձեր հաւկիթներ նետեցին Թուրանի տան վրայ:

Թրքական կայքերը յարձակումը «տգեղ» կ՛անուանեն:

Ոմանք ուշադրութիւն դարձուցած են Թուրքիոյ հաւաքականի մարզիչ Ֆաթիհ Տերիմի արձագանգին, որ բաւական արագ կորսնցուցած է ինքնատիրապետումը…

foot-2_62416

Սպանիա-Թուրքիա մրցումի նախօրեակին տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին մարզիչ Ֆաթիհ Տերիմ պահանջած է թուրք թարգմանիչէն թարգմանել հարցումը, որ ըստ երեւոյթին,  թարգմանիչը անտեսած է: Տարածուած տեսահոլովակին մէջ Տերիմ զայրացած` կը պոռայ թարգմանիչին վրայ եւ կը հեռանայ դահլիճէն, մինչ թարգմանիչը կ՛ըսէ.

«Հարցումը թրքերէն է, ի՞նչը թարգմանեմ»:

 

Նախորդը

Ազգային Աքսոր Գասարճեան Վարժարան Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Յաջորդը

«Տօն», Որ Բերում Է Հռոմի Պապը

RelatedPosts

Թանգարաններու Ամէնէն  Յանդուգն Կողոպուտները Պատմութեան Ընթացքին
Մշակութային եւ Այլազան

Թանգարաններու Ամէնէն Յանդուգն Կողոպուտները Պատմութեան Ընթացքին

Հոկտեմբեր 31, 2025
Նախագահական Ծիծաղելի Պահեր
Մշակութային եւ Այլազան

Նախագահական Ծիծաղելի Պահեր

Հոկտեմբեր 24, 2025
Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն
Մշակութային եւ Այլազան

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն

Հոկտեմբեր 10, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?