Անդրադարձ. Ինճիրլիք Օդային Ռազմակայանը` Պատմական Ակնարկ, Եւ Գործածութեան Ու Այցելութեան Խաղաքարտը
ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Վերջին տասնամեակներուն, յատկապէս` վերջին երկու տարիներուն, Ինճիրլիք ռազմակայանը միջազգային լրատուամիջոցներու ուշադրութեան առարկայ դարձաւ. կ՛արժէ այս մասին լրացուցիչ ու հիմնական տեղեկութիւններ ունենալ: Կիլիկիոյ Ատանա քաղաքէն 10 քիլոմեթր դէպի արեւելք, Միջերկրական ծովէն 32 քիլոմեթր դէպի հիւսիս, Ինճիրլիք շրջանին մէջ 1951-ին հաստատուեցաւ ամերիկեան օդային ռազմակայան, որ նաեւ կը ծառայէ ՕԹԱՆ-ի` շուրջ 13,4 քառակուսի քիլոմեթր հողի վրայ, վարձակալութեան համաձայնութեամբ: Համաշխարհային Բ. պատերազմի...














