ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Հայ Կամաւորներու Հաւաքագրում Եւ
Հերթապահութիւն Սահմանամերձ Գիւղերուն Մէջ
Հիւսիսային Արցախի հայկական բանակավայրերուն վրայ ազերիներու իրերայաջորդ յարձակումներու եւ Պաքուի հայերուն դէմ գործադրուող ջարդերու պայմաններուն տակ, խորհրդային բանակը 1990 յունուար 18-ին զօրակոչի ենթարկեց պահեստի ուժերը եւ նոր ուժեր առաքեց շրջան:
Լեռնային Ղարաբաղն ու անոր հիւսիսային գօտին` Շահումեանի եւ Գետաշէնի շրջանները կ՛ապրէին ծանր օրեր:
Արցախ-Շահումեան-Գետաշէն գօտին ամբողջովին մեկուսացած էր: Կապի միակ միջոցը օդայինն էր, այդ ալ դժուարին` մթնոլորտային պայմաններուն բերումով: Արցախի հայկական շրջաններուն միջեւ իսկ կապերը խզուած էին: Աշխատանք կը տարուէր գէթ ռատիօ-հաղորդակցութեան միջոցներու հաստատման համար: Իսկ Ստեփանակերտի մէկ-երրորդը ըմպելի ջուրէ զրկուած էր, որովհետեւ ազերիներ պայթեցուցած էին ջուրի խողովակ մը:
Շահումեանի եւ Գետաշէնի շրջանները պետական նոր ուժեր հասան, սակայն անոնց ժամանումը ոչինչ փոխեց:
* * *
Պաքուի մէջ գործադուլ յայտարարուած էր. ցուցարարներ կը պահանջէին կուսակցական պատասխանատուներու հրաժարումը եւ խորհրդային ուժերու Ազրպէյճանէն հեռացումը: Այդ պահանջները արձագանգ գտան նաեւ Նախիջեւանի մէջ: Խորհրդային Միութենէն անջատումի պահանջները հետզհետէ սուր բնոյթ կը ստանային:
Իր կարգին Քրեմլինի ղեկավար Միխայէլ Գորբաչով ծայրայեղականները, արկածախնդիրներն ու արմատականները ամբաստանեց, իբրեւ պատասխանատու տարապայման տագնապին: Ան հաստատեց, որ արմատականները կը փորձեն Ազրպէյճանը անջատել Խորհրդային Միութենէն: Ան այս բոլորին ետին տեսաւ փերեսթրոյքան խափանելու փորձեր:
Քրեմլինի ղեկավարութիւնը պաշտօնական հաղորդագրութիւններով եւ յայտարարութիւններով զգուշացուց «ազգային աղէտի մը ստեղծումէն» եւ յայտարարեց, որ «վճռական քայլեր» պիտի առնուին, հակակշիռի տակ առնելու համար կացութիւնը:
Խորհրդային ուժերը իրողապէս անդամալուծութեան մատնուած էին Ազրպէյճանի տաք շրջաններուն մէջ: Պաքու հասած ուժերը տեղւոյն համայնավար կուսակցութեան միջոցով վերջնագիր ուղղեցին ազերիներուն, որպէսզի վերցնեն բանակային զրահապատներուն դիմաց բարձրացած պատնէշներն ու արգելքները, այլապէս սպառնացին բիրտ ուժի դիմել:
Իր կարգին Պաքուի զինեալ խուժանը յստակօրէն մարտահրաւէր ուղղեց բանակին եւ ներքին գործոց նախարարութեան ուժերուն: Ազերիներ հաստատեցին, որ Պաքուի քաղաքամէջը անթափանցելի դարձուցած են եւ մուտքի բոլոր ճամբաները փակած են ինքնաշարժներով եւ պատնէշներով: Անոնք սպառնացին յայտարարելով, որ եթէ հրասայլերը շարժին, ժողովուրդը ինքզինք պիտի նետէ անոնց առջեւ:
Բանակը իրողապէս «բանտարկուած» կը մնար Պաքուէն դուրս, զօրակայաններու եւ օդակայաններու մէջ: Պարագան նոյնն էր նաեւ այլ քաղաքներու մէջ:
Ազրպէյճան ղրկուած զինուորներուն թիւը յունուար 19-ին հասաւ 24 հազարի:
Այդ օր Նախիջեւանի սահմանին վրայ գտնուող Երասխաւան գիւղը ռմբակոծուեցաւ. ինկան զոհեր եւ վիրաւորներ:
Վազգէն Ա. կաթողիկոս պատգամ մը ուղղեց ժողովուրդին եւ իշխանութեան` համախմբուելու եւ միասնաբար դիմագրաւելու արհաւիրքը:
Երեւանի մէջ կամաւորներու հաւաքագրումը սկսած էր: Արձանագրութիւնները կը կատարուէին եւ զէնք չունեցողին որսի հրացան կը տրուէր, եթէ գտնուէր: Կամաւորները իրենց տրամադրութեան տակ ունէին երեք զրահապատ եւ մէկ «Թի. 54» հրասայլ: Այսուհանդերձ անոնք զինական կազմածներու փոխնորդ կտորներ եւ զինամթերք չունէին: Միւս կողմէ, Երեւանի պետական համալսարանին ուսանողները զինավարժութեան կ՛ենթարկուէին:
* * *
«Ազդակ», 20 յունուար 1990-ի թիւով եւ «Դարձեալ կը ծածանի պայքարի դրօշը» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, որ հայ ժողովուրդը դարձեալ կ՛ապրի ճշմարտութեան ժամեր: Ինչպէս իրենց ամբողջ պատմութեան ընթացքին, հայերը այսպիսով կը գտնուէին կրկնուող մարտահրաւէրին դիմաց:
«Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով, որ խաւարամիտ զանգուածներով եւ ցեղախումբերով շրջապատուած, իր ազգային արժէքները վերագտած եւ վերականգնող հայրենի ժողովուրդին առջեւ կը պարզուէր գոյակռիւի ասպարէզը` իր պատերազմական արհաւիրքով, անմարդկային ոճիրներով եւ շնական քաղաքականութեամբ: Ազերի ամբոխին եւ հրոսակախումբին դէմ հայ ժողովուրդէն կը պահանջուէր ոչ միայն ինքնահաստատում, այլ նաեւ` ստեղծագործ պայքար:
«Ազդակ» կը նշէր, որ թրքութեան ծաւալող եւ քանդիչ ալիքին դէմ` Հայաստան կը ներկայանայ իբրեւ պատուար եւ արգելակ: Ազերիներու ցեղային եւ կրօնական ինքնահաստատման մոլուցքին դէմ` հայ ժողովուրդը կ՛իջնէ դաշտ, իբրեւ քաղաքակիրթ եւ ողջախոհ ուժ, որուն պահանջները արդար են եւ անառարկելի: Իրենց հազարամեայ հայրենի հողերուն կառչած արցախահայերը կը դիմէին կռուի եւ մահուան ճակատ` իբրեւ ազատամարտիկներ, ազնիւ ֆետայիներ:
«Ազդակ» կը շեշտէր ըսելով, որ հայ ժողովուրդը պիտի պաշտպանէ իր հայրենի հողը եւ պիտի ազատագրէ բռնագրաւուած Հայաստանը` ի հեճուկս թուրք-ազերի կոյր մղումներուն եւ հակառակ Մոսկուայի եւ շրջանային ուժերուն վերապահ մօտեցումին: Հայութեան պայքարը համազօր է գոյութեան կռիւի, ինքզինք իբրեւ Հայաստանի իրական տէրը հաստատումի:
«Ազդակ» կ՛ընդգծէր ըսելով, որ դիւրին չէ կռիւը: Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի փրկութեան ուղին քարքարոտ է եւ ծածկուած փուշերով եւ թակարդներով: Չկայ յաղթանակ` առանց սերունդներու զոհաբերութեան, չկայ հայրենիք` առանց արեան:
«Ազդակ» կ՛եզրափակէր ըսելով, որ ոչ ոք դուրս պիտի մնայ համաժողովրդային պայքարէն. ան որ տէր չի կանգնիր հողին եւ ժողովուրդին, արժանի չէ հայ կոչումին, այլ` արհամարհանքի: Հայ անհատին կեանքը չի կրնար ընթանալ ազգութեան ճամբայէն տարբեր ուղղութեամբ. հայը, իր բոլոր միջոցներով, պիտի զոհաբերէ Հայ դատի խորանին առջեւ: Ազատագրութեան պայքարը նոր կը սկսի եւ պիտի տեւէ այնքան ` որքան որ անհրաժեշտ է, ի խնդիր Հայ դատի արդար լուծումին, Հայաստանի ամբողջացումին եւ հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն մէկտեղումին` հայրենի հարազատ հողին վրայ:
* * *
Խորհրդային բանակը յունուար 19-էն 20 լուսցող գիշերը մուտք գործեց Պաքու, հրասայլերով քանդեց ազերիներու կողմէ հաստատուած պատնէշները եւ վերջ տուաւ ամբողջ շաբաթ մը տեւած հակահայ մոլուցքին:
Քանի մը ժամ տեւած զինուորական գործողութեան ընթացքին խորհրդային ուժերը գրաւեցին Պաքուի կեդրոնական գօտին, հակակշիռ հաստատեցին պետական ու կառավարական հաստատութեանց վրայ, ապա նաեւ` փոփոխութեան ենթարկեցին տեղւոյն Համայնավար կուսակցութեան ղեկավարութիւնը:
Ազերիներ փորձեցին օթոպիւսներով եւ այլ իրերով նոր պատնէշներ բարձրացնել փողոցներուն մէջ: Արձակուեցան հակախորհրդային նշանախօսքեր, իսկ ոմանք այրեցին կուսակցական անդամաքարտերը:
Խորհրդային ուժերու մուտքէն ետք, Ազրպէյճանի համայնավար կուսակցութեան ղեկավար Ապտիւլ Ռահման վեզիրով պաշտօնազուրկ հռչակուեցաւ ու երկրին ղեկը վարչապետ Այազ Մութալիպովի յանձնուեցաւ:
Ստեղծուած կացութենէն օգտուելով հրապարակ վերադարձաւ Ազրպէյճանի պաշտօնազրկուած եւ շնորհազրկուած նախկին ղեկավարը` Հայտար Ալիեւ, որ Լէոնիտ Պրեժնեւի սերտ գործակիցը եւ զայն կաշառողը եղած էր:
Իսկ Պաքուի նաւահանգիստին մէջ եւ շուրջ մօտաւորապէս յիսուն քարիւղատարներու հրամանատարներ սպառնացին պայթեցնել քարիւղատարները եւ քարիւղի սարքերը, եթէ խորհրդային ուժերը չհեռանան Ազրպէյճանէն:
Յունուար 24-էն 25 լուսցող գիշերուան ընթացքին Պաքուի նաւահանգիստին պաշարումը խորտակուեցաւ: Քառասուն վայրկեան տեւողութեամբ ռմբակոծումէ ետք, խորհրդային հրետանին եւ ծովուժը վերջ տուին այդ վիճակին:
Ազրպէյճանի Համայնավար կուսակցութիւնը յունուար 25-ին առաջին քարտուղար ընտրեց վարչապետ Այազ Մութալիպովը: Կուսակցութիւնը գործնապէս այլեւս կորսնցուցած էր կացութեան վրայ հակակշիռը եւ կուսակցութեան 200 հազար անդամներուն աւելի քան կէսը հրաժարած էր կուսակցութենէն:
* * *
Հայաստանի սահմանագիծ գիւղերուն մէջ օրական 24 ժամուան վրայ հերթապահութիւն կը կատարուէր: Հայ գիւղացիներ ինքնապաշտպանութեան խմբակներ կազմած էին: Անոնք զինուած էին որսի հրացաններով, քալաշնիքովներով, դաշոյններով, ինչպէս նաեւ իրենց պատրաստած ռումբերով:
Պենզինի եւ թուղթի սուր տագնապ կը տիրէր Հայաստանի մէջ: Թերթերը կը գտնուէին հրապարակութենէ դադրելու սպառնալիքի տակ, իսկ պենզինը կը գործածուէր միայն կենսանիւթ փոխադրող ինքնաշարժներու կողմէ: Կարելի չէր գտնել նաեւ օճառ, լուցկի կամ այլ կենսական նիւթեր:
Պաշարուած Արցախն ու անոր հիւսիսային շրջաններուն` Շահումեանի ու Գետաշէնի վիճակը կը մնային ծանր: Հակառակ խորհրդային ուժերու ներկայութեան, ազերիները ուղղաթիռներով զինեալներ կը փոխադրէին Աղտատ, Շուշի, Խոջալու եւ ազերիաբնակ այլ շրջաններ:
***
«Ազդակ», 24 ապրիլ 1990-ի թիւով եւ «Արցախը` փարոս» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, որ հայկական Արցախի բարձունքներուն վրայ բարձրացած պահանջատիրական ջահը վերածուած է ուղեցոյց փարոսի եւ իր ճառագայթումով կը լուսաւորէ յառաջիկայ փուլերը:
«Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով որ միջազգային պատմաքաղաքական նոր տուեալներուն մթնոլորտին մէջ, տասնամեակներու փոշին ու մոխիրը արագօրէն թօթափող եւ աննահանջ թափով զարգացող պայքարը մասնակի կամ սահմանափակ նպատակներով չի կաշկանդեր ինքզինք, այլ կու գայ իր ամբողջական տարողութիւնն ու կշիռը տալու հայկական իրաւունքներուն հետապնդման գործին:
«Ազդակ» կը շեշտէր ըսելով որ Արցախի հայը ե՛ւ ինքնապաշտպանութեան դիմող ֆետայի է, ե՛ւ իր քաղաքական, մշակութային եւ հողային իրաւունքները անշեղօրէն հետապնդող քաղաքական գործիչ: Անոր դաշտը չի սահմանափակուիր լոկ Արցախը Հայաստանին վերամիացնելու առաջադրանքով, այլ ան իր աչքերը եւ պայքարի իր գործիքները ուղղած է մինչեւ Արարատ, Վանայ ծով, Կարս եւ Արտահան:
«Ազդակ» կ՛եզրափակէր ըսելով որ հայկական արդար պայքարի պատգամէն ներշնչում առած արցախցի հայը, նոյն այդ պատգամն է որ կը փոխանցէ հայրենի ու սփիւռքի հայ սերունդներուն: Իսկ այդ պատգամը կ՛ըսէ, որ բնական աղէտները` երկրաշարժները, կամ` թրքական անպատիժ ոճիրներէն իրենց ներշնչումը ստացած ազերիական փոկրոմներն ու հալածանքները, սփիւռքեան այս կամ այն գաղութին վիճակուած ֆիզիքական, մշակութային կամ այլ ջլատող պայմանները չեն կրնար շեղել «Դէպի երկիր» վերանորոգուած պատգամը` հայրենի մեր բոլոր հողերուն ամբողջացման եւ վերակառուցուող նոր Հայաստանին անսակարկ նուիրումի պատգամը:
* * *
Իսկ 28 մայիս 1990-ի թիւով եւ «Մե՛նք պիտի պարտադրենք մայիսեան նոր արշալոյսը» խորագիրով խմբագրականով «Ազդակ» կը գրէր, որ Սարդարապատը, 28 մայիսը եւ Եռագոյնը երէկ էին ու պիտի մնան ընդմի՛շտ: Այսօր, անոնց վրայ կու գայ աւելնալու «կռուածաղիկ» Արցախը:
«Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով որ աշխարհագրական վայրի փոփոխութիւնը եւ պատմական ու քաղաքական իրադրութիւններու նոր դասաւորումը ոչինչ փոխած են մեր ժողովուրդին ուղղուած մարտահրաւէրներէն:
«Ազդակ» կը նշէր ըսելով որ պատմական պահի մը նախօրեակին ենք այսօր: Աշխարհի հզօր ուժերուն միջեւ յարաբերութիւնները եւ ճակատումները, ըստ ձեւի եւ ըստ բովանդակութեան սկսած են ենթարկուիլ այնպիսի՛ փոփոխութիւններու եւ վերադասաւորումի, որոնց ստեղծած հոսանքները իրենց անխուսափելի ազդեցութիւնը կ՛ունենան անմիջականօրէն իրենցմէ կախեալ, իրենց ենթակայ ժողովուրդներու եւ երկիրներու, ինչո՞ւ չէ նաեւ ամբողջ աշխարհի քաղաքական, ընկերային ու մինչեւ իսկ գաղափարական-գաղափարաբանական պայմաններուն եւ մտածողութեան վրայ:
«Ազդակ» կը պարզաբանէր ըսելով որ ստեղծուած նոր հոսանքները դրական ազդեցութիւն կ՛ունենան որոշ շրջաններու մէջ, իսկ ժխտական հետեւանքներ` այլ շրջաններու մէջ: Արցախի եւ Խորհրդային Հայաստանի պարագային, մենք կ՛ապրէինք արիւնոտ անդրադարձները ստեղծուած պայմաններուն:
«Ազդակ» կը շեշտէր ըսելով որ «աշխարհագրական բախտ»-ի հարց չկայ: Իրականութենէ խուսափում եւ գոյութեան կռիւէ փախուստ է ըսել, որ «մեր բախտէն, մեր դրացիները մեզի հանդէպ վայրագ թշնամութիւն կը ցուցաբերեն միայն»: Բոլոր ժողովուրդներն ալ, անոնք ըլլան քաղաքակիրթ կամ թերաճ, կ՛ապրին աշխարհաքաղաքական ընդհանրական պայմաններու մէջ: Բոլորիս ծանօթ ու բացայայատ գաղտնիքը ինքզինք պարտադրելու եւ փոխադարձ յարգանքի մթնոլորտ ստեղծելու մէջ է: Պատմական պահը «Երկաթէ շերեփ»-ով դիմագրաւելու Խրիմեան Հայրիկի պատգամը իրական էր երէկ, իրական է նաեւ այսօ՛ր, թէ՛ մեզի եւ թէ աշխարհի որեւէ այլ ժողովուրդի համար: «Երկաթէ շերեփ»-ը միայն զէնք չէ, այլ քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային հզօրանք է միանգամայն, հզօրանք մը, որ ի հարկին կը պարտադրուի զէնքով, «երբ չի մնար ելք ու ճար»:
«Ազդակ» կ՛եզրափարկէր ըսելով որ մարտահրաւէրները բազում են եւ սուր: Արցախը կը գտնուի անմիջական սպառնալիքի տակ եւ կը մնայ ենթակայ` Պաքուի անհակակշիռ կամայականութեանց: Նուազ հրատապ մարտահրաւէրներ չէին Խորհրդային Հայաստանի պետական, վարչական, հոգեկան-հոգեբանական եւ մանաւանդ տնտեսական ու ֆիզիքական վերակերտումի հրամայականները: